Ճշմարտութիւնը Ի՛նչպէս Մեզ կ’Ազատէ
1 Առիթով մը, Յիսուս իրեն հաւատացող Հրեաներուն ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ (Յովհ. 8։32) Ան կը խօսէր քաղաքացիական ազատութիւնները գերազանցող ազատութեան մը մասին. ազատութիւն մը որ բոլորին մատչելի է՝ հարուստ թէ աղքատ, ուսեալ թէ անուս։ Յիսուս սորվեցուց ճշմարտութիւն մը որ մեղքի ու մահուան գերութենէն ազատագրում պիտի բերէր։ Ինչպէս Յիսուս բացատրեց, «ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է»։ (Յովհ. 8։34) Որքա՜ն կը տենչանք այն ժամանակին, երբ բոլոր հնազանդ մարդիկ «ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։—Հռովմ. 8։21
2 Յիսուսի եւ Աստուծոյ նպատակին կատարման մէջ անոր ունեցած դերին մասին ճշմարտութիւնը, այսպիսի ազատութիւն մը կը շնորհէ։ Ճշմարտութիւնը կը պարփակէ նաեւ մեզի ի նպաստ իր հայթայթած փրկանքի զոհին մասին գիտութիւն։ (Հռովմ. 3։24) Նոյնիսկ հիմա, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ընդունիլը եւ հնազանդօրէն անոր ենթարկուիլը մեզ կարող կը դարձնէ որ վախէ, յուսահատութենէ եւ ամէն տեսակ վնասակար սովորութիւններէ որոշ չափով ազատութիւն վայելենք։
3 Ազատութիւն՝ Վախէ ու Յուսահատութենէ. Աշխարհի վիճակներուն պատճառաւ պէտք չէ յուսահատինք, քանի որ հասկցած ենք թէ չարութիւնը ինչո՛ւ գոյութիւն ունի եւ գիտենք թէ անիկա շուտով երկրէն պիտի բնաջնջուի։ (Սաղմ. 37։10, 11. Բ. Տիմ. 3։1. Յայտ. 12։12) Ասկէ զատ, ճշմարտութիւնը մեզ կ’ազատէ մեռելներուն վիճակին մասին եղած սուտ ուսուցումներէն։ Գիտենք թէ մեռելները չեն կրնար մեզի վնաս հասցնել, թէ անոնք յաւիտեան չեն չարչարուիր, եւ թէ Աստուած մարդիկ չի մեռցներ որպէսզի զանոնք իր քովը առնէ՝ երկնային ծիրին մէջ։—Ժող. 9։5. Գործք 24։15
4 Այս ճշմարտութիւնը զօրավիգ կանգնեցաւ հօր մը ու մօր մը, երբ անոնց զաւակը արկածով մը մահացաւ։ «Մեր կեանքին մէջ պարապութիւն մը կայ որ կարելի չէ լեցնել, մինչեւ որ մեր մանչը անգամ մը եւս տեսնենք յարութեան միջոցաւ», ըսաւ մայրը։ «Բայց գիտենք թէ մեր վիշտը միայն ժամանակաւոր է»։
5 Ազատութիւն՝ Վնասակար Սովորութիւններէ. Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը անհատի մը մտածելակերպն ու անձնաւորութիւնը կրնայ փոխել, խուսափելի խնդիրներէ ազատութիւն շնորհելով։ (Եփ. 4։20-24) Պարկեշտ եւ աշխատասէր ըլլալը կրնայ օգնել աղքատութիւնը մեղմացնելու։ (Առ. 13։4) Անձնուրաց սէր ցուցաբերելը ուրիշներու հետ յարաբերութիւնը կը բարելաւէ։ (Կող. 3։13, 14) Քրիստոնէական գլխաւորութիւնը յարգելը, ընտանեկան դժուարութիւնները կը նուազեցնէ։ (Եփ. 5։33–6։1) Գինովութենէ, սեռային անբարոյութենէ, ծխախոտի ու թմրեցուցիչի գործածութենէ ետ կենալը լաւ առողջութեան կը նպաստէ։—Առ. 7։21-23. 23։29, 30. Բ. Կորն. 7։1
6 Երիտասարդ մը չէր կրցած ինը տարուան թմրամոլութենէն ձերբազատուիլ։ Օր մը ան փողոցի վկայութեամբ զբաղած հրատարակիչի մը հանդիպեցաւ։ Ան գրականութիւններ ընդունեց, եւ կարգադրութիւններ եղան որ հրատարակիչը իրեն այցելէ՝ իր տան մէջ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։ Երկու ամիս ետք երիտասարդը բոլորովին դադրեցաւ թմրեցուցիչ գործածելէ, եւ ութը ամիս ուսումնասիրելէ յետոյ՝ մկրտուեցաւ։ Անոր մոլութենէն ազատագրուիլը տեսնելով, անոր եղբայրն ու կինը մղուեցան Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։
7 Ուրիշներուն Օգնենք որ Ազատուին. Իրենց ամբողջ կեանքին մէջ սուտ ուսուցումներու գերի դարձած անհատներ կրնան դժուարութիւն ունենալ Աստուծոյ Խօսքին ներկայացուցած ազատութիւնը ըմբռնելու։ Անոնց սրտին հասնիլը կրնայ ուսուցանողէն յատուկ ջանք եւ լաւ պատրաստութիւն պահանջել։ (Բ. Տիմ. 4։2, 5) ‘Գերիներուն ազատութիւն հրատարակելու’ մեր գործին մէջ հիմա դանդաղելու ժամանակը չէ։ (Եսայ. 61։1) Քրիստոնէական ազատութիւնը թանկագին է։ Զայն ձեռք ձգելը յաւիտենական կեանք կրնայ նշանակել։—Ա. Տիմ. 4։16