Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ09 9/1 էջ 3-4
  • Բոլո՞ր կրօնքները լաւ են

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բոլո՞ր կրօնքները լաւ են
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բոլո՞ր ճամբաները Աստուծոյ կը տանին
  • Նեղ ճամբան կարելի՞ է բնորոշել
  • Դէպի ազատութիւն տանող նեղ ճամբան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Եհովայի վկաները կը խորհի՞ն որ իրենց կրօնքը միակ ճշմարիտ կրօնքն է
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Աստուծոյ մասին պէտք է սորվիք
    Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Աստուած ամէն տեսակ պաշտամունք կ’ընդունի՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
դ09 9/1 էջ 3-4

Բոլո՞ր կրօնքները լաւ են

ՆԵՐԿԱՅ աշխարհը այլազան կրօնքներով զեղուն է։ Վերջերս կատարուած փորձագիտանքի մը համաձայն, համայն աշխարհի մէջ 19 գլխաւոր եւ շուրջ 10,000 փոքր կրօնքներ կան։ Այս այլազանութիւնը մարդոց կը ներկայացնէ կրօնական աննախընթաց ընտրութիւններ։ Հետեւաբար, կարեւո՞ր է թէ ո՛ր կրօնքը կ’ընտրես։

Ոմանք կ’ըսեն, թէ կրօնքները կը նմանին տարբեր ճամբաներու, որոնք նոյն լերան կ’առաջնորդեն։ Անոնց քով տարբերութիւն չ’ըներ, թէ ո՛ր ճամբան կ’ընտրեն, քանի որ բոլոր ճամբաներն ալ նոյն տեղը կը տանին։ Անոնք կը պատճառաբանեն, թէ միայն մէկ ամենակալ Աստուած կայ, ուստի բոլոր կրօնքները ի վերջոյ իրե՛ն պէտք է առաջնորդեն։

Բոլո՞ր ճամբաները Աստուծոյ կը տանին

Պատմութեան մէջ ամէնէն յարգուած կրօնական ուսուցիչներէն մէկը՝ Յիսուս Քրիստոս, այս նիւթին շուրջ ի՞նչ ըսաւ։ «Նեղ դռնէն ներս մտէք», նշեց ան իր աշակերտներուն։ Ինչո՞ւ։ «Վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մատթէոս 7։13, 14)։

Յիսուս իրապէս կ’ըսէ՞ր, թէ կարգ մը կրօնքներ դէպի «կորուստ» կը տանին։ Կամ, ան կը սորվեցնէ՞ր թէ միայն անհաւատները լայն ճամբուն մէջ են, մինչդեռ Աստուծոյ հաւատացողները,– ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց կրօնքը,– կեանքի տանող նեղ ճամբուն մէջ են։

Անմիջապէս նշելէն ետք, թէ միայն երկու ճամբաներ կան, Յիսուս ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են» (Մատթէոս 7։15)։ Ապա ան աւելցուց. «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ» (Մատթէոս 7։21)։ Եթէ անհատ մը մարգարէ կը կոչուի կամ կը դաւանի թէ Յիսուս իր «Տէր»ն է, տրամաբանական է ըսել թէ ան կրօնասէր է եւ ո՛չ թէ՝ անհաւատ։ Արդ, բացայայտ է որ Յիսուս կը զգուշացնէր, թէ բոլոր կրօնքները լաւ չեն եւ բոլոր կրօնական ուսուցիչներուն պէտք չէ վստահիլ։

Նեղ ճամբան կարելի՞ է բնորոշել

Որովհետեւ բոլոր ճամբաները Աստուծոյ չեն տանիր, ի՞նչպէս կրնաս հազարաւոր ընտրանքներուն մէջ գտնել կեանքի տանող նեղ ճամբան։ Նկատի առ սա օրինակը. երեւակայէ որ մեծ քաղաքի մը մէջ կորսուած ես։ Կ’որոշես օգնութիւն խնդրել։ Անհատ մը վստահօրէն քեզի կ’ըսէ, որ դէպի արեւելք երթաս։ Ուրիշ մը քեզ կը յորդորէ, որ դէպի արեւմուտք ուղղուիս։ Իսկ երրորդ մը կը թելադրէ, որ ընտրես որեւէ ուղղութիւն, որ քեզի յարմար կը թուի։ Ի վերջոյ, ճամբորդ մը վստահելի քարտէս մը կը հանէ ու շիտակ ճամբան ցոյց կու տայ քեզի։ Յետոյ ան քարտէսը քեզի կը յանձնէ, որպէսզի կարենաս անոր հետեւիլ։ Աւելի վստահ չե՞ս զգար, որ որոշեալ տեղդ պիտի հասնիս։

Նմանապէս, շիտակ կրօնական ճամբան ընտրելու համար, վստահելի հոգեւոր քարտէսի մը պէտք ունինք։ Անիկա գոյութիւն ունի՞։ Այո՛։ Այդ քարտէսը Աստուածաշունչն է, որ կը նշէ. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։

Հայերէն լեզուով Աստուածաշունչի զանազան թարգմանութիւններ մատչելի են, զորս կրնաս գործածել իբրեւ հոգեւոր քարտէս։ Այս պարբերաթերթին հրատարակիչները՝ Եհովայի վկաները, բազմաթիւ լեզուներով Աստուածաշունչի վստահելի թարգմանութիւն մը արտադրած են, որ ճանչցուած է որպէս՝ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն։ Կրնաս որեւէ թարգմանութիւն գործածել, երբ լաւ կրօնքը բնորոշելու նիւթը նկատի կ’առնես։ Այս յօդուածաշարքը Աստուածաշունչի զանազան թարգմանութիւններէ մէջբերումներ կ’ընէ։

Մինչ յաջորդ յօդուածները կը կարդաս, գիտցածդ բաղդատէ Աստուածաշունչի ըսածին հետ։ Ի մտի ունեցիր լաւ կրօնքը զատորոշելու կերպին նկատմամբ Յիսուսի սա խօսքերը. «Ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։ Բարի ծառը չի կրնար չար պտուղ տալ, ոչ ալ չար ծառը բարի պտուղ տալ» (Մատթէոս 7։17, 18)։ Նկատի առ միայն երեք բարի պտուղներ, որոնք ըստ Աստուածաշունչին կը բնորոշեն «բարի ծառը»։

[Մէջբերում՝ էջ 3]

Աստուածաշունչը վստահելի քարտէսի մը նման է, որ կրնայ անհատին օգնել շիտակ կրօնական ճամբան գտնելու

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել