Դէպի ազատութիւն տանող նեղ ճամբան
ՄՏԱՑԻ քիչ անհատներ կը վիճաբանին թէ տիեզերքը բնական օրէնքներով կը կառավարուի։ Այդ օրէնքները ամէն բան կը ղեկավարեն. փոքրագոյն հիւլէներէն մինչեւ միլիառաւոր աստղերէ բաղկացող հզօր աստղահոյլերը։ Առանց անոնց, ոչ ծրագիր եւ ոչ ալ հասկացողութիւն կարելի պիտի ըլլար. նոյնիսկ կեանքը պիտի չկարենար գոյութիւն ունենալ։ Բնական օրէնքները հասկնալով եւ անոնց համաձայն գործելով, մարդը կարողացած է ապշեցուցիչ քաջագործութիւններ իրագործել, զոր օրինակ, լուսնին վրայ քալել եւ երկրի որեւէ մասէն կամ նոյնիսկ երկրի մթնոլորտի անդիի կողմէն մեր տուներուն մէջ գտնուող հեռատեսիլի պաստառին վրայ գունաւոր պատկերներ արտացոլացնել։
Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել բարոյական օրէնքներու մասին։ Անոնց կառչիլն ալ նոյնքան օգտակար եւ արդիւնաբե՞ր է։ Այնպէս կը թուի որ շատեր կը խորհին թէ բարոյական օրէնքներ չկան եւ իրենց անձնական փափաքներուն յարմարող թոյլատու փիլիսոփայութիւն կամ կրօնք մը կ’ընտրեն։
Սակայն ոմանք ուրիշ ճամբայ մը՝ ‘դէպի կեանք տանող նեղ ճամբան’ կ’ընտրեն, ինչպէս ուրուագծուած է Աստուածաշունչին մէջ։ Պէտք չէ զարմանանք որ միայն փոքրամասնութիւն մը ընտրած է ասիկա, քանի որ Յիսուս նեղ ճամբուն մասին ըսաւ. «Քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։ (Մատթէոս 7։14) Անոնք ինչո՞ւ քիչուոր են։
Քանի որ նեղ ճամբան Աստուծոյ օրէնքներով ու սկզբունքներով սահմանափակուած է։ Անով կը հրապուրուի միայն այն անհատը որ անկեղծօրէն կը փափաքի Աստուծոյ չափանիշներուն համակերպել իր կեանքը։ Լայն ճամբուն հակառակը, որ ազատութեան պատրանքը կու տայ, բայց իրականութեան մէջ, կը գերեվարէ ամէն բան, նեղ ճամբան, որ արգելափակիչ կը թուի, բայց ամէն կարեւոր մարզի մէջ, կ’ազատագրէ անհատը։ Անոր սահմանները «ազատութեան կատարեալ օրէնք»ով դրուած են։—Յակոբու 1։25
Նեղ Ճամբան Ի՛նչպէս կ’Ազատագրէ
Ճիշդ է որ միշտ ալ դիւրին չէ նեղ ճամբուն մէջ մնալ։ Ամէն ապրող մարդ անկատար է եւ յանցագործութեան ժառանգուած հակում մը ունի։ Ուստի, անհատ մը կրնայ քիչ մը մոլորելու հակումը ունենալ։ Այսուհանդերձ, ‘նեղ ճամբուն’ կառչելու օգուտները կ’արժեն որ մենք մեր անձը կրթենք կամ հարկ եղած վերաճշդումները ընենք, քանի որ Աստուած ‘մեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնէ’։—Եսայեայ 48։17. Հռովմայեցիս 3։23
Օրինակ մը տանք. Իմաստուն ծնողք մը իր զաւակներուն համար սննդականոնի ցուցակ՝ ‘նեղ ճամբայ’՝ մը կը ծրագրէ։ Ասիկա երբեմըն կը նշանակէ որ ծնողները ճաշի ժամանակ հաստատամիտ ըլլան։ Բայց երբ չափահասներ դառնան, զաւակները պիտի գնահատեն իրենց ծնողքին տուած սիրալիր կրթութիւնը, քանի որ անոնք սննդարար կերակուրին համը զարգացուցած պիտի ըլլան։ Իսկ սննդարար ուտելիքներու մատչելի լայն պէսպիսութիւնը զրկուած ըլլալու ամէն զգացումէ պիտի խնայէ զանոնք։
Հոգեւոր առումով, Աստուած նոյնպէս կը վարուի դէպի կեանք տանող նեղ ճամբուն մէջ քալողներուն հետ։ Ան հեզ անհատներու սրտին մէջ ուրախութեան եւ իրական ազատութեան առաջնորդող առողջ փափաքներ կը մշակէ։ Ան ասիկա կ’ընէ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ միջոցաւ։ Ասկէ զատ, ան կը հրաւիրէ մեզ որ իր հոգիին օգնութիւնը ստանալու համար աղօթենք. ան նաեւ կը պատուիրէ մեզի որ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու ընկերակցինք, որոնք կրնան մեզ քաջալերել նեղ ճամբուն մէջ մնալու համար։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Այո, Աստուած սէր է, իսկ այս գերադրական յատկութիւնը իր նպատակակէտն ու իր բոլոր վարուելակերպերը կ’ընդգծէ։—Ա. Յովհաննու 4։8
Երբ սէրը, խաղաղութիւնը, բարութիւնը, ժուժկալութիւնը եւ Աստուծոյ հոգիին միւս պտուղները տիրական ըլլան, այդ ատեն նեղ ճամբան զրկիչ չի թուիր։ Ինչպէս Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն. «Այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ»։ (Գաղատացիս 5։22, 23) «Ուր որ Տէրոջը հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ»։ (Բ. Կորնթացիս 3։17) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները նոյնիսկ հիմա կը համտեսեն այս ազատութիւնը։ Անոնք ազատագրուած են ներկայիս մարդոց հարուածող շատ մը վախերէ, ինչպէս՝ ապագային վախը եւ մահուան աւելորդապաշտ վախը։ Որքա՜ն ոգեւորիչ է խորհիլ այն ապագային մասին, երբ «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ (Եսայեայ 11։9) Այն ատեն, նոյնիսկ ոճիրի վախը չքացած պիտի ըլլայ։ Կղպանքներն ու ձողերը յաւիտեան անհետացած պիտի ըլլան։ Ամէն մարդ ազատ ու ապահով պիտի զգայ. ցորեկ ու գիշեր, տան մէջ թէ դուրսը։ Ատիկա պիտի ըլլայ իրական ազատութիւնը։
Աստուծոյ Օգնութեան Երաշխիքը Ունինք
Ճիշդ է որ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիլը ջանք կը պահանջէ, բայց «անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն», նոյնիսկ անկատար մարդոց համար։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Մինչ նեղ ճամբուն յարմար վերաճշդումներ կ’ընենք եւ անոր մէջ քալելուն օգուտները կը տեսնենք, երթալով աւելի ատելութիւն կը զարգացնենք լայն ճամբուն մէջ քալողները յատկորոշող արարքներուն եւ խորհուրդներուն հանդէպ։ (Սաղմոս 97։10) Աստուծոյ օրէնքին հնազանդիլը մեր ներսիդին եղող հեշտին կոչ կ’ընէ։ Շատերը յատկորոշող «սրտի ցաւ»ին եւ «հոգիի ճնշում»ին փոխարէն, Աստուած կը խոստանայ. «Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան»։ Այո, Եհովայի կողմէ մարզուած սիրտ մը ուրախ ու ազատ է։—Եսայեայ 65։14
Յիսուս մեռաւ իրական ազատութիւնը մեզի կարելի դարձնելու համար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Հիմա, Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալով, Յիսուս այդ զոհագործութեան օգուտները կը մատակարարէ։ Շուտով, «մեծ նեղութենէն» ետք, երբ լայն ճամբան եւ բոլոր անոր մէջ գտնուողները կործանին, ան համբերութեամբ պիտի սկսի հնազանդ մարդկութիւնը առաջնորդել նեղ ճամբուն մնացեալ մասէն մինչեւ անոր վախճանը. մարդկային կատարելութիւնը։ (Յայտնութիւն 7։14–17. Մատթէոս 24։21, 29–31) Վերջապէս հետեւեալ հոյակապ խոստումին իրականացումը պիտի տեսնենք. «Ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։ Այս Աստուածատուր ազատութիւնը պիտի չանցնի։ Նոյնիսկ մահը պիտի չքանայ։—Հռովմայեցիս 8։21. Յայտնութիւն 21։3, 4
Երբ անհատ մը յստակօրէն տեսնէ եւ հասկնայ թէ նեղ ճամբան ո՛ւր կը տանի, ան լաւագոյնս կը կարողանայ իր ճամբան ընտրել ու անոր մէջ քալել։ Մասնաւորաբար երիտասարդները օգնութիւն կը ստանան, որ կարճատես չըլլան եւ չբարկանան Աստուծոյ չափանիշներով իրենց պարտադրուած բաները զրկումներ սեպելով։ Անոնք կը սորվին անոնց մէջ տեսնել Աստուծոյ սիրոյ մէկ ապացոյցը եւ լայն ճամբուն որոգայթներուն դէմ պաշտպանութիւն մը։ (Եբրայեցիս 12։5, 6) Անշուշտ, անհատ մը պէտք է համբերէ, յիշելով որ բարեպաշտ յատկութիւններ եւ փափաքներ մշակելը ժամանակ կը պահանջէ, ճիշդ ինչպէս որ պտղատու ծառ մը ժամանակի կը կարօտի լաւ պտուղ տալու համար։ Բայց ծառը պտուղ պիտի տայ, եթէ մշակուի ու ջրուի։
Ուստի, Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրեցէք, ուրիշ Քրիստոնեաներու ընկերակցեցէք եւ սուրբ հոգին ստանալու համար «անդադար աղօթք ըրէ՛ք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17) Աստուծոյ ապաւինեցէք. ան ձեզի պիտի օգնէ ձեր ‘շաւիղները ուղղել’ու մէջ։ (Առակաց 3։5, 6) Բայց այս բոլորը գործնակա՞ն է։ Ասիկա իրապէս գործի կը ծառայէ՞։ Այո, նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած Թոմին եւ Մարիին պարագային, անիկա գործի ծառայեց։
Անոնք Լայն Ճամբուն մէջ Քալելէ Դադրեցան
Թոմ կը գրէ. «70–ական թուականներու կիսուն, երբ Եհովայի Վկաներէն մէկը մեր տունը այցելեց, անոնց հետ շփման մէջ մտանք։ Խօսակցութիւնը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը առաջնորդեց։ Քայլ առ քայլ սկսայ կեանքս մաքրել։ 1982–ին, մկրտուեցայ եւ հիմա մեր տեղական ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւններ կը կրեմ։ Հիմա մեր մանչն ալ մկրտուած է։ Շնորհակալ եմ կնոջս որ, ճշմարտութիւնը ճանչնալէս առաջ, այդ բոլոր տարիներուն ընթացքին համբերեց ինծի։ Բայց ամէն բանէ աւելի, շնորհակալ եմ Եհովային եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ այն բոլոր բաներուն համար զորս անոնք տուին մեզի եւ ապագային նկատմամբ այն յոյսին համար զոր ունինք ներկայիս»։
Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել Մարիին մասին։ Ան կը խորհէր որ Աստուած բնաւ պիտի չներէր իրեն, բայց իր զաւակներուն սիրոյն, կ’ուզէր Իր մասին սորվիլ։ Երբ լսեց որ Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչը կը սորվեցնէին իր դրացուհիին, ինքն ալ օգնութիւն խնդրեց։ Սակայն, իր մէջ արմատ կապած իր գէշ սովորութիւնները յառաջդիմութիւնները դժուար դարձուցին։ Ուսումնասիրութիւնը մերթ վեր մերթ վար կ’ունենար։ Սակայն իր եօթը տարեկան աղջնակը կ’օգնէր իրեն որ շարունակէ։ «Մամա՜, կրնա՛ս ընել», կ’ըսէր ան։ Այն ատեն Մարին աւելի ծանր կը պայքարէր։
Երբ այն մարդը, որու հետ Մարին կը կենակցէր, տուն վերադարձաւ, որ թմրեցուցիչի մոլի մըն էր, ան ուսումնասիրութեան միացաւ։ Վերջապէս երկուքն ալ իրենց գէշ սովորութիւններուն յաղթահարեցին։ Ապա, իրենց ամուսնութիւնը օրինականացնելէ ու մկրտուելէ ետք, անոնք մեծ ուրախութեան տիրացան եւ առաջին անգամ ըլլալով, զգացին որ իրական ընտանիք մըն են։ Դժբախտաբար, ԱԴԱ–ն վերջապէս Մարիի կեանքը խլեց, բայց ան մեռաւ իր սրտին մէջ հաստատուած յարութեան մը եւ աղիտալի լայն ճամբուն ամէն հետքէ մաքրուած դրախտային երկրի մը վրայ կեանքին մասին Աստուածաշունչի խոստումով։
Այո, կարելի է դէպի կործանում տանող լայն ու ընդարձակ ճամբէն դուրս գալ։ Քրիստոս Յիսուս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3) Ուստի, ինչո՞ւ որոշում չտաք դէպի կեանք տանող նեղ ճամբուն մէջ քալել։ Աստուծոյ Խօսքէն ձեր սորվածները սրտանց ընդունելով եւ կիրարկելով, անհատապէս կրնաք Աստուածաշունչի սա սրտապնդիչ խոստումին փորձառութիւնը ունենալ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։—Յովհաննու 8։32