Քիչ ազատութիւն հրամցնող լայն ճամբայ մը
Աւստրալիոյ Սիտնէյ քաղաքին մէջ, երեք հոգիէ բաղկացած ընտանիք մը՝ հայր, մայր եւ աղջնակ՝ տունն էին, երբ անոնց տունը կրակ առաւ։ Անոնք որոշեցին պատուհաններէն դուրս ցատկել, բայց անոնք ձողերով պատուած էին։ Այդ ապահովութեան ձողերուն պատճառաւ, հրշէջները չկրցան զանոնք ազատել։ Մայրն ու հայրը ծուխին ու բոցերուն մէջ մեռան։ Աղջնակը հետագային հիւանդանոցին մէջ մահացաւ։
ՇԱՏ ափսո՜ս որ այս ընտանիքը կորսուեցաւ, զինք պաշտպանելու նպատակաւ եղած զետեղումներու պատճառաւ։ Մեր ժամանակներուն, շատ սովորական է, այս ընտանիքին նման, ձողերով ու ապահովութեան կղպանքներով պաշտպանուած տուն մը ունենալ։ Դրացիներէն շատեր ամրոցներու նմանող տուներ ու ստացուածքներ ալ ունին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք ապահովութիւն ու մտքի խաղաղութիւն կը փնտռեն։ Որքա՜ն հեգնական է որ «ազատ» ընկերութեան մը մէջ ապրող մարդիկ ապահով կը զգան մի՛միայն երբ անոնք իրենց տուներուն մէջ բանտարկեալներու պէս փակուած են։ Երթալով կ’աւելնան այն շրջանները, ուր զաւակները այլեւս չեն կրնար մօտակայ պարտէզի մը մէջ ապահովութեամբ խաղալ, կամ ալ առանց ծնողի մը կամ ուրիշ չափահասի մը ընկերակցութեան դպրոց երթալ։ Կեանքի շատ մը մարզերու մէջ, ազատութիւնը առաւօտեան ցօղին նման կը շոգիանայ։
Փոխուած Ապրելակերպ մը
Մեր մեծ ծնողներուն օրերը տարբեր էին։ Երբ զաւակներ էին, անոնք կրնային սովորաբար առանց վախի խաղալ ո՛ւր որ ուզէին։ Երբ չափահասներ էին, անոնք կղպանքներով եւ ձողերով ոչ մէկ նախապաշարում ունէին։ Անոնք ազատ կը զգային եւ որոշ չափով ազատ էին։ Բայց մեր մեծ ծնողները ընկերութեան մտավիճակին փոխուիլը տեսած են իրենց կեանքի ընթացքին։ Անիկա աւելի պաղ եւ աւելի անձնասէր դարձած է։ Շատ մը վայրերու մէջ, դրացիական սիրոյ տեղը առած է դրացիական վախը որ վերոյիշեալ դէպքին նման աղիտալի դէպքերու նպաստած է։ Ազատութեան երթալով նուազումին ընկերակցած է բարոյական արժէքներու որոշ վատթարացում մը։ Ընկերութիւնը «նոր բարոյականութիւն» մը իւրացուցած է, բայց իրականութեան մէջ, ներկայիս կացութիւնը հասած է հոն, ուր բարոյականութիւնը այլեւս տեղ չունի։
Քվինզլէնտ քաղաքի Համալսարանին նախկին կրթական դասախօս Տոքթ. Ռուբէրթ Կուտման կը գրէ. «Ներկայիս երիտասարդները տարբեր, հեշտապաշտ ... ապրելակերպի մը անձնատուր կ’ըլլան, ուր ‘անձ’ը առանցք կը կազմէ. իր անձին հանդէպ ողորմութիւն, ինքնագիտակցութիւն, անձնական իրագործում եւ անձնական շահ»։ Ան նաեւ կ’ըսէ. «Ժուժկալութեան, անձնուրացութեան, ժրաջանութեան, խնայողութեան, հեղինակութեան հանդէպ յարգանքի, ծնողներու հանդէպ սիրոյ ու յարգանքի նման արժէքներ ... շատերուն համար անծանօթ գաղափարներ են»։
Արդարեւ Լայն Ճամբայ մը
Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն ծանօթ եղողները չեն զարմանար այս համատարած անձնակեդրոնութեան մասին, քանի որ Յիսուս Քրիստոս իր ունկնդիրները ազդարարեց, ըսելով. «Լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասնզի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։ (Մատթէոս 7։13, 14) Առաջին ճամբան, որ շատ մը ճանապարհորդներու համար ընդարձակ տեղ ունի, «լայն» է, քանի որ անիկա բարոյականութիւնը եւ առօրեայ ապրելակերպը ղեկավարող սուրբ գրային սկզբունքներով չէ սափմանափակուած։ Անիկա կը հրապուրէ անոնք որոնք կ’ուզեն իրենց հաճելի եղող կերպով խորհիլ եւ իրենց հաճելի եղող կերպով ապրիլ, առանց օրէնքի, առանց զրկանքի։
Ճիշդ է որ լայն ճամբան ընտրած անհատներէն շատեր կը դաւանին իրենց ազատութիւնը վայելել։ Բայց անոնց մեծամասնութիւնը նոյն հոգիով կը տարուի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ անոնք կը ղեկավարուին «այն [ոգիով]՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ»։ Այս ոգին կը մղէ զանոնք որ ապրին ‘մարմնին ցանկութիւններովը եւ մարմնին ու մտքին ուզածը կատարեն’, անիկա ըլլայ անբարոյութիւն, թմրեցուցիչի գործածութիւն, կամ հարստութեան, համբաւի կամ հեղինակութեան անյագ հետապնդում։—Եփեսացիս 2։2, 3
Լայն Ճամբան Դէպի Կորուստ կը Տանի
Նշմարեցէք որ լայն ճամբէն ճամբորդողները ‘մարմնին ուզածը կատարել’ու կը տարուին։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ անոնք բնաւ ազատ չեն. անոնք տէր մը ունին։ Անոնք մարմնին գերիներ են։ Իսկ այս տիրոջ ծառայելը կրնայ շատ խնդիրներու առաջնորդել. սեռային գետնի վրայ տարափոխիկ հիւանդութիւններ, քանդուած տուներ, թմրեցուցիչէ եւ ըմպելիէ տկարացող մարմիններ ու մտքեր, միայն քանի մը հետեւանքներ յիշելու համար։ Նոյնիսկ բռնութեան, կողոպուտի եւ բռնաբարութեան արարքներու արմատները կարելի է գտնել այս թոյլատու լայն ճամբուն վրայ սնուցանուած անձնակեդրոն մտածելակերպին մէջ։ Իսկ մինչ «դէպի կորուստ» տանող այս «ճամբան» կը շարունակէ գոյատեւել, անոր պտուղները երթալով աւելի վնասակար պիտի ըլլան։—Առակաց 1։22, 23. Գաղատացիս 5։19–21. 6։7, 8
Աւստրալիայէն եկած իրական կեանքէ առնուած երկու օրինակներ նկատի առնենք։ Մարինa փորձութեան տեղի տուաւ թմրեցուցիչ գործածելով, ինչպէս նաեւ անբարոյութիւն գործելով։ Բայց իր փնտռած ուրախութիւնը իրմէ խոյս կու տար։ Ան նոյնիսկ երկու զաւակ ունենալէ ետք, իր կեանքը ունայն կը թուէր։ Ան ամենավատ վիճակին հասաւ, երբ իմացաւ որ ԱԴԱ–է [AIDS] վարակուած էր։
Թոմը* տարբեր ձեւով վնասուած էր։ «Ես հիւսիսային Քվինզլէնտի դպրեվանքի մը մէջ մեծցած եմ», կը գրէ ան։ «16 տարեկանիս, սկսայ ծանրօրէն խմել։ Հայրս, հօրեղբայրս եւ բարեկամներս բոլորն ալ ծանր խմողներ էին. ուստի ասիկա բնական կը թուէր ինծի։ Այն աստիճանին հասայ, ուր սկսայ որեւէ բան խմել, գարեջուրէն մինչեւ փայտօղի։ Սկսայ ձիարշաւի մէջ բախտս փորձել, երբեմն ծանր աշխատանքով վաստկած ամսականս գրեթէ ամբողջութեամբ վատնելով։ Ասիկա քիչ գումար մը չէր ներկայացներ, քանի որ շաքարեղէգներ կտրելու գործըս լաւ կը վճարուէր։
«Ապա ամուսնացայ եւ զաւակներ ունեցանք։ Փոխանակ պատասխանատուութիւններս կրելու, բարեկամներուս ընթացքին կը հետեւէի. խմել, բախտախաղ խաղալ, ու կռուիլ։ Յաճախ կը բանտարկուէի։ Բայց նոյնիսկ ասիկա ոչ մէկ ազդեցութիւն ունէր վրաս։ Կեանքս զարիվար կ’ընթանար։ Անիկա խնդիրներով լեցուն էր»։
Այո, սխալ ցանկութիւններու տեղի տալով, Թոմը եւ Մարին ոչ միայն իրենց անձին վնասեցին, այլ նաեւ՝ իրենց ընտանիքներուն։ Դժբախտաբար, շատ մը ուրիշ երիտասարդներ ալ լայն ճամբուն հրամցուցած ազատութեան անկախ ու մոլոր հոգիով կը հրապուրուին։ Եթէ անոնք միայն կարենային ազատութեան այս պատրանքէն անդին տեսնել։ Եթէ անոնք միայն կարենային լայն ճամբուն իրողութիւնները տեսնել. լուրջ հետեւանքներ զորս այդ ճամբէն ճամբորդողները վերջ ի վերջոյ պէտք է քաղեն։ Ճիշդ է որ այդ ճամբան լայն է, իսկ անկէ քալելը՝ դիւրին։ Բայց անոր բուն լայնութիւնն է վտանգը։ Իմաստութեան ընթացքն է լուրջի առնել այն անժխտելի իրողութիւնը թէ «ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ»։—Գաղատացիս 6։8
Սակայն աւելի լաւ ընտրութիւն մը կայ. նեղ ճամբան։ Սակայն այս ճամբան ո՞րքան սահմանափակ, սեղմ ու նեղ է։ Իսկ անիկա դէպի ո՞ւր կը տանի։
[Ստորանիշ էջ 4]
a Անունները փոխուած են։