Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ10 1/1 էջ 8
  • «Որոշուած ժամանակ»ը մօտ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Որոշուած ժամանակ»ը մօտ է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ ազդարարութեան ուշադրութիւն պիտի ընծայէ՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Վե՛րջին օրերուն մէջ ենք
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
դ10 1/1 էջ 8

«Որոշուած ժամանակ»ը մօտ է

ԱՄԲԱԿՈՒՄ մարգարէին նման, Յիսուսի աշակերտները տենչացին տառապանքին վախճանը տեսնել։ Երբ իմացան թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի ընէ՝ երկրի վրայ վիճակները սրբագրելու, անոնք Յիսուսի հարցուցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ [որպէս Թագաւոր] քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։3)։ Առ ի պատասխան, Յիսուս ըսաւ թէ միայն Եհովա Աստուած գիտէ ճիշդ ժամանակը, երբ Թագաւորութիւնը լիովին իր հակակշռին տակ պիտի առնէ երկիրը (Մատթէոս 24։36. Մարկոս 13։32)։ Սակայն Յիսուս եւ ուրիշներ նախագուշակեցին որոշ զարգացումներ, որոնք ցոյց պիտի տային թէ ժամանակը մօտ էր (տե՛ս աջին գտնուող շրջանակը)։

Համաձայն չե՞ս գտնուիր, թէ ներկայիս այդ բաները սովորական են։ Յիսուս նաեւ նախագուշակեց, թէ աշխարհի տարածքին կրթական աշխատանք մը պիտի կատարուէր։ Ան ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։

Այսօր ատիկա տեղի կ’ունենայ։ Եհովայի վկաները այդ գործունէութիւնը կը կատարեն։ 236 երկիրներու մէջ, աւելի քան եօթը միլիոն Վկաներ մարդոց կը հաղորդեն Թագաւորութեան ընելիք բաները եւ կ’օգնեն, որ Աստուծոյ արդար պահանջներուն գոհացում տան, որուն կամքն է՝ տառապանքին ու ցաւին վերջ դնել։ Շարունակէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվիլ, եւ տառապանքէ զերծ աշխարհի մը մէջ առյաւէտ ապրելու հեռանկարը պիտի ունենաս։

[Շրջանակ՝ էջ 8]

Վերջին օրերը մատնանշող համարներ

ՄԱՏԹԷՈՍ 24։6, 7. ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 6։4

• Աննախընթաց պատերազմներ

ՄԱՏԹԷՈՍ 24։7. ՄԱՐԿՈՍ 13։8

• Մեծ երկրաշարժներ

• Սովեր

ՂՈՒԿԱՍ 21։11. ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 6։8

• Մահտարաժամներ

ՄԱՏԹԷՈՍ 24։12

• Անօրէնութեան շատնալը

• Սիրոյ պաղիլը

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 11։18

• Երկրին ապականումը

Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։2

• Դրամի հանդէպ չափազանց սէր

• Ծնողներուն չհնազանդիլը

• Ծայրայեղ անձնասիրութիւն

Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։3

• Գութի պակաս

• Համաձայնութեան չեկող մարդիկ

• Ինքնազսպումի պակաս՝ ընկերութեան բոլոր խաւերուն քով

• Ամէնուրեք բարեգործութիւն չսիրելը

Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։4

• Աստուծմէ աւելի հաճոյքներ սիրելը

Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։5

• Շատերու կողմէ կեղծաւորաբար քրիստոնեայ ըլլալ դաւանիլը

ՄԱՏԹԷՈՍ 24։5, 11. ՄԱՐԿՈՍ 13։6

• Բազմաթիւ գործունեայ սուտ մարգարէներ

ՄԱՏԹԷՈՍ 24։9. ՂՈՒԿԱՍ 21։12

• Ճշմարիտ քրիստոնեաներու հալածանքը

ՄԱՏԹԷՈՍ 24։39

• Աստուածաշնչական ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն չընծայելը

[Նկար՝ էջ 8]

Համայն աշխարհի մէջ, Եհովայի վկաները ուրիշներուն կը սորվեցնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել