Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ20 թիւ 1 էջ 12-13
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուս ի՛նչ սորվեցուց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը տիրէ
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Ի՛նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
դհ20 թիւ 1 էջ 12-13
Անջրպետէն դիտուած, արեւալոյսը երկրագունդը կը լուսաւորէ

Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը

Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Ի՞նչ կ’ընէ։ Եւ ինչո՞ւ պէտք է անոր համար աղօթենք։

Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորն է։

Ղուկաս 1։31-33. «Անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։

Թագաւորութիւնը գլխաւոր նիւթն էր, որուն մասին Յիսուս քարոզեց։

Մատթէոս 9։35. «Յիսուս կը պտըտէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ»։

Յիսուս իր աշակերտներուն նշան մը տուաւ, իրենց օգնելու որ գիտնան, թէ Թագաւորութիւնը ե՛րբ պիտի գայ։

Մատթէոս 24։7. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։

Յիսուսի աշակերտները այժմ աշխարհի տարածքին Թագաւորութեան մասին կը քարոզեն։

Մատթէոս 24։14. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։

Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին իրողութիւններ

Վայրը։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է, որ Աստուած երկինքի մէջ հաստատած է (ԴԱՆԻԷԼ 2։44. ՄԱՏԹԷՈՍ 4։17)։

Նպատակը։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկիրը դրախտի պիտի վերածէ, ուր բոլոր մարդիկը խաղաղութեամբ եւ համերաշխութեամբ պիտի ապրին եւ բնա՛ւ պիտի չհիւանդանան ու պիտի չմեռնին (ՍԱՂՄՈՍ 37։11, 29)։

Իշխանները։ Աստուած Յիսուսը Թագաւոր նշանակեց, որպէսզի երկինքէն իշխէ 144,000 իշխանակիցներու հետ, որոնք երկրէն առնուած են (ՂՈՒԿԱՍ 1։30-33. 12։32. ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 14։1, 3)։

Հպատակները։ Թագաւորութեան հպատակները երկրի վրայ պիտի ապրին եւ յօժարաբար Յիսուսի իշխանութեան պիտի ենթարկուին եւ Թագաւորութեան օրէնքներուն պիտի հնազանդին (ՄԱՏԹԷՈՍ 7։21)։

Ինչո՞ւ Յիսուս մարդկութեան վրայ իշխելու համար շատ որակեալ է

Երկրի վրայ եղած ատեն, Յիսուս փաստեց, որ կարող եւ սիրառատ կառավարիչ պիտի ըլլար, քանի որ՝

  • Աղքատներուն ուշադրութիւն ընծայեց (ՂՈՒԿԱՍ 14։13, 14)։

  • Փտածութիւնն ու անարդարութիւնը ատեց (ՄԱՏԹԷՈՍ 21։12, 13)։

  • Բնութեան ուժերը զսպեց (ՄԱՐԿՈՍ 4։39)։

  • Հազարաւորներ կերակրեց (ՄԱՏԹԷՈՍ 14։19-21)։

  • Հիւանդներուն վրայ խղճաց եւ բոլոր տանջուողները բուժեց (ՄԱՏԹԷՈՍ 8։16)։

  • Մեռելները ետ կեանքի բերաւ (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 11։43, 44)։

Ինչպէ՞ս կրնայ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա քեզի օգտել

Կրնաս հիմա աւելի ուրախ կեանք մը ունենալ, եթէ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակը դառնաս։ Օրինակ, Թագաւորութեան հպատակները՝

  • ‘Խաղաղութեան ետեւէ են ամէնուն հետ’ (ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12։14)։

  • Իրենց ընտանիքին մէջ խաղաղութիւն եւ միութիւն կը վայելեն, քանի որ ամուսնացած զոյգը իրար կը սիրեն եւ կը յարգեն (ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5։22, 23, 33)։

  • Ուրախ եւ գոհացուցիչ կեանք մը ունին, քանի որ «Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (ՂՈՒԿԱՍ 11։28)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել