Իրապէս ո՞վ կ’իշխէ աշխարհին վրայ
ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ բնաւ չես հանդիպած կազմակերպուած ոճիրի ղեկավարի մը։ Սա կը նշանակէ՞ թէ անոնք գոյութիւն չունին։ Ոճրագործներու մեծերը հմտութիւն ունին իրենց ինքնութիւնը թաքուն ձգելու, կամ նո՛յնիսկ իրենց գործունէութիւնները վարելու մինչ բանտարկուած են։ Սակայն, թմրեցուցիչի պատերազմներու, պոռնկատուներու եւ մարդոցմով առեւտուր ընելու մասին լրագիրներու վերնագիրները, մեզի կը յիշեցնեն այսպիսի ոճրագործներու գործունէութեան ապականիչ ազդեցութիւնն ու ահռելի հետեւանքները։ Մարդկային ընկերութեան վրայ իրենց յատուկ ազդեցութիւնը ունենալով, կը գիտակցինք թէ ոճրային առաջնորդներ գոյութիւն ունին։
Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, կը յայտնէ թէ Սատանան իրական անձնաւորութիւն է, որ հեղինակաւոր պարագլուխ ոճրագործի մը նման, իր կամքը կատարել կու տայ սուտ «նշաններով» եւ «անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնով»։ Իրականութեան մէջ, ան «լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9, 10. Բ. Կորնթացիս 11։14)։ Բանսարկուին գոյութիւնը նմանապէս կարելի է ստուգել իր բանեցուցած ազդեցութենէն։ Սակայն, մարդոց մեծամասնութիւնը դժուար կը գտնէ հաւատալ անտեսանելի չար հոգեղէն արարածի մը գոյութեան։ Մանրամասնօրէն քննարկելէ առաջ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Բանսարկուին մասին, նկատի առնենք կարգ մը սովորական խոչընդոտներ եւ սխալ հաւատալիքներ, որոնք շատերու արգելք կը հանդիսանան ընդունելու այն գաղափարը՝ թէ Բանսարկուն իրական անձնաւորութիւն է։
◼ «Սիրալիր Աստուած մը ինչպէ՞ս կրնար Բանսարկուն ստեղծել»։ Քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած բարի եւ կատարեալ է, հակասական կը թուի խորհիլը թէ ան չար եւ անգութ արարած մը կրնար ստեղծել։ Իրողութիւնը այն է, թէ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Աստուած այսպիսի անձ մը ստեղծեց։ Ընդհակառակը, ան Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է» (Բ. Օրինաց 32։4. Սաղմոս 5։4)։
Նկատի առնուելիք կէտը այն է, թէ արդեօք Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած կատարեալ անձ մը կրնա՛ր բարիէն զատ այլ բան ընել։ Փոխանակ իր արարածները մարդամեքենաներու նման ստեղծելու, Աստուած անոնց շնորհեց ազատ կամք,– իրենց անձնական ընտրութիւնները ընելու կարողութիւնը։ Այսպէս, կատարեալ ու մտացի արարածը կրնայ ընտրել բարին կամ չարը ընել։ Իրականութեան մէջ, միայն ազատ կամքով օժտուած՝ մարդկային կամ հոգեղէն մտացի արարածի մը արարքները կրնային իսկական բարոյական նշանակութիւն ունենալ։
Հետեւաբար, տրամաբանական չէ որ Աստուած իր արարածներուն ազատ կամք տայ, եւ միեւնոյն ժամանակ զիրենք արգիլէ չարը ընելէ երբ ուզեն այդպէս ընել։ Յիսուս ազատ կամքի սխալ գործածութեան մը ակնարկեց, երբ Բանսարկուին նկատմամբ ըսաւ. «Ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ» (Յովհաննէս 8։44)։ Այս խօսքը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ ան որ Բանսարկու դարձաւ, սկիզբը կատարեալ հոգեղէն անձ մըն էր եւ ատեն մը ‘ճշմարտութեան մէջ կեցած էր’։a Եհովա Աստուած իր արարածները ազատ կամքով ստեղծեց, քանի որ զիրենք կը սիրէ ու կը վստահի (տե՛ս «Կատարեալ արարած մը կրնա՞ր կատարելութիւնը կորսնցնել» շրջանակը, էջ 6)։
◼ «Բանսարկուն Աստուծոյ ծառան է»։ Ոմանց կը թուի թէ Աստուածաշունչը այս գաղափարը կ’ենթադրէ Յոբ գրքին մէջ։ Ըստ Աստուածաշունչի մեկնաբանութեան մը, այն խօսքը թէ Բանսարկուն ‘երկրի վրայ կը շրջէր’, կ’ակնարկէ վաղեմի պարսկական լրտեսներու դերին, որոնք կը ճամբորդէին եւ ապա հարցերը կը տեղեկագրէին թագաւորին (Յոբ 1։7)։ Սակայն, եթէ Բանսարկուն իրապէս Աստուծոյ լրտեսն էր, ինչո՞ւ ստիպուեցաւ բացատրել թէ «երկրի վրայ շրջելէն» եկաւ։ Փոխանակ զինք նկարագրելու որպէս Աստուծոյ դաշնակիցը, Յոբի արձանագրութիւնը Բանսարկուն կ’անուանէ Սատանայ, այսինքն՝ «Հակառակորդ», այսպէս ցոյց տալով թէ ան իրականութեան մէջ Աստուծոյ գլխաւոր Հակառակորդն է (Յոբ 1։6)։ Ուրեմն, ուրկէ՞ կը ծագի այն գաղափարը թէ Բանսարկուն Աստուծոյ ծառայութեան մէջ է։
Մ.թ. առաջին դարուն, պարականոն գիրքեր, ինչպէս՝ «Յոբելեաններու գիրքը» եւ Գումրան աղանդի «Հասարակական կանոնը», նկարագրեցին Բանսարկուն որպէս թէ Աստուծոյ հետ սակարկութիւն կ’ընէ, բայց Անոր ենթակայ կը մնայ։ Իր գիրքին մէջ (Mephistopheles), պատմաբան Ճ. Պ. Ռասըլ կը բացատրէ թէ բողոքական բարեկարգիչ Մարթին Լուտեր Բանսարկուն նկատեց «Աստուծոյ գործիքը, յօտելու կարթի կամ բրիչի նման, որ կը գործածէ իր պարտէզը մշակելու»։ Ռասըլ կ’աւելցնէ թէ գաղափարը այն է՝ թէ «բրիչը հաճոյք կ’առնէ որոմները փճացնելէ», սակայն կը մնայ Աստուծոյ հզօր ձեռքը, այսպէս՝ Աստուծոյ կամքը կատարելով։ Լուտերի ուսուցումը,– որ յետագային ֆրանսացի աստուածաբան Ճոն Կալվին ընդունեց,– հաւատացեալներէն շատերու արդարութեան զգացումը վիրաւորեց։ Ինչպէ՞ս կրնար սիրառատ Աստուած մը ոչ միայն չարիքը թոյլատրել, այլ նո՛յնիսկ կամենալ անոր տեղի ունենալը (Յակոբոս 1։13)։ Այս վարդապետութիւնը, 20–րդ դարուն պատահած սարսափելի դէպքերուն հետ մէկտեղ, արգելք կը հանդիսանայ որ շատեր Աստուծոյ ե՛ւ Բանսարկուին գոյութեան հաւատան։
◼ «Բանսարկուն պարզապէս չարութեան սկզբունքն է»։ Բանսարկուն պարզապէս չարութեան սկզբունքը նկատելը, Աստուածաշունչի կարգ մը հատուածները գրեթէ անհասկնալի կը դարձնէ։ Օրինակ՝ ինչպէս որ նկարագրուած է Յոբ 2։3-6–ի մէջ, Աստուած որո՞ւ հետ կը խօսակցէր։ Արդեօք ան Յոբին մէջ գոյացած չարութեան սկզբունքի՞ն հետ կը խօսէր, կամ թերեւս նոյնիսկ Ի՞ր անձին հետ։ Ասկէ զատ, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ Աստուած Յոբի արժանիքները գովէ, եւ միեւնոյն ժամանակ թոյլ տայ որ չարութեան սկզբունքը զինք փորձէ։ Այսպիսի շարժառիթներ Աստուծոյ վերագրելը պիտի նշանակէր զինք չար Էակ նկատել, եւ ոչ թէ մէկը՝ որուն քով «անիրաւութիւն չկայ» (Սաղմոս 92։15)։ Ճիշդ հակառակը, Աստուած մերժեց իր ‘ձեռքը երկնցնելով’ Յոբի վնաս հասցնել։ Յստակ է որ Բանսարկուն չարութեան սկզբունք չէ, ոչ ալ Աստուծոյ անձնաւորութեան խաւար կողմը. այլ՝ ան հոգեղէն անձ մըն է, որ ինքզինք Աստուծոյ Հակառակորդ դարձուց։
Իրապէս ո՞վ կ’իշխէ աշխարհին վրայ
Ներկայիս, շատեր կը խորհին թէ Բանսարկուին գոյութեան հաւատալը հնաձեւ է։ Այսուհանդերձ, առանց Բանսարկուն նկատի առնելու, չարութեան դառն իրողութեան գոհացուցիչ որեւէ բացատրութիւն չկայ։ Իրականութեան մէջ, Բանսարկուին գոյութեան գաղափարը մտքէ հեռացնելը մղած է շատեր, որ մերժեն թէ՛ Աստուած եւ թէ որեւէ բարոյական արգելք։
19–րդ դարու բանաստեղծ Շարլ–Բիէր Պոտլէր գրեց. «Բանսարկուին ամէնէն գլխաւոր հնարքն է՝ մեզ համոզել որ ինք գոյութիւն չունի»։ Իր ինքնութիւնը ծածկելով, Բանսարկուն իրականութեան մէջ Աստուծոյ գոյութեան մասին կասկածներ յարուցանած է։ Եթէ Բանսարկուն գոյութիւն չունի, ասիկա Աստուած պատասխանատու չի՞ դարձներ ամբողջ չարութեան համար։ Արդեօք ճիշդ ասիկա չէ՞ որ Բանսարկուն կ’ուզէ որ մարդիկ հաւատան։
Պարագլուխ ոճրագործի մը նման, Բանսարկուն իր ինքնութիւնը կը ծածկէ, որպէսզի իր նպատակակէտին հասնի։ Ի՞նչ է այդ նպատակակէտը։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը» (Բ. Կորնթացիս 4։4)։
Կարեւոր հարցում մը կը մնայ. Աստուած ամբողջ չարութեան եւ տառապանքին ետին գտնուող այս անտեսանելի հանճարեղ ծրագրողին ի՞նչ պիտի ընէ։ Ասիկա յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք։
[Ստորանիշ]
a Հասկնալու համար թէ Աստուած ինչո՛ւ Բանսարկուին ըմբոստութեան անմիջապէս վերջ չդրաւ, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 11–րդ գլուխը, հրատարակուած Եհովայի վկաներուն կողմէ։
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Բանսարկուն Աստուծոյ ծառա՞ն է, թէ ոչ անոր հակառակորդը
[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 6]
Կատարեալ արարած մը կրնա՞ր կատարելութիւնը կորսնցնել
Մտացի արարածներուն Աստուծոյ շնորհած կատարելութիւնը յարաբերական է։ Կատարեալ ստեղծուելով հանդերձ, Ադամ Ստեղծիչին կողմէ իրեն վրայ դրուած ֆիզիքական սահմանափակումները պէտք էր յարգէր։ Օրինակ՝ ան չէր կրնար ցեխ, խճաքար կամ փայտ ուտել առանց հետեւանքները կրելու։ Եթէ ան ձգողականութեան օրէնքը անտեսելով բարձր ժայռէ մը ցատկէր, կրնար մեռնիլ կամ ծանրօրէն վիրաւորուիլ։
Նմանապէս, ո՛չ մէկ կատարեալ արարած,– մարդկային կամ հրեշտակային,– կրնայ Աստուծոյ դրած բարոյական սահմաններէն անդին երթալ՝ առանց ինքզինք գէշ հետեւանքներու ենթարկելու։ Այսպէս, երբ մտացի արարած մը իր ազատ կամքը չարաչար գործածէ, դիւրաւ սխալ կը գործէ ու կը մեղանչէ (Ծննդոց 1։29. Մատթէոս 4։4)։