Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ12 2/1 էջ 5-6
  • Աբրահամ. հաւատքի տէր մարդ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աբրահամ. հաւատքի տէր մարդ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՞վ էր Աբրահամ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Եհովան զինք իր «բարեկամ»ը կոչեց
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Աստուած կը փորձէ Աբրահամի հաւատքը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • «Սրտերնիդ հաստա՛տ բռնեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
դ12 2/1 էջ 5-6

Աբրահամ. հաւատքի տէր մարդ

Դուրսը՝ գիշերուան անդորրութեան մէջ, Աբրահամ կայնած է։ Ան դէպի շողշողուն եւ աստղազարդ երկինքը կը նայի, մտածելով Աստուծոյ այն խոստումին մասին, որ իր սերունդը այդ լուսաւորներուն պէս անհամար պիտի ըլլայ (Ծննդոց 15։5)։ Աբրահամի համար, աստղերը Եհովայի խոստումին տեսանելի յիշեցումն են։ Անոնք նաեւ երաշխիք մըն են։ Ի վերջոյ, եթէ Եհովա հսկայական տիեզերքը եւ անոր մէջ եղած բոլոր բաները ստեղծելու կարողութիւնն ունի, ան չի՞ կրնար կարելի դարձնել որ Աբրահամն ու Սառան զաւակ մը ունենան։ Աբրահամի հաւատքը այսպիսի բնոյթ ունի։

Ի՞ՆՉ Է ՀԱՒԱՏՔԸ։ Ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ գործածուած է, «հաւատք»ը անտեսանելի բանի մը հանդէպ խոր համոզումի կ’ակնարկէ։ Այսպիսի հաւատք հաստատ ապացոյցի վրայ հիմնուած է։ Աստուծոյ հաւատացող անհատը կը կեդրոնանայ Անոր խոստումներուն կատարման վրայ, վստահ ըլլալով որ ատոնք կարծես թէ արդէն կատարուած են։

ԱԲՐԱՀԱՄ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱՒԱՏՔ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՑ։ Աբրահամ ցոյց տուաւ, թէ Աստուծոյ խոստումներուն կը հաւատար։ Հաւատքով, Աբրահամ իր ծննդավայրը ձգեց՝ վստահ ըլլալով որ Եհովա իրեն տարբեր երկիր մը ցոյց տալու Իր խոստումը պիտի պահէր։ Հաւատքով, Աբրահամ Քանանի մէջ թափառեցաւ՝ վստահ ըլլալով որ իր սերունդը վերջապէս այդ երկիրը պիտի ժառանգէր։ Եւ հաւատքով, Աբրահամ հնազանդութեամբ փորձեց Իսահակը զոհ մատուցանել՝ վստահ ըլլալով որ, եթէ հարկ ըլլար, Եհովա զայն պիտի յարուցանէր (Եբրայեցիս 11։8, 9, 17-19)։

Աբրահամ անցեալին վրայ կեդրոնանալու փոխարէն ապագային վրայ կեդրոնացաւ։ Թէեւ Աբրահամ եւ Սառա Ուրի մէջ աւելի հանգստաւէտ կենցաղակերպ մը վայելած ըլլալու էին քան Քանանի մէջ, սակայն անոնք չշարունակեցին ‘զանիկա յիշել, ուրկէ որ ելած էին’ (Եբրայեցիս 11։15)։ Փոխարէն, անոնք կեդրոնացան ա՛յն բանին վրայ, թէ Աստուած ինչպէ՛ս զիրենք եւ իրենց զարմը ապագային պիտի օրհնէր (Եբրայեցիս 11։16)։

Աբրահամի հաւատքը անկասկած հիմնաւոր էր։ Եհովա իր իւրաքանչիւր խոստումը պահեց։ Ի վերջոյ, Աբրահամի զարմը բազմացաւ ու եղաւ ազգ մը՝ իսրայէլ։ Ժամանակի ընթացքին, իսրայէլացիները Քանանի մէջ բնակեցան, այն նո՛յն երկիրը որ Եհովա Աբրահամի խոստացած էր (Յեսու 11։23)։

Ի՞ՆՉ ԴԱՍԵՐ ԿԸ ՔԱՂԵՆՔ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա իր խոստումները պիտի պահէ։ Նո՛յնիսկ եթէ ատոնցմէ ոմանք մարդկային տեսանկիւնէն անկարելի թուին, վստահ ենք որ «Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է» (Մատթէոս 19։26)։

Աբրահամի օրինակը նաեւ մեզի կը սորվեցնէ, որ ոչ թէ կեդրոնանանք թէ անցեալին բաները ինչպէ՛ս էին, այլ՝ թէ ապագային ի՛նչ պիտի վայելենք։ Ճէյսըն ճիշդ ասիկա ընել սորված է։ Ան կը տառապի տկարացուցիչ հիւանդութենէ մը, որ զինք ամբողջովին անդամալուծած է։ «Պէտք է խոստովանիմ, թէ կ’ըլլա՛ն պահեր երբ անցեալին մասին կը մտածեմ», կ’ըսէ Ճէյսըն։ Ան կ’աւելցնէ. «Ամէնէն շատ կը կարօտնամ պզտիկ բաները, ինչպէս՝ ողջագուրել կինս Ըմէնտան»։

Այսուհանդերձ, Ճէյսըն բացարձակ հաւատք ունի, թէ Եհովա իր խոստումները պիտի կատարէ, ներառեալ՝ այն խոստումը թէ երկրագունդը շուտով դրախտի պիտի վերածուի եւ հաւատարիմ մարդոց կատարեալ առողջութիւն եւ յաւիտենական կեանք պիտի շնորհուին (Սաղմոս 37։10, 11, 29. Եսայի 35։5, 6. Յայտնութիւն 21։3, 4)։a «Ես ինծի կը յիշեցնեմ, թէ լաւագոյն ժամանակներու սեմին եմ», կ’ըսէ Ճէյսըն ու կը բացատրէ. «Մօտ օրէն այս բոլորը վերջ պիտի գտնեն,– ճնշուածութիւնը, մտահոգութիւնը, տխրութիւնը եւ յանցանքի զգացումը,– եւ յաւիտեա՛ն պիտի բնաջնջուին»։ Աբրահամի նման, հաւատքի ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը։

[Ստորանիշ]

a Ապագայ երկրային դրախտին մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 3–րդ, 7–րդ եւ 8–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել