Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ12 11/1 էջ 4
  • Փտածութիւնը ինչո՞ւ կը յարատեւէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Փտածութիւնը ինչո՞ւ կը յարատեւէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Փտածութիւնը վերջ պիտի գտնէ՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ապականութենէ զերծ աշխարհի մը մասին խոստումը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ի՛նչու կը ծերանանք ու կը մեռնինք
    Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ
  • Ինչո՞ւ ա՛յսքան կաշառակերութիւն կայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
դ12 11/1 էջ 4

Փտածութիւնը ինչո՞ւ կը յարատեւէ

«Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (ԺՈՂՈՎՈՂ 8։9)։

ԱՅԴ արտայայտութիւնը յարմարապէս կը նկարագրէ մարդկային իշխանութեան պատմութիւնը, որ անպատում տառապանքի ու թշուառութեան համար պատասխանատու է։ Միշտ եղած են լաւ դիտաւորութիւն ունեցող անհատներ, որոնք ջանացած են աւելի արդար ընկերութիւն մը հաստատել, բայց եւ այնպէս ագահութիւնը ու փտածութիւնը շարունակ անոնց արգելք հանդիսացած են։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Փտածութիւնը ինչո՞ւ կը յարատեւէ։ Հիմնականօրէն, հետեւեալ երեք վնասակար ազդեցութիւններուն պատճառով։

1. Մեղքին ազդեցութիւնը։

Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կ’ըսէ թէ «բոլորը մեղքի տակ են» (Հռովմայեցիս 3։9)։ Անբուժելի ժառանգուած հիւանդութեան մը նման, մեղքը մեր մէջ «կը բնակի»։ Հազարաւոր տարիներէ ի վեր, մեղքը մարդկութեան վրայ ‘թագաւորած է’ եւ իր «օրէնք»ը շարունակ մեր մէջ կը ներգործէ։ Մեղաւոր հակումները շատերը կը մղեն, որ իրե՛նց անձնական շահերը առաջին տեղը դնեն, կամ՝ ստացուածքներ շահիլը կամ ուրիշին հաշւոյն հեղինակութիւն ձեռք ձգելը իրենց կեանքի առանցքը դարձնեն (Հռովմայեցիս 5։21. 7։17, 20, 23, 25)։

2. Ներկայ չար աշխարհին ազդեցութիւնը։

Այս աշխարհը ագահութեամբ եւ անձնասիրութեամբ յատկանշուած է։ Այսպիսի միջավայրի մէջ ապրելով, ոմանք դժուարութիւն կը գտնեն տարբեր ըլլալ։ Անձնասէր փառատենչութեամբ տարուած՝ անոնք իշխանութեան ծարաւ կը դառնան։ Ասկէ զատ, անոնք խոր փափաք կը զարգացնեն իրենց պէտք եղածէն աւելի՛ դրամ եւ ստացուածք ձեռք ձգելու։ Ցաւօք սրտի, այդ նպատակակէտերուն հասնելու համար, անոնք յօժար են անպարկեշտութեամբ վարուելու։ Փոխանակ այսպիսի վնասակար ազդեցութիւններու դէմ դնելու, այսպիսի մարդիկ ‘չարութիւն ընելու համար բազմութեան կը հետեւին’ (Ելից 23։2)։

3. Բանսարկու Սատանային ազդեցութիւնը։

Սատանան, որ ըմբոստ հոգեղէն արարած մըն է, ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’ (Յայտնութիւն 12։9)։ Ան մարդիկը ղեկավարելէն հաճոյք կ’առնէ։ Ան կրնայ խորամանկօրէն շահագործել անհատի մը նիւթական հանգստութիւն եւ ֆինանսական բարօրութիւն ունենալու բնական փափաքը այն աստիճան որ անհատը խաբեբայութեամբ կը գործէ։

Սա կը նշանակէ՞ թէ մենք պարզապէս Սատանային ձեռքերուն մէջ խամաճիկներ ենք եւ մեզ իր ուզածին պէս կը գործածէ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պատասխանը պիտի առնենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել