Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 1/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ անունը
    Զարթի՛ր 2017
  • Աստուծոյ անունը ինչո՞ւ պէտք է գործածենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աստուծոյ անունը գիտե՞ս եւ կը գործածե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Աստուծոյ անունը. այդ անուան գործածութիւնն ու նշանակութիւնը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 1/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Ի՞նչ է Աստուծոյ անունը

Մեր ընտանիքի բոլոր անդամները անձնական անուն մը ունին։ Նոյնիսկ ընտանի անասուններ անուններ ունին։ Տրամաբանական չէ՞ որ Աստուած ալ անուն մը ունենայ։ Սուրբ Գիրքին մէջ, Աստուած բազմաթիւ տիտղոսներ ունի, ինչպէս՝ ամենակարող Աստուած, զօրքերու Տէր եւ Ստեղծիչ. բայց ան նաեւ անձնական անուն մը ունի (կարդա՛ Եսայի 42։8)։

Աստուածաշունչի բազմաթիւ թարգմանութիւններ կը բովանդակեն Աստուծոյ անձնական անունը Սաղմոս 83։18–ին մէջ։ Օրինակ, Վերստուգուած աշխարհաբար թարգմանութեան մէջ այդ համարը կ’ըսէ. «Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։

Ինչո՞ւ պէտք է Աստուծոյ անունը գործածենք

[Նկար՝ էջ 16]

Մենք անձնական անուններ կը գործածենք, երբ կը խօսինք մեր սիրելիներուն, զոր օրինակ՝ մեր մօտիկ բարեկամներուն հետ

Աստուած կ’ուզէ՛ որ իր անձնական անունը գործածենք։ Մենք անձնական անուններ կը գործածենք, երբ կը խօսինք մեր սիրելիներուն հետ, ինչպէս մեր մօտիկ բարեկամները,– մա՛նաւանդ երբ իրենք մեզմէ խնդրեն այս մէկը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Աստուծոյ, պարագան տարբեր պէտք չէ ըլլայ։ Ասկէ զատ, Յիսուս Քրիստոս քաջալերեց որ Աստուծոյ անունը գործածենք (կարդա՛ Մատթէոս 6։9. Յովհաննէս 17։26)։

Բայց Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու համար, իր անունին կողքին ա՛յլ բաներ ալ պէտք է գիտնանք։ Օրինակ, Աստուած ինչպիսի՞ մէկն է։ Իրապէս կարելի՞ է Աստուծոյ մօտենալ։ Այս հարցումներուն պատասխանները կրնաս գտնել Աստուածաշունչին մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել