ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ
Աստուծոյ անունը գիտե՞ս եւ կը գործածե՞ս
Մօտիկ բարեկամներուդ մէջ կա՞յ մէկը, որուն անունը չես գիտեր։ Շատ հաւանաբար ոչ։ Իրինա անունով պուլկարացի կին մը ճշգրտօրէն ըսաւ. «Կարելի չէ Աստուծոյ մօտենալ, եթէ իր անունը չես գիտեր»։ Բայց ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Աստուած կ’ուզէ՛ որ իրեն մօտենաս։ Ան իր Խօսքին մէջ արդէն ինքզինք քեզի ծանօթացուցած է, ըսելով. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (Եսայի 42։8)։
Աստուած իր Խօսքին մէջ արդէն ինքզինք քեզի ծանօթացուցած է, ըսելով. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (Եսայի 42։8)
Եհովա Աստուծոյ քով իրապէս տարբերութիւն կ’ընէ՞ եթէ գիտես եւ կը գործածես իր անունը կամ ոչ։ Հետեւեալը նկատի առ։ Եբրայերէն չորս բաղաձայններով գրուած եւ որպէս Քառագիր ճանչցուած Աստուծոյ անունը, գրեթէ 7000 անգամ կ’երեւնայ Եբրայերէն Գրութիւններու բնագրին մէջ։ Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ ո՛չ մէկ անուն այսքան շատ նշուած է։ Վստահաբար ասիկա կը փաստէ, որ Աստուած կ’ուզէ որ գիտնանք եւ գործածենք իր անունըa։
Անուններ փոխանակելը յաճախ առաջին քայլը կ’ըլլայ բարեկամութեան։ Աստուծոյ անունը գիտե՞ս
Սակայն ուրիշներ կը խորհին, թէ քանի՛ որ Աստուած սուրբ եւ ամենակալ է, իր անունը գործածելը անյարգալից է։ Ճիշդ է որ Աստուծոյ անունը անվայել կերպով գործածելը սխալ է, ինչպէս որ մօտիկ բարեկամիդ անունը չես ուզեր սխալ կերպով գործածել։ Բայց Եհովայի կա՛մքն է, որ զինք սիրողները պատուեն եւ ճանչցնեն իր անունը (Սաղմոս 69։30, 31. 96։2, 8)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց աղօթել. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ»։ Կրնանք Աստուծոյ անունը սրբացնելուն մէջ բաժին բերել, զայն ճանչցնելով։ Այսպիսով, աւելի կը մօտենանք իրեն (Մատթէոս 6։9)։
Սուրբ Գիրքը կը յայտնէ, թէ Աստուած մասնաւոր ուշադրութիւն կ’ընծայէ իր «անուան վրայ մտածողներուն» (Մաղաքիա 3։16)։ Եհովան այսպիսի անհատի մը կը խոստանայ. «Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ։ Ինծի պիտի կանչէ ու ես անոր պատասխան պիտի տամ, նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ» (Սաղմոս 91։14, 15)։ Եհովայի անունը գիտնալը եւ գործածելը արդարեւ տարբերութիւն կ’ընէ, եթէ կ’ուզենք իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն վայելել։
a Ցաւալի է որ Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններ Աստուծոյ անունը չեն նշեր, թէպէտեւ անիկա բազմիցս կ’երեւնայ Եբրայերէն Գրութիւններուն կամ «Հին Կտակարան»ին մէջ։ Անոնք Աստուծոյ անունը փոխարինած են տիտղոսներով, ինչպէս՝ «Տէր» կամ «Աստուած»։ Այս նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, էջ 195-197, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։