Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 2/1 էջ 4
  • Մովսէս հաւատքի տէր մարդ էր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մովսէս հաւատքի տէր մարդ էր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մովսէսի հաւատքը ընդօրինակէ՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • «Անտեսանելին» կը տեսնե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Եհովայի ճամբաները ճանչնանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Մովսէս սէր ունէր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 2/1 էջ 4

Մովսէս հաւատքի տէր մարդ էր

Ի՞ՆՉ Է ՀԱՒԱՏՔԸ։

Ինչպէս որ Սուրբ Գիրքին մէջ գործածուած է, «հաւատք»ը կը պարփակէ անխախտ համոզում, հիմնուած՝ հաստատ ապացոյցի վրայ։ Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունեցող մարդը վստա՛հ է, որ Աստուած պիտի կատարէ Իր բոլոր խոստումները։

[Նկար՝ էջ 4]

ՄՈՎՍԷՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱՒԱՏՔ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՑ։

Մովսէս Աստուծոյ խոստումները իր կեանքին առանցքը դարձուց (Ծննդոց 22։15-18)։ Ան առիթ ունէր Եգիպտոսի հարստութեան մէջ հանգստաւէտ կեանք մը ապրելու, բայց այս պատեհութենէն չուզեց օգտուիլ, քանի որ «աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել» (Եբրայեցիս 11։25)։ Արդեօք արա՞գ որոշում մը առաւ, որուն վրայ յետագային պիտի զղջար։ Ո՛չ, որովհետեւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Մովսէս «հաստատ մնաց որպէս թէ տեսնելով Անտեսանելին» (Եբրայեցիս 11։27, ԱԾ)։ Մովսէս բնաւ չզղջաց հաւատքով կայացուցած իր որոշումներուն վրայ։

Մովսէս ջանաց ուրիշներուն հաւատքը զօրացնել։ Նկատի առ, զոր օրինակ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ երբ իսրայէլացիները կարծեցին թէ փարաւոնին զօրքին եւ Կարմիր ծովուն միջեւ բանտարկուեցան։ Իրենց ակնկալած մօտալուտ աղէտէն սարսափած ըլլալով, անոնք Եհովային եւ Մովսէսին աղաղակեցին։ Ի՞նչ պիտի ըլլար Մովսէսին հակազդեցութիւնը։

Թերեւս Մովսէս գաղափար իսկ չունէր թէ Աստուած Կարմիր ծովը պիտի ճեղքէր, եւ այդպիսով իսրայէլացիներուն փրկութեան ճամբայ պիտի բանար։ Սակայն ան վստա՛հ էր, որ Աստուած բան մը պիտի ընէր Իր ժողովուրդը պաշտպանելու համար։ Ան նաեւ ուզեց որ իր ազգակիցները միեւնոյն բանէն վստահ ըլլային։ Կը կարդանք. «Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. ‘Մի՛ վախնա՛ք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի’» (Ելից 14։13)։ Արդեօք Մովսէս կրցա՞ւ իր ազգակիցներուն հաւատքը ամրապնդել։ Այո՛, որովհետեւ Աստուածաշունչը ոչ միայն Մովսէսին, հապա բոլո՛ր իսրայէլացիներուն ակնարկելով, կ’ըսէ. «Հաւատքով Կարմիր ծովէն անցան, որպէս թէ ցամաքէ» (Եբրայեցիս 11։29)։ Մովսէսին հաւատքը ոչ միայն իրեն նպաստեց, այլեւ բոլոր անոնց, որոնք իրմէ օրինակ առին։

Ի՞ՆՉ ԴԱՍԵՐ ԿԸ ՔԱՂԵՆՔ։

Կրնանք Մովսէսն ընդօրինակել՝ Աստուծոյ խոստումները մեր կեանքին առանցքը դարձնելով։ Օրինակի համար, Աստուած կը խոստանայ որ պիտի հոգայ մեր նիւթական կարիքները, եթէ իր պաշտամունքը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք (Մատթէոս 6։33)։ Ճիշդ է որ այս նիւթապաշտ աշխարհին մէջ նիւթական բաները առաջին տեղը դնելը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ, բայց կրնանք վստա՛հ ըլլալ, որ Եհովան մեզի հարկ եղած բոլոր բաները պիտի հայթայթէ, եթէ մեր կարելին ընենք մեր կեանքը պարզ պահելու եւ մեր պաշտամունքին վրայ կեդրոնանալու։ Ան երաշխիք կու տայ, ըսելով. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ» (Եբրայեցիս 13։5)։

[Նկար՝ էջ 4]

Նաեւ կը ջանանք ուրիշներու օգնել որ հաւատքնին աւելցնեն։ Զոր օրինակ, իմաստուն ծնողներ կ’ըմբռնեն, թէ մեծ պատեհութիւն ունին իրենց զաւակներուն օգնելու, որ Աստուծոյ հանդէպ հաւատք մշակեն։ Մինչ երեխաները կը մեծնան, կարեւոր է որ սորվին, թէ Աստուած գոյութիւն ունի եւ ճիշդի ու սխալի նկատմամբ չափանիշներ տուած է մեզի։ Ասկէ զատ, անհրաժեշտ է որ երեխաները համոզուին, թէ Աստուծոյ չափանիշներուն հետեւիլը իրապէս լաւագոյն ապրելակերպն է (Եսայի 48։17, 18)։ Ծնողներ իրենց զաւակներուն թանկարժէք «նուէր» տուած կ’ըլլան, երբ անոնց օգնեն հաւատք ընծայելու, թէ «Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն» (Եբրայեցիս 11։6)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել