Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 2/1 էջ 13-15
  • Ի՞նչ է «Յուդայի աւետարան»ը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ է «Յուդայի աւետարան»ը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ»Ի ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԸ
  • «ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ»Ը. ԳՆՈՍՏԻԿ ԱՒԵՏԱՐԱՆ
  • ՅՈՒԴԱՆ ԱՅՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ՎԷՃ՝ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ
  • Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ «ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ»ԷՆ
  • Քրիստոս կը մատնուի եւ կը ձերբակալուի
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Յիշատակատօնի ընթրիքը
    Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը
  • Տէրունական ընթրիքը
    Յիսուս ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքն է
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 2/1 էջ 13-15

Ի՞նչ է «Յուդայի աւետարան»ը

[Նկար՝ էջ 13]

Յուդայի մէկ պատկերը, մինչ Յիսուսը կը մատնէ. 19–րդ դարու զարդանկարիչ՝ Կուսթավ Տորէյի կողմէ

ԱՊՐԻԼ 2006–ին, աշխարհի տարածքին, թերթերը ապշեցուցիչ լուր մը հաղորդագրեցին, թէ ուսումնականներու խումբ մը հանրութեան բացայայտած էր վերջերս յայտնաբերուած վաղեմի գրութեան մը բովանդակութիւնը, որ կը կոչուի «Յուդայի աւետարան»։ Այս յօդուածները ակնարկեցին ուսումնականներու դաւանանքին, թէ այս գրութիւնը կը յեղափոխէ մարդոց հասկացողութիւնը Յուդայի մասին,– այն աշակերտը որ Յիսուսը մատնեց։ Ըստ այդ դաւանութիւններուն, Յուդան,– այն առաքեալը որ լաւագոյն կերպով հասկցաւ Յիսուսը եւ զայն մահապատիժի ենթարկեց անո՛ր խնդրանքով,– խորքին մէջ հերոս մըն էր։

Արդեօք այս գրութիւնը վաւերակա՞ն է։ Եւ եթէ այո, անիկա նախապէս պահուած տեղեկութիւններ կը բացայայտէ՞ Յուդա Իսկարիովտացիի, Յիսուս Քրիստոսի կամ նախկին քրիստոնեաներու մասին։ Արդեօք այս գրութիւնը պիտի ազդէ՞ մեր քրիստոնէական հասկացողութեան։

«ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ»Ի ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԸ

«Յուդայի աւետարան»ի ինչպէ՛ս յայտնաբերուիլը անստոյգ կը մնայ։ Փոխանակ հնագէտներու կողմէ յայտնաբերուելու եւ փաստաթուղթերով հաստատուելու, այս գրութիւնը յանկարծ երեւցաւ հնութիւններու շուկային մէջ 1970–ականներու վերջաւորութեան կամ 1980–ականներու սկիզբը։ Հաւանաբար, անիկա յայտնաբերուեցաւ Եգիպտոսի լքուած գերեզմանատան մը մէկ քարայրին մէջ 1978–ին։ «Յուդայի աւետարան»ը չորս անջատ գրութիւններէն մէկն է, որոնք ներփակուած են ձեռագիր մատեանի մը մէջ (վաղեմի գրքի տեսակ մը), որը գրուած է ղպտերէնով (վաղեմի եգիպտական լեզուէն սերած լեզու մը)։

Եգիպտոսի չոր կլիմային տակ դարե՜ր շարունակ պահուած ըլլալէ ետք, այս կաշեայ ձեռագիր մատեանը սկսաւ հետզհետէ քայքայուիլ։ 1983–ին, այս մատեանը կարգ մը ուսումնականներու ցոյց տրուեցաւ, բայց պահանջուած գումարը խելքէ–մտքէ դուրս էր. ուստի չծախուեցաւ։ Տարիներո՜վ անհոգ գտնուիլն ու սխալ կերպով պահելը պատճառ դարձան, որ մատեանը աւելի՛ քայքայուի։ Սակայն 2000 թուականին, զուիցերիացի հնավաճառ կին մը զայն ծախու առաւ եւ ի վերջոյ յանձնեց մասնագէտներու միջազգային խումբի մը, որը Միսինըսի հնարուեստի հաստատութեան եւ Ազգային աշխարհագրական ընկերութեան հովանաւորութեամբ նշանակուեցաւ՝ ամբողջութեամբ վերանորոգելու եւ վերակազմելու այս ձեռագիր մատեանը, որմէ մաս մը արդէն իսկ քայքայուած եւ պզտիկ կտորներու վերածուած էր։ Խումբը նաեւ պիտի որոշէր մատեանին տարիքը, ինչպէս նաեւ՝ պիտի թարգմանէր ու մեկնաբանէր անոր բովանդակութիւնը։

«Բնածուխ 14» կոչուած փորձը վաւերացուց, թէ մատեանը հաւանաբար գրուած է Ք.Ե. երրորդ կամ չորրորդ դարուն։ Սակայն ուսումնականները ենթադրեցին, թէ «Յուդայի աւետարան»ի ղպտերէն գրութիւնը թարգմանուած էր բնագիր մատեանէն, որը գրուած էր յունարէնով՝ ղպտերէնէն շա՜տ առաջ։ Արդ՝ «Յուդայի աւետարան»ը խորքին մէջ, ե՞րբ եւ ի՞նչ պարագաներու ներքեւ շարադրուեցաւ։

«ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ»Ը. ԳՆՈՍՏԻԿ ԱՒԵՏԱՐԱՆ

«Յուդայի աւետարան» կոչուած մատեանի գոյութեան առաջին ակնարկը կը գտնենք Ք.Ե. երկրորդ դարու վերջաւորութեան ապրած, քրիստոնէութիւն դաւանող հեղինակ՝ Իրենիոսի խօսքերուն մէջ։ Իրենիոս շատ մը խումբերու սորվեցուցած ուսմունքներուն կը հակառակէր։ Աշխատասիրութեան մը մէջ (Against Heresies), ան այդ խումբերէն մէկուն մասին գրեց. «Ատոնք կը հռչակեն թէ մատնիչ Յուդան լիովին իրազեկ էր այս բաներուն, եւ թէ միայն ի՛նք կատարեց մատնելու խորհուրդը՝ գիտնալով այն ճշմարտութիւնը, որ միւսներէն ոչ մէկը գիտէր։ Արդ՝ իրմով ամէն բան, ըլլայ երկրային թէ երկնային, շփոթութեան մէջ ինկաւ։ Ատոնք կեղծ պատմական արձանագրութիւն մը կը հնարեն, զոր կ’անուանեն Յուդայի աւետարան»։

«Ասիկա աւետարան մը չէ, որ Յուդայի օրերուն գրուեցաւ անհատի մը կողմէ, որ իրապէս կը ճանչնար զինք»

Իրենիոս յատկապէս մտադրած էր հերքել գնոստիկեան քրիստոնեաներուն զանազան ուսուցումները, որոնք կը դաւանէին թէ բացայայտուած յատուկ գիտելիքներ ունին։ Գնոստիկեան շատ խումբեր կային եւ իւրաքանչիւր խումբ իր ձեւով կը բացատրէր քրիստոնէական «ճշմարտութիւնը»։ Գնոստիկները իրենց մեկնութիւնները յառաջ տարին, հիմնուելով իրենց իսկ գրութիւններուն վրայ, որոնք աւելցան Ք.Ե. երկրորդ դարու ընթացքին։

Այդ գնոստիկեան աւետարանները յաճախ դաւանեցան, թէ Յիսուսի գլխաւոր առաքեալները սխալ հասկցան իր պատգամը, եւ թէ Յիսուս որոշ գաղտնի ուսուցում մը փոխանցեց, զոր միայն քիչեր ըմբռնեցինa։ Այդ գնոստիկներէն ոմանք կը հաւատային թէ ֆիզիքական աշխարհը բանտ մըն էր։ Հետեւաբար, եբրայերէն գրութիւններուն մէջ նշուած «ստեղծիչ աստուած»ը աւելի տկար էր քան զանազան կատարեալ աստուածներ։ Ուստի ով որ ճշգրիտ «գիտութիւն» ունէր, կը հասկնար այս «գաղտնիքը» եւ կը ձգտէր ֆիզիքական գոյութենէն ազատիլ։

«Յուդայի աւետարան»ը այս հաւատալիքին վրայ հիմնուած է։ Իր բացման խօսքերն են. «Այն խորհուրդը, որ Յիսուս բացայայտեց Յուդա Իսկարիովտացիին, ութ օրերու ընթացքին, իր Պասեքը տօնելէն երեք օր առաջ»։

Արդեօք ա՞ս էր այն մատեանը, որուն մասին Իրենիոս գրեց, եւ որ դարերէ ի վեր կը կարծուէր թէ անիկա կորսուած էր։ Մարվըն Մեյեր՝ այս մատեանը վերլուծող եւ թարգմանող առաջին խումբին մէկ անդամը, կ’ըսէ թէ Իրենիոսի «հակիրճ նկարագրութիւնը շատ կը յարմարի ներկայ ղպտերէն գրութեան, որուն վերնագիրն է Յուդայի աւետարան»։

ՅՈՒԴԱՆ ԱՅՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ՎԷՃ՝ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

«Յուդայի աւետարան»ին մէջ, Յիսուս արհամարհանքով կը խնդայ, երբ իր աշակերտները պատշաճ գիտելիքներու պակաս կը ցուցնեն։ Բայց Յուդան 12 առաքեալներուն մէջ միակն է, որ Յիսուսի ճշմարիտ բնոյթը կը հասկնայ։ Ուստի Յիսուս առանձնաբար իրեն կը յայտնէ «թագաւորութեան խորհուրդները»։

[Նկար՝ էջ 15]

«Յուդայի աւետարան»ը թարգմանող առաջին խումբը մեծապէս ազդուեցաւ Իրենիոսի նկարագրութենէն։ Իրենց թարգմանութեան մէջ, Յիսուս Յուդան կ’ընդունի որպէս այն աշակերտը, որ պիտի հասկնար խորհուրդները եւ «հասնէր» դէպի «թագաւորութիւն»։ Մոլորած առաքեալները Յուդային փոխանորդ մը պիտի ընտրէին, բայց ետքը ան «տասներեքերորդ հոգին» պիտի դառնար, որը «[միւս աշակերտները] պիտի գերազանցէր», քանի որ Յիսուս կ’ըսէ. «Դո՛ւն պիտի զոհես այն մարդը, որ զիս հագած է»։

Ամենաշատ ծախուած գիրքերու հեղինակներ, ինչպէս՝ Պարթ Ըրմըն եւ Իլէյն Փէյկլզ, որոնք նոյնպէս երեւելի ուսումնականներ են նախկին քրիստոնէութեան եւ գնոստիկութեան մարզին մէջ, անմիջապէս «Յուդայի աւետարան»ին մասին իրենց սեփական վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները հրատարակեցին, որոնք շատ կը նմանէին առաջին խումբի կատարած թարգմանութեան։ Սակայն կարճ ժամանակ մը ետք, ուրիշ ուսումնականներ, ինչպէս՝ Էյպրըլ Տքոնիք եւ Պիրյըր Փիրսըն մտահոգութիւն յայտնեցին ըսելով, թէ Ազգային աշխարհագրական ընկերութիւնը շտապած էր վաղեմի գրութիւնը հրատարակելու, պարզապէս որպէսզի հաղորդամիջոցներու ուշադրութեան արժանանար։ Ասկէ զատ, ակադեմական սովորական քայլերը,– գրութիւնը մանրակրկիտ կերպով վերլուծել եւ նախապէս վերանայիլ,– զանց եղան, երբ խումբէն պահանջուեցաւ որ ոչ–յայտնաբերումի պայմանագիրներ ստորագրէ։

Այս մատեանը վերլուծող ուսումնականներէն ոչ ոք կը դաւանի, թէ անիկա ճշգրիտ պատմական տեղեկութիւն կը բովանդակէ

Անկախօրէն աշխատելով, Տքոնիքն ու Փիրսընը երկուքն ալ եզրակացուցին, որ կտորներու վերածուած ձեռագիր մատեանին գլխաւոր մասերէն ոմանք, սխալ կերպով թարգմանուած էին նախկին ուսումնականներուն կողմէ։ Տքոնիքի մատեանի թարգմանութեան մէջ, Յիսուս Յուդան «երրորդ հոգի» չի կոչեր, այլ՝ «երրորդ դեւ»b։ Յիսուս Յուդային նաեւ ուղղակիօրէն կ’ըսէ, թէ պիտի չհամբառնայ դէպի «թագաւորութիւն»։ Յուդան միւս աշակերտները պիտի ‘չգերազանցէր’, քանի որ Յիսուս անոր կ’ըսէ. «Դուն իրենցմէ աւելի գէ՛շը պիտի ընես, որովհետեւ այն մարդը որ զիս հագած է, պիտի զոհե՛ս»։ Ըստ Տքոնիքին, «Յուդայի աւետարան»ը գնոստիկեան վաղեմի զաւեշտաբանութիւն է, որ կը ծաղրէ բոլոր առաքեալները։ Տքոնիքի եւ Փիրսընի վերջնական եզրակացութիւնն է՝ թէ այս «Յուդայի աւետարան»ին մէջ, Յուդան հերոս մը չէ։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ «ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ»ԷՆ

Այս աւետարանին մէջի Յուդան սեպած ըլլան դե՛ւ կամ հերոս, այս մատեանը վերլուծող ուսումնականներէն ոչ ոք կը դաւանի, թէ անիկա ճշգրիտ պատմական տեղեկութիւն կը բովանդակէ։ Պարթ Ըրմըն կը բացատրէ. «Ասիկա Յուդային կողմէ գրուած աւետարան մը չէ, ոչ ալ կը դաւանի ըլլալ. . . Ասիկա աւետարան մը չէ, որ Յուդայի օրերուն գրուեցաւ անհատի մը կողմէ, որ իրապէս կը ճանչնար զինք. . . Հետեւաբար, ասիկա այնպիսի գիրք մը չէ, որ մեզի յաւելեալ տեղեկութիւն պիտի տայ, թէ իրապէս ի՛նչ պատահեցաւ Յիսուսի օրերուն»։

«Յուդայի աւետարան»ը գնոստիկեան մատեան մըն է, հաւանաբար Ք.Ե. երկրորդ դարէն մնացած, որ սկիզբը յունարէնով գրուեցաւ։ Իսկ թէ այս նոր յայտնաբերուած «Յուդայի աւետարան»ը նման է այն գրութեան որուն Իրենիոս ակնարկեց, տակաւին ուսումնականներու վէճի նիւթ է։ Բայց «Յուդայի աւետարան»ը յստակօրէն կը փաստէ, թէ կար ժամանակ մը, երբ կեղծ քրիստոնեաները սկսան սորվեցնել իրենց սեփական վարդապետութիւնները, որոնք պատճառ դարձան որ «քրիստոնէութիւնը» զանազան խումբերու բաժնուի։ «Յուդայի աւետարան»ը Աստուածաշունչը հերքելու տեղ, իրականութեան մէջ, կը հաստատէ առաքեալներուն ազդարարութիւնները, ինչպէս Պօղոսինը, որ արձանագրուած է Գործք 20։29, 30–ի մէջ. «Գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը. . . ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար»։

a Այս աւետարանները յաճախ կոչուած են այն անհատներուն անուններով, որոնց համար կ’ըսուի թէ աւելի լաւ հասկցած էին Յիսուսի ճշմարիտ ուսուցումները, ինչպէս՝ «Թովմասի աւետարան» եւ «Մարիամ Մագդաղենացիի աւետարան»։ Բոլորը մէկ, մօտ 30 համանման վաղեմի գրութիւններ կան։

b Այն ուսումնականները, որոնք կ’որդեգրեն այն տեսակէտը թէ Յուդան այս գրութեան մէջ դեւ մըն է,– անձ մը, որ միւս աշակերտներէն աւելի լաւ հասկցաւ Յիսուսին ինքնութիւնը,– կը նշմարեն թէ այս տեսակէտը կը յիշեցնէ Աստուածաշունչի Աւետարաններուն մէջ նշուած դեւերը, որոնք նոյնպէս ճշգրտօրէն յայտնեցին Յիսուսին ինքնութիւնը (Մարկոս 3։11, 12ա. 5։7)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել