Եհովան սիրողներուն համար «գայթակղութիւն չկայ»
«Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ ու անոնց գայթակղութիւն չկայ» (ՍԱՂ. 119։165)։
1. Վազորդ մը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ մրցավազքերու մասնակցելէ պիտի չդադրէր։
ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵՆԷՆ ի վեր, Մէրի Տէքըր աշխարհահռչակ վազորդ մըն էր։ Շատեր խորհեցան թէ 1984–ի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին ի՛նք ոսկի մետալը պիտի շահէր։ Բայց սարսափելի բան մը պատահեցաւ։ 3000 մեթր վազքի մրցումին ընթացքին, անոր ոտքը ուրիշ վազորդի ոտքին անցնելով՝ ինկաւ։ Թէեւ այդ մրցավազքի աւարտագծին չհասաւ, սակայն ան չյանձնուեցաւ։ Տարի մը իսկ չանցած, ան մասնակցեցաւ 1 մղոն վազքի մրցումին, եւ աննախընթաց կերպով՝ ոեւէ կնոջմէ աւելի արագ վազեց։
2. ա) Ճշմարիտ քրիստոնեաները ի՞նչ առումով մրցավազքի մէջ են։ բ) Մեր կեդրոնացումը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
2 Որպէս քրիստոնեաներ, մենք այլաբանական մրցավազքի մը մէջ ենք։ Մեր կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ՝ յաղթելու նպատակով վազել։ Ատիկա կարճ վազք մը չէ, ուր անհատը յաղթելու համար պէտք է կարելի եղածին չափ արագ վազէ։ Ոչ ալ թեթեւ վազք մըն է, ուր անհատը կամաց–կամաց կը վազէ, ատենէ ատեն կանգ առնելով։ Փոխարէն, ատիկա կը նմանի մարաթոնին, ուր անհատը պէտք է համբերատարութիւն ունենայ, որպէսզի կարենայ մինչեւ աւարտագիծը վազել։ Պօղոս առաքեալ վազորդի մը փոխաբերութիւնը գործածեց, Կորնթոսի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն համար, ուր մարմնամարզական մրցումները հանրածանօթ էին։ Ան գրեց. «Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք» (Ա. Կոր. 9։24)։
3. Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ յաւիտենական կեանքի մրցավազքին բոլոր մասնակցողները կրնան յաղթել։
3 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ այս այլաբանական մրցավազքին մասնակցինք (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 9։25-27)։ Մրցանակը յաւիտենական կեանք է։ Մրցավազքերուն մեծամասնութեան հակառակը, այս մրցավազքին բոլո՛ր մասնակցողները կրնան մրցանակը շահիլ, եթէ մինչեւ վերջ տոկան (Մատ. 24։13)։ Անոնք կը պարտուին միայն եթէ կանոններուն համաձայն չվազեն կամ աւարտագծին չհասնին։ Աւելին, ասիկա միա՛կ մրցավազքն է, որուն մրցանակը յաւիտենական կեանքն է։
4. Ի՞նչ բան յաւիտենական կեանքի մրցավազքը մարտահրաւէր կը դարձնէ։
4 Յաւիտենական կեանքի մրցավազքին մասնակցիլը դիւրին բան չէ։ Յիսուս Քրիստոս վազեց առանց նոյնիսկ գայթակղելու։ Սակայն, մեզմէ ո՛չ ոք կրնայ ատիկա ընել։ Յակոբոս ըսաւ, թէ «բոլորս ալ կը սայթաքինք շատ բաներու մէջ» (Յակ. 3։2, ԱԾ)։ Մեր ե՛ւ ուրիշներուն անկատարութիւնները կրնան մեր վազքը դանդաղեցնել կամ նոյնիսկ որոշ ժամանակ մը դադրեցնել։ Եթէ ասիկա պատահի, վազքին վերադառնալու համար թերեւս օգնութեան հարկ ունենանք։ Ուրեմն, հաւանական է որ ժամանակաւորապէս կամ նոյնիսկ կրկին անգամ գայթակղինք կամ սայթաքինք (Գ. Թագ. 8։46)։
Եթէ իյնաս, օգնութիւնը ընդունէ եւ ոտքի՛ ել
ԵԹԷ ԳԱՅԹԱԿՂԻՍ, ՄՐՑԱՎԱԶՔԻՆ ՄԷՋ ՄՆԱ՛
5, 6. ա) Քրիստոնեային համար, ինչո՞ւ «գայթակղութիւն չկայ»։ բ) Իյնալէ ետք, ի՞նչ բան պիտի օգնէ քրիստոնեային որ ետ «կանգնի»։ գ) Իյնալէ ետք, ոմանք ինչո՞ւ չեն ‘կանգնիր’։
5 Գայթակղելէ կամ սայթաքելէ ետք այն ինչ որ կ’ընենք, ցոյց կու տայ թէ ինչպիսի՛ անձ մըն ենք։ Գայթակղողներէն ոմանք կը զղջան եւ կը շարունակեն Աստուծոյ ծառայել։ Իսկ ուրիշներ կ’ընտրեն չզղջալ։ Առակաց 24։16–ը կ’ըսէ. «Արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի. բայց չարերը ձախորդութեան մէջ պիտի իյնան»։
6 Նոյնիսկ եթէ գայթակղինք կամ իյնանք, կրնանք ե՛տ ոտքի ելլել։ Այնքան ատեն որ Եհովային կը վստահինք, ան պատրաստ է մեզի օգնելու երբ խնդիրներու առջեւ գտնուինք կամ սխալինք։ Ան մեզի պիտի օգնէ որ ‘կանգնինք’, քանի որ գիտէ թէ զինք կը սիրենք։ Բայց չարերը չեն ուզեր ‘կանգնիլ’։ Անոնք կը մերժեն Աստուծոյ սուրբ հոգիին եւ Անոր ժողովուրդին օգնութիւնը։ Առ ի հակապատկեր, Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Եհովային օրէնքը սիրողներուն համար «գայթակղութիւն չկայ»։ Սա կը նշանակէ, թէ ետ կրնանք յաւիտենական կեանքի մրցավազքին մէջ մտնել (կարդա՛ Սաղմոս 119։165)։
7, 8. Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ մէկը ‘իյնայ’ եւ տակաւի՛ն Աստուծոյ հաճութիւնը ունենայ։
7 Որոշ տկարութեան մը պատճառաւ, ոմանք կրկին անգամ թեթեւ մեղք կը գործեն։ Բայց այսպիսիներ տակաւին Եհովային աչքին արդար կը սեպուին, եթէ շարունակեն ‘կանգնիլ’, այսինքն՝ անկեղծօրէն զղջան եւ ջանան հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել։ Օրինակ, Աստուած իսրայէլացիները արդար սեպեց այնքան ատեն որ անոնք իրենց սխալներուն համար կը զղջային (Եսա. 41։9, 10)։ Առակաց 24։16–ը մեր ‘իյնալը’ շեշտելու փոխարէն, կը կեդրոնանայ գթասիրտ Աստուծոյ օգնութեամբ մեր ‘կանգնելուն’ վրայ (կարդա՛ Եսայի 55։7)։ Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս վստահ ըլլալով որ մենք մեր լաւագոյնը պիտի ընենք, մեզ կը քաջալերեն որ ‘կանգնինք’ (Սաղ. 86։5. Յովհ. 5։19)։
8 Նոյնիսկ երբ վազորդը մարաթոնին ընթացքին իյնայ, կրնայ ըլլալ որ ժամանակ ունենայ ոտքի ելլելու եւ վազքը շարունակելու, եթէ անյապաղ շարժի։ Յաւիտենական կեանքի մրցավազքի աւարտին ‘օրն ու ժամը’ չենք գիտեր (Մատ. 24։36)։ Բայց եթէ ջանանք չիյնալ, դիւրին պիտի ըլլայ վազել եւ աւարտագծին հասնիլ։ Ուստի, ինչպէ՞ս կրնանք իյնալէ խուսափիլ։
ԲԱՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՄԵԶ ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՆԵԼ
9. Ի՞նչ հինգ բաներ նկատի պիտի առնենք։
9 Նկատի առնենք հինգ բաներ, որոնք կրնան մեզ գայթակղեցնել. անձնական տկարութիւններ, մարմնի ցանկութիւններ, հաւատակիցներու կողմէ անարդարութիւններ, նեղութիւն կամ հալածանք եւ ուրիշներու անկատարութիւնները։ Բայց յիշէ որ եթէ գայթակղած ենք, Եհովան համբերող է եւ շուտով մեզ անհաւատարիմ չի սեպեր։
10, 11. Դաւիթ ո՞ր անձնական տկարութեան դէմ կը մաքառէր։
10 Անձնական անկատարութիւնները կրնան նմանիլ ճամբուն վրայ եղած խիճերու։ Դաւիթ թագաւորին եւ Պետրոս առաքեալին կեանքերը մեր ուշադրութեան կը յանձնեն երկու տկարութիւն. ժուժկալութեան պակաս եւ մարդոց հանդէպ վախ։
11 Դաւիթ թագաւոր միշտ ժուժկալութիւն չունէր։ Այս տկարութեան պատճառաւ Բերսաբէի հետ մեղանչեց։ Իսկ երբ Նաբաղ զինք նախատեց, քիչ մնաց որ Դաւիթ անոր վրայ յարձակէր։ Թէեւ ան ատեններ առանց մտածելու վարուեցաւ, բայց բնաւ չյանձնուեցաւ. ան շարունակեց ջանալ Եհովան հաճեցնել։ Ուրիշներու օգնութեամբ, Դաւիթ կրցաւ իր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը ետ ձեռք ձգել (Ա. Թագ. 25։5-13, 32, 33. Բ. Թագ. 12։1-13)։
12. Իյնալով հանդերձ, Պետրոս ինչպէ՞ս մրցավազքին մէջ մնաց։
12 Մարդոց հանդէպ վախը Պետրոսը մղեց որ ատեններ սխալներ գործէ։ Ասով հանդերձ, ան Յիսուսին եւ Եհովային հաւատարիմ մնաց։ Օրինակի համար, ան հրապարակաւ իր Տէրը ուրացաւ ոչ թէ մէկ անգամ, այլ՝ երե՛ք անգամ (Ղուկ. 22։54-62)։ Յետագային, Պետրոս քրիստոնէավայել վերաբերմունք չցուցաբերեց, երբ հեթանոսութենէ դարձած հաւատացեալներուն եւ հրեայ քրիստոնեաներուն նոյն աչքով չդիտեց։ Պօղոս առաքեալ սակայն, հարցերը յստակ կերպով դիտեց. ժողովքէն ներս դասակարգային խտրութիւն պէտք չէր ըլլար։ Պետրոս սխալ կեցուածք ունէր եւ ասիկա կրնար եղբայրութենէն ներս տարածուիլ։ Պօղոս երես–երեսի Պետրոսը խրատեց (Գաղ. 2։11-14)։ Արդեօք Պետրոս վիրաւորուած զգալով հրաժարեցա՞ւ կեանքի մրցավազքէն։ Ո՛չ։ Ան լրջօրէն նկատի առաւ Պօղոսի խրատը, զայն կիրարկեց եւ մրցավազքին մէջ մնաց։
13. Ֆիզիքական տկարութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ պատճառ դառնալ որ անհատ մը իյնայ։
13 Առողջապահական խնդիրները կրնան մեր կեանքը դժուարացնել։ Առ ի արդիւնք, ոմանք վազելէ կը դադրին։ Օրինակի համար, Ճափոնի մէջ քոյր մը իր մկրտութեան վրայ 17 տարի անցնելէ ետք, ծանրապէս հիւանդացաւ։ Ան ա՛յնքան տարուեցաւ իր առողջութեամբ որ հոգեւորապէս հիւանդացաւ, եւ ժամանակի ընթացքին անգործունեայ դարձաւ։ Ապա, երկու երէցներ իրեն այցելեցին։ Անոնց քաղցր խօսքերէն քաջալերուելով, ան վերսկսաւ ժողովներու երթալ։ Ան կ’ըսէ. «Աչքերս արցունքներով լեցուեցան, քանի որ եղբայրները զիս ջերմօրէն ընդունեցին»։ Այժմ մեր քոյրը մրցավազքին մէջ է։
14, 15. Ի՞նչ հաստատ քայլի հարկ կայ, երբ սխալ ցանկութիւններ զարգանան մեր մէջ. լուսաբանէ՛։
14 Մարմնի ցանկութիւնները շատեր գայթակղեցուցած են։ Երբ այս կերպով փորձուինք, պէտք է հաստատ քայլեր առնենք, որպէսզի մտային, բարոյական եւ հոգեւոր գետնի վրայ մաքուր մնանք։ Յիշենք Յիսուսի խրատը, որ այլաբանական առումով ‘մեզմէ ձգենք’ կամ նետենք որեւէ բան որ կրնայ մեզ գայթակղեցնել,– նոյնիսկ մեր աչքը կամ ձեռքը։ Արդեօք ասիկա չի՞ պարփակեր անբարոյ խորհուրդներ եւ արարքներ, որոնք պատճառ դարձած են որ ոմանք մրցավազքէն դուրս ելլեն (կարդա՛ Մատթէոս 5։29, 30)։
15 Եղբայր մը, որ ճշմարտութեան մէջ մեծցած էր, գրեց թէ միասեռական ցանկութիւններ ունէր։ Ան կ’ըսէ թէ երբ մարդոց մէջ գտնուէր, միշտ տարբեր եւ անհանգիստ կը զգար։ Երբ 20 տարեկան էր, արդէն կանոնաւոր ռահվիրայ եւ օգնական ծառայ եղած էր ժողովքին մէջ։ Ապա ան լուրջ մեղք մը գործեց եւ խրատուեցաւ, ինչպէս նաեւ երէցներէն օգնութիւն ստացաւ։ Եղբայրը աղօթեց, Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց եւ ջանաց ուրիշներուն օգնել։ Այս բոլորը իրեն օգնեցին որ յարատեւէ մրցավազքին մէջ։ Ասիկա բաւական առաջ պատահեցաւ, բայց ան կ’ըսէ. «Ատեններ, այդպիսի զգացումներ կ’ունենամ, բայց թոյլ չեմ տար որ վրաս տիրեն։ Սորվեցայ թէ Եհովան թոյլ պիտի չտայ որ մեր կարողութենէն աւելի փորձուինք։ Ուստի, կը զգամ որ Ինք գիտէ թէ ես կրնամ ասկէ յաղթական դուրս գալ»։ Այս եղբայրը չ’ուզեր որ որեւէ բան զինք մրցավազքէն դուրս դնէ. ուստի, եզրակացուց թէ նոր աշխարհին մէջ կեանքը վայելելու համար կ’արժէ իր բոլոր դիմագրաւած բաներուն տոկալ։ Ան կ’աւելցնէ. «Մինչեւ այդ ատեն պիտի շարունակեմ պայքարիլ այդ զգացումներուն դէմ»։
16, 17. ա) Անարդարութեան զոհը գացող եղբօր մը ի՞նչ բան օգնեց։ բ) Չգայթակղելու համար, հարկ է որ ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնանանք։
16 Հաւատակիցներու կողմէ անարդարութիւնները կրնան նաեւ մեզ գայթակղեցնել։ Ֆրանսայի մէջ, եղբայր մը որ ժամանակին երէց էր, կը կարծէր որ անարդարութեան զոհը գացած էր։ Անոր համար դառնացաւ եւ դադրեցաւ ժողովներու ներկայ գտնուելէ ու ծառայութեան ելլելէ։ Երկու երէցներ իրեն այցելեցին, եւ կարեկցաբար հարցը իր տեսանկիւնէն մտիկ ըրին։ Զինք քաջալերեցին որ Եհովային վստահի, եւ իրեն յիշեցուցին թէ ամէնէն կարեւոր բանը Եհովան հաճեցնելն է։ Ան երէցներուն ըսածին ընդառաջեց եւ շուտով մրցավազքին վերադարձաւ։
17 Բոլոր քրիստոնեաներուն կեդրոնացումը պէտք է ժողովքին Գլուխին՝ Յիսուս Քրիստոսի վրայ ըլլայ, եւ ոչ թէ՝ անկատար մարդոց վրայ։ Յիսուս, որուն աչքերը «կրակի բոցի պէս» են, ամէն բան յարմար տեսանկիւնէն կը դիտէ եւ հետեւաբար մեր տեսածէն անդին կը տեսնէ (Յայտ. 1։13-16)։ Օրինակ, ան կը զատորոշէ թէ մե՛ր թիւրիմացութեան պատճառաւ որոշ հարցեր անարդարութիւն կը սեպենք։ Յիսուս ժողովքային կարիքները յարմար ժամանակին եւ կատարեալ կերպով ձեռք կ’առնէ։ Ուրեմն, պէտք չէ թոյլ տանք որ մեր հաւատակիցներուն արարքները կամ որոշումները մեզ գայթակղեցնեն։
18. Ինչպէ՞ս կրնանք նեղութեան կամ հալածանքի տոկալ։
18 Նեղութիւնը կամ հալածանքը եւ ուրիշներու անկատարութիւնները երկու ա՛յլ բաներ են, որոնք կրնան մեզ գայթակղեցնել։ Սերմնացանին առակին մէջ, Յիսուս ըսաւ որ ‘նեղութիւնը կամ հալածանքը’ պատճառ պիտի դառնայ որ ոմանք գայթակղին։ Այդ հալածանքին աղբիւրը ի՛նչ որ ալ ըլլայ,– ընտանիք, դրացիներ կամ իշխանութիւններ,– կրնայ մասնաւորաբար ազդել ‘իր մէջ արմատ չունեցողին’, այսինքն՝ ան որ խոր հոգեւորութիւն չունի (Մատ. 13։21)։ Բայց եթէ վճռենք Եհովայի մօտիկ մնալ, Թագաւորութեան պատգամը մեզի պիտի օգնէ որ հաւատքի խոր արմատներ ունենանք։ Ուստի, երբ դժուար պարագաներէ անցնիս, խոկա՛ գովասանքի արժանի եղող բաներու վրայ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6-9)։ Եհովային օգնութեամբ, նեղութիւններու ներքեւ հաւատարիմ պիտի մնանք ու մրցավազքէն դուրս պիտի չելլենք։
Թոյլ մի՛ տար որեւէ բանի որ քեզ ետ պահէ մրցավազքը աւարտելէ
19. Եթէ մէկը մեզ վիրաւորէ, ինչպէ՞ս կրնանք չգայթակղիլ։
19 Ոմանք ուրիշներու անկատարութիւններուն պատճառաւ դադրած են Եհովային ծառայելէ։ Խղճմտանքի առնչուող հարցեր ալ կրնան գայթակղալից ըլլալ։ Օրինակ, անհատ մը կը գայթակղի, քանի որ ոմանք իր խղճմտանքին հակառակ եղող բաներ կ’ընեն (Ա. Կոր. 8։12, 13)։ Եթէ մէկը մեզ նախատէ, ճշմարտութիւնը ձգելու աստիճա՞ն կը զայրանանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ուրիշները չդատենք եւ իրարու ներենք, նոյնիսկ երբ իրաւունք ունինք վիրաւորուած զգալու (Ղուկ. 6։37)։ Երբ վիրաւորիս, դուն քեզի հարց տուր. ‘Միայն իմ նախընտրութիւններո՞ւս հիման վրայ կը դատեմ ուրիշները։ Հաւատակիցներուս անկատարութիւններուն պատճառաւ, ճշմարտութիւնը պիտի ձգե՞մ’։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը մեզի կրնայ օգնել, որ թոյլ չտանք ուրիշներուն արարքներուն որ մեզի արգելք հանդիսանան կեանքի մրցավազքի աւարտագծին հասնելու։
ՏՈԿՈՒՆՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱԶԷ ԵՒ ՄԻ՛ ԳԱՅԹԱԿՂԻՐ
20, 21. Կեանքի մրցավազքին մէջ, ի՞նչ վճռած ես ընել։
20 Կ’ուզե՞ս ‘մրցավազքը աւարտել’ (Բ. Տիմ. 4։7, 8, ՆԱ)։ Ուրեմն, Աստուածաշունչը եւ մեր հրատարակութիւնները ուսումնասիրէ, պրպտում ըրէ եւ խոկա՛, որպէսզի գիտնաս թէ ինչպիսի՛ բաներ կրնան քեզ գայթակղեցնել։ Սուրբ հոգին խնդրէ, որպէսզի քեզ զօրացնէ։ Մի՛ մոռնար թէ երբ գայթակղինք կամ իյնանք, տակաւին կրնա՛նք ոտքի ելլել եւ մինչեւ աւարտագիծը վազել։ Ինչպէս նաեւ կրնանք մեր սխալներէն սորվիլ, որպէսզի աւելի լաւ վազենք։
21 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ մրցավազքը մինչեւ աւարտագիծը անձամբ պէտք է վազենք, եթէ կ’ուզենք յաւիտենական կեանքով վարձատրուիլ։ Մինչ կը վազենք, Եհովան մեզի «շատ խաղաղութիւն» պիտի տայ (Սաղ. 119։165)։ Ան պիտի շարունակէ մեզի օգնել հիմա եւ յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի տայ, եթէ մրցավազքի աւարտագծին հասնինք (Յակ. 1։12)։