Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 11/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Բոլո՞ր հաւատարիմ քրիստոնեաները երկինք կ’երթան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Բոլո՞ր բարի մարդիկը կ’երթան երկինք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 11/1 էջ 16
[Նկար՝ էջ 16]

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Որո՞նք երկինք պիտի երթան եւ ինչո՞ւ։

Միլիոնաւորներ կը յուսան, որ մահանալէ ետք՝ երկնքի մէջ պիտի ապրին։ Յիսուս ըսաւ որ իր հաւատարիմ առաքեալները հոն պիտի ապրէին։ Ան խոստացաւ որ իր երկնաւոր Հօր հետ անոնց տեղ պիտի պատրաստէր (կարդա՛ Յովհաննէս 14։2)։

Մարդիկ պիտի յարուցանուին երկնքի մէջ ապրելու համար։ Բայց ինչո՞ւ։ Անոնք ի՞նչ պիտի ընեն երկնքի մէջ։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ թէ թագաւորներ պիտի ըլլային եւ երկրի վրայ պիտի իշխէին (կարդա՛ Ղուկաս 22։28-30. Յայտնութիւն 5։10)։

Բոլո՞ր բարի մարդիկը երկինք կ’երթան։

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, հեղինակաւոր անհատները թիւով քիչ կ’ըլլան։ Քանի որ Յիսուս մարդիկը երկնային կեանքի կը յարուցանէ, որպէսզի կարենան իշխել երկրի վրայ, կրնանք ակնկալել թէ ընտրուածները թիւով քիչ են (Ղուկաս 12։32)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ճիշդ քանի՛ հոգի Յիսուսին հետ պիտի իշխէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։1)։

Իր կարգ մը հետեւորդներուն համար, Յիսուս երկնքի մէջ տեղ պատրաստած է։ Գիտե՞ս թէ անոնք հոն ի՛նչ պիտի ընեն

Միայն երկինք գացողները չեն որ պիտի վարձատրուին։ Յիսուսի Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակները, երկրի վրայ վերահաստատուած դրախտին մէջ անվերջ կեանք պիտի վայելեն (Յովհաննէս 3։16)։ Ոմանք այս չար աշխարհին կործանումէն վերապրելով դրախտ պիտի մտնեն, իսկ ուրիշներ՝ յարուցանուելով (կարդա՛ Սաղմոս 37։29. Յովհաննէս 5։28, 29)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 8–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Կրնաս զայն բեռնել մեր կայքէն՝ www.jw.org

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել