ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ
Մեռելները դարձեալ պիտի ապրի՞ն։
Կենսատուն վստահաբար կրնայ մեռելները ետ կեանքի բերել
Եհովա Աստուած կեանքի Աղբիւրն է (Սաղմոս 36։9)։ Ուրեմն տրամաբանական չէ՞ որ ան կարո՛ղ է մեռելները ետ կեանքի բերել։ Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ, թէ ապագային Աստուած ճիշդ այդպէս պիտի ընէ (կարդա՛ Գործք 24։15)։ Բայց ան ինչո՞ւ մեռելները ետ կեանքի պիտի բերէ։
Սկիզբէն իսկ մեր Ստեղծիչը մտադրած էր որ մարդիկ երկրի վրայ յաւիտեան ապրին (Ծննդոց 1։31. 2։15-17)։ Եւ մարդոց նկատմամբ իր այս նպատակը չէ փոխուած։ Ան կը ցաւի տեսնելով որ խնդիրներով լեցուն կարճատեւ կեանք մը կը վարենք (կարդա՛ Յոբ 14։1, 14, 15)։
Յարութիւն առնողները ո՞ւր պիտի ապրին։
Աստուած մարդիկը ստեղծեց որ երկնքի՞ մէջ ապրին։ Ո՛չ։ Աստուած հրեշտակները ստեղծեց որ երկնքի մէջ ապրին։ Ան մարդիկը ստեղծեց՝ երկրի վրայ ապրելու համար (Ծննդոց 1։28. Յոբ 38։4, 7)։ Ասիկա ի մտի ունենալով, պահ մը մտածէ Յիսուսի կատարած յարութիւններուն մասին։ Ան մարդիկը ետ կեանքի բերաւ հոս՝ երկրի վրայ։ Նոյնպէս, ապագային յարութիւն առնողներուն մեծամասնութիւնը ետ կեանքի պիտի բերուի երկրի վրայ (կարդա՛ Յովհաննէս 5։28, 29. 11։44)։
Բայց եւ այնպէս Աստուած ընտրած է թիւով քիչ անհատներ, որոնք պիտի յարուցանուին երկնքի մէջ ապրելու համար։ Հոն, անոնք հոգեղէն մարմիններ պիտի ունենան (Ղուկաս 12։32. Ա. Կորնթացիս 15։49, 50)։ Այս անհատները Քրիստոսի հետ պիտի թագաւորեն երկրի վրայ (կարդա՛ Յայտնութիւն 5։9, 10)։