Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 1/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անարդարութեան դիմաց ի՞նչ կրնաս ընել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Անարդարութեան ինչպէ՞ս տոկալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • 4 Աստուած անարդար է. շիտա՞կ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Եհովա արդարութիւնը սիրող է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 1/1 էջ 16
Կին մը եւ երեխաներ չափազանց աղքատ վիճակի մէջ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Աստուած ինչպիսի՞ անձ մըն է։

Աստուած անտեսանելի հոգեղէն անձնաւորութիւն մըն է։ Ան երկինքը, երկիրը եւ բոլոր էակները ստեղծեց։ Ո՛չ ոք զինք ստեղծեց,– ան սկիզբ չունի (Սաղմոս 90։2)։ Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ զինք փնտռեն եւ իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնան (կարդա՛ Գործք 17։24-27)։

Աստուած անձ է եւ կրնանք զինք իր անունով ճանչնալ։ Իր ստեղծած բաներուն վրայ խոկալով՝ կրնանք իր կարգ մը յատկութիւնները զատորոշել (Հռովմայեցիս 1։20)։ Բայց Աստուած լաւ ճանչնալու համար, պէտք է իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը սերտենք։ Անիկա իր սիրալիր անձնաւորութիւնը կը յայտնէ (կարդա՛ Սաղմոս 103։7-10)։

Աստուած անարդարութեան հանդէպ ինչպէ՞ս կը զգայ։

Մեր Ստեղծիչը, Եհովան, անարդարութիւնը կ’ատէ (Բ. Օրինաց 25։16)։ Եւ ան մարդիկը իր պատկերովը ստեղծեց։ Անոր համար, մարդոց մեծամասնութիւնը անարդարութիւնը կ’ատէ։ Մեր շուրջի անարդարութեան պատճառը Աստուած չէ։ Ան մարդոց ազատ կամք տուաւ։ Ցաւօք սրտի, շատեր իրենց ազատ կամքը սխալ կերպով կը գործածեն եւ ուրիշներու հետ անարդարօրէն կը վարուին։ Եւ այսպէս Եհովան իր սրտին մէջ կը տրտմի (կարդա՛ Ծննդոց 6։5, 6. Բ. Օրինաց 32։4, 5)։

Եհովան արդարութիւնը կը սիրէ եւ թոյլ պիտի չտայ որ անարդարութիւնը յարատեւէ (Սաղմոս 37։28, 29)։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ Աստուած շուտով անարդարութեան վերջ պիտի դնէ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։7-9, 13)։

Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ մօտ օրէն Աստուած արդարութիւն պիտի բերէ

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին առաջին գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել