ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 37
ԵՐԳ 78 Երկայնամտութիւն
Անարդարութեան դիմաց ի՞նչ կրնաս ընել
«Ան կը յուսար որ արդարութիւն ըլլայ, բայց ահա՝ անարդարութիւն եղաւ» (ԵՍԱ. 5։7, ՆԱ)։
ՆԻՒԹ
Յիսուսին օրինակը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ գիտնանք անարդարութեան դիմաց ինչպէ՛ս վարուինք, որպէսզի Եհովան հաճեցնենք։
1-2. Շատեր ի՞նչ կը զգան երբ անարդարութիւն տեսնեն, եւ թերեւս ի՞նչ հարցնենք։
Կ’ԱՊՐԻՆՔ անարդար աշխարհի մը մէջ։ Մարդիկ շատ մը պատճառներով անարդարութեան զոհ կ’երթան, օրինակ՝ իրենց դրամական վիճակին, սեռին կամ ազգին պատճառով։ Շատեր կը չարչարուին, քանի որ կարգ մը կառավարական մարդիկ կամ հարուստ վաճառականներ միայն իրենց գրպանը կը մտածեն։ Այսպիսի անարդարութիւններ բոլորիս կ’ազդեն, ըլլա՛յ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն։
2 Զարմանալի չէ որ շատեր կը ջղայնանան, երբ անարդարութիւն կը տեսնեն։ Բոլորս կ’ուզենք ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր ապահով կը զգանք եւ մեզի հետ արդարութեամբ կը վարուին։ Ոմանք կը փորձեն աշխարհի կամ իրենց երկրին մէջ եղած խնդիրները լուծել։ Անոնք կառավարութիւններուն եւ օրէնքներուն դէմ կը բողոքեն, կամ կը քուէարկեն քաղաքական առաջնորդներու, որոնք կը խոստանան որոշ խնդիրներ լուծել։ Բայց, մենք Յիսուսէն սորված ենք այս ‘աշխարհէն չըլլալ’ եւ սպասել, որ Աստուծոյ Թագաւորութի՛ւնը վերջ դնէ ամէն տեսակի անարդարութեան (Յովհ. 17։16)։ Բայց եւ այնպէս, տակաւին կը նեղուինք եւ երբեմն ալ կը ջղայնանանք, երբ տեսնենք որ մէկը միւսին հետ անարդարութեամբ կը վարուի։ Թերեւս մենք մեզի հարցնենք. ‘Ի՞նչ պէտք չէ ընեմ անարդարութեան դիմաց։ Հի՛մա ձեռքէս բան մը կու գա՞յ անարդարութիւնը կեցնելու համար’։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, նախ նկատի առնենք թէ Եհովան ու Յիսուսը անարդարութեան նկատմամբ ի՛նչ կը զգան։
ԵՀՈՎԱՆ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԸ Կ’ԱՏԵՆ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
3. Ինչո՞ւ բնական է որ նեղանանք, երբ անարդարութիւն տեսնենք (Եսայի 5։7)։
3 Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ բնական է որ նեղանանք երբ անարդարութիւն տեսնենք։ Քանի որ մենք Եհովային պատկերով ստեղծուած ենք եւ իրեն պէս ‘արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրենք’ (Սաղ. 33։5. Ծն. 1։26)։ Ան բնա՛ւ անարդարութեամբ չի վարուիր, եւ չ’ուզեր որ մէկը անարդարութեամբ վարուի (Բ. Օր. 32։3, 4. Միք. 6։8. Զաք. 7։9)։ Օրինակ, Եսայի մարգարէին օրերուն, Եհովան լսեց այն իսրայէլացիներուն «աղաղակ»ը, որոնք անիրաւութեան զոհ կ’երթային (կարդա՛ Եսայի 5։7)։ Եհովան պատժեց անոնք, որոնք միշտ ուրիշներուն հետ անարդարութեամբ կը վարուէին (Եսա. 5։5, 13)։
4. Յիսուս ինչպէ՞ս կը զգայ, երբ մէկը անարդարութեան զոհ կ’երթայ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
4 Յիսուս Եհովային պէս արդարութիւնը կը սիրէ եւ անարդարութիւնը կ’ատէ։ Ատեն մը, երբ ան երկրի վրայ էր, մարդ մը տեսաւ որուն ձեռքը չորցած էր։ Յիսուս մարդուն մեղքցաւ եւ զինք բուժեց։ Բայց, երբ կրօնական առաջնորդները ասիկա տեսան՝ ջղայնացան։ Անոնց համար աւելի կարեւոր էր որ Շաբաթի օրէնքը յարգուէր, քան՝ հիւանդ մարդը բուժուէր։ Լաւ, Յիսուս ի՞նչ զգաց երբ անոնց այս վարուելակերպը տեսաւ։ Ան ‘անոնց սրտերուն կուրութեանը համար տրտմեցաւ’ (Մար. 3։1-6)։
Հրեայ կրօնական առաջնորդները գէշ կերպով կը վարուէին մարդոց հետ, բայց Յիսուս կը կարեկցէր անոնց (տե՛ս պարբերութիւն 4)
5. Երբ անարդարութիւն մը ըլլայ, ինչո՞ւ բարկացած պէտք չէ մնանք։
5 Սխալ չէ որ բարկանանք, երբ մարդիկ իրարու հետ անարդարութեամբ վարուին, քանի որ Եհովան ու Յիսուսն ալ նոյնպէս կը զգան (Եփ. 4։26)։ Նոյնիսկ եթէ իրաւունք ունինք բարկանալու, պէտք է մենք մեզ զսպենք եւ յիշենք որ չենք կրնար անարդարութեան վերջ դնել։ Եւ եթէ երկար ժամանակ բարկացած մնանք, ասիկա կրնայ մեզ հիւանդացնել կամ նոյնիսկ՝ ընկճել (Սաղ. 37։1, 8. Յակ. 1։20)։ Լաւ, եթէ մէկը մեզի հետ կամ ուրիշի մը հետ անարդարութեամբ վարուի, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Տեսնենք Յիսուսին օրինակը։
ՅԻՍՈՒՍ Ի՞ՆՉ ԸՐԱՒ ԵՐԲ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵՍԱՒ
6. Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ի՞նչ անարդարութիւններ կային (տե՛ս նաեւ նկարը)։
6 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, շատ անարդարութիւն կար։ Ան տեսաւ որ կրօնական առաջնորդները ինչպէ՛ս աւելորդ–պակաս օրէնքներ կը դնէին մարդոց վրայ (Մատ. 23։2-4)։ Նաեւ տեսաւ որ հռոմայեցի կառավարիչները ինչպէ՛ս գէշ կերպով կը վարուէին ժողովուրդին հետ։ Շատ մը հրեաներ կ’ուզէին անկախութիւն առնել Հռոմէն։ Ոմանք նոյնիսկ հռոմայեցիներուն դէմ կը կռուէին, ինչպէս՝ նախանձայոյզները։ Բայց Յիսուս ո՛չ սկսաւ այսպիսի շարժումներ, ո՛չ ալ մասնակցեցաւ ատոնց։ Ան նոյնիսկ ձգեց–քալեց, երբ մարդիկ կը ծրագրէին զինք թագաւոր ընել (Յովհ. 6։15)։
Յիսուս ժողովուրդէն հեռացաւ, երբ անոնք փորձեցին զինք քաղաքական հարցերու մէջ մտցնել (տե՛ս պարբերութիւն 6)
7-8. Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ինչո՞ւ չփորձեց անարդարութեան վերջ դնել (Յովհաննէս 18։36)։
7 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան չփորձեց այդ ատենուան քաղաքական իշխանութիւններուն հետ համագործակցիլ՝ անարդարութիւնները լուծելու համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գիտէր թէ մարդ արարածը ո՛չ իրաւունքը, ո՛չ ալ կարողութիւնը ունի ինքն իր վրայ իշխելու (Սաղ. 146։3. Եր. 10։23)։ Մարդիկ նաեւ չեն կրնար անարդարութեան երկու բո՛ւն պատճառներուն լուծումը գտնել։ Առաջին պատճառը. այս աշխարհին իշխանը Սատանան է եւ ան անգութ ոճրագործ մըն է, եւ ասոր համար շատեր իրեն պէս անարդարութեամբ կը վարուին (Յովհ. 8։44. Եփ. 2։2)։ Երկրորդ պատճառը. անկատարութիւնը չի ձգեր որ նոյնիսկ ամէնէն լաւ մարդիկը ամէ՛ն ատեն արդարութեամբ վարուին (Ժող. 7։20)։
8 Յիսուս գիտէր թէ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի կարենայ անարդարութեան պատճառները արմատէն հանել։ Ասոր համար, ան իր ժամանակը եւ ուժը գործածեց ‘քարոզելու եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը աւետարանելու’ համար (Ղուկ. 8։1)։ Ան ‘արդարութեան անօթի ու ծարաւ’ եղողները վստահեցուց, որ վերջ մը պիտի ըլլայ անարդարութեան ու փտածութեան (Մատ. 5։6. Ղուկ. 18։7, 8)։ Չկայ մարդկային կառավարութիւն մը, որ պիտի կարենայ այս փոփոխութիւնները ընել։ Միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որ «այս աշխարհէն չէ», պիտի կարենայ ասիկա ընել (կարդա՛ Յովհաննէս 18։36)։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՊԷՍ՝ ՅՈՅՍԴ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ԴԻՐ
9. Ի՞նչը քեզ կը համոզէ որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի կարենայ վերջ դնել անարդարութեան։
9 Այս «վերջին օրեր»ուն մէջ շատ աւելի անարդարութիւն կայ, քան՝ Յիսուսին ժամանակը (Բ. Տիմ. 3։1-5, 13)։ Բայց տակաւին Սատանան եւ անկէ ազդուող անկատար մարդիկն են որ անարդարութիւնը կը պատճառեն (Յայտ. 12։12)։ Մենք Յիսուսին պէս գիտենք որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի կարենայ մէջտեղէն վերցնել անարդարութեան բուն պատճառները։ Եւ քանի որ այդ Թագաւորութեան կողմը բռնած ենք, չենք մասնակցիր բողոքներու եւ ցոյցերու, ոչ ալ մեր յոյսը կը դնենք կառավարութիւններուն վրայ։ Նկատի առ Սթէյսիa անունով քրոջ մը փորձառութիւնը։ Ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ, ան միշտ ցոյցերու կը մասնակցէր։ Բայց յետոյ սկսաւ կասկածիլ, եթէ իր ըրածները իրապէս կրնա՛ն մարդոց օգտակար դառնալ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ցոյցերու մասնակցէի, ատեններ կը մտածէի որ արդեօք պահանջածս իրապէս ճիշդ լուծո՞ւմն է։ Բայց հիմա գիտե՛մ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է ճիշդ լուծումը։ Գիտե՛մ որ Եհովան անարդարութեան զոհ գացողներուն համար պիտի կռուի, ինչ որ ես չեմ կրնար ընել» (Սաղ. 72։1, 4)։
10. Մատթէոս 5։43-48–ին համաձայն, ինչո՞ւ չենք փորձեր օրէնքներ կամ կառավարութիւններ փոխել (տե՛ս նաեւ նկարը)։
10 Շատեր կը միանան շարժումներու, որոնք կը փորձեն կառավարութիւնները փոխել։ Բայց ոմանք այնքա՛ն կը բարկանան, որ անօրէն բաներ կ’ընեն եւ ուրիշներուն վնաս կը հասցնեն։ Յիսուս մեզի այդպէս չսորվեցուց (Եփ. 4։31)։ Ճէֆրի անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Երբ մարդիկ ցոյցի կ’իջնեն, կրնան այնքա՛ն բարկանալ որ սկսին կոտրել–փշրել, գողնալ եւ ուրիշներուն վնաս հասցնել»։ Բայց Յիսուս սորվեցուց որ բոլոր մարդիկը սիրենք, նոյնիսկ անոնք որոնք մեզի հետ համաձայն չեն կամ մեզ կը հալածեն (կարդա՛ Մատթէոս 5։43-48)։ Մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ Յիսուսին պէս վարուինք։
Քաջութիւն կ’ուզէ որ չէզոք մնանք այս աշխարհի քաղաքական եւ ընկերային հարցերուն մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 10)
11. Ատեններ ինչո՞ւ դժուար կ’ըլլայ Յիսուսին պէս վարուիլը։
11 Ճիշդ է որ գիտենք, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արմատէն պիտի լուծէ անարդարութիւնը, բայց թերեւս դժուար ըլլայ Յիսուսին պէս վարուիլը, երբ մենք ենք որ անարդարութեան զոհ կ’երթանք։ Ժէնիա անունով քոյր մը այսպէս զգաց, երբ ոմանք իրեն հետ գէշ կերպով կը վարուէին իր մորթին գոյնին պատճառաւ։ Ան կ’ըսէ. «Շատ կը ջղայնանայի եւ կը նեղուէի։ Կ’ուզէի վրէժ առնել։ Մտածեցի մասնակցիլ շարժումի մը, որ մարդոց միջեւ հաւասարութիւն ըլլալու համար բողոքներ կ’ընէր։ Զգացի որ այսպիսով ջղայնութիւնս կրնամ պարպել առանց մէկու մը վնաս հասցնելու»։ Բայց ան ժամանակի ընթացքին տեսաւ, որ պէտք էր իր մտածելակերպը փոխէր։ Ան կ’ըսէ. «Անդրադարձայ որ սկսած էի մարդոցմէ ազդուիլ եւ վստահութիւնս անոնց վրայ դնել։ Որոշեցի այդ շարժումին հետ կապս լման կտրել»։ Ուրեմն, նոյնիսկ եթէ իրաւունք ունենանք ջղայնանալու, պէտք է մեր ջղայնութիւնը զսպենք եւ միշտ չէզոք մնանք քաղաքական եւ ընկերային հարցերու մէջ (Յովհ. 15։19)։
12. Ինչո՞ւ համար իմաստութիւն է, որ ուշադիր ըլլանք թէ ի՛նչ կը կարդանք, կը դիտենք ու կը լսենք։
12 Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ անարդարութեան հանդէպ մեր ջղայնութիւնը զսպենք։ Կերպերէն մէկն է, որ ուշադիր ըլլանք թէ ի՛նչ կը կարդանք, կը դիտենք ու կը լսենք։ Ընկերային ցանցերուն վրայ գտնուող կարգ մը պատմութիւններուն նպատակն է՝ մարդիկը ցնցել որ կառավարութեան դէմ բողոքեն։ Շատ անգամ, լուրեր ներկայացնողները կրնան բան մը պատմել՝ մէջը դնելով իրենց անձնական գաղափարները։ Նոյնիսկ երբ անոնք իրականութիւնը կը պատմեն, շարունակ այդ լուրերուն վրայ կեդրոնանալը խնդիրը պիտի չլուծէ։ Եթէ ատոնց շատ ժամանակ տանք, կրնայ ըլլալ որ չափէ դուրս մտահոգ, տխուր եւ ջղային դառնանք (Առ. 24։10)։ Աւելի գէշը, կրնայ ըլլալ նոյնիսկ մոռնանք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է, որ բոլոր անարդարութիւններուն վերջ պիտի դնէ։
13. Աստուածաշունչը օրական կարդալը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, երբ անարդարութիւններ տեսնենք։
13 Աստուածաշունչը օրական կարդալը եւ անոր վրայ խոկալը, մեզի կ’օգնէ անարդարութեան հետ գլուխ ելլելու։ Ալիա անունով քոյր մը շատ նեղուեցաւ, երբ տեսաւ որ իր շրջանին մէջ մարդիկ որքա՛ն գէշ կերպով կը վարուին ուրիշներուն հետ։ Մանաւանդ որ այդպէս վարուողները չէին պատժուեր։ Ան կ’ըսէ. «Կեցայ եւ ես ինծի հարցուցի. ‘Իրապէս կը հաւատա՞մ որ Եհովան այս խնդիրները պիտի լուծէ’։ Այդ ատեններն էր, որ կարդացի Յոբ 34։22-29–ն։ Այս համարները ինծի յիշեցուցին որ Եհովան ամէ՛ն բան կը տեսնէ։ Միայն ի՛նք գիտէ արդարութեամբ դատել եւ միայն ի՛նք կրնայ անարդարութիւնները շտկել»։ Լաւ, մինչ Աստուծոյ Թագաւորութեան կը սպասենք, որ իսկական արդարութիւն բերէ, ինչպէ՞ս կրնանք անարդարութեան հետ գլուխ ելլել։
ՀԻՄԱ ՄԵՐ ՁԵՌՔԷՆ Ի՞ՆՉ ԿՈՒ ԳԱՅ
14. Ի՞նչ բան կրնանք ընել անարդարութեան դիմաց (Կողոսացիս 3։10, 11)։
14 Չենք կրնար մարդիկը ստիպել որ արդարութեամբ վարուին, բայց կրնանք մե՛նք ուրիշներուն հետ լաւ կերպով վարուիլ։ Ինչպէս որ տեսանք, մենք Յիսուսին պէս սէր կը ցուցնենք ուրիշներուն, եւ սէրը կը ձգէ որ յարգենք ուրիշները, մէջը ըլլալով՝ անարդարութեամբ վարուողները (Մատ. 7։12. Հռով. 12։17)։ Եհովան կ’ուրախանայ երբ բոլորի՛ն հետ ազնուութեամբ եւ արդարութեամբ վարուինք (կարդա՛ Կողոսացիս 3։10, 11)։
15. Ինչպէ՞ս ուրիշներուն օգնած կ’ըլլանք, երբ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները անոնց սորվեցնենք։
15 Ամենակարեւոր կերպը որ անարդարութեան հետ գլուխ ելլենք այն է, որ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները սորվեցնենք ուրիշներուն։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ «Տէրոջը գիտութիւնը» կրնայ վայրագ ու կռուազան անձ մը փոխել՝ ազնիւ ու խաղաղութիւնը սիրող անձի մը (Եսա. 11։6, 7, 9)։ Օրինակ, Ժէմալ անունով մէկը, ճշմարտութիւնը սորվելէ առաջ միացաւ խումբի մը, որ կը կռուէր իր երկրին կառավարութիւնը փոխելու համար, քանի որ կը զգար որ ատիկա գէշ էր։ Ան կ’ըսէ. «Մարդիկը ուժով չես կրնար փոխել։ Ես ուժով չփոխուեցայ, հապա Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնները զիս փոխեցին»։ Ժէմալին սորվածները զինք քաջալերեցին որ կռուելէ դադրի։ Ուրեմն, երբ մարդոց ցուցնենք Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնները, անոնց օգնած կ’ըլլանք որ ուրիշներուն վնաս չհասցնեն։
16. Ինչո՞ւ կ’ուզես մարդոց պատմել Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։
16 Մենք ալ Յիսուսին պէս անպայման կ’ուզենք մարդոց պատմել, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը անարդարութեան միա՛կ լուծումն է։ Այդ յոյսին մասին գիտնալը կրնայ քաջալերել անարդարութեան զոհ գացած անձերը (Եր. 29։11)։ Սթէյսին կը բացատրէ. «Ճշմարտութիւնը ինծի օգնած է որ հանդարտ մնամ, երբ մէկը հետս կամ ուրիշի մը հետ անարդարութեամբ վարուի։ Եհովան Սուրբ Գիրքին մէջի խոստումներուն միջոցաւ է որ մեզ կը մխիթարէ»։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք ատոնցմով ուրիշները մխիթարելու։ Որքա՛ն աւելի համոզուած ըլլաս այս յօդուածին մէջ նշուած աստուածաշնչական գաղափարներով, այնքա՛ն աւելի պիտի կարենաս լաւ կերպով ատոնք սորվեցնել ուրիշներուն, ըլլա՛յ ատիկա դպրոցին կամ գործին մէջb։
17. Եհովան մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, երբ անարդարութիւն տեսնենք։
17 Գիտենք որ այնքա՛ն ատեն որ Սատանան «այս աշխարհին իշխան»ն է, մենք անարդարութիւն պիտի տեսնենք (Յովհ. 12։31)։ Բայց Եհովան խոստացած է, որ հիմա՛ մեզի պիտի օգնէ, իսկ ապագային՝ Սատանան մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Յովհ. 12։31)։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքին մէջ Ան մեզի կ’ըսէ, թէ ինչո՛ւ այսքան անարդարութիւն կայ եւ թէ Ան հետաքրքրուած է անարդարութեան զոհ գացողներով (Սաղ. 34։17-19)։ Ան Յիսուսին միջոցաւ կը սորվեցնէ, թէ ի՛նչ ընենք երբ ուրիշներ մեզի հետ գէշ կերպով վարուին։ Եհովան նաեւ մեզի կը խոստանայ, թէ մօտ ատենէն Թագաւորութիւնը մէջտեղէն պիտի վերցնէ անարդարութիւնը (Բ. Պետ. 3։13)։ Ուրեմն, շարունակենք բարի լուրը նախանձախնդրութեամբ քարոզել եւ անհամբեր սպասել այն ժամանակին, երբ երկիրը «իրաւունքով ու արդարութիւնով» պիտի լեցուի (Եսա. 9։7)։
ԵՐԳ 158 Պիտի չուշանայ
a Կարգ մը անուններ փոխուած են։
b Տե՛ս Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ գրքոյկին յաւելեալ մաս 1, կէտեր 24-27։