«Բոլոր երկրի Դատաւորը» միշտ ճիշդը կ’ընէ
«Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են» (Բ. ՕՐ. 32։4)։
1. Աբրահամ ինչպէ՞ս ցուցուց թէ կը վստահէր Եհովային արդարութեան (տե՛ս բացման նկարը)։
«ՄԻԹԷ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞» (Ծն. 18։25)։ Այս հարցումը հարցնելով, Աբրահամ ցուցուց թէ վստահ էր որ Եհովան լման արդարութեամբ պիտի դատէր Սոդոմն ու Գոմորը։ Աբրահամ համոզուած էր որ Եհովան ‘արդարը ամբարշտին հետ պիտի չմեռցնէր’։ Ան իր միտքին ծայրէն նոյնիսկ չէր անցըներ Աստուծոյ անարդար ըլլալը։ Շուրջ 400 տարի ետք, Եհովան ինքն իր մասին ըսաւ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է» (Բ. Օր. 31։19. 32։4)։
2. Ինչո՞ւ անկարելի է որ Եհովան անարդարօրէն վարուի։
2 Աբրահամ ինչո՞ւ վստահ էր որ Եհովան միշտ ճիշդը կ’ընէ։ Քանի որ Եհովան է որ արդարութեան չափանիշը կը դնէ։ Ուրեմն, տրամաբանական է որ ան միշտ ճիշդ կերպով դատէ հարցերը, քանի որ իր չափանիշները միշտ ճիշդ են։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքը իրեն մասին կ’ըսէ. «Անիկա արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ» (Սաղ. 33։5)։
3. Այս աշխարհին մէջ եղող անարդարութեան օրինակ մը տուր։
3 Կը հանգստանանք գիտնալով որ Եհովան միշտ արդար է։ Բայց մեր շուրջի աշխարհը լեցուն է անարդարութիւնով։ Օրինակ, կարգ մը մարդիկ դատապարտուեցան ու բանտ դրուեցան ոճիրի մը համար, որ իրենք չէին ըրած։ Իսկ երբ Տի.Էն.Էյ.–ի քննութիւնները սկսան օգտագործուիլ, ոմանց յանցաւոր չըլլալը մէջտեղ ելաւ, բայց ի՞նչ օգուտ՝ երկար տարիներ բանտարկուելէ ետք։ Այսպիսի անարդարութիւններ կը ձգեն որ մէկը յուսախաբ ըլլայ եւ նոյնիսկ բարկանայ։ Բայց կայ ուրիշ տեսակ անարդարութիւն մը, որ ա՛լ աւելի դժուար կը կլլուի։
ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ
4. Քրիստոնեայի մը հաւատքը ինչպէ՞ս կրնայ փորձուիլ։
4 Քրիստոնեաները կ’ակնկալեն որ անարդարութեան զոհ երթան քրիստոնէական ժողովքէն դուրս։ Բայց մեր հաւատքը կրնայ փորձուիլ, երբ ժողովքի՛ն մէջ բան մը պատահի մեզի կամ ուրիշին, որ մեր աչքին անարդար է։ Լաւ, այս պարագային ի՞նչ պիտի ընես։ Ատոր պատճառաւ պիտի գայթակղի՞ս։
5. Ինչո՞ւ պէտք չէ զարմանանք երբ ժողովքին մէջ անարդարութիւն տեսնենք կամ անոր զոհ երթանք։
5 Քանի որ բոլորս անկատար ենք եւ սխալներ կ’ընենք, կրնայ ըլլալ որ մէկը մեզի հետ անարդարօրէն վարուի, կամ մենք մէկու մը հետ անարդարօրէն վարուինք (Ա. Յովհ. 1։8)։ Թէեւ ասիկա քիչ կը պատահի, բայց երբ պատահի՝ հաւատարիմ քրիստոնեան չի զարմանար կամ չի գայթակղիր։ Եհովան գործնական խրատներ տուած է Սուրբ Գիրքին մէջ, որպէսզի մեզի օգնէ հաւատարիմ մնալու, երբ եղբայրներէն կամ քոյրերէն մէկը մեզի հետ անարդարօրէն վարուի (Սաղ. 55։12-14)։
6, 7. Եղբայր մը ինչպիսի՞ անարդարութեան զոհ գնաց ժողովքին մէջ, եւ ո՞ր յատկութիւնները իրեն օգնեցին։
6 Նկատի առ Վիլի Տիլ անունով եղբօր մը փորձառութիւնը։ 1931–էն սկսեալ, ան հաւատարմօրէն ծառայեց Բեթէլի տան մէջ՝ Զուիցերիոյ Պեռն քաղաքը։ 1946–ին, ան Նիւ Եորքի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Գաղաադի դպրոցին ութերորդ դասարանին (ԱՄՆ)։ Աւարտելէ ետք, ան ի վերջոյ նշանակուեցաւ Զուիցերիոյ մէջ շրջանային գործին։ Եղբայր Տիլ իր կենսագրութեան մէջ պատմեց. «Մայիս 1949–ին, Պեռնի կեդրոնատեղիին ըսի որ կը մտածեմ ամուսնանալ»։ Լաւ, Պեռնի գրասենեակը ի՞նչ պատասխանեց։ «Ռահվիրայութենէն զատ ո՛չ մէկ առանձնաշնորհում պիտի ունենաս»։ Եղբայր Տիլ աւելցուց. «Արտօնուած չէր որ դասախօսութիւններ տամ. . . Շատեր այլեւս բարեւ չէին տար մեզի եւ վտարուածներու պէս կը վարուէին մեզի հետ»։
7 Եղբայր Տիլ ի՞նչ ըրաւ։ Ան ըսաւ. «Բայց մենք գիտէինք որ ամուսնանալը սխալ չէ։ Ասոր համար, Եհովային վստահեցանք եւ միշտ աղօթեցինք»։ Ի վերջոյ, ամուսնութեան մասին սխալ կարծիք ունեցող եղբայրներուն հասկացողութիւնը սրբագրուեցաւ, եւ եղբայր Տիլի առանձնաշնորհումները վերադարձան իրեն։ Եհովան վարձատրեց անոր հաւատարմութիւնըa։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Եթէ այսպիսի անարդարութեան զոհ երթայի, նոյն հոգեւոր աչքով կը նայէի՞ հարցին։ Համբերութեամբ կը սպասէի՞ Եհովային, թէ՞ կը փորձէի իմ կերպովս լուծել հարցը’ (Առ. 11։2. կարդա՛ Միքիա 7։7)։
8. Ինչո՞ւ կրնայ ըլլալ որ սխալինք ու կարծենք որ մենք կամ ուրիշ մէկը անարդարութեան զոհ գացած ենք։
8 Միւս կողմէ, կրնաս սխալիլ եւ կարծել որ ժողովքին մէջ անարդարութիւն մը եղած է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անկատար ենք եւ կրնայ ըլլալ որ սխալ հասկնանք հարցերը։ Նաեւ կրնայ ըլլալ որ բոլոր իրողութիւնները չունինք։ Ամէն պարագայի, ճիշդ հասկցած ըլլանք կամ ոչ, պէտք է հարցին մասին աղօթենք Եհովային, իրեն վստահինք եւ հաւատարիմ մնանք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ «Տէրոջը դէմ տրտունջ» չընենք (կարդա՛ Առակաց 19։3)։
9. Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ ի՞նչ օրինակներ նկատի պիտի առնենք։
9 Լաւ, խոկանք երեք անարդարութիւններու վրայ, որոնք Եհովայի ժողովուրդին մէջ պատահեցան Աստուածաշունչի ժամանակներուն։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ Աբրահամի թոռնիկին տղուն՝ Յովսէփին եւ իր եղբայրներուն միջեւ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս վարուեցաւ Աքաաբ թագաւորին հետ, եւ ի՛նչ պատահեցաւ Պետրոսին՝ Սուրիոյ Անտիոքին մէջ։ Մինչ այս օրինակները նկատի կ’առնենք, տե՛ս թէ ի՛նչ կերպերով կրնաս կեդրոնացած մնալ Եհովային վրայ եւ պահպանել իրեն հետ ունեցած փոխյարաբերութիւնդ, մանաւանդ երբ զգաս թէ անարդարութեան զոհ գացած ես։
ՅՈՎՍԷՓ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ ԳՆԱՑ
10, 11. ա) Յովսէփ ո՞ր անարդարութիւններուն զոհ գնաց։ բ) Յովսէփ բանտին մէջ ի՞նչ առիթ ունեցաւ։
10 Յովսէփ Եհովային հաւատարիմ մէկ ծառան էր։ Ան անարդարութեան զոհ գնաց ո՛չ միայն օտարներուն կողմէ, հապա նաեւ իր եղբայրներուն կողմէ, ինչ որ իրեն մեծ վիշտ պատճառեց։ Երբ ան 17 տարեկան էր, իր եղբայրները զինք որպէս գերի ծախեցին։ Ան ուզէ–չուզէ Եգիպտոս տարուեցաւ (Ծն. 37։23-28. 42։21)։ Յետագային, այդ երկրին մէջ, Յովսէփին մասին սուտ խօսուեցաւ ու ըսուեցաւ, որ ան փորձած էր կին մը բռնաբարել։ Ան առանց դատ–դատաստանի բանտարկուեցաւ (Ծն. 39։17-20)։ Բոլորը մէկ՝ շուրջ 13 տարի տեւեց անոր ծառայ ըլլալը ու բանտարկուիլը։ Յովսէփէն ի՞նչ կը սորվինք որ մեզի պիտի օգնէ, երբ եղբայր մը անարդարօրէն վարուի մեզի հետ։
11 Յովսէփ առիթ ունեցաւ որ իր պարագան բացատրէ բանտարկեալի մը՝ թագաւորին մատռուակապետին։ Օր մը, մատռուակապետը երազ մը տեսաւ, եւ Եհովան Յովսէփին օգնեց որ երազը բացատրէ։ Յովսէփ ըսաւ որ մատռուակապետը պիտի վերադառնար իր պաշտօնին՝ փարաւոնի պալատին մէջ։ Ետքը, Յովսէփ առիթը օգտագործեց որ իր պարագան պատմէ անոր։ Աղուոր դասեր կը սորվինք ոչ միայն Յովսէփին ըսածներէն, այլեւ՝ անոր չըսածներէն (Ծն. 40։5-13)։
12, 13. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Յովսէփ իր պարագան առնելով չնստաւ։ բ) Յովսէփ ի՞նչ չըսաւ մատռուակապետին։
12 Կարդա՛ Ծննդոց 40։14, 15։ Նկատէ թէ Յովսէփ ինքն իր մասին ըսաւ որ ‘գողցուած էր’։ Յայտնի էր թէ ան անարդարութեան զոհ գացած էր։ Ան նաեւ ըսաւ որ չէր ըրած այն յանցանքը, որուն համար այժմ բանտարկուած էր։ Այս պատճառով, ան մատռուակապետէն խնդրեց որ իր մասին խօսի փարաւոնին։ Ինչո՞ւ։ Ան ըսաւ. «Զիս այս տունէն դուրս հանէ»։
13 Յովսէփին խօսքերէն ի՞նչ յայտնի կ’ըլլայ։ Ան ձեռքը ծալած ու պարագան ընդունա՞ծ էր։ Անշուշտ ո՛չ։ Ան շատ լաւ գիտէր թէ շատ մը անարդարութիւններու զոհ գացած էր։ Այս պատճառով, ան իր պարագան պատմեց մատռուակապետին, յուսալով որ ձեւով մը իրեն օգնէ։ Բայց նկատէ թէ Սուրբ Գիրքին մէջ ո՛չ մէկ տեղ գրուած է, թէ Յովսէփ ուրիշի մը ըսաւ որ իր եղբայրներն էին որ զինք ծախեցին։ Ան նոյնիսկ փարաւոնին չըսաւ։ Երբ իր եղբայրները Եգիպտոս եկան եւ իրեն հետ հաշտուեցան, փարաւոնը նոյնիսկ զանոնք դիմաւորեց եւ հրաւիրեց որ Եգիպտոսի մէջ ապրին ու «բոլոր Եգիպտոսի բարիքը» վայելեն (Ծն. 45։16-20)։
Բամբասանքը կրնայ հարցը աւելի գէշ ընել (տե՛ս պարբերութիւն 14)
14. Ի՞նչը պիտի օգնէ մեզի որ չբամբասենք, նոյնիսկ եթէ անարդարութեան զոհ երթանք ժողովքին մէջ։
14 Երբ զգանք թէ ժողովքին մէջ անարդարութեան զոհ գացած ենք, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ չբամբասենք հարցին շուրջ։ Անշուշտ, շատ յարմար է որ երէցներէն օգնութիւն խնդրենք, եւ իրենց լուր տանք եթէ եղբայր մը լուրջ մեղք մը ըրած է (Ղեւ. 5։1)։ Բայց շատ մը պարագաներու, ուր լուրջ սխալ մը չէ գործուած, կրնանք հարցը լուծել առանց մէկը մտցնելու, նոյնիսկ երէցները (կարդա՛ Մատթէոս 5։23, 24. 18։15)։ Թող որ հաւատարիմ ըլլանք եւ այսպիսի հարցեր լուծենք Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ։ Թերեւս որոշ պարագաներու անդրադառնանք որ անարդարութիւն մը չկայ մէջտեղը։ Այս պարագային որքա՜ն կ’ուրախանանք որ եղբօր մասին ժխտական բաներ խօսելով հարցը աւելի գէշ չդարցուցինք։ Միտքդ պահէ որ ճիշդ ըլլանք կամ ոչ, հարցը աւելի լաւ պիտի չըլլայ եթէ ուրիշին մասին վիրաւորական բաներ ըսենք։ Եթէ Եհովային եւ մեր եղբայրներուն հաւատարիմ ենք, այսպիսի սխալ մը պիտի չընենք։ Սաղմոսերգուն ‘անմեղութեամբ քալողին’ մասին ըսաւ, որ ան «լեզուովը չի զրպարտեր, ընկերին չարութիւն չ’ըներ, եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ» (Սաղ. 15։2, 3. Յակ. 3։5)։
ՅԻՇԷ ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԴ
15. Եհովային հետ Յովսէփին փոխյարաբերութիւնը ինչպէ՞ս օրհնութիւն մըն էր իրեն համար։
15 Ուրիշ կարեւոր դաս մըն ալ կը սորվինք Յովսէփէն։ 13 տարի անարդարութեան զոհ գացած ատեն, Յովսէփ ցուցուց թէ Եհովային մտածելակերպը ունի (Ծն. 45։5-8)։ Ան բնա՛ւ յանցաւոր չհանեց Եհովան իր վիճակին համար։ Ան բնա՛ւ կեանքէն չգանեցաւ, հակառակ որ չմոռցաւ իր քաշածները։ Ամէնէն կարեւորը, ան չձգեց որ ուրիշներուն անկատարութիւնները եւ սխալները զինք հեռացնեն Եհովայէն։ Յովսէփին հաւատարմութիւնը իրեն առիթ տուաւ, որ տեսնէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս պիտի շտկէր անարդարութիւնները եւ օրհնէր զինք եւ իր ընտանիքը։
16. Ինչո՞ւ պէտք է ա՛լ աւելի մօտենանք Եհովային, երբ ժողովքին մէջ անարդարութեան զոհ երթանք։
16 Մենք ալ պէտք է արժեւորենք եւ պահպանենք Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը։ Բնա՛ւ պէտք չէ ձգենք որ մեր եղբայրներուն անկատարութիւնները մեզ բաժնեն մեր Աստուծմէն, որ կը սիրենք եւ կը պաշտենք (Հռով. 8։38, 39)։ Երբ ժողովքին մէջ անարդարութեան զոհ երթանք, թող որ Յովսէփին պէս ա՛լ աւելի մօտենանք Եհովային եւ ունենանք Իր մտածելակերպը։ Երբ մեր ձեռքէն եկածը ընենք որ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ լուծենք խնդիրը, պէտք է հարցը Եհովային վրայ ձգենք, վստահ ըլլալով որ իր յարմար ժամանակին եւ յարմար կերպով պիտի շտկէ զայն։
«ԲՈԼՈՐ ԵՐԿՐԻ ԴԱՏԱՒՈՐ»ԻՆ ՎՍՏԱՀԷ
17. Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել թէ կը վստահինք «բոլոր երկրի Դատաւոր»ին։
17 Այնքան ատեն որ այս չար աշխարհին մէջ կ’ապրինք, կ’ակնկալենք որ անարդարութեան զոհ երթանք։ Թերեւս զգաս թէ ժողովքին մէջ անարդարութեան զոհ գացիր՝ դուն կամ ուրիշ մէկը։ Ասիկա քիչ կը պատահի, բայց եթէ պատահի՝ մի՛ գայթակղիր (Սաղ. 119։165)։ Ընդհակառակը, Աստուծոյ հաւատարիմ մնա՛, իրմէ օգնութիւն խնդրէ եւ իրեն վստահէ։ Միտքդ պահէ որ թերեւս անկատարութեանդ պատճառով սխալ հասկցած ես հարցը եւ բոլոր իրողութիւնները չես գիտեր։ Յովսէփին նմանէ եւ մի՛ բամբասեր, քանի որ եթէ բամբասես՝ հարցը աւելի գէշ պիտի ընես։ Վերջապէս, փոխանակ հարցը ձեռքդ առնելու, ամէն ջանքդ ըրէ որ հաւատարիմ մնաս եւ համբերես՝ մինչեւ որ Եհովան հարցերը շտկէ։ Այսպիսով, Եհովային հաճութիւնն ու օրհնութիւնը պիտի վայելես, ինչպէս որ Յովսէփ վայելեց։ Կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան՝ «բոլոր երկրի Դատաւորը», մի՛շտ ճիշդը պիտի ընէ, քանի որ «անոր բոլոր ճամբաները արդար են» (Ծն. 18։25. Բ. Օր. 32։4)։
18. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
18 Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք անարդարութեան ուրիշ երկու օրինակներ, որոնք Աստուածաշունչի ժամանակներուն պատահեցան։ Այս օրինակները մեզի պիտի օգնեն որ տեսնենք, թէ երբ խոնարհ ու ներող ըլլանք՝ Եհովային պէս արդարութեամբ վարուած կ’ըլլանք։
a Տե՛ս Վիլի Տիլի կենսագրութիւնը՝ «Եհովան իմ Աստուածս է, որուն կը յուսամ», Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 1991 թիւին մէջ (անգլերէն)։