Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 4/1 էջ 8-9
  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կրօնաւորուհիներ էին՝ եղան իսկական հոգեւոր քոյրեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
    Դիտարան. Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
    Դիտարան. Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 4/1 էջ 8-9
Իսոլինա Լամելլան բարեկամներու հետ կը ճաշէ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Բոլոր հարցումներուս պատասխանները Աստուածաշունչէ՛ն տուին

Կը պատմէ Իսոլինա Լամելլա

  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1950

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ՍՊԱՆԻԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԱՅՐԱՊԵՏ

Իսոլինան կուսանոցին մէջ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Երբ ծնայ, ծնողքս պզտիկ ագարակ մը ունէր Գալիսիայի մէկ գիւղին մէջ, հիւսիս–արեւմտեան Սպանիա։ Ութ զաւակներու մէջ չորրորդն էի։ Տան մէջ ջերմ մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Այդ ժամանակ, Սպանիոյ մէջ սովորական էր որ զաւակներէն առնուազն մէկը դպրեվանք կամ կուսանոց յաճախէր։ Մեր ընտանիքին մէջ, երեք հոգի այդ քայլը առին։

13 տարեկանիս, քրոջս միացայ Մատրիտի մէկ կուսանոցին մէջ։ Հոն, անազնիւ մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Բարեկամութիւններ չկային,– միայն կանոններ, աղօթքներ եւ խստութիւն։ Առտուն կանուխ, մատուռին մէջ կը հաւաքուէինք խոկալու, բայց յաճախ չէի կրնար միտքս ամփոփել։ Յետոյ, շարականներ կ’երգէինք եւ պատարագ կը մատուցուէր՝ բոլորը լատիներէնով։ Գրեթէ բան մը չէի հասկնար եւ կը զգայի թէ Աստուած շա՜տ հեռու էր ինձմէ։ Լո՜ւռ օրեր կ’անցընէի։ Նոյնիսկ երբ քրոջս տեսնէի, իրարու պարզապէս կրնայինք ըսել. «Ողջոյն քեզ, Մարիամ»։ Մայրապետները կուսանոցի աղջիկներուն արտօնութիւն կու տային, որ ճաշելէ ետք՝ միայն կէս ժամ իրարու հետ խօսակցին։ Այս մթնոլորտը որքա՜ն կը տարբերէր ընտանեկան ուրախ կեանքէս։ Կը զգայի թէ աշխարհէն անջատուած եմ եւ յաճախ կու լայի։

Թէեւ բնաւ չէի զգար թէ Աստուծոյ մօտ եմ, բայց 17 տարեկանիս ուխտս ըրի եւ մայրապետ դարձայ։ Պարզապէս ըրի այն ինչ որ ինձմէ կ’ակնկալուէր։ Սակայն շուտով սկսայ հարց տալ, թէ արդեօք իսկապէս աստուածային կոչում ունէի՛։ Մայրապետները կ’ըսէին թէ այսպիսի կասկածներ ունեցողներուն վախճանը դժոխքի կրակն է։ Բայց եւ այնպէս, տակաւին երկու մտքի վրայ էի։ Գիտէի թէ Յիսուս Քրիստոս չմեկուսացաւ. ընդհակառակը, ան զբաղած էր ուրիշներուն սորվեցնելով եւ օգնելով (Մատթէոս 4։23-25)։ 20 տարեկան էի, երբ այն եզրակացութեան հասայ, թէ այլեւս մայրապետ մնալու վաւերական պատճառ չունիմ։ Զարմացայ, երբ մեծաւորուհին ինծի ըսաւ, որ եթէ մայրապետ մնալու նկատմամբ տակաւին շփոթութեան մատնուած էի, լաւ կ’ըլլար որ շուտով կուսանոցը ձգէի։ Կը խորհիմ թէ ան վախցաւ որ ուրիշներուն ազդեմ։ Ուստի կուսանոցը ձգեցի։

Երբ տուն վերադարձայ, ծնողքս պարագան հասկցաւ։ Բայց քանի որ մեր գիւղին մէջ գործ չկար, գաղթեցի Գերմանիա՝ ուր եղբայրներէս մէկը կ’ապրէր։ Ան հոն ապրող սպանացիներու համայնավար խումբի մը կը պատկանէր։ Շատ հանգիստ զգացի այդ մարդոց մէջ, որոնք բանուորներու իրաւունքներուն եւ կիներու հաւասարութեան համար կը պայքարէին։ Ուստի համայնավար դարձայ եւ ի վերջոյ այդ խումբի անդամներէն մէկուն հետ ամուսնացայ։ Կարծեցի թէ համայնավարութեան հրատարակութիւնները բաշխելով եւ բողոքի արշաւներուն մասնակցելով օգտակար բան մը կ’ընէի։

Սակայն ժամանակի ընթացքին, դարձեալ յուսահատեցայ։ Զգացի թէ համայնավարները իրենց քարոզածը յաճախ չէին կիրարկեր։ 1971–ին, կասկածներս հաստատուեցան, երբ մեր խումբէն կարգ մը երիտասարդներ Ֆրանքֆուրթի մէջ Սպանիոյ հիւպատոսարանը հրկիզեցին։ Անոնք այդպէս վարուեցան, որպէսզի բռնակալ Սպանիոյ մէջ եղած անարդարութեան դէմ բողոքեն։ Բայց զգացի թէ ասիկա զայրոյթ արտայայտելու սխա՛լ կերպ մըն էր։

Երբ առաջին զաւակս ծնաւ, ամուսինիս ըսի թէ համայնավարներու ժողովներուն ներկայ գտնուելէ պիտի դադրէի։ Շատ մինակ էի, քանի որ նախկին բարեկամներէս ո՛չ ոք եկաւ ինծի կամ մանուկիս այցելելու։ Սկսայ կեանքի նպատակին մասին հարց տալ։ Ընկերութիւնը բարելաւելու համար, իրապէս կ’արժէ՞ր ջանք թափել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

1976–ին, երկու սպանացի Վկաներ դուռս զարկին եւ առաջարկեցին Աստուածաշունչի կարգ մը հրատարակութիւններ, որոնք ընդունեցի։ Անոնց երկրորդ այցելութեան, ետեւ–ետեւի հարցումներ տեղացուցի՝ տառապանքի, անհաւասարութեան եւ անարդարութեան մասին։ Զարմացայ, երբ անոնք բոլոր հարցումներուս պատասխանները Աստուածաշունչէ՛ն տուին։ Իսկոյն, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեցի։

Սկիզբը, պարզապէս տեղեկութիւններ ստանալով հետաքրքրուած էի։ Բայց պարագան փոխուեցաւ, երբ ամուսինս եւ ես սկսանք ժողովներու ներկայ գտնուիլ, Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահին մէջ։ Այդ ատեն, երկու զաւակ ունէինք։ Վկաները մեզ ազնուաբար սրահ կը տանէին եւ ժողովներուն ընթացքին մեզի կ’օգնէին՝ մեր զաւակներուն հոգ տանելով։ Ես Վկաները շա՛տ սիրեցի։

Ասով հանդերձ, տակաւին կրօնքի հանդէպ կասկածներ ունէի։ Որոշեցի Սպանիա ճամբորդել՝ ընտանիքիս այցելելու։ Հօրեղբայրս, որ քահանայ մըն էր, զիս չքաջալերեց որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեմ։ Բայց այդտեղի Վկաները ինծի մեծապէս օգնեցին։ Անոնք հարցումներուս Աստուածաշունչէն պատասխանեցին, ճիշդ ինչպէս որ Գերմանիոյ մէջ Վկաները ըրած էին։ Վճռեցի որ երբ Գերմանիա վերադառնամ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնս վերսկսիլ, երբ Գերմանիա վերադառնայի։ Թէեւ ամուսինս չշարունակեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, բայց ես որոշումիս վրայ մնացի։ 1978–ին, մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութիւնը ինծի յստակ նպատակակէտ տուած է եւ կեանքս ուղղած է։ Օրինակ, Ա. Պետրոս 3։1-4–ը կը քաջալերէ կիները, որ երկիւղածութեամբ ‘հնազանդ ըլլան իրենց այրերուն’ եւ մշակեն «հեզ ու հանդարտ հոգի», որ «Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է»։ Այսպիսի սկզբունքներ ինծի օգնած են, որ որպէս կին եւ մայր դերս կատարեմ։

Հանրային ծառայութեան ընթացքին, Իսոլինան կնոջ մը Աստուածաշունչէն կը պատասխանէ

Վկայ ըլլալուս վրայ 35 տարի անցած է։ Ուրախ եմ որ մաս կը կազմեմ եղբայրներէ եւ քոյրերէ բաղկացած համաշխարհային ընտանիքի մը, որ Աստուծոյ կը ծառայէ։ Եւ շա՛տ կ’ուրախանամ, երբ կը տեսնեմ որ հինգ զաւակներէս չորսը նոյնը կ’ընեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել