Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Մարտ 1—«Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։ Ու ես ըսի. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։—Եսայեայ 6։8, Դիտ. 6/1/91 15, 16ա
Մարտ 2—Կորսուածը պիտի փնտռեմ ու մոլորածը պիտի դարձնեմ։—Եզեկիէլ 34։16, Դիտ. 7/1/91 7, 8ա
Մարտ 3—Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք։—Մատթէոս 22։21
Մարտ 4—Մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք։—Եբրայեցիս 10։25, Դիտ. 12/1/90 13, 14ա
Մարտ 5—Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէսզի [զիս] անարգողին պատասխան տամ։—Առակաց 27։11, Դիտ. 3/1/91 11ա
Մարտ 6—Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ։—Սաղմոս 145։2
Մարտ 7—Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞։—Ղուկաս 14։28, Դիտ. 1/1/91 10, 12ա
Մարտ 8—Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։ Ուստի ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց։—Ա. Կորնթացիս 3։6, 7
Մարտ 9—Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Ով որ իր կինը արձակէ, առանց պոռնկութեան պատճառի, ինք պատճառ կ’ըլլայ անոր շնութիւն ընելուն եւ ով որ այն արձակուածը առնէ, շնութիւն կը գործէ»։—Մատթէոս 5։32
Մարտ 10—Բայց հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել։—Եբրայեցիս 5։14
Մարտ 11—Ո՛վ Տէր [Եհովա], քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, ...։ Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի։—Սաղմոս 25։4, 5, Դիտ. 11/1/90 14, 15ա
Մարտ 12—Հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը, որո՛ւ որ մաքս՝ մաքսը։—Հռովմայեցիս 13։7, Դիտ. 3/1/91 3–5բ
Մարտ 13—Այն խօսքը որ Իսրայէլի որդիներուն ղրկեց Աստուած խաղաղութիւն քարոզելու Յիսուսի Քրիստոսին ձեռքով. Անիկա է ամենուն Տէրը։—Գործք 10։36
Մարտ 14—Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր»։—Յայտնութիւն 22։17, Դիտ. 12/1/90 20, 21
Մարտ 15—Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ»։—Յովհաննու 4։34
Մարտ 16—Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը [Եհովային] փոխ կու տայ ու [Աստուած] անոր հատուցում պիտի ընէ։—Առակաց 19։17, Դիտ. 1/1/91 1–3ա
Մարտ 17—Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն, վասնզի անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։—Մատթէոս 5։9, Դիտ. 5/1/91 13, 14ա
Մարտ 18—Անոնց շրջանակները բարձր ու ահեղ էին։ Չորսին ալ շրջանակները ամէն կողմէն աչքերով լեցուն էին։—Եզեկիէլ 1։18
Մարտ 19—Բայց մէ՛կը չ’ըսեր թէ «Զիս ստեղծող Աստուածը ո՞ւր է։ Ան որ գիշերուան մէջ երգեր կու տայ»։—Յոբայ 35։10, Դիտ. 3/1/91 2, 3
Մարտ 20—Հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը, որո՛ւ որ մաքս՝ մաքսը, որո՛ւ որ վախ՝ վախնալը, որո՛ւ որ պատիւ՝ պատիւը։—Հռովմայեցիս 13։7
Մարտ 21—Քու մեծ բարերարութեանդ յիշատակը պիտի հրատարակեն եւ քու արդարութիւնովդ պիտի ցնծան։—Սաղմոս 145։7
Մարտ 22—Ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ։—Յայտնութիւն 22։17, Դիտ. 12/1/90 14, 15
Մարտ 23—[Ներեցէք] իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի։ Արդ՝ Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուեցէք։—Եփեսացիս 4։32–5։2, Դիտ. 7/1/91 23, 24
Մարտ 24—Քրիստոս Յիսուս ... իր անձը ամենուն տեղ փրկանք տուաւ՝ իր ատենին վկայութիւն ըլլալու։—Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6, Դիտ. 4/1/91 12
Մարտ 25—Շարժեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին եւ ամէնքը սուրբ հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին։—Գործք 4։31, Դիտ. 11/1/90 7, 9
Մարտ 26—Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։—Առակաց 3։6, Դիտ. 3/1/91 13, 14
Մարտ 27—Այս պատճառաւ է որ տուրք ալ կու տաք. վասնզի Աստուծոյ սպասաւորներն են այն նոյն բանին հոգ տանելու։—Հռովմայեցիս 13։6
Մարտ 28—Տէրը [Եհովան] երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն, որպէսզի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, որ Աստուած փնտռէ։—Սաղմոս 14։2, Դիտ. 6/1/91 2, 3
Մարտ 29—Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ։—Ղուկաս 4։44
Մարտ 30—Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասնզի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած։—Մատթէոս 5։8
Մարտ 31—Ան որ Որդին չի պատուեր, զանիկա ղրկող Հայրը չի պատուեր։—Յովհաննու 5։23, Դիտ. 3/1/91 7, 8ա