Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 6/15 էջ 17-21
  • «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՍԿԱՊԷՍ Ո՞Վ Է ՄԵՐ ԸՆԿԵՐԸ
  • ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՆՔ ԴՐԱՑԻԱԿԱՆ ՍԷՐ ՑՈՅՑ ՏԱԼ
  • ԴՐԱՑԻԱԿԱՆ ՍԷՐ ԴՐՍԵՒՈՐԵԼՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ԿԵՐՊ ՄԸ
  • ՍԻՐՈՅ ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
  • ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԸՆԿԵՐԴ ՍԻՐԵԼ ԱՆՁԻԴ ՊԷՍ
  • Մեր ընկերը սիրելը ի՛նչ կը նշանակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Քու ընկերդ կը սիրե՞ս քու անձիդ պէս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ձեր սէրը ո՞ր տարողութեամբ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • «Պիտի Ըլլա՞յ Ժամանակ մը որ Բոլոր Մարդիկ Իրար Սիրեն»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 6/15 էջ 17-21
Բարի սամարացին վիրաւորուած մարդը պանդոկ կը բերէ

«Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»

«Երկրորդ [պատուիրանն է]. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’» (ՄԱՏ. 22։39)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Իսկապէս ո՞վ է մեր ընկերը։

  • Ինչո՞ւ կը խորհիս թէ կրնա՛նք եւ պէտք է մեր ընկերը սիրենք։

  • Ըստ Ա. Կորնթացիս 13։4-8–ին, սիրոյ կարգ մը երեսակները ի՞նչ են։

1, 2. ա) Ըստ Յիսուսին, ո՞րն է Օրէնքին երկրորդ մեծագոյն պատուիրանը։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

ՅԻՍՈՒՍԸ փորձելով՝ փարիսեցի մը հարցուց. «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, Յիսուս պատասխանեց թէ «առաջին ու մեծ պատուիրան»ն է՝ «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ Ան աւելցուց. «Երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’» (Մատ. 22։34-39)։

2 Յիսուս ըսաւ որ մեր ընկերը կամ դրացին պէտք է սիրենք ինչպէս որ մեր անձը կը սիրենք։ Ուստի, լաւ կ’ըլլայ որ հարց տանք. «Ո՞վ է իմ ընկերս։ Ինչպէ՞ս կրնամ դրացիական սէր դրսեւորել»։

ԻՍԿԱՊԷՍ Ո՞Վ Է ՄԵՐ ԸՆԿԵՐԸ

3, 4. ա) Յիսուս ի՞նչ առակով պատասխանեց «իմ ընկերս ո՞վ է» հարցումին։ բ) Սամարացին ինչպէ՞ս օգնութեան ձեռք երկարեց (տե՛ս բացման պատկերը)։

3 Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ, երբ ինքնարդար մարդ մը իրեն հարցուց. «Իմ ընկերս ո՞վ է»։ Ան բարի սամարացիին առակը տուաւ (կարդա՛ Ղուկաս 10։29-37)։ Պիտի ակնկալէինք որ իսրայէլացի քահանայ մը եւ ղեւտացի մը բարի ընկերի պէս գործէին՝ տեսնելով կողոպտուած, ծեծուած ու կիսամեռ մարդ մը։ Սակայն, անոնք անոր քովէն անցան–գացին առանց օգնութեան ձեռք երկարելու։ Անհատը օգնութիւն ստացաւ սամարացիէ մը, որուն ժողովուրդը Մովսիսական օրէնքը կը յարգէր, բայց հրեաներուն կողմէ արհամարհուած էր (Յովհ. 4։9)։

4 Ջանալով զինք դարմանել, բարի սամարացին ձէթ եւ գինի թափեց անոր վէրքերուն վրայ։ Իսկ զինք պանդոկ հասցնելէ ետք, պանդոկապետին տուաւ երկու դահեկան, որ երկու օրուան աշխատավարձ էր (Մատ. 20։2)։ Ուստի, դիւրին է տեսնել թէ ո՛վ փաստեց իսկական ընկեր ըլլալ այդ վիրաւորուած մարդուն։ Յիսուսի առակը վստահաբար մեզի կը սորվեցնէ ընկերին կարեկցիլ եւ սիրել։

Աղէտէ մը ետք Եհովայի վկաները օգնութիւն կը մատուցանեն

Եհովայի ծառաները արագօրէն դրացիական սէր կը դրսեւորեն (տե՛ս պարբերութիւն 5)

5. Եհովայի ծառաները ինչպէ՞ս դրացիական սէր ցուցաբերեցին, երբ վերջերս բնական աղէտ մը հարուածեց։

5 Յաճախ դժուար է բարի սամարացիին նման կարեկից մարդիկ գտնել, մանաւանդ այս ճգնաժամային «վերջին օրեր»ուն, երբ բազմաթիւ մարդիկ անգութ, դաժանաբարոյ եւ բարին չսիրող են (Բ. Տիմ. 3։1-3)։ Օրինակ, բնական աղէտի մը ատեն դժուար կացութիւններ կրնան ծագիլ։ Նկատի առ թէ ինչ պատահեցաւ, երբ հոկտեմբեր 2012–ին Սենտի փոթորիկը հարուածեց Նիւ Եորք Սիթին։ Քաղաքին շատ վնասուած մէկ շրջանին բնակիչները,– որոնք արդէն իսկ կը տառապէին՝ ելեկտրականութիւն, ջերմութեան միջոցներ եւ այլ անհրաժեշտութիւններ չունենալով,– աւազակներու զոհը դարձան։ Նոյն շրջանին մէջ, Եհովայի վկաները ծրագիր մը կազմակերպեցին, ինչ որ իրենց թոյլ տուաւ որ իրարու եւ ուրիշներուն օգնեն։ Քրիստոնեաները այսպիսի բաներ կ’ընեն, քանի որ իրենց ընկերը կը սիրեն։ Ի՞նչ են դրացիական սէր ցուցաբերելու կարգ մը այլ կերպեր։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՆՔ ԴՐԱՑԻԱԿԱՆ ՍԷՐ ՑՈՅՑ ՏԱԼ

6. Մեր քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կապ ունի դրացիական սէր դրսեւորելուն հետ։

6 Մարդոց հոգեւորապէս օգնէ։ Ասիկա կ’ընենք՝ ջանալով իրենց ուշադրութեան յանձնել «գրքերուն մխիթարութիւն»ը, որ սրտապնդիչ է (Հռով. 15։4)։ Անշուշտ, քարոզչութեան մէջ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ուրիշներուն հետ բաժնելով դրացիական սէր ցոյց կու տանք (Մատ. 24։14)։ Որքա՜ն մեծ առանձնաշնորհում ունինք, որ ‘յուսոյ Աստուծոյ’ պատգամը ծանուցանենք (Հռով. 15։13)։

7. Ի՞նչ է Ոսկի կանոնը, եւ անոր հետեւելով ինչպէ՞ս օրհնուած ենք։

7 Ոսկի կանոնին հետեւէ։ Յիսուս այս կանոնը նշեց Լերան քարոզին մէջ, ըսելով. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները» (Մատ. 7։12)։ Եթէ ուրիշներուն հետ վարուինք այնպէս ինչպէս Յիսուս յանձնարարեց, այն ատեն «օրէնք»ին (Ծննդոցէն մինչեւ Բ. Օրինաց) ու «մարգարէներ»ուն (Եբրայերէն Գրութիւններուն մարգարէական գրքերը) ետին գտնուող հոգիին հետ ներդաշնակ գործած կ’ըլլանք։ Այսպիսի գրութիւններէ յայտնի կ’ըլլայ, թէ Աստուած կ’օրհնէ սէր ցուցաբերող անհատները։ Օրինակ, Եսայիի միջոցով Եհովան ըսաւ. «Իրաւունքը պահեցէ՛ք ու արդարութիւն ըրէ՛ք. . . Երանի՜ այն մարդուն, որ ասիկա կ’ընէ» (Եսա. 56։1, 2)։ Մենք իսկապէս օրհնուած ենք, քանի որ մեր ընկերին հետ սիրալիր եւ արդար կերպով կը վարուինք։

8. Ինչո՞ւ պէտք է մեր թշնամիները սիրենք, եւ առ ի արդիւնք ի՞նչ կրնայ պատահիլ։

8 Թշնամիներդ սիրէ։ Յիսուս ըսաւ. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ. ‘Քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես’։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները. . . եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն. որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք’» (Մատ. 5։43-45)։ Պօղոս առաքեալ նոյնանման բան մը ըսաւ, երբ գրեց. «Եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր» (Հռով. 12։20. Առ. 25։21)։ Մովսիսական օրէնքին համաձայն, եթէ անհատի մը թշնամիին էշը բեռին տակ իյնար, հարկ էր որ ան իր թշնամիին օգնէր զայն ազատելու (Ել. 23։5)։ Այսպէս միասին աշխատելով, նախկին թշնամիներ կրնային լաւ բարեկամներ դառնալ։ Քանի որ սէր կը ցուցաբերենք, մեր թշնամիներէն շատեր մեզի հանդէպ իրենց կեցուածքը փոխած են։ Եթէ սիրենք մեր թշնամիները՝ նոյնիսկ կատաղի հալածողները, որքա՜ն պիտի ուրախանանք երբ անոնցմէ ոմանք ճշմարտութեան գան։

9. Մեր եղբօր հետ խաղաղութիւն հաստատելու նկատմամբ Յիսուս ի՞նչ ըսաւ։

9 «Խաղաղութեան ետեւէ եղէ՛ք ամենուն հետ» (Եբ. 12։14)։ Անշուշտ, ասիկա կը պարփակէ մեր եղբայրները, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես» (Մատ. 5։23, 24)։ Աստուած մեզ պիտի օրհնէ, երբ մեր եղբայրը սիրենք եւ արագ քայլեր առնենք իրեն հետ խաղաղութիւն հաստատելու համար։

10. Ինչո՞ւ պէտք չէ խծբծող ըլլանք։

10 Խծբծող մի՛ ըլլար։ Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի։ Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։ Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու» (Մատ. 7։1-5)։ Ասիկա որքա՜ն ազդու կերպ մըն է մեզի ըսելու, որ ուրիշներու մանր սխալները չքննադատենք, մինչ մենք շա՜տ մեծ սխալներ ունինք։

ԴՐԱՑԻԱԿԱՆ ՍԷՐ ԴՐՍԵՒՈՐԵԼՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ԿԵՐՊ ՄԸ

11, 12. Ի՞նչ իւրայատուկ կերպով մեր ընկերին հանդէպ սէր կը դրսեւորենք։

11 Յիսուսի նման, Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք (Ղուկ. 8։1)։ Ան իր հետեւորդներուն յանձնարարեց որ «բոլոր ազգերը աշակերտե[ն]» (Մատ. 28։19, 20)։ Մենք այդ յանձնարարութիւնը կատարելուն մէջ բաժին բերելով, կը փորձենք մեր ընկերին օգնել որ կորուստի առաջնորդող ընդարձակ ճամբան լքէ եւ կեանքի տանող նեղ ճամբան բռնէ (Մատ. 7։13, 14)։ Անկասկած, Եհովան այսպիսի ջանքեր կ’օրհնէ։

12 Յիսուսի նման, մարդոց կ’օգնենք որ իրենց հոգեւոր կարիքին գիտակից ըլլան (Մատ. 5։3)։ Երբ ոմանք ընդառաջեն, այդ կարիքը գոհացնելու մէջ դեր կը խաղանք, իրենց հետ բաժնելով «Աստուծոյ աւետարան»ը (Հռով. 1։1)։ Անոնք որոնք Թագաւորութեան պատգամը կ’ընդունին, Յիսուս Քրիստոսի միջոցով Աստուծոյ հետ կը հաշտուին (Բ. Կոր. 5։18, 19)։ Ուստի, բարի լուրը քարոզելով, իսկապէս շատ կարեւոր կերպով դրացիական սէր կը ցուցաբերենք։

13. Ինչպէ՞ս կը զգաս երբ մարդոց կը սորվեցնես Եհովային մասին։

13 Ազդու վերայցելութիւններով եւ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններով, մարդոց կ’օգնենք որ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն հետեւին։ Ասիկա կրնայ պատճառ դառնալ որ Աստուածաշունչի աշակերտը իր ապրելակերպը մեծապէս փոխէ (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Իսկապէս ոգեւորիչ է տեսնել թէ Աստուած ինչպէ՛ս «յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած»ներուն կ’օգնէ, որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընելով իրեն հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենան (Գործք 13։48, ՆԱ)։ Շատերուն պարագային, յուսահատութիւնը կը փոխարինուի երջանկութեամբ, եւ անտեղի մտահոգութիւնը՝ երկնաւոր Հօր վստահելով։ Որքա՜ն ուրախալի է տեսնել նորեկներուն արձանագրած հոգեւոր յառաջդիմութիւնը։ Չե՞ս համաձայնիր թէ որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ մեր ընկերին հանդէպ սէր ցուցաբերելը օրհնութիւն մըն է։

ՍԻՐՈՅ ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

14. Քու բառերովդ նշէ Ա. Կորնթացիս 13։4-8–ի մէջ նկարագրուած սիրոյ կարգ մը երեսակները։

14 Ընկերին հետ մեր գործառնութեանց մէջ, Պօղոսի նկարագրած սէրը ի գործ դնելը կրնայ շատ մը խնդիրներու առաջքը առնել, ուրախութիւն պատճառել եւ մեր վրայ Աստուծոյ օրհնութիւնը բերել (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 13։4-8)։ Հակիրճ կերպով նկատի առնենք թէ Պօղոս սիրոյ մասին ի՛նչ ըսաւ, եւ տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք անոր խօսքերը կիրարկել ընկերին հետ մեր փոխյարաբերութեան։

15. ա) Ինչո՞ւ հարկ է որ երկայնամիտ եւ քաղցր ըլլանք։ բ) Ինչո՞ւ պէտք է խուսափինք նախանձոտ եւ գոռոզ ըլլալէ։

15 «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է»։ Ճիշդ ինչպէս որ Աստուած անկատար մարդոց հետ իր գործառնութեանց մէջ երկայնամտութիւն եւ քաղցրութիւն ցոյց տուած է, նոյնպէս մենք հարկ է որ երկայնամիտ ու քաղցր ըլլանք, երբ ուրիշներ կը սխալին եւ անմտութեամբ կը գործեն, կամ նոյնիսկ անազնիւ կը գտնուին։ «Սէրը չի նախանձիր», ուստի իսկական սէրը մեզի թոյլ պիտի չտայ որ ժողովքին մէջ ուրիշին ունեցուածքին կամ առանձնաշնորհումներուն վրայ աչք տնկենք։ Ասկէ զատ, եթէ մեր մէջ սէր ունինք, պիտի չգոռոզանանք կամ չհպարտանանք։ Վերջ ի վերջոյ, «ամբարտաւան աչքերը եւ հպարտ սիրտը եւ ամբարիշտներուն լոյսը մեղք են» (Առ. 21։4)։

16, 17. Ինչպէ՞ս կրնանք Ա. Կորնթացիս 13։5, 6–ի համաձայն գործել։

16 Սէրը մեզ պիտի մղէ որ մեր ընկերին հետ պարկեշտութեամբ վարուինք։ Ո՛չ իրեն պիտի ստենք, ո՛չ գողնանք, ոչ ալ ընենք բան մը, որ Եհովայի օրէնքներն ու սկզբունքները կը բեկանէ։ Սէրը նաեւ թոյլ պիտի չտայ որ միայն մեր անձնական շահերը փնտռենք, փոխանակ ուրիշներուն շահերով հետաքրքրուելու (Փլպ. 2։4)։

17 Անկեղծ սէրը «բարկութեան չի գրգռուիր» եւ «չարութիւն չի խորհիր» կամ «վիրաւորանքները չի հաշուեր» (ՆԱ), կարծես գրի կ’առնենք ամէն անգամ որ մէկը անսիրալիր բան մը ընէ (Ա. Թես. 5։15)։ Եթէ մեր մէջ ոխ պահենք, Աստուած պիտի չհաճեցնենք, եւ իրականութեան մէջ մխացող կրակ կրած պիտի ըլլանք, որ կրնայ բոցավառելով թէ՛ մեզի եւ թէ ուրիշներուն վնասել (Ղեւ. 19։18)։ Սէրը պատճառ կ’ըլլայ որ ճշմարտութեամբ հրճուինք, բայց թոյլ չի տար որ ‘անիրաւութեան վրայ խնդանք’, նոյնիսկ եթէ մեզ ատող անհատ մը անարգուի կամ որոշ անիրաւութիւն կրէ (կարդա՛ Առակաց 24։17, 18)։

18. Սիրոյ մասին Ա. Կորնթացիս 13։7, 8–էն ի՞նչ կը սորվինք։

18 Պօղոս կը շարունակէ սէրը սահմանել՝ ըսելով թէ սէրը «ամէն բանի կը զիջանի»։ Եթէ անհատ մը մեզ վիրաւորէ բայց ներողութիւն խնդրէ, սէրը մեզ կը մղէ որ իրեն ներենք։ Սէրը Աստուծոյ Խօսքին մէջ գրուած «ամէն բանի կը հաւատայ», եւ թոյլ կու տայ որ երախտապարտ ըլլանք մեր ստացած հոգեւոր սնունդին համար։ Սէրը Աստուածաշունչի նշած «ամէն բանի կը յուսայ» եւ մեզ կը մղէ որ ուրիշներուն ըսենք մեր յոյսին պատճառները (Ա. Պետ. 3։15)։ Նաեւ փորձիչ պարագաներու ներքեւ կ’աղօթենք եւ կը յուսանք լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգել։ Սէրը «ամէն բանի կը համբերէ», ըլլան անոնք մեր դէմ գործուած մեղքեր, հալածանք կամ այլ փորձութիւններ։ Ասկէ զատ, «սէրը բնա՛ւ չ’իյնար»։ Հնազանդ մարդիկ զայն առյաւէտ պիտի դրսեւորեն։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԸՆԿԵՐԴ ՍԻՐԵԼ ԱՆՁԻԴ ՊԷՍ

19, 20. Ո՞ր աստուածաշնչական խրատը մեզ պէտք է մղէ որ շարունակենք դրացիական սէր դրսեւորել։

19 Աստուածաշունչին խրատը կիրարկելով, կրնանք շարունակել մեր ընկերը սիրել։ Այսպիսի սէր ցոյց կու տանք բոլոր մարդոց եւ ոչ միայն անոնց՝ որոնք մեր էթնիքական ենթահողը ունին։ Նաեւ պէտք է յիշենք որ Յիսուս ըսաւ. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատ. 22։39)։ Թէ՛ Աստուած եւ թէ Քրիստոս կ’ակնկալեն որ մեր ընկերը սիրենք։ Եթէ որոշ կացութեան մը ներքեւ չգիտնանք մեր ընկերին հետ ինչպէս վարուիլ, Աստուծոյ աղօթենք որ սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզ առաջնորդէ։ Այսպէս Եհովայի օրհնութիւնը պիտի ունենանք եւ պիտի կարենանք սիրալիր կերպով վարուիլ (Հռով. 8։26, 27)։

20 Մեր ընկերը մեր անձին պէս սիրելու պատուէրը կը կոչուի «արքայական օրէնքը» (Յակ. 2։8)։ Մովսիսական օրէնքին կարգ մը պատուիրաններուն ակնարկելէ ետք, Պօղոս ըսաւ. «Ուրիշ ինչ պատուէր որ կայ՝ բոլորը այս խօսքին մէջ կը բովանդակուի. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։ Սէրը ընկերին գէշութիւն չ’ըներ. ուրեմն օրէնքին լրումը սէրն է» (Հռով. 13։8-10)։ Ուստի հարկ է որ շարունակենք դրացիական սէր դրսեւորել։

21, 22. Ինչո՞ւ Աստուած եւ մեր ընկերը պէտք է սիրենք։

21 Մինչ կը խոկանք թէ ինչո՛ւ մեր ընկերին հանդէպ սէր պէտք է ունենանք, լաւ կ’ըլլայ որ նկատի առնենք Յիսուսի խօսքը, թէ իր Հայրը «արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մատ. 5։43-45)։ Պէտք է մեր ընկերը սիրենք, ըլլա՛յ արդար կամ անարդար։ Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, այս սէրը դրսեւորելու կարեւոր մէկ կերպն է՝ Թագաւորութեան պատգամը իրեն հետ բաժնել։ Ի՜նչ օրհնութիւններ վերապահուած են մեր ընկերին, եթէ սրտանց ընդունի բարի լուրը։

22 Առանց վերապահութեան Եհովան սիրելու շատ պատճառներ ունինք։ Նաեւ մեր ընկերին հանդէպ սէր ցուցաբերելու բազմաթիւ կերպեր ունինք։ Աստուած եւ մեր ընկերը սիրելով, ցոյց կու տանք թէ կը յարգենք այն ինչ որ Յիսուս ըսաւ այս կարեւոր հարցերուն շուրջ։ Ասկէ աւելին, մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան կ’ուրախացնենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել