ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՈ՞Ւ ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՑ ԳԷՇ ԲԱՆԵՐ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻՆ
Գէշ բաներու նկատմամբ Աստուած ի՞նչ պիտի ընէ
Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ թէ Եհովան եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, Բանսարկու Սատանային պատճառած տառապանքին նկատմամբ ի՛նչ պիտի ընեն։ «Ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ», կը նշէ Աստուածաշունչը (Ա. Յովհաննէս 3։8)։ Ներկայ դրութիւնը, որ ագահութեամբ, ատելութեամբ եւ չար արարքներով լեցուն է, պիտի քանդուի։ Իսկ «այս աշխարհին իշխանը»՝ Բանսարկու Սատանան, ըստ Յիսուսի խոստումին, «դուրս պիտի ձգուի» (Յովհաննէս 12։31)։ Սատանայի ազդեցութիւնը չըլլալով, արդար նոր աշխարհ մը պիտի հաստատուի, եւ այս երկիրը խաղաղ վայր մը պիտի ըլլայ (Բ. Պետրոս 3։13)։
Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք յամառօրէն կը մերժեն իրենց ճամբաները փոխել եւ կը վճռեն գէշ բաներ ընել։ Խորհրդածէ՛ այս ուղղակի խոստումին մասին. «Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին» (Առակաց 2։21, 22)։ Ամբարիշտ մարդոց ազդեցութիւնը պիտի չքանայ։ Այսպիսի խաղաղ պայմաններու ներքեւ, հնազանդ մարդիկ ժառանգուած անկատարութենէն հետզհետէ պիտի ազատին (Հռովմայեցիս 6։17, 18. 8։21)։
Այդ նոր աշխարհին մէջ, Աստուած գէշ բաները ինչպէ՞ս պիտի վերցնէ։ Ոչ թէ ազատ կամքի պարգեւը չեղեալ ընելով եւ մարդիկը մարդամեքենաներու վերածելով։ Ան իր ճամբաները հնազանդ մարդոց պիտի սորվեցնէ, իրենց օգնելով որ վնասակար մտածումներն ու արարքները մէկդի ընեն։
Աստուած տառապանքի ամէն պատճառ պիտի վերցնէ
Աստուած չակնկալուած աղէտներու նկատմամբ ի՞նչ պիտի ընէ։ Ան խոստացած է որ իր Թագաւորութիւնը մօտ օրէն երկիրը հակակշռի տակ պիտի առնէ։ Իր կողմէ նշանակուած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս, հիւանդները բժշկելու զօրութիւնը ունի (Մատթէոս 14։14)։ Ան նաեւ զօրութիւն ունի բնութեան ուժերը հակակշռի տակ առնելու (Մարկոս 4։35-41)։ Ուստի պիտի անհետանայ այն տառապանքը, որուն պատճառն է «ժամանակ ու դիպուած» (Ժողովող 9։11)։ Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ, ո՛չ մէկ աղէտ մարդկութիւնը պիտի հարուածէ (Առակաց 1։33)։
Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ միլիոնաւոր անմեղ մարդոց մասին, որոնք ողբերգական կերպով մեռած են։ Յիսուս իր բարեկամը՝ Ղազարոսը յարուցանելէն քիչ առաջ, ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը» (Յովհաննէս 11։25)։ Այո, Յիսուս զօրութիւնը ունի յարութիւն տալու, կամ ննջեցեալները վերակենդանացնելու։
Եթէ քեզ կը հետաքրքրէ ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր բարի մարդոց գէշ բաներ պիտի չպատահին, ինչո՞ւ չնպատակադրես Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով աւելին գիտնալ ճշմարիտ Աստուծոյն եւ իր նպատակին մասին։ Շրջանիդ մէջ բնակող Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի օգնելու որ այս գիտութիւնը ձեռք ձգես։ Ջերմօրէն քեզ կը հրաւիրենք որ իրենց հետ կապ պահես կամ այս պարբերաթերթին հրատարակիչներուն գրես։