Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 8/1 էջ 15
  • Ո՞վ գոյութիւն տուաւ Աստուծոյ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞վ գոյութիւն տուաւ Աստուծոյ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ստեղծիչը կրնայ իմաստ տալ ձեր կեանքին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Մեր Մեծ Ստեղծիչը Հոգածու Է Մեզի Հանդէպ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Կրնանք յաւիտեա՛ն ապրիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Յաւիտենական Թագաւորը փառաբանեցէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 8/1 էջ 15
Տիեզերքին պզտիկ մէկ մասին մէջ երկնային մարմիններ

ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Ո՞վ գոյութիւն տուաւ Աստուծոյ։

Պատկերացուր որ հայր մը իր 7 տարեկան մանչին հետ կը խօսի։ Ան կ’ըսէ. «Շա՜տ երկար ժամանակ առաջ, Աստուած շինեց երկրագունդը եւ անոր վրայ գտնուող ամէն բան, եւ ան շինեց արեւը, լուսինն ու աստղերը»։ Տղան քանի մը վայրկեան ասոր մասին մտածելէ ետք, կը հարցնէ. «Պապա, ո՞վ շինեց Աստուած»։

«Ո՛չ մէկը շինեց Աստուած», կը պատասխանէ հայրը։ «Ան մի՛շտ կար»։ Այդ պարզ խօսքը զաւակը կը գոհացնէ։ Սակայն մինչ կը մեծնայ, հարցումը կը շարունակէ զինք հետաքրքրել։ Ան դժուար կը գտնէ ըմբռնել թէ անձ մը կրնայ սկիզբ չունենալ։ Տիեզերքն անգամ սկիզբ ունի։ «Աստուած ուրկէ՞ եկաւ», հարց կու տայ ան։

Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը պատասխանէ։ Այն նոյն կերպով որ օրինակին մէջի հայրը կը պատասխանէ։ Մովսէս գրեց. «Ո՜վ Տէր. . . Լեռներուն ծնանելէն առաջ՝ երկրի եւ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ՝ յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած» (Սաղմոս 90։1, 2)։ Նմանապէս, Եսայի մարգարէն նշեց. «Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան, երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, չի յոգնիր» (Եսայի 40։28)։ Նմանապէս Յուդայի նամակը Աստուծոյ կ’ակնարկէ որպէս «բոլոր դարերէն առաջ» գոյութիւն ունեցող (Յուդա 25)։

Այս համարները մեզի ցոյց կու տան, թէ Աստուած «յաւիտենականութեան Թագաւորն» է, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ զինք կը նկարագրէ (Ա. Տիմոթէոս 1։17, ՆԱ)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Աստուած միշտ գոյութիւն ունեցած է, որքա՛ն ալ ժամանակով ետեւ երթանք։ Եւ ան ապագային միշտ ալ գոյութիւն պիտի ունենայ (Յայտնութիւն 1։8)։ Ուստի, Ամենակալին յաւիտենական գոյութիւնը իր հիմնական յատկութիւններէն մէկն է։

Ինչո՞ւ մեզի համար դժուար է այս գաղափարը հասկնալ։ Որովհետեւ մեր կեանքի տեւողութիւնը սահմանափակ է, ժամանակի մեր ըմբռնումը Եհովայի ըմբռնումէն բոլորովին տարբեր է։ Ան յաւիտենական ըլլալով, իրեն համար 1000 տարին մէկ օրուան պէս է (Բ. Պետրոս 3։8)։ Լուսաբանենք. մեծցած մարախը, որ շուրջ 50 օր կ’ապրի, կրնա՞յ մեր կեանքի տեւողութիւնը ըմբռնել, որ 70 կամ 80 տարի է։ Ո՛չ։ Բայց եւ այնպէս, Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ մենք մարախներուն կը նմանինք, բաղդատած մեր Մեծ Ստեղծիչին։ Նոյնիսկ մեր տրամաբանելու կարողութիւնը գերազանցօրէն սահմանափակ է, բաղդատած իրենինին (Եսայի 40։22. 55։8, 9)։ Ուստի զարմանալի չէ որ մարդ արարածը չի կրնար լիովին ըմբռնել Եհովայի բնոյթին կարգ մը երեսակները։

Թէեւ յաւիտենական Աստուծոյ գոյութեան գաղափարը կրնայ դժուարահասկնալի ըլլալ, սակայն կրնանք տեսնել թէ անիկա տրամաբանական է։ Եթէ Աստուած ստեղծուէր ուրիշ անձի մը կողմէ, այդ ա՛նձը պիտի ըլլար Ստեղծիչը։ Բայց, ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը բացատրէ, Եհովա՛ն ‘ամէն բան ստեղծեց’ (Յայտնութիւն 4։10բ)։ Ասկէ աւելին, գիտենք թէ ատեն մը տիեզերքը գոյութիւն չունէր (Ծննդոց 1։1, 2)։ Անիկա ինչպէ՞ս գոյացաւ։ Հարկ էր որ նա՛խ զայն Ստեղծողը գոյանար։ Ան նաեւ կար միւս մտացի էակներուն գոյութենէն առաջ, ինչպէս՝ իր միածին Որդին եւ հրեշտակները (Յոբ 38։4, 7. Կողոսացիս 1։15)։ Ուստի, յստակ է որ նա՛խ ինք առանձին գոյութիւն ունէր։ Կարելի չէր որ ստեղծուէր. ոչի՛նչ կար որ զինք ստեղծէր։

Մեր եւ ամբողջ տիեզերքի գոյութիւնը կ’ապացուցանէ, թէ յաւիտենական Աստուած մը գոյութիւն ունի։ Ան՝ որ մեր ընդարձակ տիեզերքը մէջտեղ բերաւ եւ զայն հակակշռի տակ առնելու օրէնքները դրաւ, պէտք է որ միշտ գոյութիւն ունեցած ըլլայ։ Միայն ինք կրնար ուրիշներու կեանք տալ (Յոբ 33։4)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել