Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 9/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հոգեղէն արարածները ինչպէ՞ս մեզի կ’ազդեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս մեզի կ’ազդեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Հրեշտակները՝ «սպասաւորող հոգիներ են»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Հրեշտակներուն եւ դեւերուն մասին ճշմարտութիւնը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 9/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Հրեշտակները կրնա՞ն մեզի օգնել։

Առիւծներու գուբին մէջ, հրեշտակ մը Դանիէլը վնասէ կը պաշտպանէ

Ինչպէս որ անցեալին հրեշտակները Աստուծոյ հաւատարիմ ծառային՝ Դանիէլին օգնեցին, ներկայիս անոնք մարդոց կ’օգնեն որ բարի լուրէն օգտուին

Աստուած մարդ արարածը ստեղծելէն շատ առաջ միլիոնաւոր հրեշտակներ ստեղծեց (Յոբ 38։4, 7)։ Այս զօրեղ հոգեղէն արարածները Աստուծոյ կը ծառայեն, երբեմն իր կողմէ ուղարկուելով երկիր, որպէսզի իր ծառաները առաջնորդեն եւ պաշտպանեն (Սաղմոս 91։10, 11)։ Ներկայիս, հրեշտակները մարդոց կ’օգնեն որ օգտուին այն բարի լուրէն, կամ աւետիսէն, որ Յիսուսի հետեւորդները կը քարոզեն (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։6, 7)։

Օգնութեան համար հրեշտակներուն պէ՞տք է աղօթենք։ Ո՛չ։ Աղօթելը պաշտամունքի արարք է, եւ պաշտամունքը միայն Աստուծոյ կը մատուցուի (Յայտնութիւն 19։10)։ Որովհետեւ հրեշտակները Աստուծոյ ծառաներն են, անոնք իրմէ՛ եկած ուղղութիւններուն կ’ընդառաջեն, եւ ոչ թէ մարդոցմէ եկած ուղղութիւններուն։ Ուստի, պէտք է միշտ մեր աղօթքները միայն Աստուծոյ ուղղենք, Յիսուսի միջոցաւ (կարդա՛ Սաղմոս 103։20, 21. Մատթէոս 26։53)։

Ըմբոստ հրեշտակներ կա՞ն։

Մարդոց նման, հրեշտակները ազատ կամք ունին եւ կրնան ընտրել ընել ճիշդը կամ սխալը։ Ցաւօք սրտի, հրեշտակներէն շատեր Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան (Բ. Պետրոս 2։4)։ Առաջինն էր Սատանան. ուրիշներ իրեն հետեւեցան եւ դեւեր դարձան։ Արդի ժամանակներուն, Սատանան ու իր դեւերը երկինքէն դէպի երկիր վռնտուեցան (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։7-9)։

1914–էն ի վեր ամբարշտութեան ու բռնութեան աչքառու յաւելումը նշան մըն է, թէ Աստուած շուտով Սատանան ու դեւերը անգործունեայ վիճակի պիտի մատնէ։ Ապա, Աստուած երկրագունդը իր սկզբնական վիճակին պիտի դարձնէ (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։12. 21։3, 4)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 10–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել