Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ06 2/1 էջ 3-5
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս մեզի կ’ազդեն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հրեշտակները ի՛նչպէս մեզի կ’ազդեն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հրեշտակները կը զօրացնեն ու կը պաշտպանեն
  • Հրեշտակները Աստուծոյ պատգամները կը հաղորդեն
  • Հրեշտակները Աստուծոյ դատաստանը կը գործադրեն
  • Ո՞վ են դեւերը
  • Ի՞նչ պէտք է ընես
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս կրնան օգնել ձեզի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Հրեշտակները՝ «սպասաւորող հոգիներ են»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Հրեշտակները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
դ06 2/1 էջ 3-5

Հրեշտակները ի՛նչպէս մեզի կ’ազդեն

ԱՍՏՈՒԾՈՅ հրեշտակային ընտանիքին առնչութեամբ իր տեսած տեսիլքը նկարագրելով, Դանիէլ մարգարէն գրեց. «Հազարաւորներ ծառայութիւն կ’ընէին [Աստուծոյ] եւ բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնէին»։ (Դանիէլ 7։10) Այս համարը կը յայտնէ թէ Աստուած հրեշտակները ստեղծեց այն նպատակով որ իրեն ծառայեն ու իր հրահանգները կատարելու պատրաստ ըլլան։

Աստուած հրեշտակները կը գործածէ կարգ մը գործեր ընելու մարդոց կապակցաբար։ Նկատի պիտի առնենք թէ ան զիրենք ի՛նչպէս կը գործածէ իր ժողովուրդը զօրացնելու եւ պաշտպանելու, մարդոց պատգամներ հաղորդելու եւ չարերուն վրայ իր դատաստանը գործադրելու համար։

Հրեշտակները կը զօրացնեն ու կը պաշտպանեն

Երկրագունդին ու մարդկային առաջին զոյգին ստեղծագործութենէն ի վեր, հոգեղէն արարածները մարդկութեան հանդէպ խոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են։ Յիսուս Քրիստոս իր նախամարդկային գոյութեան մէջ՝ որպէս անձնաւորուած իմաստութիւն խօսելով, ըսաւ. «Իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր»։ (Առակաց 8։31) Աստուածաշունչը նաեւ մեզի կը տեղեկացնէ թէ ‘հրեշտակները կը ցանկան ակնկառոյց նայիլ’ Աստուծոյ մարգարէներուն յայտնուած այն իրողութիւններուն, որոնք Քրիստոսի եւ ապագային հետ կապ ունին։—Ա. Պետրոս 1։11, 12

Ժամանակի ընթացքին, հրեշտակները տեսան թէ մարդկային ընտանիքին մեծամասնութիւնը իր սիրառատ Ստեղծիչին չէր ծառայեր։ Ասիկա որքա՜ն տրտմեցուցած ըլլալու էր հաւատարիմ հրեշտակները։ Միւս կողմէ, երբ մեղաւոր մը զղջայ ու Եհովայի դառնայ, ‘ուրախութիւն կ’ըլլայ հրեշտակներուն առջեւ’։ (Ղուկաս 15։10) Հրեշտակները Աստուծոյ ծառայողներուն բարօրութեամբ խորապէս հետաքրքրուած են, եւ Եհովա զիրենք յաճախ գործածած է իր երկրային հաւատարիմ ծառաները զօրացնելու եւ պաշտպանելու համար։ (Եբրայեցիս 1։14) Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

Երկու հրեշտակներ արդար Ղովտի ու իր դուստրերուն օգնեցին, որ չարութեամբ զեղուն Սոդոմի ու Գոմորի կործանումէն վերապրին։a (Ծննդոց 19։1, 15-26) Դարեր ետք, Դանիէլ մարգարէն առիւծներուն գուբը նետուելով հանդերձ, երբեք չվնասուեցաւ։ Ինչո՞ւ։ «Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց», ըսաւ ան։ (Դանիէլ 6։22) Հրեշտակները Յիսուսի թիկունք կանգնեցան՝ իր երկրային ծառայութեան սկիզբը։ (Մարկոս 1։13) Իսկ իր մահէն քիչ առաջ, հրեշտակ մը երեւցաւ ու «զօրացուց զանիկա»։ (Ղուկաս 22։43) Յիսուսի համար այդ հրեշտակային աջակցութիւնը ի՜նչ օրհնութիւն մը ըլլալու էր։ Հրեշտակ մը նաեւ Պետրոս առաքեալը բանտէն ազատեց։—Գործք 12։6-11

Ներկայիս հրեշտակները կը պաշտպանե՞ն մեզ։ Եթէ Եհովան կը պաշտենք իր Խօսքին համեմատ, մեզի երաշխիք տրուած է թէ իր զօրաւոր ու անտեսանելի հրեշտակները մեզ կը պաշտպանեն։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Տէրոջ հրեշտակը անկէ վախցողներուն շուրջը կը բանակի, ու զանոնք կ’ազատէ»։—Սաղմոս 34։7, ԱՎ

Սակայն պէտք է գիտակցինք թէ հրեշտակները գլխաւորաբար Աստուծոյ կը ծառայեն, եւ ո՛չ թէ մարդոց։ (Սաղմոս 103։20, 21) Անոնք կ’ընդառաջեն Աստուծոյ հրահանգներուն, եւ ո՛չ թէ մարդուն խնդրանքներուն։ Ուստի օգնութեան համար պէտք է դիմել Եհովա Աստուծոյ, փոխանակ հրեշտակներու։ (Մատթէոս 26։53) Անշուշտ, քանի որ հրեշտակները չենք տեսներ, չենք կրնար գիտնալ թէ Աստուած զիրենք ո՛ր տարողութեամբ կը գործածէ մարդոց օգնելու համար զանազան հարցերու մէջ։ Բայց գիտենք որ Եհովա «իրեն ուղիղ սրտով յարողները կ’ուժովցնէ»։ (Բ. Մնացորդաց 16։9. Սաղմոս 91։11) Եւ երաշխիք ունինք թէ «ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, [Աստուած] պիտի լսէ մեզի»։—Ա. Յովհաննու 5։14

Սուրբ Գրութիւնները նաեւ մեզի կ’ըսեն թէ մեր աղօթքներն ու պաշտամունքը միայն Աստուծոյ պէտք է ուղղենք։ (Ելից 20։3-5. Սաղմոս 5։1, 2. Մատթէոս 6։9) Հաւատարիմ հրեշտակները մեզ կը քաջալերեն որ այդպէս ընենք։ Օրինակ, երբ Յովհաննէս առաքեալ փորձեց հրեշտակի մը երկրպագել, ան զինք յանդիմանեց՝ ըսելով. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. . . . Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ»։—Յայտնութիւն 19։10

Հրեշտակները Աստուծոյ պատգամները կը հաղորդեն

«Հրեշտակ» բառը կը նշանակէ «պատգամաւոր», եւ այսպէս հրեշտակները Աստուծոյ կը սպասարկեն՝ իր պատգամները մարդոց հաղորդելով։ Օրինակ, «Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլիայի մէկ քաղաքը՝ որուն անունը Նազարէթ էր»։ Ինչո՞ւ։ Մարիամ անունով երիտասարդուհիի մը իմացնելու թէ կոյս ըլլալով հանդերձ պիտի յղանար եւ որդի մը պիտի ծնանէր, որ Յիսուս պիտի կոչուէր։ (Ղուկաս 1։26-31) Հրեշտակ մը նաեւ ուղարկուեցաւ դաշտաբնակ հովիւներու, որպէսզի տեղեկացնէ թէ «Օծեալ Տէր»ը ծնած էր։ (Ղուկաս 2։8-11) Նմանապէս, Աստուածաշունչը կը նշէ թէ հրեշտակներ Աստուծոյ կողմէ պատգամներ հաղորդեցին Աբրահամի, Մովսէսի, Յիսուսի եւ ուրիշներու։—Ծննդոց 18։1-5, 10. Ելից 3։1, 2. Ղուկաս 22։39-43

Ներկայիս հրեշտակները ի՞նչպէս կը ծառայեն որպէս Աստուծոյ պատգամաբերները։ Նկատի առ այն գործը որ Յիսուս նախագուշակեց թէ իր հետեւորդները պիտի կատարէին, այս իրերու դրութեան վախճանը գալէն առաջ։ Ան ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։3, 14) Եհովայի Վկաները ամէն տարի աւելի քան մէկ միլիառ ժամ կը տրամադրեն, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու։ Բայց գիտէի՞ր թէ այս գործին մէջ հրեշտակներն ալ պարփակուած են։ Յովհաննէս առաքեալ իր տեսած մէկ տեսիլքին մասին ըսաւ. «Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ . . . ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին»։ (Յայտնութիւն 14։6, 7) Այս համարը ցցուն կ’ընէ մարդոց ի նպաստ ներկայիս հրեշտակներուն կատարած գլխաւոր գործը։

Եհովայի Վկաները դռնէ դուռ քարոզելով, հրեշտակային առաջնորդութեան ապացոյցը կը տեսնեն։ Անոնք յաճախ շփման մէջ կու գան անհատներու հետ, որոնք այդ պահուն կ’աղօթէին որ մէկը իրենց օգնէ Աստուծոյ նպատակները հասկնալու։ Հրեշտակային առաջնորդութեան եւ Վկաներու նախաձեռնութեան շնորհիւ, ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ կը սկսին Եհովան ճանչնալ։ Կը մաղթենք որ դուն ալ հրեշտակային առաջնորդութեան ներքեւ կատարուած այս փրկարար գործէն օգտուիս։

Հրեշտակները Աստուծոյ դատաստանը կը գործադրեն

Թէեւ հրեշտակները մարդիկը դատելու լիազօրութիւն չունին, սակայն պարզապէս հանդիսատեսներ չեն։ (Յովհաննու 5։22. Եբրայեցիս 12։22, 23) Որպէս դահիճներ ծառայելով, անցեալին անոնք Աստուծոյ դատաստանները գործադրեցին։ Օրինակ, Աստուած հրեշտակներ գործածեց վաղեմի Եգիպտացիներուն դէմ պատերազմելու համար, որոնք Իսրայելացիները կը ստրկացնէին։ (Սաղմոս 78։49, ՆԱ) Իսկ մէկ գիշերուան մէջ «Տէրոջը հրեշտակը» Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամիի մը բանակավայրին մէջ 185,000 զինուոր զարկաւ։—Դ. Թագաւորաց 19։35

Ապագային ալ հրեշտակները Աստուծոյ աննպաստ դատավճիռները պիտի գործադրեն։ Յիսուս պիտի գայ «իր զօրաւոր հրեշտակներովը, բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ . . . աւետարանին չեն հնազանդիր»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8) Այդ կործանումը պիտի գայ միայն անոնց վրայ, որոնք չեն ընդառաջեր՝ հրեշտակներուն աջակցութեամբ երկրագունդի տարածքին քարոզուած պատգամին։ Աստուած փնտռողները եւ աստուածաշնչական ուսուցումներուն ենթարկուողները պիտի չվնասուին։—Սոփոնեայ 2։3

Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ հաւատարիմ հրեշտակներուն, որոնք մի՛շտ Աստուծոյ հրահանգները կը կատարեն։ Եհովա զանոնք կը գործածէ՝ երկրի վրայ իր հաւատարիմ ծառաներուն աջակցելու եւ պաշտպանելու համար։ Ասիկա յատկապէս մեզ կը մխիթարէ, քանի որ դեւեր կոչուած վտանգաւոր հոգեղէն արարածներ կան, որոնք կ’ուզեն մեզի վնաս հասցնել։

Ո՞վ են դեւերը

Հրեշտակներէ բաղկացած Աստուծոյ ընտանիքը տեսաւ թէ Սատանան Եդեմի մէջ Եւան խաբելէ ետք, յաջորդ 15 դարերուն ընթացքին կրցաւ Աստուծմէ հեռացնել բոլոր մարդիկը, բացի մի քանի հաւատարիմներէ, ինչպէս՝ Աբէլ, Ենովք եւ Նոյ։ (Ծննդոց 3։1-7. Եբրայեցիս 11։4, 5, 7) Կարգ մը հրեշտակներ ալ Սատանայի հետեւեցան։ Աստուածաշունչը անոնց կ’ակնարկէ որպէս այն հոգիները, որոնք «Նոյին օրերը» ապստամբ էին։ (Ա. Պետրոս 3։19, 20) Անոնց ապստամբութիւնը ի՞նչպէս բացայայտ դարձաւ։

Նոյի ժամանակ, անորոշ թիւով ըմբոստ հրեշտակներ Աստուծոյ երկնային ընտանիքին մէջ իրենց դիրքերը լքեցին, երկիր իջան ու ֆիզիքական մարմիններ առին։ Ինչո՞ւ։ Անոնք կիներու հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալու ցանկութիւն մը զարգացուցած էին։ Ասիկա պատճառ եղաւ որ անոնք Նեֆիլիմ կոչուող սերունդ մը յառաջ բերեն, որոնք վայրագ հսկաներ եղան։ Ասկէ զատ, «մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ [շատցաւ] եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր»։ Սակայն Եհովա Աստուած թոյլ չտուաւ որ մարդկութեան այս փտածութիւնը շարունակուի։ Ան աշխարհածաւալ Ջրհեղեղ բերաւ, որ բոլոր չար մարդիկն ու Նեֆիլիմները բնաջնջեց։ Վերապրող միակ մարդիկը, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներն էին։—Ծննդոց 6։1-7, 17. 7։23

Ըմբոստ հրեշտակները Ջրհեղեղի ժամանակ ողջ մնացին։ Անոնք իրենց ֆիզիքական մարմիններէն ձերբազատուեցան ու որպէս հոգեղէն արարածներ երկինք վերադարձան։ Անոնք սկսան դեւեր կոչուիլ, եւ Սատանայի կողմը դիրք բռնեցին, որ ‘դեւերուն իշխանն’ է։ (Մատթէոս 12։24-27) Իրենց պետին նման, դեւերը կը տենչան մարդոց կողմէ պաշտուիլ։

Դեւերը վտանգաւոր են, բայց հարկ չկայ որ անոնցմէ սոսկանք։ Անոնց ոյժը սահմանափակ է։ Երբ ապստամբ հրեշտակները երկինք վերադարձան, անոնց թոյլ չտրուեցաւ որ հաւատարիմ հրեշտակներէ բաղկացած Աստուծոյ ընտանիքին միանան։ Անոնք Աստուծոյ շնորհած հոգեւոր լուսաւորութենէն զրկուեցան, մռայլ ապագայ մը իրենց սպասելով։ Արդարեւ անոնք արգելափակուած են հոգեւոր մթութեան վիճակի մը մէջ, որ Տարտարոս կը կոչուի։ (Բ. Պետրոս 2։4) Եհովա «մշտնջենաւոր կապերով» զանոնք զսպեց, այնպէս որ հոգեւոր խաւարի մէջ են։ Ասկէ զատ, անոնք այլեւս չեն կրնար մարդկային մարմիններ առնել։—Յուդա 6

Ի՞նչ պէտք է ընես

Դեւերը տակաւին մարդոց վրայ ազդեցութիւն կը բանեցնե՞ն։ Այո՛, իրենց պետին՝ Բանսարկուի «հնարքներ»ը գործածելով։ (Եփեսացիս 6։11, 12) Սակայն Աստուծոյ Խօսքին խրատները կիրարկելով, կրնանք դեւերուն դէմ հաստատուն կայնիլ։ Ասկէ զատ, Աստուած սիրողները կը վայելեն հզօր հրեշտակներու պաշտպանութիւնը։

Որքա՜ն կենսական է որ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած Աստուծոյ պահանջները սորվիս եւ սորվածդ գործադրես։ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն մասին կրնաս աւելի սորվիլ, շրջանիդ մէջ գտնուող Եհովայի Վկաներուն հետ կապ պահելով կամ այս պարբերաթերթին հրատարակիչներուն գրելով։ Եհովայի Վկաները սիրով պիտի ուզեն քեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, անվճար եւ քեզի յարմար եղող ժամանակին։

[Ստորանիշ]

a Աստուածաշունչին մէջ, հրեշտակները ներկայացուած են որպէս չափահաս արուներ։ Անոնք միշտ իբրեւ արուներ երեւցան մարդոց։

[Շրջանակ՝ էջ 4]

ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ Ի՛ՆՉՊԷՍ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԵՆ

Եհովա իր հրեշտակային մեծ ընտանիքը հետեւեալ կերպով կազմակերպած է.

Ամենահզօր եւ ամենաշատ հեղինակութիւն ունեցող հրեշտակը՝ Միքայէլ հրեշտակապետն է,– Յիսուս Քրիստոս։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15. Յուդա 9) Սերովբէները, քերովբէները եւ միւս հրեշտակները իր հեղինակութեան ներքեւ են։

Սերովբէները Աստուծոյ կարգադրութեան մէջ շատ բարձր դիրք մը կը գրաւեն։ Անոնք Աստուծոյ գահին քով սպասարկութիւն կը մատուցանեն։ Անոնց նշանակումը կը պարփակէ Աստուծոյ սրբութիւնը ծանուցանել եւ իր ժողովուրդը հոգեւորապէս մաքուր պահել։—Եսայեայ 6։1-3, 6, 7

Քերովբէները Աստուծոյ գահին կ’ընկերակցին եւ Եհովայի մեծափառութիւնը վեր կը բռնեն։—Սաղմոս 80։1. 99։1. Եզեկիէլ 10։1, 2

Միւս հրեշտակները Եհովայի գործակալներն են եւ աստուածային կամքը կը կատարեն։

[Նկար՝ էջ 4]

Հրեշտակները Աստուծոյ դատաստանը կը գործադրեն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել