Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 12/1 էջ 4-7
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս կրնան օգնել ձեզի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հրեշտակները ի՛նչպէս կրնան օգնել ձեզի
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հրեշտակներու Հետ Հանդիպում
  • Հրեշտակները Օգնութեան Պէ՞տք Է Կանչենք
  • Աստուած Կանչել
  • Հրեշտակներ եւ Բարոյագիտութիւն
  • Պահապան Հրեշտակներ
  • Հրեշտակներուն Բերած Պատգամները
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս մեզի կ’ազդեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Հրեշտակները՝ «սպասաւորող հոգիներ են»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Հրեշտակները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Հաւատարիմ հրեշտակները ընդօրինակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 12/1 էջ 4-7

Հրեշտակները ի՛նչպէս կրնան օգնել ձեզի

ԱՍՏՈՒԾՈՅ Խօսքը կը հաստատէ հրեշտակներու գոյութիւնը։ Անիկա կ’ըսէ թէ այս հոգեղէն արարածներուն թիւը միլիոններու կը հասնի։ Եհովա Աստուծոյ ծառան՝ Դանիէլ, երկնային բաներու մասին իր տեսած տեսիլքին մասին գրելով կ’ըսէ. «Հազարաւորներ ծառայութիւն կ’ընէին [Աստուծոյ] եւ բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնէին»։—Դանիէլ 7։10

Նկատի առէք թէ Դանիէլի խօսքերը միայն հրեշտակներու թիւին չեն ակնարկեր։ Անիկա կը նշէ նաեւ որ հրեշտակները Աստուծոյ կը ծառայեն։ Անոնք իր ծառաներն են։ Նոյն գծով, սաղմոսերգուն երգեց. «Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ, որ ուժով զօրաւոր էք, որ անոր խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարէք։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր, անոր կամքը կատարող պաշտօնեաներ»։—Սաղմոս 103։20, 21

Աստուածաշունչը նաեւ կը բացատրէ թէ հրեշտակներուն կեանքը նախ երկրի վրայ չսկսաւ որպէս մարդ։ Երկիրը ստեղծելէն առաջ իսկ Եհովա ստեղծած էր հրեշտակները երկնքի մէջ։ Երբ Աստուած ‘երկրի հիմերը կը դնէր, Աստուծոյ հրեշտակային որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին’։—Յոբայ 38։4-7

Հրեշտակները հոգեղէն արարածներ են՝ անտեսանելի, զօրաւոր եւ մտացի։ Աստուածաշունչին մէջ, Եբրայերէն մալ·ագ եւ Յունարէն աճճէ·լոս բառերը «հրեշտակ» թարգմանուած են, հոգեղէն արարած նշելու համար։ Այս բառերը շուրջ 400 անգամ կը գտնուին Աստուածաշունչին մէջ։ Երկուքին ալ իմաստը նոյնն է՝ «պատգամաբեր»։

Հրեշտակներու Հետ Հանդիպում

Հրեշտակները անշուշտ պատգամաբերներ են։ Հաւանաբար ձեզի ծանօթ է Աստուածաշունչի պատմութիւնը թէ Գաբրիէլ հրեշտակը Մարիամի երեւցաւ։ Ան Մարիամի ըսաւ որ կոյս վիճակին մէջ որդի մը պիտի ունենար, որու անունը Յիսուս պիտի կոչուէր։ (Ղուկաս 1։26-33) Հրեշտակ մը դաշտի մէջ գտնուող հովիւներուն երեւցաւ, անոնց աւետիս մը տալով. «Այսօր Փրկիչ մը ծնաւ . . . որ Օծեալ Տէր է»։ (Ղուկաս 2։8-11) Նմանապէս, հրեշտակներ պատգամներ տուին Հագարի, Աբրահամի, Ղովտի, Յակոբի, Մովսէսի, Գեդէօնի, Յիսուսի եւ սուրբ գրային ուրիշ անձնաւորութիւններու։—Ծննդոց 16։7-12. 18։1-5, 10. 19։1-3. 32։24-30. Ելից 3։1, 2. Դատաւորաց 6։11-22. Ղուկաս 22։39-43. Եբրայեցիս 13։2

Յատկանշական է որ հրեշտակներուն տուած այս բոլոր պատգամները Աստուծոյ կամքին կատարման հետ առնչուած էին եւ ոչ թէ՝ մարդոց։ Հրեշտակները երեւցան որպէս Աստուծոյ ներկայացուցիչները, ըստ Իր կամքին եւ ժամանակացոյցին. մարդիկ չէ որ կանչեցին զանոնք։

Հրեշտակները Օգնութեան Պէ՞տք Է Կանչենք

Նեղութեան ժամանակ, տեղի՞ն է հրեշտակներուն օգնութեան դիմել։ Եթէ այո, ուրեմն պիտի ուզենք գիտնալ այն հրեշտակին անունը որ լաւագոյնս կրնայ օգնել մեզի։ Հետեւաբար, շուկայի մէջ ծախուած կարգ մը գիրքեր շատ մը հրեշտակներու ենթադրեալ անունները, ինչպէս նաեւ անոնց դասը, տիտղոսը եւ պարտականութիւնները կու տան։ Գիրք մը «երկնային տասը ամենէն ժողովրդական» եղող՝ «Արեւմտեան Աշխարհին մէջ հանրածանօթ հրեշտակներ»ուն անունները կու տայ։ Այս ցանկին հետ տրուած խրատն է աչքերը գոցել, բազմաթիւ անգամ հրեշտակին անունը դանդաղօրէն կրկնել, խոր ու դանդաղ կերպով շնչել եւ «անոնց հետ շփման մէջ գալու կարելիութեան համար պատրաստուիլ»։

Ասոր հակառակը, Աստուածաշունչը մեզի կու տայ միմիայն Աստուծոյ երկու հաւատարիմ հրեշտակներու անուններ՝ Միքայէլ եւ Գաբրիէլ։ (Դանիէլ 12։1. Ղուկաս 1։26) Հաւանաբար, այս անունները տալու պատճառն էր ցոյց տալ թէ իւրաքանչիւր հրեշտակ անուն ունեցող հոգեղէն առանձնայատուկ էութիւն մըն է եւ ոչ թէ՝ վերացական զօրութիւն մը կամ ոյժ մը։

Ուշադրութեան արժանի է որ կարգ մը հրեշտակներ մերժեցին իրենց անունը յայտնել մարդոց։ Երբ Յակոբ հրեշտակէ մը խնդրեց որ իր անունը ըսէ, ան չուզեց ըսել։ (Ծննդոց 32։29) Երբ իրմէ խնդրուեցաւ որ ինքզինք յայտնէ, Յեսուի մօտեցող հրեշտակը պարզապէս ըսաւ որ ինք «Տէրոջը զօրավարն» է։ (Յեսուայ 5։14) Երբ Սամփսոնի ծնողքը հրեշտակին անունը հարցուցին, ան ըսաւ. «Իմ անունս ինչո՞ւ կը հարցնես, որովհետեւ անիկա սքանչելի է»։ (Դատաւորաց 13։17, 18) Աստուածաշունչը հրեշտակներու անուններուն ցանկը չտալով, անոնց անտեղի պատիւ եւ պաշտամունք տալու դէմ մեզ կը պաշտպանէ։ Պիտի տեսնենք նաեւ, որ անիկա մեզի հրահանգ չի տար որ զանոնք կանչենք։

Աստուած Կանչել

Հոգեղէն ոլորտի անցուդարձերու նկատմամբ մեր գիտնալիք բաներուն մասին կը խօսի Աստուածաշունչը։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է . . . որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Եթէ Աստուած ուզէր որ շատ մը հրեշտակներու անունները գիտնայինք, զանոնք պիտի յայտնէր իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ։ Իսկ եթէ Աստուած փափաքէր մեզի գիտցնել թէ ի՛նչպէս կրնանք հրեշտակներուն հետ շփման մէջ գալ, կամ անոնց աղօթել, Աստուածաշունչին մէջ այս տեղեկութիւնները տուած պիտի ըլլար։

Ընդհակառակը, Յիսուս Քրիստոս մեզի սորվեցուց. «Երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի . . . Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ’»։ (Մատթէոս 6։6, 9) Ուստի, Սուրբ Գրքի տեսակէտը հետեւեալն է. Մենք հրեշտակներուն օգնութեան պէտք չէ դիմենք, ոչ ալ անոնց աղօթենք, այլ հրեշտակներու Ստեղծիչին՝ ուղղակի Աստուծոյ պէտք է մօտենանք աղօթքով։ Անոր անունը գաղտնի պահուած բան մը չէ, եւ տեսանողի մը քով երթալու պէտք չունինք որպէսզի զայն մեզի յայտնէ։ Թէեւ Աստուծոյ անունը շուքի մէջ ձգելու փորձեր կատարուած են, բայց Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջ անիկա 7,000 անգամէ աւելի կը յայտնուի։ Օրինակ, երկնային Հօր ակնարկելով, սաղմոսերգուն ըսաւ. «Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։—Սաղմոս 83։18

Մեզի մտիկ ընելու համար Եհովա բնաւ շատ զբաղած չէ, պայմանաւ որ պատշաճ կերպով իրեն մօտենանք աղօթքով։ Աստուածաշունչը մեզի հետեւեալ երաշխիքը կու տայ. «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ»։—Բ. Մնացորդաց 16։9

Հրեշտակներ եւ Բարոյագիտութիւն

Տեղեկատուական սպասարկութեան միջոցաւ յաճախ ներկայացուածին հակառակը, հրեշտակները մարդիկը չեն դատեր։ Պէտք է որ այսպէս ըլլայ, քանի որ հրեշտակները մարդիկը դատելու հեղինակութիւն չունին։ Եհովա է «ամենուն Դատաւոր»ը, իսկ ան «ամէն դատաստան Որդիին» տուած է։ (Եբրայեցիս 12։23. Յովհաննու 5։22) Այսուհանդերձ, շիտակ պիտի չըլլար ենթադրել որ հրեշտակները անտարբեր են մեր ապրելակերպին նկատմամբ։ Յիսուս ըսաւ. «Ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ»։—Ղուկաս 15։10

Սակայն, հրեշտակները պարզ հանդիսատեսներ չեն։ Անցեալին, անոնք որպէս դահիճներ ծառայեցին, Աստուծոյ դատաստանները գործադրելով։ Օրինակ, Աստուած հրեշտակներ գործածեց վաղեմի Եգիպտացիները պատժելու համար։ Սաղմոս 78։49–ի համաձայն, «անոնց վրայ ղրկեց սաստիկ բարկութիւն, սրտմտութիւն ու բարկութիւն ու նեղութիւն։ Չար [«չարիք բերող», ՆԱ] հրեշտակներ ղրկելով»։ Նոյն գծով, Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ թէ մէկ գիշերուան մէջ միայն մէկ հրեշտակ 185,000 Ասորեստանցի զինուոր սպաննեց։—Դ. Թագաւորաց 19։35

Ապագային ալ, հրեշտակները նոյն կերպով պիտի բնաջնջեն անոնք որոնք Աստուծոյ արդար չափանիշներուն չենթարկուելով, ուրիշներու բարօրութեան կը սպառնան։ Յիսուս պիտի գայ «իր զօրաւոր հրեշտակներովը, բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր»։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8

Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ հաւատարիմ հրեշտակները միշտ իր կամքը կը կատարեն, իր տուած հրահանգներուն ենթարկուելով եւ իր արդար չափանիշները պաշտպանելով։ Որոշ է ուրեմն, որ եթէ կ’ուզենք որ Աստուծոյ հրեշտակները մեզի օգնեն, պէտք է գիտնանք թէ Աստուծոյ կամքը ի՛նչ է եւ ջանադրութեամբ զայն կատարենք։

Պահապան Հրեշտակներ

Հրեշտակները մարդոց հոգ կը տանին եւ զանոնք կը պաշտպանե՞ն։ Պօղոս առաքեալ հարցուց. «Չէ՞ որ հրեշտակները սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն»։ (Եբրայեցիս 1։14) Պօղոսի հարցումին կրնանք այո՛ պատասխանել։

Երեք Եբրայեցիները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, կրկնակիօրէն տաքցուած հնոցին մէջ նետուեցան, քանի որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորին կողմէ կանգնուած ոսկիէ արձանին դիմաց մերժեցին խոնարհիլ։ Սակայն, Աստուծոյ այս հաւատարիմ ծառաները կրակէն չազդուեցան։ Երբ թագաւորը հնոցին մէջ նայեցաւ, ան «չորս արձակուած մարդ» տեսաւ եւ ըսաւ որ «չորրորդին դէմքը աստուածներու որդիի մը կը նմանի»։ (Դանիէլ 3։25) Քանի մը տարի ետք, Դանիէլ իր հաւատարմութեան պատճառաւ առիւծներու գուբին մէջ նետուեցաւ։ Ան ալ անկէ անվնաս դուրս եկաւ եւ ըսաւ. «Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց»։—Դանիէլ 6։22

Հ.Դ. առաջին դարուն, երբ Քրիստոսի հետեւորդներուն ժողովքը հաստատուեցաւ, դարձեալ հրեշտակներ ի յայտ եկան, առաքեալները բանտէն ազատելով։ (Գործք 5։17-24. 12։6-12) Իսկ երբ Պօղոսի կեանքը ծովուն մէջ վտանգուեցաւ, հրեշտակ մը զինք վստահեցուց որ ապահով Հռովմ պիտի հասնէր։—Գործք 27։13-24

Եհովա Աստուծոյ արդի ծառաները լիովին համոզուած են որ Աստուծոյ անտեսանելի հրեշտակային ուժերը իրապէս գոյութիւն ունին եւ կրնան պաշտպանել, ինչպէս ըրին Եղիսէի ու իր ծառային պարագային։ (Դ. Թագաւորաց 6։15-17) Արդարեւ, «Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ ու զանոնք կ’ազատէ»։—Սաղմոս 34։7. 91։11

Հրեշտակներուն Բերած Պատգամները

Մինչ հրեշտակները Եհովա Աստուծոյ ծառայողներուն բարօրութեամբ հետաքրքրուած են, անոնք հոգ կը տանին նաեւ որ մարդիկ Եհովայի եւ իր նպատակներուն մասին սորվին։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։ Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. ‘Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր’»։—Յայտնութիւն 14։6, 7

Կը փափաքի՞ք այս «յաւիտենական աւետիս»ին բովանդակութիւնը գիտնալ։ Եթէ այո, Եհովայի Վկաներուն հարցուցէք եւ անոնք ուրախութեամբ ձեզի հետ պիտի բաժնեն զայն։

[Նկար՝ էջ 7]

Երկնքի մէջ թռչող հրեշտակ մը յաւիտենական բարի լուրը կը ծանուցանէ։ Կ’ուզէ՞ք այդ մասին տեղեկանալ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել