ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 19
ԵՐԳ 105 Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ
Հաւատարիմ հրեշտակները ընդօրինակէ
«Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ» (ՍԱՂ. 103։20)։
ՆԻՒԹ
Հաւատարիմ հրեշտակներէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։
1-2. ա) Մենք ինչպէ՞ս հրեշտակներէն տարբեր ենք։ բ) Մենք եւ հրեշտակները ի՞նչ նմանութիւններ ունինք։
ԵՐԲ Եհովան քեզ ճշմարտութեան քաշեց, ան քեզ հրաւիրեց որ միանաս սիրալիր ընտանիքի մը որ զինք կը պաշտէ։ Այս ընտանիքին մէջ կան աշխարհի չորս կողմէն եղբայրներ ու քոյրեր, ինչպէս նաեւ՝ միլիոնաւոր հաւատարիմ հրեշտակներ (Դան. 7։9, 10)։ Երբ հրեշտակներուն մասին մտածենք, թերեւս մեր միտքը գայ թէ անոնք մեզմէ որքա՜ն տարբեր են։ Օրինակ, անոնք մարդ արարածէն շա՜տ առաջ ստեղծուած են (Յոբ 38։4, 7)։ Անոնք մեզմէ շա՜տ աւելի զօրաւոր են։ Ինչպէս նաեւ մեզմէ աւելի սուրբ եւ արդար են, քանի որ մենք անկատար ենք (Ղուկ. 9։26)։
2 Մեր եւ հրեշտակներուն միջեւ նմանութիւններ ալ կան։ Օրինակ, մենք հրեշտակներուն պէս կրնանք ցոյց տալ Եհովային աղուոր յատկութիւնները։ Մենք անոնց պէս ազատ կամք եւ անձնական անուն ունինք։ Ամէն մէկս տարբեր անձնաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւններ ունի։ Ինչպէս նաեւ՝ հրեշտակներուն պէս պէտքը ունինք որ մեր Ստեղծիչը պաշտենք (Ա. Պետ. 1։12)։
3. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ հաւատարիմ հրեշտակներէն։
3 Ուրեմն քանի որ մենք շատ մը կերպերով կը նմանինք հրեշտակներուն, անոնց լաւ օրինակը կրնայ մեզ քաջալերել եւ մեզի շատ մը կարեւոր դասեր սորվեցնել։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ ինչպէ՛ս կրնանք ընդօրինակել հաւատարիմ հրեշտակներուն խոնարհութիւնը եւ մարդոց հանդէպ սէրը, եւ ինչպէ՛ս կրնանք անոնց պէս տոկալ եւ ժողովքը մաքուր պահել։
ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ԽՈՆԱՐՀ ԵՆ
4. ա) Հրեշտակները ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցոյց կու տան։ բ) Հրեշտակները ինչո՞ւ խոնարհ են (Սաղմոս 89։7)։
4 Հաւատարիմ հրեշտակները խոնարհ են։ Անոնք Եհովայի ուղղութիւններուն կը հնազանդին, թէեւ փորձառու, շատ զօրաւոր եւ իմաստուն են (Սաղ. 103։20)։ Երբ անոնք Եհովայէն ստացած իրենց նշանակումները կը կատարեն, երբեք իրենց ըրածին համար չեն հպարտանար, ո՛չ ալ իրենց ուժը կը գործածեն, ուշադրութիւնը իրենց վրայ հրաւիրելու համար։ Անոնք ուրախութեամբ կ’ընեն ի՛նչ որ Եհովան իրենցմէ կ’ուզէ, նոյնիսկ եթէ իրենց անունը պիտի չյիշուի (Ծն. 32։24, 29. Դ. Թագ. 19։35)a։ Անոնք կը մերժեն ստանալ այն պատիւը, որուն Եհովան արժանի է։ Հրեշտակները ինչո՞ւ այսքա՛ն խոնարհ են։ Քանի որ անոնք Եհովան կը սիրեն եւ իրեն հանդէպ վախ կամ խոր յարգանք ունին (կարդա՛ Սաղմոս 89։7)։
5. Հրեշտակ մը ինչպէ՞ս խոնարհութեամբ վարուեցաւ, երբ Յովհաննէս առաքեալը սրբագրեց (տե՛ս նաեւ նկարը)։
5 Նկատի առ այս դէպքը, որ ցոյց կու տայ հրեշտակներուն խոնարհութիւնը։ Շուրջ Ք.Ե. 96–ին, հրեշտակ մը, որուն անունը չենք գիտեր, հիանալի տեսիլք մը ցուցուց Յովհաննէս առաքեալին (Յայտ. 1։1)։ Յովհաննէս ի՞նչ ըրաւ։ Ան փորձեց զինք պաշտել։ Բայց հաւատարիմ հրեշտակը շուտով կեցուց զինք, եւ ըսաւ. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես ալ քու ծառայակիցդ եմ. . . Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ» (Յայտ. 19։10)։ Հրեշտակը շատ խոնարհ էր։ Ան փառք ու պատիւ չէր փնտռեր եւ շուտով Յովհաննէսին ըսաւ, որ Եհովա Աստուծոյ երկրպագութիւն ընէ։ Միեւնոյն ատեն, հրեշտակը ցած աչքով չնայեցաւ Յովհաննէսին։ Թէեւ ան Յովհաննէսէն շա՜տ աւելի երկար ծառայած էր Եհովային եւ անկէ շա՜տ աւելի զօրաւոր էր, բայց խոնարհօրէն Յովհաննէսը կոչեց «ծառայակից»։ Եւ հակառակ անոր որ ան ստիպուեցաւ տարեց առաքեալը սրբագրել, բայց ասիկա խստութեամբ չըրաւ, հապա՝ ազնուութեամբ խօսեցաւ անոր հետ, հաւանաբար անդրադառնալով որ Յովհաննէս տեսիլքէն վախցած ըլլալու էր։
Հրեշտակը խոնարհութիւն ցոյց տուաւ, երբ Յովհաննէսին հետ կը խօսէր եւ զինք կը սրբագրէր (տե՛ս պարբերութիւն 5)
6. Ինչպէ՞ս կրնանք հրեշտակներուն պէս խոնարհ ըլլալ։
6 Ինչպէ՞ս կրնանք հրեշտակներուն պէս խոնարհ ըլլալ։ Մենք ալ կրնանք մեր նշանակումները ընել առանց ինքզինքնիս տեսնելու, կամ անանկ մէկ ձեւացնելու որ մենք յատուկ կարողութիւններ ունինք (Ա. Կոր. 4։7)։ Ասկէ զատ, մենք պէտք չէ ուրիշներուն ցած աչքով նայինք պարզապէս քանի որ անոնցմէ աւելի երկար ծառայած ենք Եհովային, կամ քանի որ կարգ մը առանձնաշնորհումներ ունինք։ Ընդհակառակը, մենք ո՛րքան աւելի պատասխանատուութիւններ ունենանք, ա՛յնքան աւելի խոնարհ պէտք է ըլլանք (Ղուկ. 9։48)։ Հրեշտակներուն պէս, մեր նպատակն է ուրիշներուն ծառայել, եւ ոչ թէ՝ անոնց ուշադրութիւնը մեր վրայ դարձնել։
7. Ինչպէ՞ս կրնանք խոնարհութեամբ վարուիլ, երբ պէտք ըլլայ որ մէկը սրբագրենք կամ անոր խրատ տանք։
7 Խոնարհութեամբ կրնանք վարուիլ նաեւ երբ պէտք ըլլայ որ սրբագրենք կամ խրատ տանք մէկու մը, ըլլա՛յ եղբօր մը, քրոջ մը կամ մեր զաւակին։ Թերեւս պէտք ըլլայ որ ասիկա բացէ ի բաց ընենք։ Բայց նոյնիսկ այս պարագային կրնանք հրեշտակին պէս վարուիլ։ Կրնանք առանց դիմացինը քանդելու անկեղծօրէն խրատ տալ։ Եթէ ուրիշներուն ցած աչքով չնայինք, կրնանք յարգանքով եւ սիրով տալ Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած խրատ մը (Կող. 4։6)։
ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ՍԻՐԵՆ ՄԱՐԴԻԿԸ
8. ա) Ղուկաս 15։10–ն ինչպէ՞ս կը ցուցնէ, որ հրեշտակները կը սիրեն մարդիկը։ բ) Հրեշտակները մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնեն քարոզչութեան մէջ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
8 Հրեշտակները պաղ եւ անտարբեր չեն։ Անոնք մարդիկը կը սիրեն։ Անոնք կ’ուրախանան, երբ մեղաւոր մը զղջայ, այսինքն՝ երբ կորսուած ոչխար մը Եհովային վերադառնայ կամ երբ մէկը իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելով ճշմարտութեան գայ (կարդա՛ Ղուկաս 15։10)։ Հրեշտակները նաեւ մեզի կ’օգնեն քարոզչութեան մէջ (Յայտ. 14։6)։ Թէեւ անոնք ուղղակի մարդոց չեն քարոզեր, բայց կրնան հրատարակիչ մը ուղղել մէկու մը, որ կ’ուզէ Եհովային մասին սորվիլ։ Անշուշտ, չենք կրնար ամենայն վստահութեամբ ըսել որ հրեշտակները մեզ ուղղեցին որոշ անձի մը, քանի որ Եհովան կրնայ ուրիշ միջոցներ գործածել (օրինակ՝ իր սուրբ հոգին), որ մարդոց օգնէ կամ իր ծառաները ուղղէ (Գործք 16։6, 7)։ Բայց Եհովան շատ կը գործածէ իր հրեշտակները։ Անոր համար, երբ բարի լուրին մասին կը խօսինք ուրիշներուն, կրնանք վստահ ըլլալ որ հրեշտակները մեզի պիտի օգնեն (տե՛ս «Անոնց աղօթքները պատասխանուեցան» տուփը)b։
Զոյգ մը նոր վերջացուցած է հանրային վկայութիւնը։ Վերադարձի ճամբուն վրայ, քոյրը կը նկատէ աղջիկ մը որ կ’երեւի թէ ընկճուած է։ Քոյրը կ’անդրադառնայ որ հրեշտակները կրնան մեզի ուղղել անոնց, որոնք հոգեւոր օգնութիւն կը փնտռեն։ Ան կը զգայ որ պէտք է այս աղջկան մխիթարէ (տե՛ս պարբերութիւն 8)
9. Ինչպէ՞ս կրնանք հրեշտակներուն պէս մարդիկը սիրել։
9 Ինչպէ՞ս կրնանք հրեշտակներուն պէս մարդիկը սիրել։ Երբ կը լսենք յայտարարութիւն մը, որ մէկը վերընդունուեցաւ ժողովքին մէջ, կրնանք հրեշտակներուն պէս ուրախանալ։ Կրնանք ամէն ջանք ընել որ իրեն զգացնենք թէ զինք կը սիրենք եւ ուրախ ենք որ նորէն Եհովային կը ծառայէ (Ղուկ. 15։4-7. Բ. Կոր. 2։6-8)։ Նաեւ կրնանք հրեշտակներուն պէս մեր ամէն կարելին ընել քարոզչութեան մէջ (Ժող. 11։6)։ Ասկէ զատ, կրնանք կերպեր գտնել, որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնենք ծառայութեան մէջ, ճիշդ ինչպէս որ հրեշտակները մեզի կ’օգնեն բարի լուրը քարոզելու։ Օրինակ, կրնա՞նք ջանք թափել, որ աւելի քիչ փորձառութիւն ունեցող հրատարակիչի մը հետ քարոզենք։ Կրնա՞նք տարիքով մեծ կամ առողջապահական հարցեր ունեցող եղբայրներու ու քոյրերու օգնել, որ մեզի հետ ծառայութեան ելլեն։
10. Սառային փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
10 Լաւ, ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մեր պարագաները չեն ձգեր, որ մեր ուզածին չափ ծառայենք Եհովային։ Տակաւին կրնանք նոր կերպեր գտնել, որ հրեշտակներուն հետ ծառայենք։ Նկատի առ Հնդկաստանէն եղող Սառաc անունով քրոջ մը փորձառութիւնը։ Ան 20 տարի ռահվիրայութիւն ընելէ ետք, հիւանդացաւ եւ անկողին ինկաւ։ Ան շատ ընկճուեցաւ։ Բայց իր հոգեւոր ընտանիքին օգնութեամբ եւ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութեան շնորհիւ, ան իր ուրախութիւնը ետ գտաւ։ Անշուշտ, ան պէտք էր ծառայելու նոր կերպեր գտնէր։ Եւ քանի որ չէր կրնար նստիլ եւ նամակներ գրել, միայն հեռաձայնով կը վկայէր։ Ան սկսաւ իր վերայցելութիւններուն հեռաձայնել, եւ անոնք ալ իրեն տուին ուրիշ անձերու թիւերը, որոնք հաւանաբար բարի լուրով հետաքրքրուէին։ Քանի մը ամիս չանցած, Սառան 70 դաս ունեցաւ, ինչ որ իր կարողութենէն վեր էր։ Անոր համար, ան այդ դասերէն ոմանք յանձնեց ժողովքին մէջ ուրիշներու։ Հիմա, այդ դասերէն շատեր ժողովներու ներկայ կ’ըլլան։ Հրեշտակները որքա՜ն ուրախ ըլլալու են, որ կը ծառայեն Սառային պէս քոյրերու եւ եղբայրներու կողքին, որոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն քարոզչութեան մէջ։
ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ՏՈԿԱՆ
11. Հաւատարիմ հրեշտակները տոկալու մէջ ինչպէ՞ս հոյակապ օրինակ եղած են։
11 Հաւատարիմ հրեշտակները տոկալու մէջ հոյակապ օրինակներ են։ Անոնք հազարաւոր տարիներու ընթացքին տոկացած են անիրաւութիւններու եւ չարութիւններու։ Անոնք իրենց աչքերով տեսած են թէ Սատանան եւ շատ մը ուրիշ հոգեղէն արարածներ, որոնք ատեն մը իրենց կողքին ծառայած էին, ինչպէս Եհովային դէմ կ’ըմբոստանան (Ծն. 3։1. 6։1, 2. Յդ. 6)։ Սուրբ Գիրքը կը խօսի հաւատարիմ հրեշտակի մը մասին, որ ստիպուեցաւ օրերով կռուիլ չար հրեշտակի մը հետ (Դան. 10։13)։ Ասկէ զատ, Ադամն ու Եւայէն ի վեր, հրեշտակները տեսած են որ միայն քիչեր են, որոնք ընտրած են Եհովային ծառայել։ Եւ հակառակ ասոր, այս հաւատարիմ հրեշտակները կը շարունակեն ուրախութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ Եհովային ծառայել, գիտնալով որ ճիշդ ժամանակին, Աստուած ամէն տեսակի անիրաւութեան վերջ պիտի դնէ։
12. Ի՞նչը մեզի կրնայ օգնել որ տոկանք։
12 Ինչպէ՞ս կրնանք հրեշտակներուն պէս տոկալ։ Մենք ալ թերեւս անիրաւութեան եւ հակառակութեան հանդիպինք։ Բայց հրեշտակներուն պէս համոզուած ենք, որ Եհովան ճիշդ ժամանակին մէջտեղէն պիտի վերցնէ բոլոր չարութիւնները։ Ուրեմն, հաւատարիմ հրեշտակներուն պէս՝ «բարիք գործելէն չձանձրանանք» (Գաղ. 6։9)։ Իր կարգին, Աստուած կը խոստանայ որ մեզի պիտի օգնէ տոկալու (Ա. Կոր. 10։13)։ Նաեւ կրնանք Եհովայէն խնդրել սուրբ հոգին, որ մեզի կ’օգնէ համբերութիւն եւ ուրախութիւն ունենալու (Գաղ. 5։22. Կող. 1։11)։ Լաւ, ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ հակառակութեան հանդիպիս։ Լմա՛ն Եհովային վստահէ եւ մի՛ վախնար։ Եհովան միշտ քեզի պիտի օգնէ եւ զօրացնէ (Եբ. 13։6)։
ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ Կ’ՕԳՆԵՆ ԺՈՂՈՎՔՆԵՐԸ ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՀԵԼՈՒ ՄԷՋ
13. Վերջին օրերուն ընթացքին, հրեշտակները ի՞նչ յատուկ նշանակում մը ունին (Մատթէոս 13։47-49)։
13 Եհովան վերջին օրերուն ընթացքին յատուկ նշանակում մը տուած է հրեշտակներուն (կարդա՛ Մատթէոս 13։47-49)։ Աշխարհի չորս կողմէն տեսակ–տեսակ մարդիկ կը հետաքրքրուին բարի լուրով։ Անոնցմէ ոմանք իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնեն, որպէսզի Եհովային ուզածին պէս ապրին եւ իրեն ծառայեն, մինչ ուրիշներ ասիկա չեն ըներ։ Հրեշտակները նշանակում ունին, որ ‘արդարներուն մէջէն չարերը զատեն’։ Ասիկա ըսել է, որ անոնք նշանակում ունին որ օգնեն ժողովքները մաքուր պահելու։ Ասիկա ըսել չէ, որ ամէն ով որ պատճառով մը կը դադրի մեզի ընկերակցելէ, բնա՛ւ չի կրնար ետ դառնալ։ Ոչ ալ ըսել է, որ ոչ մէկ ատեն խնդիրներ պիտի ըլլան ժողովքներուն մէջ։ Հապա ըսել է, թէ հրեշտակները շատ ջանք կը թափեն, որ մեր ժողովքները մաքուր մնան։
14-15. Ինչպէ՞ս կրնանք հրեշտակներուն պէս մենք ալ օգնել որ ժողովքները մաքուր մնան (տե՛ս նաեւ նկարները)։
14 Ինչպէ՞ս կրնանք հրեշտակներուն պէս մենք ալ օգնել որ ժողովքները մաքուր մնան։ Ժողովքները բարոյապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր պահելու մէջ մեզի ինկած բաժինը ընելով։ Նախ, պէտք է մե՛նք ջանք թափենք որ Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը պաշտպանենք, ընտրելով ընկերներ որոնք Եհովան կը սիրեն եւ հեռու կենալով բաներէ, որոնք կրնան իր հետ մեր բարեկամութեան վնաս հասցնել (Սաղ. 101։3)։ Նաեւ կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել, որ Եհովային հաւատարիմ մնան։ Օրինակ մը տանք։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ գիտնանք որ մեր եղբայրը կամ քոյրը լուրջ մեղք մը գործած է։ Քանի որ զինք կը սիրենք, պէտք է քաջալերենք որ երէցներուն հետ խօսի։ Եւ եթէ ասիկա չընէ, պէտք է երէցները հարցին մասին տեղեակ պահենք։ Մենք կ’ուզենք որ հոգեւորապէս տկար եղբայրը կամ քոյրը շուտով օգնութիւն ստանայ (Յակ. 5։14, 15)։
15 Ցաւօք սրտի, ատեններ պէտք կ’ըլլայ որ լուրջ մեղք գործողներէն ոմանք ժողովքէն հեռացուին։ Եթէ ասիկա պատահի, մենք այլեւս ‘չենք յարաբերիր’ անոնց հետ (Ա. Կոր. 5։9-13, ԱԾ)d։ Այս կարգադրութիւնը կ’օգնէ որ ժողովքը մաքուր մնայ։ Ասկէ զատ, հեռացուածներուն հետ չյարաբերելով՝ իրենց լաւութիւն ըրած կ’ըլլանք։ Մեր կեցուածքը կրնայ ձգել որ անոնք իրենց սխալին անդրադառնան։ Եւ երբ ասիկա ընեն, մենք Եհովային եւ հրեշտակներուն պէս շա՜տ կ’ուրախանանք (Ղուկ. 15։7)։
Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ գիտնանք թէ մեր եղբայրը կամ քոյրը լուրջ մեղք մը գործած է (տե՛ս պարբերութիւն 14)e
16. Ո՞ր կերպերով պիտի ջանաս հրեշտակները ընդօրինակել։
16 Եհովան մեզի տուած է այն պատիւը, որ հրեշտակներուն մասին գիտնանք եւ անոնց հետ ծառայենք։ Ուրեմն, ընդօրինակենք անոնց լաւ յատկութիւնները։ Անոնք խոնարհ են, մարդիկը կը սիրեն, կը տոկան եւ կ’օգնեն որ ժողովքները բարոյապէս ու հոգեւորապէս մաքուր մնան։ Եթէ այս հաւատարիմ հրեշտակները ընդօրինակենք, մենք ալ կրնանք Եհովան պաշտողներէն բաղկացած ընտանիքին մաս կազմել։
ԵՐԳ 125 Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք
a Բիւրաւոր հրեշտակներէն միայն երկուքին անունները յիշուած են Սուրբ Գիրքին մէջ՝ Միքայէլը եւ Գաբրիէլը (Դան. 12։1. Ղուկ. 1։19)։
b Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ին մէջ կրնաս ուրիշ փորձառութիւններ ալ գտնել, բանալով «Հրեշտակներ» նիւթը եւ ետքը «հրեշտակային առաջնորդութիւն (օրինակներ)» ենթավերնագիրը (արաբ.)։
c Անունը փոխուած է։
d Ինչպէս որ բացատրուեցաւ Կառավարիչ մարմինի կողմէ 2024–ի տեղեկագրութիւն (թիւ 2) վիտէոյին մէջ, եթէ ժողովքէն հեռացուած անձ մը ժողովի գայ, հրատարակիչ մը կրնայ Սուրբ Գիրքով մարզուած իր խիղճը գործածել որոշելու համար, եթէ անոր կարճ բարեւ մը պիտի տայ կամ ոչ, կամ եթէ զինք պիտի դիմաւորէ կամ ոչ։
e ՆԿԱՐՆԵՐ. Քոյր մը իր բարեկամուհին կը քաջալերէ որ երէցներուն հետ խօսի։ Երբ որոշ ժամանակ կ’անցնի եւ բարեկամուհին դեռ չէ խօսած երէցներուն հետ, քոյրը երէցները տեղեակ կը պահէ այս հարցին մասին։