Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ17 թիւ 5 էջ 7-8
  • Հրեշտակները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հրեշտակները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ՕԳՆԵՑԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՔԻՆ
  • ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՔԵԶԻ ՕԳՆԵԼ
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս կրնան օգնել ձեզի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս մեզի կ’ազդեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Հրեշտակները՝ «սպասաւորող հոգիներ են»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Հաւատարիմ հրեշտակները ընդօրինակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
դհ17 թիւ 5 էջ 7-8

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ՄԵԶԻ Կ’ԱԶԴԵ՞Ն

Հրեշտակները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել

Հաւատարիմ հրեշտակները շատ հետաքրքրուած են մարդոցմով, եւ մեծ դեր կը խաղան Եհովային կամքը կատարուելուն մէջ։ Երբ Աստուած երկիրը կը ստեղծէր, հրեշտակները «մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէին ու. . . Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին» (Յոբ 38։4, 7)։ Հրեշտակները ամբողջ պատմութեան ընթացքին փափաքած են հասկնալ այն մարգարէութիւնները, որոնք կապ ունին երկրին վրայ պատահելիք դէպքերուն հետ (Ա. Պետրոս 1։11, 12)։

Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ ատեններ հրեշտակները որոշ չափով պաշտպանած են Աստուծոյ ճշմարիտ ծառաները, որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարուի (Սաղմոս 34։7)։ Օրինակ՝

  • Երբ Եհովան չար Սոդոմն ու Գոմոր քաղաքները կործանեց, հրեշտակները օգնեցին հաւատարիմ Ղովտին եւ անոր ընտանիքին որ փախչին (Ծննդոց 19։1, 15-26)։

  • Բաբելոնին մէջ, երբ երեք եբրայեցի երիտասարդներ նետուեցան կրակի հնոցը, Աստուած «իր հրեշտակը ղրկեց ու իր ծառաները ազատեց» մահէն (Դանիէլ 3։19-28)։

  • Երբ հաւատարիմ Դանիէլը անօթի առիւծներու գուբին մէջ նետուեցաւ եւ լման գիշերը հոն անցուց, իրեն բան մը չեղաւ՝ քանի որ ‘Աստուած իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց’ (Դանիէլ 6։16, 22)։

Հրեշտակ մը առիւծներէն կը պաշտպանէ Դանիէլը

Հրեշտակները հինէն ի վեր կ’օգնեն հաւատարիմ մարդոց

ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ՕԳՆԵՑԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՐՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՔԻՆ

Ատեններ, Աստուծոյ հրեշտակները կը միջամտէին առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին հետ կապ ունեցող հարցերուն, որպէսզի Աստուծոյ նպատակը իրագործուի։ Օրինակ՝

  • Հրեշտակ մը բանտին դռները բացաւ եւ բանտարկուած առաքեալներուն ըսաւ որ շարունակեն տաճարին մէջ քարոզել (Գործք 5։17-21)։

  • Հրեշտակ մը Փիլիպպոս աւետարանիչին ըսաւ որ երթայ այն ամայի ճամբան, որ Երուսաղէմէն Գազա կը տանի, եւ քարոզէ եթովպիացիի մը որ Երուսաղէմ գացած էր Աստուած պաշտելու (Գործք 8։26-33)։

  • Երբ ժամանակը եկաւ որ հրեայ չեղողներն ալ կարենան քրիստոնեայ ըլլալ, հրեշտակ մը տեսիլքով երեւցաւ հռոմայեցի հարիւրապետ Կոռնելիոսին, եւ անոր ըսաւ որ Պետրոս առաքեալը կանչէ իր տունը (Գործք 10։3-5)։

  • Երբ Պետրոս առաքեալ բանտարկուած էր, հրեշտակ մը երեւցաւ եւ զինք բանտէն դուրս հանեց (Գործք 12։1-11)։

ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ՔԵԶԻ ՕԳՆԵԼ

Փաստ մը չունինք որ կը ցուցնէ թէ ներկայիս Աստուած հրեշտակները կը գործածէ, որպէսզի հրաշքներով օգնէ մարդոց, ինչպէս որ Սուրբ գիրքին մէջ նկարագրուած է։ Բայց Յիսուս մեր օրերուն համար ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։ Գիտէի՞ր որ ներկայիս Քրիստոսին աշակերտները այս գործը կ’ընեն հրեշտակներուն օգնութեամբ։

Մարդիկ կը քալեն հանրային վկայութեան սայլակի մը քովէն

Հրեշտակները կ’օգնեն որ բարի լուրը քարոզուի ամբողջ աշխարհին մէջ

Յայտնութիւն գիրքը կը ցուցնէ թէ հրեշտակները աշխարհի չորս կողմը աշխատասիրութեամբ պիտի օգնէին մարդոց, որ սորվին Եհովա Աստուծոյ մասին եւ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին մասին։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։ Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. ‘Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները’» (Յայտնութիւն 14։6, 7)։ Մեր օրերուն, բազմաթիւ փորձառութիւններ կը փաստեն, թէ հրեշտակները կ’օգնեն որ Թագաւորութեան մասին քարոզուի ամբողջ աշխարհին մէջ։ Իսկապէս, երբ նոյնիսկ մէկ մեղաւոր զղջայ եւ Եհովային մօտենայ, «ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ» (Ղուկաս 15։10)։

Ի՞նչ պիտի պատահի երբ քարոզչութեան գործը լմննայ։ Այդ ժամանակ, «երկնքի մէջ եղող [հրեշտակներու] զօրքերը» պիտի օգնեն Յիսուս Քրիստոսին՝ թագաւորներու Թագաւորին, որ մղէ Արմագեդոն պատերազմը՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը (Յայտնութիւն 16։14-16. 19։14-16)։ Զօրաւոր հրեշտակները Աստուծոյ դատաստանը պիտի գործադրեն, մինչ Յիսուս ‘վրէժ կ’առնէ անոնցմէ՝ որ. . . մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր’ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8)։

Ուրեմն, վստահ եղիր որ հրեշտակները անձամբ հետաքրքրուած են քեզմով։ Անոնք իրապէս կ’ուզեն որ Աստուծոյ ծառայել փափաքողները լաւ եւ ուրախ ըլլան, եւ Եհովան շատ անգամներ զանոնք գործածած է որ երկրի վրայ իր հաւատարիմ ծառաները զօրացնէ ու պաշտպանէ (Եբրայեցիս 1։14)։

Հետեւաբար, մեր ամէն մէկուն առջեւ շատ կարեւոր ընտրութիւն մը կայ։ Աշխարհի չորս կողմը քարոզուող բարի լուրը մտիկ պիտի ընե՞նք եւ ատոր պիտի հնազանդի՞նք։ Եթէ կ’ուզես Աստուծոյ զօրաւոր հրեշտակներուն սիրալիր օգնութիւնը զգալ կեանքիդ մէջ, Եհովայի վկաները ամենայն ուրախութեամբ կրնան քեզի օգնել։

Եթէ կ’ուզես աւելին գիտնալ թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ հաւատարիմ եւ անհաւատարիմ հրեշտակներուն մասին, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 10–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։ Գիրքը մատչելի է www.jw.org/hy-latn կայքին մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել