ԶՐՈՅՑ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՆԻՒԹԻ ՄԸ ՇՈՒՐՋ
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ սկսաւ իշխել (Մաս 1)
Այս նիւթը սովորական զրոյց մըն է, որ Եհովայի վկաները կրնան տանտիրոջ մը հետ ունենալ։ Երեւակայենք որ Կրէկ անունով Վկայ մը, Ճոն անունով տղամարդու մը կ’այցելէ։
ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ ‘ՓՆՏՌԷ’
ԿՐԷԿ.– Ճոն, ինծի համար իսկապէս հաճելի են այս զրոյցները որ կ’ունենանք Աստուածաշունչին մասինa։ Անցեալ անգամ, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին հարցում մը ուղղեցիր։ Հարցուցիր թէ Եհովայի վկաները ինչո՛ւ կը հաւատան թէ Թագաւորութիւնը 1914–ին սկսաւ իշխել։
ՃՈՆ.– Այո, ձեր հրատարակութիւններէն մէկուն մէջ կարդացի, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել 1914–ին։ Ասիկա հետաքրքրութիւնս շարժեց, քանի որ կ’ըսէք թէ ձեր բոլոր հաւատալիքները Աստուածաշունչին վրայ կը հիմնէք։
ԿՐԷԿ.– Ճիշդ է, Աստուածաշունչին վրայ կը հիմնենք։
ՃՈՆ.– Լաւ, ես ամբողջ Աստուածաշունչը կարդացած եմ։ Բայց չեմ յիշեր թէ հանդիպած եմ համարի մը, որ 1914 թուականը կը նշէ։ Վստահ ըլլալու համար, առցանց Աստուածաշունչ մը բացի եւ անոր մէջ «1914» թուականը փնտռեցի։ Ո՛չ մէկ տեղ զայն գտայ։
ԿՐԷԿ.– Երկու բանի համար գովելի ես։ Առաջին, քանի որ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդացած ես։ Այս կը նշանակէ թէ Աստուծոյ Խօսքը շատ կը սիրես։
ՃՈՆ.– Այո, շատ կ’արժեւորեմ։ Անոր նմանը չկայ։
ԿՐԷԿ.– Ճիշդ է։ Իսկ երկրորդ, կ’ուզեմ քեզ գովել քանի որ հարցումիդ պատասխանը Աստուածաշունչէն փնտռեցիր։ Ըրիր ճիշդ ինչ որ Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ ընենք. հասկացողութիւն ‘փնտռել’b։ Լաւ է որ ասիկա ընելու համար ջանք կը թափես։
ՃՈՆ.– Շնորհակալ եմ։ Կ’ուզե՛մ շարունակ սորվիլ։ Իրականութեան մէջ, յաւելեալ փնտռտուք ըրի, եւ 1914–ին մասին տեղեկութիւն գտայ այս գրքին մէջ, որ միասնաբար կը սերտենք։ Անիկա կը նշէ թագաւորի մը երազը մեծ ծառի մը մասին, որ կտրուեցաւ եւ ապա կարծեմ դարձեալ աճեցաւ։
ԿՐԷԿ.– Ճիշդ է։ Ասիկա այն մարգարէութիւնն է, որ Դանիէլ գրքին 4–րդ գլուխին մէջ գրուած է։ Անիկա կը պարփակէ երազ մը, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը տեսաւ։
ՃՈՆ.– Այո, այդ երազը։ Մարգարէութիւնը կրկին անգամ կարդացի։ Բայց իրականութիւնը ըսեմ. տակաւին չեմ տեսներ թէ ի՛նչ կապ ունի Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ կամ 1914–ին հետ։
ԿՐԷԿ.– Խորքին մէջ, նոյնիսկ Դանիէլ մարգարէն լիովին չհասկցաւ ներշնչման ներքեւ իր գրածը։
ՃՈՆ.– Իրա՞ւ։
ԿՐԷԿ.– Տե՛ս Դանիէլ 12։8–ի մէջ ինչ կ’ըսէ. «Ես լսեցի, բայց չհասկցայ»։
ՃՈՆ.– Ուրեմն մինակս չեմ որ չեմ հասկնար։ Հիմա շունչ մը առի։
ԿՐԷԿ.– Իրականութեան մէջ, Դանիէլ չհասկցաւ, քանի որ Աստուծոյ յարմար տեսած ժամանակը չէր եկած, որ մարդիկ լիովին ըմբռնէին Դանիէլ գրքին մարգարէութիւնները։ Բայց ներկայիս կրնանք զանոնք հասկնալ։
ՃՈՆ.– Ինչո՞ւ։
ԿՐԷԿ.– Նկատէ յաջորդ համարը։ Դանիէլ 12։9–ն կ’ըսէ. «Այս խօսքերը մինչեւ վերջին ժամանակը գոցուած ու կնքուած են»։ Ուրեմն, այս մարգարէութիւնները պիտի հասկցուէին յետագային, «վերջին ժամանակ»ին ընթացքին։ Եւ ինչպէս որ մօտ ատենէն մեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մէջ պիտի քննարկենք, բոլոր տուեալները ցոյց կու տան թէ այժմ այդ ժամանակին մէջ կ’ապրինքc։
ՃՈՆ.– Լաւ, Դանիէլ գրքի այս մարգարէութիւնը կրնա՞ս ինծի բացատրել։
ԿՐԷԿ.– Ջանքս կը թափեմ։
ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻ ԵՐԱԶԸ
ԿՐԷԿ.– Սկսելու համար, նախ ամփոփ կերպով պատմեմ թէ Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր իր երազին մէջ ի՛նչ տեսաւ։ Ապա կրնանք խօսիլ թէ անիկա ի՛նչ կը նշանակէ։
ՃՈՆ.– Լաւ կ’ըլլայ։
ԿՐԷԿ.– Նաբուգոդոնոսոր երազին մէջ տեսաւ հսկայ ծառ մը, որ մինչեւ երկինք կը հասնէր։ Ապա լսեց թէ Աստուծոյ պատգամաբերը կը հրամայէ որ ծառը կտրուի, բայց անոր արմատները գետնին մէջ մնան։ «Եօթը ժամանակ» անցնելէ ետք, ծառը դարձեալ պիտի աճէրd։ Այս մարգարէութիւնը սկիզբը կիրարկուեցաւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին։ Թէեւ ան երեւելի թագաւոր մըն էր,– այդ ծառին նման, որ մինչեւ երկինք կը հասնէր,– բայց «եօթը ժամանակ» կտրուեցաւ։ Կը յիշե՞ս ի՛նչ պատահեցաւ։
ՃՈՆ.– Ո՛չ։
ԿՐԷԿ.– Հարց չէ։ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ թէ Նաբուգոդոնոսոր իր խելքը կորսնցուց, բացայայտօրէն եօթը տարի։ Այդ ժամանակամիջոցին, ան կարող չէր որպէս թագաւոր իշխել։ Բայց եօթը ժամանակներու վերջաւորութեան, Նաբուգոդոնոսորին խելքը գլուխը եկաւ եւ դարձեալ սկսաւ իշխելe։
ՃՈՆ.– Մինչեւ հիմա ըսածդ կը հասկնամ։ Բայց այս ամէնը ի՞նչ կապ ունի Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ 1914 թուականին հետ։
ԿՐԷԿ.– Կարճ խօսքով, այս մարգարէութիւնը երկու կատարում ունի։ Առաջին կատարումը եղաւ, երբ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորի իշխանութիւնը ընդհատուեցաւ։ Իսկ երկրորդ կատարումը կը պարփակէր Աստուծոյ իշխանութեան ընդհատուիլը։ Ուրեմն, այս երկրորդ կատարումն է որ կապ ունի Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ։
ՃՈՆ.– Ինչպէ՞ս գիտես թէ մարգարէութիւնը երկրորդ կատարում ունի, Աստուծոյ Թագաւորութեան կապակցաբար։
ԿՐԷԿ.– Նախ եւ առաջ, մարգարէութեան մէջ ինքնին ապացոյց կայ։ Ըստ Դանիէլ 4։17–ի, մարգարէութիւնը տրուեցաւ «որպէսզի ապրողները գիտնան թէ Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ»։ Նկատեցի՞ր «մարդոց թագաւորութիւնը» արտայայտութիւնը։
ՃՈՆ.– Այո՛. «Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ»։
ԿՐԷԿ.– Լաւ, ըստ քեզի, «Բարձրեալը» ո՞վ է։
ՃՈՆ.– Կը խորհիմ թէ Աստուծոյ կ’ակնարկէ։
ԿՐԷԿ.– Ճիշդ է։ Ուրեմն, ասիկա մեզի կը ցուցնէ թէ այս մարգարէութիւնը միայն Նաբուգոդոնոսորի մասին չի խօսիր։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ «մարդոց թագաւորութիւնը», այսինքն մարդկութեան վրայ Աստուծոյ իշխանութիւնը։ Եւ ասիկա տրամաբանական կը գտնենք, երբ մարգարէութեան նայինք, Դանիէլ գիրքին բովանդակութեան լոյսին տակ։
ՃՈՆ.– Ի՞նչ ըսել կ’ուզես։
ԳՐՔԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲՆԱԲԱՆԸ
ԿՐԷԿ.– Աստուածաշունչի Դանիէլ գիրքը գլխաւոր բնաբան մը ունի։ Ան շարունակ կ’ակնարկէ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատման, իր Որդւոյն՝ Յիսուսի իշխանութեան ներքեւ։ Օրինակ, նկատի առնենք Դանիէլ 2։44–ը։ Հաճիս կարդա։
ՃՈՆ.– «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։
ԿՐԷԿ.– Շնորհակալ եմ։ Կը կարծե՞ս թէ այս համարը Աստուծոյ Թագաւորութեան կ’ակնարկէ։
ՃՈՆ.– Ը՜. . . վստահ չեմ։
ԿՐԷԿ.– Լաւ, նկատէ թէ համարը կ’ըսէ որ այս Թագաւորութիւնը «յաւիտեան պիտի մնայ»։ Ասիկա կը կիրարկուի Աստուծոյ Թագաւորութեան. այս բանը չենք կրնար ըսել որեւէ մարդկային թագաւորութեան մասին, այդպէս չէ՞։
ՃՈՆ.– Այդպէս կը խորհիմ։
ԿՐԷԿ.– Ահաւասիկ Դանիէլ գրքին մէջ ուրիշ մարգարէութիւն մը, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան կ’ակնարկէ։ Անիկա Դանիէլ 7։13, 14–ի մէջ արձանագրուած է։ Ապագայ իշխանի մը մասին մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի»։ Այս մարգարէութեան մէջ բան մը ուշադրութիւնդ գրաւե՞ց։
ՃՈՆ.– Կը նշէ թագաւորութիւն մը։
ԿՐԷԿ.– Եւ ոչ թէ որեւէ թագաւորութիւն։ Նկատէ թէ հոս կ’ըսէ որ այս Թագաւորութեան հեղինակութիւն պիտի տրուի ‘ժողովուրդներու, ազգերու եւ լեզուներու’ վրայ։ Ուրիշ խօսքով, այս Թագաւորութիւնը երկրապարփակ իշխանութիւն պիտի ունենայ։
ՃՈՆ.– Այդ մէկը չնկատեցի, բայց ճիշդ ես։ Համարը այդպէս կ’ըսէ։
ԿՐԷԿ.– Տես թէ մարգարէութիւնը նաեւ ի՛նչ կ’ըսէ. «Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի»։ Այս խօսքը շատ կը նմանի քիչ առաջ մեր կարդացած համարին՝ Դանիէլ 2։44–ին, այդպէս չէ՞։
ՃՈՆ.– Այո, շատ կը նմանի։
ԿՐԷԿ.– Հակիրճ կերպով վերաքաղ ընենք մինչեւ հիմա մեր քննարկածը։ Դանիէլ գրքին 4–րդ գլուխին մէջի մարգարէութիւնը տրուեցաւ, որպէսզի մարդիկ գիտնան թէ «Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ»։ Ասիկա ինքնին ցոյց կու տայ թէ այս մարգարէութիւնը ոչ միայն Նաբուգոդոնոսորի մասին է, այլեւ աւելի մեծ կատարում ունի։ Եւ Դանիէլ գրքին մէջ մարգարէութիւններ կը գտնենք Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատման մասին, իր Որդւոյն իշխանութեան ներքեւ։ Ուրեմն, չե՞ս կարծեր որ տրամաբանական է եզրակացնել թէ Դանիէլ գրքին 4–րդ գլուխին մէջի այս մարգարէութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ կապ ունի։
ՃՈՆ.– Կարծեմ թէ այդպէս է։ Բայց տակաւին չեմ ըմբռներ կապը 1914–ին հետ։
«ԵՕԹԸ ԺԱՄԱՆԱԿ ԹՈՂ ԱՆՑՆԻ»
ԿՐԷԿ.– Լաւ, վերադառնանք Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին։ Մարգարէութեան առաջին կատարումին մէջ ծառը զինք կը ներկայացնէր։ Իր իշխանութիւնը ընդհատուեցաւ, երբ ծառը կտրուեցաւ եւ ձգուեցաւ որ եօթը ժամանակ անցնի,– այսինքն երբ ան որոշ ժամանակ իր խելքը կորսնցուց։ Այդ եօթը ժամանակները վերջ գտան, երբ Նաբուգոդոնոսորին խելքը գլուխը եկաւ եւ իշխանութեան վերադարձաւ։ Մարգարէութեան երկրորդ կատարման մէջ, Աստուծոյ իշխանութիւնը որոշ ժամանակ մը պիտի ընդհատուէր, բայց ոչ թէ քանի որ Աստուծոյ կողմէ թերութիւն մը կար։
ՃՈՆ.– Ի՞նչ ըսել կ’ուզես։
ԿՐԷԿ.– Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Երուսաղէմի մէջ իշխող իսրայէլացի թագաւորներուն մասին կ’ըսուէր որ «Տէրոջը աթոռին վրայ» կը նստէինf։ Անոնք Աստուած կը ներկայացնէին՝ իր ժողովուրդը ղեկավարելուն մէջ։ Անոր համար, այդ թագաւորներուն իշխանութիւնը իրականութեան մէջ Աստուծոյ իշխանութիւնը կը ներկայացնէր։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին այդ թագաւորներուն մեծամասնութիւնը Աստուծոյ չհնազանդեցաւ եւ իրենց հպատակներուն մեծամասնութիւնը իրենց հետեւեցաւ։ Որովհետեւ իսրայէլացիները անհնազանդ գտնուեցան, Աստուած թոյլ տուաւ որ բաբելոնացիները զիրենք գերի տանին, Ք.Ա. 607–ին։ Անկէ ի վեր, այլեւս Երուսաղէմի մէջ ո՛չ մէկ թագաւոր Եհովան կը ներկայացնէր։ Ուրեմն, այդ առումով է որ Աստուծոյ իշխանութիւնը ընդհատուեցաւ։ Մինչեւ հիմա ըսածս հասկնալի՞ է։
ՃՈՆ.– Այո՛։
ԿՐԷԿ.– Ուրեմն Ք.Ա. 607–ին սկսաւ «եօթը ժամանակ»ը, կամ այն ժամանակամիջոցը, երբ Աստուծոյ իշխանութիւնը պիտի ընդհատուէր։ «Եօթը ժամանակ»ը վերջանալէն ետք Աստուած զինք ներկայացնող նոր իշխան մը պիտի կարգէր,– այս անգամ երկնքի մէջ։ Այն ատեն էր որ Դանիէլ գրքի միւս մարգարէութիւնները պիտի կատարուէին։ Հոս կարեւոր հարցում մը կը ծագի. եօթը ժամանակները ե՞րբ վերջացան։ Եթէ կարենանք այդ հարցումին պատասխանել, կը գիտնանք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՛րբ սկսաւ իշխել։
ՃՈՆ.– Հասկցայ։ Կը կռահեմ որ եօթը ժամանակները վերջ գտան 1914–ին։
ԿՐԷԿ.– Ճիշդ այդպէս։ Կէտը հասկցար։
ՃՈՆ.– Բայց ասիկա ինչպէ՞ս գիտենք։
ԿՐԷԿ.– Լաւ, Յիսուս իր երկրային ծառայութեան ընթացքին ցոյց տուաւ, թէ եօթը ժամանակները տակաւին չէին լրացածg։ Ուրեմն, անոնք շատ երկար ժամանակամիջոց մը ըլլալու էին։ Եօթը ժամանակները սկսան Յիսուսի գալէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ, եւ շարունակուեցան երկինք վերադառնալէն ետք։ Նաեւ յիշէ թէ Դանիէլ գիրքի մարգարէութիւնները լիովին պիտի չհասկցուէին մինչեւ «վերջին ժամանակը»h։ Հետաքրքրական է որ 1800–ական թուականներու վերջաւորութեան, Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտներ մղուեցան այս եւ այլ մարգարէութիւններ ուշադրութեամբ քննելու։ Անոնք զատորոշեցին թէ եօթը ժամանակները վերջ պիտի գտնէին 1914–ին։ Եւ ատկէ ի վեր համաշխարհային մեծ դէպքերը կը հաստատեն թէ 1914–ը իսկապէս այն տարին էր, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ երկնքի մէջ իշխել։ Անիկա այն տարին էր, երբ աշխարհ մտաւ իր վերջին օրերուն կամ վերջին ժամանակին մէջ։ Գիտեմ որ ըսածներս բաւական նոր տեղեկութիւններ են քեզի համար։
ՃՈՆ.– Այո, անկասկած պէտք է ամբողջ նիւթը վերաքաղ ընեմ, որպէսզի կարենամ զայն յստակօրէն հասկնալ։
ԿՐԷԿ.– Հոգ մի՛ ըներ։ Ինծի հետ ալ ժամանակ առաւ մինչեւ որ այս մարգարէութիւններն ու անոնց կատարումը ըմբռնեմ։ Բայց յուսամ որ այս քննարկութիւնը առնուազն քեզի օգնեց տեսնելու, թէ Եհովայի վկաները Թագաւորութեան մասին իրենց հաւատալիքները կը հիմնե՛ն Աստուածաշունչին վրայ։
ՃՈՆ.– Անշո՛ւշտ այդ մէկը յստակ է։ Ինծի համար միշտ տպաւորիչ եղած է տեսնել թէ ինչպէ՛ս ձեր հաւատալիքները Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած են։
ԿՐԷԿ.– Կը տեսնեմ որ դուն ալ նոյն փափաքը ունիս։ Ինչպէս որ ըսի, մէկ պահուան մէջ այսքան նիւթ մարսելը դժուար է։ Վստահաբար տակաւին հարցումներ ունիս։ Օրինակ, փաստեցինք թէ եօթը ժամանակները կապ ունին Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ, եւ թէ սկսան Ք.Ա. 607–ին։ Բայց ճիշդ ինչպէ՞ս գիտենք թէ եօթը ժամանակները վերջ գտան 1914–ինi։
ՃՈՆ.– Այո, այդ մասին հարց կու տամ։
ԿՐԷԿ.– Աստուածաշունչը ինքնին կ’օգնէ որ եօթը ժամանակներուն տեւողութիւնը սահմանենք։ Կ’ուզե՞ս գալ անգամ այս նիւթը քննարկենք։
ՃՈՆ.– Լաւ կ’ըլլայ։
Արդեօք կա՞յ աստուածաշնչական նիւթ մը, որուն մասին շատ մտածած ես։ Եհովայի վկաներուն հաւատալիքներով կամ կրօնական սովորութիւններով հետաքրքրուա՞ծ ես։ Եթէ այո՛, կրնաս ոեւէ Վկայի հարցումներ ուղղել։ Ան ուրախ պիտի ըլլայ այսպիսի նիւթեր քեզի հետ քննարկելու։
a Եհովայի վկաները Աստուածաշունչի անվճար ուսումնասիրութեան յայտագրին միջոցով, յաճախ ուրիշներու հետ Աստուածաշունչը նիւթ առ նիւթ կը քննարկեն։
c Տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 9–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
g Յիսուս վերջին օրերուն վերաբերեալ իր մարգարէութեան մէջ ըսաւ. «Երուսաղէմ [որ Աստուծոյ իշխանութիւնը կը ներկայացնէր] ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն ժամանակները լմննան» (Ղուկաս 21։24)։ Ուրեմն, Յիսուսի ատեն Աստուծոյ իշխանութիւնը տակաւին ընդհատուած էր եւ պիտի շարունակէր ընդհատուած մնալ մինչեւ վերջին օրերը։
i Տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին յաւելուածը՝ «1914. Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ յատկանշական տարի մը»։
Այս յօդուածաշարքին յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ համարներ, որոնք լոյս կը սփռեն եօթը ժամանակներուն տեւողութեան վրայ։