ԶՐՈՅՑ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՆԻՒԹԻ ՄԸ ՇՈՒՐՋ
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ սկսաւ իշխել (Մաս 2)
Այս նիւթը սովորական զրոյց մըն է, որ Եհովայի վկաները կրնան տանտիրոջ մը հետ ունենալ։ Երեւակայենք որ Կրէկ անունով Վկայ մը, Ճոն անունով տղամարդու մը կը վերայցելէ։
ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻ ԵՐԱԶԸ. ՀԱՄԱՌՕՏ ՎԵՐԱՔԱՂ
ԿՐԷԿ.– Բարեւ Ճոն։ Շատ ուրախ եմ որ այսօր ալ կրցանք տեսնուիլ։
ՃՈՆ.– Բարե՜ւ Կրէկ։ Հրամմէ։
ԿՐԷԿ.– Գիտե՞ս Ճոն, Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու մեր այս շաբաթական նիստերըa ինծի համար շատ հաճելի պահեր են։ Ինչպէ՞ս ես այսօր։
ՃՈՆ.– Լաւ եմ։
ԿՐԷԿ.– Շատ լաւ։ Անցեալ անգամ կը խօսէինք որ Եհովայի վկաները ինչո՛ւ կ’ըսեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել 1914–ինb։ Նկատի առինք թէ կարեւոր ապացոյց մը կը գտնուի Դանիէլ գրքին չորրորդ գլուխին բովանդակած մարգարէութեան մէջ։ Կը յիշե՞ս հոն ինչ կ’ըսէ։
ՃՈՆ.– Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին երազը մեծ ծառի մը մասին։
ԿՐԷԿ.– Ճիշդ է։ Նաբուգոդոնոսոր երազին մէջ տեսաւ հսկայ ծառ մը, որ մինչեւ երկինք կը հասնէր։ Ան լսեց որ Աստուծոյ հրեշտակը կը հրամայէ որ ծառը կտրուի, բայց անոր կոճղն ու արմատները հողին մէջ մնան։ «Եօթը ժամանակ» անցնելէ ետք ծառը դարձեալ պիտի աճէրc։ Նաեւ, քննարկեցինք թէ այս մարգարէութիւնը ինչո՛ւ երկու կատարում ունի։ Կը յիշե՞ս անոր առաջին կատարումը ի՛նչ էր։
ՃՈՆ.– Անիկա Նաբուգոդոնոսորին վրայ կատարուեցաւ, չէ՞։ Ան եօթը տարի իր խելքը կորսնցուց։
ԿՐԷԿ.– Ճիշդ այդպէս։ Նաբուգոդոնոսոր ժամանակաւորապէս իր խելքը կորսնցուց եւ այսպիսով իր իշխանութիւնը ընդհատուեցաւ։ Բայց այս մարգարէութեան երկրորդ եւ մեծ կատարման մէջ, Աստուծոյ իշխանութիւնը ձեւով մը եօթը ժամանակ պիտի ընդհատուէր։ Ինչպէս տեսանք, եօթը ժամանակները սկսան Ք.Ա. 607–ին՝ երբ Երուսաղէմը կործանեցաւ։ Անկէ ետք, երկրի վրայ Եհովա Աստուած ներկայացնող երկրային թագաւորներ ա՛լ չէին իշխեր Իր ժողովուրդին վրայ։ Բայց եօթը ժամանակներուն վերջաւորութեան, Աստուած իր ժողովուրդին վրայ նոր Իշխան մը պիտի նշանակէր, եւ այս իշխանը երկինքէն պիտի ըլլար։ Ուրիշ խօսքով, եօթը ժամանակներուն վերջանալը պիտի նշանակէր Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան իշխանութեան սկիզբը։ Լաւ, մենք արդէն քննարկեցինք թէ եօթը ժամանակները ե՛րբ սկսան։ Ուրեմն, երբ գիտնանք թէ այդ ժամանակները ո՛րքան տեւեցին, կրնանք գիտնալ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՛րբ սկսաւ իշխել։ Մինչեւ հոս յստա՞կ է Ճոն։
ՃՈՆ.– Այո՛։ Վերաքաղը ինծի օգնեց որ այս կէտերը յիշեմ։
ԿՐԷԿ.– Շատ լաւ։ Ուրեմն սկսինք նկատի առնել եօթը ժամանակներուն տեւողութիւնը։ Ես ալ վերջերս այս նիւթին մասին կարդացի, որպէսզի կարենամ յիշել գլխաւոր գաղափարները։ Ջանքս պիտի թափեմ որ կարելի եղածին չափ լաւ կերպով բացատրեմ։
ՃՈՆ.– Կանխաւ շնորհակալ եմ Կրէկ։
ԵՕԹԸ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ Կ’ԱՒԱՐՏԻՆ, ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ
ԿՐԷԿ.– Մարգարէութեան առաջին կատարման մէջ, եօթը ժամանակները բառացի եօթը տարիներ էին։ Բայց երկրորդ եւ մեծ կատարման մէջ, եօթը ժամանակները պէտք էր որ բառացի եօթը տարիներէ աւելի ըլլային։
ՃՈՆ.– Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսես։
ԿՐԷԿ.– Պատճառներէն մէկը այն է, թէ ինչպէս տեսանք, եօթը ժամանակները սկսան երբ Երուսաղէմը կործանեցաւ Ք.Ա. 607–ին։ Եթէ այդ թուականէն սկսինք հաշուել եօթը տարի, կը հասնինք Ք.Ա. 600 թուական։ Բայց այդ տարին Աստուծոյ իշխանութեան առնչուող յատկանշական բան չպատահեցաւ։ Ասկէ զատ,– ինչպէս որ նախապէս նկատի առինք,– Ք.Ա. 607–էն դարեր ետք, երբ Յիսուս հոս երկրի վրայ էր, ցոյց տուաւ թէ եօթը ժամանակները տակաւին չէին լրացած։
ՃՈՆ.– Այո, այո, կը յիշեմ այս կէտը։
ԿՐԷԿ.– Ուստի եօթը ժամանակները բառացի տարիներ չեն, հապա աւելի երկար ժամանակաշրջան մըն են։
ՃՈՆ.– Որքա՞ն երկար։
ԿՐԷԿ.– Յայտնութիւն գիրքը, որ մօտէն առնչուած է Դանիէլ գիրքին, մեզի կ’օգնէ որոշելու եօթը ժամանակներուն տեւողութիւնը։ Հոն կը խօսի երեքուկէս ժամանակներու մասին, որոնք կը համապատասխանեն 1260 օրերուd։ Այսպէս, եօթը ժամանակները, որոնք երեքուկէս ժամանակներուն կրկնապատիկն են, կը համապատասխանեն 2520 օրերու։ Մինչեւ հոս յստա՞կ է Ճոն։
ՃՈՆ.– Այո՛։ Բայց տակաւին չեմ կրնար ըմբռնել թէ ասիկա ինչպէ՛ս ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել 1914–ին։
ԿՐԷԿ.– Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս իրարու հետ կապուած են։ Երբեմն Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ մէկ օրը կը խորհրդանշէ մէկ տարիe։ Եթէ ամէն մէկ օրուան տեղ մէկ տարի հաշուենք, եօթը ժամանակները կը համապատասխանեն 2520 տարիներու։ Եթէ Ք.Ա. 607–էն սկսինք հաշուել 2520 տարի, կը հասնինք 1914 թուականf։ Այսպիսով, կ’եզրակացնենք թէ 1914–ը այն տարին է, երբ եօթը ժամանակները լրացան եւ Յիսուս սկսաւ իշխել որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Եւ յատկանշական է որ 1914–էն ի վեր համաշխարհային աչքառու դէպքեր պատահած են. դէպքեր՝ որոնց մասին Աստուածաշունչը մարգարէացած էր թէ վերջին օրերուն պիտի կատարուէին։
ՃՈՆ.– Ի՞նչ տեսակի դէպքեր։
ԿՐԷԿ.– Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ Մատթէոս 24։7–ին մէջ։ Խօսելով այն ժամանակին մասին երբ երկնքի մէջ իր իշխանութիւնը պիտի սկսէր, ան նշեց. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։ Ի՞նչ կ’ըսես. անցեալ դարուն այս տեսակի աղէտալի դէպքեր մե՜ծ տարողութեամբ չպատահեցա՞ն։
ՃՈՆ.– Ճիշդ ես, պատահեցան։
ԿՐԷԿ.– Այս համարին մէջ, Յիսուս նաեւ մարգարէացաւ թէ իր ներկայութեան ընթացքին որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւոր, պատերազմներ տեղի պիտի ունենային։ Եւ Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը մարգարէացաւ ոչ միայն տեղական պատերազմներ, այլեւ՝ այնպիսի պատերազմներ, որոնք վերջին օրերուն ընթացքին ամբողջ աշխարհին պիտի ազդէինg։ Կը յիշե՞ս համաշխարհային առաջին պատերազմը ե՛րբ բռնկեցաւ։
ՃՈՆ.– 1914–ին, ճիշդ ա՛յն տարին որ կ’ըսես թէ Յիսուս սկսաւ իշխել։ Բնա՛ւ այս կերպով չէի մտածած։
ԿՐԷԿ.– Եօթը ժամանակներուն եւ աշխարհին վերջին վերաբերող Աստուածաշունչի այլ մարգարէութիւններուն մասին այս տեղեկութիւնները քով–քովի բերելով, մենք՝ Եհովայի վկաներս, կը հաւատանք որ Յիսուս որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւոր սկսաւ իշխել 1914–ին եւ թէ վերջին օրերը սկսան նոյն այդ տարինh։
ՃՈՆ.– Տակաւին կը փորձեմ այս բոլորը ըմբռնել։
ԿՐԷԿ.– Կը հասկնամ։ Ինծի հետ ալ ժամանակ առաւ որ այս բոլորը լիովին հասկնամ։ Բայց առնուազն կը յուսամ որ այս նիստը քեզի օգնեց տեսնելու, որ թէեւ 1914–ը մասնայատուկ կերպով չէ նշուած Աստուածաշունչին մէջ, բայց Եհովայի վկաները այդ թուականին հանդէպ իրենց հաւատալիքները կը հիմնեն Աստուածաշունչին վրայ։
ՃՈՆ.– Արդէն ասիկա միշտ տպաւորած է զիս։ Ձեր բոլոր ըսածները հիմնուած են Աստուածաշունչին վրայ։ Բնաւ ձեր անձնական կարծիքը չէք տար։ Միայն թէ կը զարմանամ թէ այս նիւթը ինչո՞ւ այսքան բարդ է։ Աստուած ինչո՞ւ պարզապէս չըսաւ թէ 1914–ին Յիսուս երկնքի մէջ պիտի սկսէր իշխել։
ԿՐԷԿ.– Աղուոր հարցում է։ Իրականութեան մէջ շատ բաներ կան, որոնց մասին Աստուածաշունչը բացայայտ կերպով չի խօսիր։ Լաւ, Աստուած ինչո՞ւ Աստուածաշունչը գրել տուաւ այնպիսի կերպով մը, որ զայն հասկնալը ջանք պիտի պահանջէր։ Ի՞նչ կ’ըսես եթէ այս նիւթին մասին ուրիշ ատեն խօսինք։
ՃՈՆ.– Համաձայն եմ։
Արդեօք կա՞յ աստուածաշնչական նիւթ մը, որուն մասին շատ մտածած ես։ Եհովայի վկաներուն հաւատալիքներով կամ կրօնական սովորութիւններով հետաքրքրուա՞ծ ես։ Եթէ այո՛, կրնաս ոեւէ Վկայի հարցումներ ուղղել։ Ան ուրախ պիտի ըլլայ այսպիսի նիւթեր քեզի հետ քննարկելու։
a Եհովայի վկաները Աստուածաշունչի անվճար ուսումնասիրութեան յայտագրի մը միջոցով, յաճախ ուրիշներու հետ Աստուածաշունչը նիւթ առ նիւթ կը քննարկեն։
b Տե՛ս «Զրոյց աստուածաշնչական նիւթի մը շուրջ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ սկսաւ իշխել. Մաս 1», Դիտարան–ի 1 հոկտեմբեր 2014 թիւին մէջ։
c Տե՛ս Դանիէլ 4։23-25։
d Տե՛ս Յայտնութիւն 12։6, 14։
e Տե՛ս Թուոց 14։34. Եզեկիէլ 4։6։
f Տե՛ս «Նաբուգոդոնոսորին երազը ծառի մը մասին» ցուցակը։
g Տե՛ս Յայտնութիւն 6։4։
h Տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 9–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։