Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 10/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 10/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Ինչո՞ւ աղօթել որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։

Յիսուս Քրիստոս կը ձիավարէ Աստուծոյ Թագաւորութեան թշնամիները նուաճելու

Կ’ուզե՞ս Աստուծոյ Թագաւորութեան ու անոր իրագործումներուն մասին աւելին գիտնալ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ աղօթեն որ Թագաւորութիւնը գայ, քանի որ անիկա երկրի վրայ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը պիտի վերահաստատէ։ Ո՛չ մէկ մարդկային կառավարութիւն կրնայ բռնութիւնը, անիրաւութիւնը կամ հիւանդութիւնը ամբողջովին ոչնչացնել, բայց Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ եւ պիտի ընէ։ Աստուած որոշած է որ իր Որդին՝ Յիսուս, այս Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլայ։ Ան նաեւ ընտրած է Յիսուսի հետեւորդներէն խումբ մը, որպէսզի Թագաւորութեան մէջ Յիսուսի իշխանակիցներ ըլլան (կարդա՛ Ղուկաս 11։2. 22։28-30)։

Շուտով, Թագաւորութիւնը Աստուծոյ իշխանութեան բոլոր հակառակորդներուն դէմ քայլ պիտի առնէ։ Ուստի, Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար աղօթելը խնդրանք մըն է, որ Աստուծոյ կառավարութիւնը բոլոր մարդկային կառավարութիւններուն տեղը առնէ (կարդա՛ Դանիէլ 7։13, 14. Յայտնութիւն 11։15, 18)։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչո՞ւ մարդոց պիտի օգտէ։

Յիսուս օրինակելի Թագաւոր է, քանի որ կարեկից է։ Որպէս Աստուծոյ Որդին, ան նաեւ զօրութիւնը ունի օգնելու բոլոր անոնց, որոնք Աստուծմէ օգնութիւն կ’աղաչեն (կարդա՛ Սաղմոս 72։8, 12-14)։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի օգտէ բոլոր անոնց, որոնք աղօթքով անկեղծօրէն կը խնդրեն որ գայ, եւ իրենց կեանքը Աստուծոյ կամքին հետ կը ներդաշնակեն։ Բնա՛ւ պիտի չզղջաս՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին Աստուածաշունչին ըսածները սորվելով (կարդա՛ Ղուկաս 18։16, 17. Յովհաննէս 4։23)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 8–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել