Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 12/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ո՞ւր կրնանք գտնել կեանքի կարեւոր հարցումներուն պատասխանները
    Ո՞ւր կրնանք գտնել կեանքի կարեւոր հարցումներուն պատասխանները
  • Յաւելեալ օգնութիւն ընտանիքներուն
    Զարթի՛ր 2018
  • Տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞
    Տառապանքը երբեք վերջ պիտի գտնէ՞
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 12/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Երեխաները ինչպէ՞ս կրնան սորվիլ Աստուած սիրել։

Ծնող մը իր զաւակին դասեր կը սորվեցնէ ստեղծագործութենէն

Ստեղծագործութենէն դասեր սորվեցուր զաւակիդ, որպէսզի ճանչնայ եւ սիրէ Աստուած

Զաւակներդ կրնան սորվիլ Աստուած սիրել, միայն եթէ փաստ ունենան որ ան գոյութիւն ունի եւ կը սիրէ զիրենք։ Աստուած սիրելու համար, անոնք պէտք է ճանչնան զինք (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Օրինակ, անոնք պէտք է գիտնան թէ ան ի՛նչ նպատակով ստեղծեց մարդը, ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը եւ ապագային ի՛նչ պիտի ընէ մարդկութեան համար (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։9)։

Որպէսզի զաւակներուդ օգնես որ Աստուած սիրեն, պէտք է իրենց ցոյց տաս, թէ դուն ինքդ զինք կը սիրես։ Երբ անոնք ասիկա տեսնեն, շատ հաւանաբար պիտի ընդօրինակեն քեզ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։5-7. Առակաց 22։6)։

Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակներուդ սրտին հասնիլ։

Աստուծոյ Խօսքը զօրեղ է (Եբրայեցիս 4։12)։ Ուստի զաւակներուդ օգնէ որ անոր հիմնական ուսուցումները սորվին։ Յիսուս մարդոց սրտին հասնելու համար հարցումներ ուղղեց, մտիկ ըրաւ եւ Սուրբ Գրութիւնները բացատրեց։ Զաւակներուդ սրտին հասնելու համար, կրնաս Յիսուսին սորվեցնելու մեթոտը ընդօրինակել (կարդա՛ Ղուկաս 24։15-19, 27, 32)։

Աւելին, երբ երեխաները Աստուածաշունչէն սորվին թէ Աստուած ինչպէ՛ս վարուած է մարդոց հետ, ասիկա իրենց պիտի օգնէ որ ճանչնան եւ սիրեն զինք։ Այս նպատակաւ, պատրաստուած են կարգ մը հրատարակութիւններ, որոնք մատչելի են www.jw.org կայքին մէջ (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 14–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Մատչելի է www.jw.org/hy-latn կայքին մէջ, կամ կրնաս ձրի օրինակ մը խնդրել՝ երկրորդ էջի նշած հասցէներէն մէկը գործածելով

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել