Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 6/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Զաւակներուդ Եհովան սիրել սորվեցուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ Եհովան սիրեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ (Մաս 2)
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 6/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Ինչպէ՞ս կրնաս լաւ ծնողք մը ըլլալ։

Հայր մը եւ իր տղեկը վիշապաճանճ մը կը դիտեն

Զաւակիդ կը սորվեցնե՞ս որ Աստուած սիրէ

Այն տան մէջ ուր ծնողներ իրարու հանդէպ սէր եւ յարգանք ունին, երեխան լաւագոյն կերպով կը մեծնայ (Կողոսացիս 3։14, 19)։ Լաւ ծնողներ իրենց զաւակները կը սիրեն եւ կը գովեն, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան իր Որդին գովեց (կարդա՛ Մատթէոս 3։17)։

Մեր երկնաւոր հայրը իր ծառաներուն մտիկ կ’ընէ եւ անոնց զգացումները հաշուի կ’առնէ։ Լաւ կ’ըլլայ որ ծնողներ Եհովա Աստուած ընդօրինակեն եւ իրենց զաւակներուն մտիկ ընեն, երբ անոնք արտայայտուին (Յակոբոս 1։19)։ Անոնք պէտք է հաշուի առնեն իրենց զաւակներուն զգացումները եւ մտահոգութիւնները (կարդա՛ Թուոց 11։11, 15)։

Ինչպէ՞ս կրնաս պատասխանատու երեխաներ մեծցնել։

Որպէս ծնողք, օրէնքներ դնելու հեղինակութիւն ունիս (Եփեսացիս 6։1)։ Աստուծոյ օրինակէն սորվէ՛։ Ան իր զաւակներուն հանդէպ իր սէրը կը յայտնէ, երբ յստակ կերպով կը նշէ օրէնքները եւ անոնց չհնազանդելուն հետեւանքները (Ծննդոց 3։3)։ Փոխանակ մարդիկը ստիպելու որ ատոնց հնազանդին, ան անոնց կը սորվեցնէ ճիշդը ընելով ինչպէ՛ս օգտուիլ (կարդա՛ Եսայի 48։18, 19)։

Ջանա՛ զաւակներուդ օգնել որ Եհովան սիրեն։ Այն ատեն անոնք իմաստուն կերպով պիտի վարուին, նոյնիսկ երբ իրենց հետ չես։ Ճիշդ ինչպէս որ Աստուած կը սորվեցնէ օրինակով, նոյնպէս զաւակներուդ սորվեցուր որ Աստուած սիրեն՝ անոնց օրինակ հանդիսանալով (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։5-7. Եփեսացիս 4։32. 5։1)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 14–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել