Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելով՝ օրհնութիւններ քաղենք
«Շնորհակալութի՛ւն յայտնեցէք Եհովային, որովհետեւ ան բարի է» (ՍԱՂ. 106։1, ՆԱ)։
1. Եհովան ինչո՞ւ արժանի է մեր գոհութեան։
ԵՀՈՎԱՆ, որ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» կու տայ, ի՛րապէս արժանի է մեր գոհութեան (Յակ. 1։17)։ Մեր սիրալիր Հովիւը ըլլալով, ան քնքշօրէն հոգ կը տանի մեր բոլոր ֆիզիքական եւ հոգեւոր կարիքներուն (Սաղ. 23։1-3)։ Ան ցոյց տուած է թէ «մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է»,– յատկապէս նեղութիւններու մէջ (Սաղ. 46։1)։ Վստահաբար բազմաթիւ պատճառներ ունինք սրտանց համաձայն գտնուելու սաղմոսերգուին այս խօսքերուն հետ. «Շնորհակալութի՛ւն յայտնեցէք Եհովային, որովհետեւ ան բարի է, որովհետեւ անոր հաւատարիմ սէրը յաւիտեան է» (Սաղ. 106։1, ՆԱ)։
Մեր 2015–ի տարուան համարը. «Շնորհակալութի՛ւն յայտնեցէք Եհովային, որովհետեւ ան բարի է» (Սաղմոս 106։1, ՆԱ)
2, 3. ա) Մեր օրհնութիւնները թեթեւի առնելուն վտանգները ի՞նչ են։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։
2 Ինչո՞ւ կարեւոր է որ շնորհակալութիւն յայտնելու նիւթը արծարծենք։ Ըստ մարգարէութեան, այս վերջին օրերուն մէջ, մարդիկ հետզհետէ աւելի ապերախտ եղած են (Բ. Տիմ. 3։2)։ Շատեր իրենց օրհնութիւնները թեթեւի կ’առնեն։ Առեւտրական աշխարհին եւ անոր գովազդներուն ազդեցութեան ներքեւ ըլլալով, միլիոնաւորներ իրենց ունեցածով չեն գոհանար, այլ՝ կը ճգնին աւելի՛ն ձեռք ձգել։ Այս ապերախտ ոգին կրնայ մեզի ալ ազդել։ Վաղեմի իսրայէլացիներուն պէս, կրնայ ըլլալ որ անշնորհակալ դառնանք եւ չգնահատենք Եհովայի հետ մեր թանկագին փոխյարաբերութիւնը եւ իրմէ ստացած օրհնութիւնները (Սաղ. 106։7, 11-13)։
3 Նաեւ նկատի առ թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ դժուար փորձութիւններէ անցնինք։ Նման պարագայի ներքեւ, կրնանք դիւրութեամբ վհատիլ եւ մեր օրհնութիւնները չտեսնել (Սաղ. 116։3)։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք երախտապարտ սիրտ մշակել եւ զայն պահպանել։ Եւ ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ դրական մնալու, նոյնիսկ երբ ծանր փորձութիւններէ անցնինք։ Տեսնենք։
«ՇԱՏ ԵՆ ՍՔԱՆՉԵԼԻՔՆԵՐԴ, ՈՐՈՆՔ ԴՈՒՆ ԸՐԵՐ ԵՍ»
4. Ինչպէ՞ս կրնանք երախտապարտ սիրտ պահպանել։
4 Եթէ կ’ուզենք երախտապարտ սիրտ մշակել ու պահպանել, հարկ է որ գիտակցինք թէ Եհովայէն ի՛նչ օրհնութիւններ ստացած ենք, գնահատանքով խոկանք ատոնց վրայ, եւ ուշադրութեամբ նկատի առնենք իր հաւատարիմ սիրոյ արարքները։ Երբ սաղմոսերգուն այսպէս ըրաւ, Եհովայի ըրած շատ մը սքանչելիքներուն վրայ հիացաւ (կարդա՛ Սաղմոս 40։5. 107։43)։
5. Երախտագիտութիւն զարգացնելու առնչութեամբ, Պօղոս առաքեալէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
5 Երախտագիտութիւն զարգացնելու առնչութեամբ շատ բան կրնանք սորվիլ Պօղոս առաքեալէն։ Ակնյայտ է որ ան իր օրհնութիւններուն վրայ խոկաց, քանի որ յաճախ սրտաբուխ շնորհակալութիւններ յայտնեց։ Պօղոս գիտակից էր, թէ «առաջ հայհոյիչ [էր] ու հալածող եւ թշնամանող»։ Ուստի ան երախտապարտ գտնուեցաւ, որ Աստուած եւ Քրիստոս իրեն ողորմութիւն ցոյց տուին եւ ծառայութիւն մը վստահեցան, հակառակ իր գործած մեղքերուն (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 1։12-14)։ Պօղոս իր հաւատակիցներն ալ խորապէս գնահատեց եւ յաճախ Եհովայէն շնորհակալ եղաւ անոնց ընտիր յատկութիւններուն եւ հաւատարիմ ծառայութեան համար (Փլպ. 1։3-5, 7. Ա. Թես. 1։2, 3)։ Իսկ երբ ծանր փորձութիւններ դիմագրաւեց, Պօղոս շուտով Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեց իր հոգեւոր եղբայրներէն ստացած ժամանակայարմար օգնութեան համար (Գործք 28։15. Բ. Կոր. 7։5-7)։ Ուստի զարմանալի չէ որ Պօղոս քրիստոնեաները կը քաջալերէ. «Գոհացէք. . . խրատե[ցէք] սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով» (Կող. 3։15-17)։
ԽՈԿԱԼ ԵՒ ԱՂՕԹԵԼ. ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԸԼԼԱԼՈՒ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐ
6. Յատկապէս ի՞նչ բանի համար Եհովային երախտապարտ ես։
6 Երախտագիտութիւն զարգացնելու եւ դրսեւորելու առնչութեամբ, ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսի ընտիր օրինակին հետեւիլ։ Իրեն պէս պէտք է խոկանք, թէ Եհովան ի՛նչ ըրած է անձամբ մեզի համար (Սաղ. 116։12)։ Եթէ քեզի հարցուէր. «Եհովայի տուած ո՞ր օրհնութիւններուն համար երախտապարտ ես», ի՞նչ կը պատասխանէիր։ Կը թուէի՞ր Եհովայի հետ ունեցած թանկարժէք փոխյարաբերութիւնդ, կամ՝ Քրիստոսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայելուդ շնորհիւ ստացած ներումդ։ Կը նշէի՞ր այն եղբայրներուն ու քոյրերուն անունները, որոնք քեզի նեցուկ կանգնած են զանազան դժուարութիւններու ներքեւ։ Կասկած չկայ թէ պիտի նշէիր նաեւ սիրելի կողակիցդ կամ թանկագին զաւակներդ։ Երբ սիրառատ Հօրդ տուած այս գեղեցիկ օրհնութիւններուն վրայ խոկալու ժամանակ յատկացնես, սիրտդ երախտապարտութեամբ պիտի լեցուի եւ պիտի մղուիս ամէն օր իրեն շնորհակալութիւն յայտնելու (կարդա՛ Սաղմոս 92։1, 2)։
7. ա) Ինչո՞ւ պէտք է շնորհակալական աղօթքներ մատուցանենք։ բ) Աղօթքով երախտագիտութիւնդ յայտնելը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։
7 Երբ մեր օրհնութիւնները մեր մտքին ու սրտին մէջ քանդակուին, պատրաստ կ’ըլլանք աղօթքով Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելու (Սաղ. 95։2. 100։4, 5)։ Ըստ շատերու կարծիքին, աղօթքը կերպ մըն է՝ Աստուծոյ խնդրանքներ ներկայացնելու։ Բայց մենք գիտենք, որ Եհովան կ’ուրախանայ երբ իրեն շնորհակալական խօսքեր կ’ուղղենք մեր ունեցածին համար։ Աստուածաշունչը լեցուն է սիրտ ջերմացնող շնորհակալական աղօթքներով, ներառեալ՝ Աննայի եւ Եզեկիայի աղօթքները (Ա. Թագ. 2։1-10. Եսա. 38։9-20)։ Ուստի ընդօրինակէ՛ այդ հաւատարիմ ծառաները, որոնք երախտապարտ ոգի դրսեւորեցին։ Այո, աղօթքով Եհովայէն շնորհակալ եղիր վայելած օրհնութիւններուդ համար (Ա. Թես. 5։17, 18)։ Ասիկա բազմաթիւ օգուտներ կը բերէ։ Տրամադրութիւնդ պիտի բարձրանայ, Եհովայի հանդէպ սէրդ պիտի աճի եւ իրեն ա՛լ աւելի պիտի մօտենաս (Յակ. 4։8)։
Եհովայի տուած ո՞ր օրհնութիւններուն համար երախտապարտ ես (տե՛ս պարբերութիւն 6, 7)
8. Ի՞նչը կրնայ պատճառ դառնալ, որ մեր գնահատութիւնը կորսնցնենք։
8 Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք դիւրութեամբ Եհովայի բարիքներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը կորսնցնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անկատար ենք եւ անշնորհակալ ըլլալու հակումը ժառանգած ենք։ Ադամին ու Եւային դրախտային պարտէզ մը տրուեցաւ։ Իրենց բոլոր կարիքները կը գոհացուէին եւ խաղաղութեան մէջ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունէին (Ծն. 1։28)։ Բայց մեր առաջին ծնողները իրենց օրհնութիւնները չգնահատեցին եւ ագահօրէն աւելի՛ն ցանկացին. հետեւաբար, ամէն բան կորսնցուցին (Ծն. 3։6, 7, 17-19)։ Մենք ալ, որ շրջապատուած ենք անշնորհակալ մարդոցմով, կրնանք դիւրութեամբ չտեսնել այն բոլոր բաները, որ Եհովան մեզի համար ըրած է։ Թերեւս սկսինք իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը թեթեւի առնել կամ համաշխարհային եղբայրութեան մաս կազմելու մեր առանձնաշնորհումը չգնահատել։ Թերեւս կլանուինք աշխարհիս բաներով, որոնք շուտով պիտի անցնին (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Այս անկումէն խուսափելու համար, լաւ է որ մեր օրհնութիւններուն վրայ խոկանք եւ կանոնաւորաբար Եհովային շնորհակալութիւն յայտնենք, որ իր ժողովուրդին մէկ անդամը ըլլալու առանձնաշնորհումը ունինք (կարդա՛ Սաղմոս 27։4)։
ԵՐԲ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ
9. Երբ ցաւագին փորձութիւններու դէմ յանդիման գանք, ինչո՞ւ պէտք է մեր օրհնութիւններուն վրայ խոկանք։
9 Երախտապարտ սիրտը կրնայ մեզի օգնել ցաւագին փորձութիւններու տոկալու։ Կրնանք ջախջախուած զգալ, եթէ յանկարծ կեանք փոխող պարագաներ դիմագրաւենք, ինչպէս օրինակ՝ երբ կողակից մը անհաւատարիմ գտնուի, լուրջ հիւանդութիւն մը հարուածէ, սիրելի մը մեռնի կամ բնական աղէտ մը սոսկալի ազդեցութիւններ ձգէ։ Այդ ժամանակներուն, պիտի մխիթարուինք եւ զօրանանք, մեր օրհնութիւններուն վրայ խոկալով։ Նկատի առ իրական կեանքէ առնուած հետեւեալ փորձառութիւնները։
10. Իրինան ինչպէ՞ս օգտուեցաւ իր օրհնութիւնները հաշուելով։
10 Իրինաa, որ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կանոնաւոր ռահվիրայ մըն է, ամուսնացած էր երէցի մը հետ, որ անհաւատարիմ գտնուելով լքեց զինք եւ իրենց զաւակները։ Ի՞նչը Իրինային օգնեց Եհովայի ծառայութեան մէջ հաւատարմօրէն յարատեւելու։ Քոյրը կ’ըսէ. «Երախտապարտ եմ, որ Եհովան զիս անհատական գետնի վրայ կը հոգայ։ Ամէն օր իմ օրհնութիւններս հաշուելով կրնամ տեսնել, թէ ի՜նչ առանձնաշնորհում է ճանչցուիլ եւ սիրուիլ մեզ պաշտպանող երկնաւոր Հօր կողմանէ։ Գիտեմ, որ ան բնաւ զիս պիտի չլքէ»։ Թէեւ Իրինան իր կեանքին մէջ շատ մը ցաւալի պարագաներէ անցած է, բայց իր զուարթ ըլլալը զինք կը կազդուրէ։ Ուրիշներու համար, ան քաջալերութեան աղբիւր է։
11. Ի՞նչ բան Քիոնկ–սուքին օգնեց կեանքի սպառնացող հիւանդութեան մը հետ գլուխ ելլելու։
11 Ասիայի մէջ, Քիոնկ–սուք անունով քոյր մը աւելի քան 20 տարի իր ամուսինին հետ ռահվիրայութիւն կ’ընէր, բայց յանկարծ ախտաճանաչում եղաւ, որ բարդացած թոքի քաղցկեղ ունի եւ իրեն ըսուեցաւ որ երեքէն վեց ամիս պիտի ապրի։ Թէեւ Քիոնկ–սուք եւ իր ամուսինը բազմաթիւ մեծ ու պզտիկ փորձութիւններէ անցած էին, բայց առողջապահական գետնի վրայ բնաւ գանգատ չունէին։ Քոյրը ըսաւ. «Այս առողջապահական հարցը զիս մեծապէս ցնցեց։ Զգացի թէ ամէն բան կորսնցուցած եմ եւ շա՛տ վախցայ»։ Ի՞նչ բան այս քրոջ օգնած է դիմանալու։ Ան կ’ըսէ. «Ամէն գիշեր, քնանալէս առաջ տանիք կ’ելլեմ եւ բարձրաձայն աղօթելով կը նշեմ նոյն օրուան առնչուած հինգ բաներ, որոնց համար երախտապարտ եմ։ Ապա միտքս կը հանգստանայ եւ կը մղուիմ Եհովայի հանդէպ իմ սէրս արտայայտելու»։ Քիոնկ–սուք ինչպէ՞ս օգտուած է գիշերները այսպիսի աղօթքներ ընելով։ Ան կ’ըսէ. «Անդրադարձած եմ, որ Եհովան կը կազդուրէ մեզ երբ դժուարին պարագաներէ կ’անցնինք, եւ թէ մեր կեանքին մէջ շա՛տ աւելի օրհնութիւններ կան քան՝ փորձութիւններ»։
Իր վերապրած եղբօր՝ Ճոնի հետ (տե՛ս պարբերութիւն 13)
12. Իր կնոջ մահէն ետք, Ճէյսըն ինչպէ՞ս մխիթարուեցաւ։
12 Ճէյսըն, որ Ափրիկէի մէկ մասնաճիւղին մէջ կը ծառայէ, աւելի քան 30 տարիէ ի վեր լիաժամ ծառայութեան մէջ է։ Ան կը պատմէ. «Կինս եօթը տարի առաջ մահացաւ եւ այս ցաւը ջախջախիչ է։ Եթէ ինքզինքիս թոյլ տամ որ մտածեմ թէ ան ինչերէ անցաւ մինչ քաղցկեղի դէմ կը պայքարէր, սիրտս կտոր–կտոր կ’ըլլայ»։ Ի՞նչ բան Ճէյսընին օգնած է տոկալու։ Ան կ’ըսէ. «Օր մը յիշեցի հաճելի պահ մը, որ ես ու կինս միասին անցուցած էինք, եւ աղօթքով Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեցի այդ յիշատակին համար։ Որոշ հանգստութիւն զգացի եւ այնուհետեւ սկսայ կանոնաւորաբար Եհովային շնորհակալութիւն յայտնել համանման ուրախ յիշատակներու համար։ Հայեցակէտս մեծապէս փոխուած է երախտագիտութեանս շնորհիւ։ Ճիշդ է որ տակաւին այդ վիշտը կը զգամ, բայց հայեցակէտս բարելաւուած է Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելով, որ ունեցած եմ լաւ ամուսնութիւն եւ վայելած եմ առանձնաշնորհումը իրեն ծառայելու անձի մը հետ, որ խորապէս կը սիրէր զինք»։
«Շատ ուրախ եմ, որ Եհովան իմ Աստուածս է» (Շերըլ)
13. Ի՞նչ բան Շերըլին օգնեց ընտանիքի կորուստին հետ գլուխ ելլելու։
13 2013–ի վերջաւորութեան, երբ Հայիան հզօր փոթորկահովը հարուածեց Ֆիլիփիններու կեդրոնը, Շերըլ, որ այդ ժամանակ 13 տարեկան էր, գրեթէ ամէն ինչ կորսնցուց։ Ան ըսաւ. «Տունս կորսնցուցի. ընտանիքիս մեծ մասը կորսնցուցի»։ Աղջկան հայրը, մայրը, երկու քոյրերն ու մէկ եղբայրը ուժեղ փոթորիկին զոհը գացին։ Ի՞նչ բան Շերըլին օգնած է, որ այս փորձանքին դիմաց չդառնանայ։ Ան ունի երախտապարտ սիրտ եւ կը գիտակցի թէ տակաւին ի՛նչ օրհնութիւններ ունի։ «Տեսայ թէ եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՛ս կարիքաւորներուն կ’օգնէին եւ կը քաջալերէին։ Գիտէի որ համայն աշխարհի մէջ, եղբայրները ինծի համար կ’աղօթէին»։ Ան աւելցուց. «Շատ ուրախ եմ, որ Եհովան իմ Աստուածս է։ Ան մի՛շտ մեր կարիքները կը հոգայ»։ Այո, մեր օրհնութիւններուն գիտակցիլը ազդու հակաթոյն մըն է վշտահարութեան։ Գնահատող սիրտ ունենալը մեզի կ’օգնէ որեւէ նեղութեան ներքեւ յարատեւելու (Եփ. 5։20. կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։
«ԵՍ ՏԷՐՈՋՄՈՎ ՊԻՏԻ ՑՆԾԱՄ»
14. Ի՞նչ ոգեւորիչ հեռանկար մը ունինք (տե՛ս բացման պատկերը)։
14 Ամբողջ պատմութեան մէջ, Եհովայի ծառաները իրենց օրհնութիւններով ուրախացած են։ Օրինակ, երբ Կարմիր ծովուն քով իսրայէլացիները փարաւոնէն եւ անոր զօրքերէն ազատեցան, իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին շնորհակալական գովերգներով (Ել. 15։1-21)։ Այսօր, ամէնէն թանկարժէք օրհնութիւններէն մէկը որ ունինք, մեր անխախտ յոյսն է, որ պիտի ազատուինք բոլոր այն բաներէն, որոնք մեզի ցաւ ու նեղութիւն կը պատճառեն (Սաղ. 37։9-11. Եսա. 25։8. 33։24)։ Երեւակայէ թէ ի՛նչ պիտի զգանք, երբ Եհովան իր բոլոր թշնամիները ոչնչացնէ ու մեզ ընդունի խաղաղ եւ արդար նոր աշխարհին մէջ։ Շնորհակալութիւն յայտնելու ի՜նչ մեծ օր մը պիտի ըլլայ ատիկա (Յայտ. 20։1-3. 21։3, 4)։
15. Ի՞նչ վճռած ես ընել այս տարուան ընթացքին։
15 Անձկագին կը սպասենք տեսնել այն հոգեւոր ճոխ օրհնութիւնները, որոնք Եհովան այս տարի պիտի թափէ մեր վրայ։ Անշուշտ, թերեւս կարգ մը փորձութիւններ ալ դիմագրաւենք, բայց ի՛նչ որ ալ պատահի, գիտենք որ Եհովան բնաւ մեզ երեսէ պիտի չձգէ (Բ. Օր. 31։8. Սաղ. 9։9, 10)։ Ան պիտի շարունակէ մեզի հարկ եղած բոլոր բաները տալ, որ հաւատարմօրէն իրեն ծառայենք։ Ուստի վճռենք նոյնպիսի ոգի պահպանել, ինչպիսին ունէր Ամբակում մարգարէն, որ ըսաւ. «Թէեւ թզենին ընձիւղ չտայ, որթատունկերուն վրայ պտուղ չըլլայ, ձիթենիին բերքը ստէ, արտերը կերակուր չտան, փարախէն ոչխարը պակսի, գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ, սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ» (Ամբ. 3։17, 18)։ Այո, թող որ 2015–ի ընթացքին ուրախութեամբ խոկանք մեր օրհնութիւններուն վրայ եւ մղուինք այս տարուան համարի յորդորին անսալու, որ է. «Շնորհակալութի՛ւն յայտնեցէք Եհովային, որովհետեւ ան բարի է» (Սաղ. 106։1, ՆԱ)։
a Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։