Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 2/1 էջ 4-7
  • Երախտագէտ հոգի մը մշակենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երախտագէտ հոգի մը մշակենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ապերախտութեան Հիմնական Պատճառը
  • Պարտադիր Է Խոկալ
  • Երախտագիտութիւն Յայտնել
  • Աստուծոյ Հանդէպ Շնորհապարտ
  • «Ամէն բանի մէջ շնորհակա՛լ եղէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Ինչո՞ւ երախտապարտ ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Պատեհութիւնը պիտի օգտագործե՞ս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Ինչո՞ւ մեր գնահատանքը արտայայտենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 2/1 էջ 4-7

Երախտագէտ հոգի մը մշակենք

ՆԻՒ ԵՈՐՔ Նահանգին մէջ, բժիշկ մը Մէրիին կեանքը կը փրկէ՝ շտապ օգնութեան մը ընթացքին։ Սակայն, 50 ամեայ Մէրին ո՛չ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բժշկին, ո՛չ ալ իր պարտամուրհակը կը վճարէ։ Ապերախտութեան ի՜նչ օրինակ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ անգամ մը, երբ Յիսուս գիւղ մը կը մտնէր, բորոտութեան զզուելի հիւանդութիւնը ունեցող տասը մարդոց հանդիպեցաւ։ Անոնք իրենց ձայնը բարձրացնելով ըսին. «Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի»։ Յիսուս պատուիրեց. «Գացէք դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք»։ Բորոտները անոր հրահանգին հնազանդեցան, ու մինչ կ’երթային, սկսան նկատել ու զգալ որ իրենց առողջութիւնը վերագտած էին։

Բժշկուած բորոտներէն ինըն իրենց ճամբան շարունակեցին, բայց մէկը՝ Սամարացի մը՝ վերադարձաւ եւ Յիսուսը փնտռեց։ Այս նախկին բորոտը Աստուծոյ փառք տուաւ, ու երբ Յիսուսը գտաւ, անոր ոտքը իյնալով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց։ Յիսուս պատասխանելով ըսաւ. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։ Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն՝ որ դառնալով Աստուծոյ փառք տային»։—Ղուկաս 17։11-19

«Իսկ այն ինը ո՞ւր են» հարցումին ետին կարեւոր դաս մը կայ։ Մէրիին նման, ինը բորոտները լուրջ թերացում մը ունեցան. անոնք երախտագիտութիւն չցուցաբերեցին։ Այսպիսի ապերախտութիւն ներկայիս շատ ընդհանրացած է. ասոր պատճառը ի՞նչ է։

Ապերախտութեան Հիմնական Պատճառը

Ապերախտութիւնը գլխաւորաբար անձնասիրութենէն ծագում կ’առնէ։ Նկատի առէք մեր առաջին ծնողքը, Ադամն ու Եւան։ Եհովա զանոնք աստուածային յատկանիշերով ստեղծեց ու իրենց ուրախութեան նպաստող ամէն բան հայթայթեց, մէջը ըլլալով պարտիզանման գեղեցիկ բնակարան, կատարեալ միջավայր եւ իմաստալից ու գոհացուցիչ աշխատանք մը։ (Ծննդոց 1։26-29. 2։16, 17) Սակայն, իրենց անձնական շահերուն կոչ ընող Սատանայի ճնշումին ներքեւ, այս զոյգը անհնազանդ գտնուեցաւ ու արհամարհանքով ընդառաջեց Եհովայի բարերարութեան։—Ծննդոց 3։1-5. Յայտնութիւն 12։9

Նաեւ նկատի առէք վաղեմի Իսրայելացիները, որոնք Աստուծմէ ընտրուած էին իր սեպհական ժողովուրդը ըլլալու։ Իսրայելացի ծնողներ որքա՜ն երախտապարտ ըլլալու էին Հ.Դ.Ա. 1513, Նիսան 14–ին գիշերը։ Այդ ճակատագրական գիշերը, Աստուծոյ հրեշտակը «Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները» մեռցուց, բայց բացայայտ կերպով նշան դրուած Իսրայելացիներուն տուներուն վրայէն անցաւ։ (Ելից 12։12, 21-24, 30) Իսկ Կարմիր Ծովուն մէջ, Փարաւոնի բանակին ձեռքէն ազատագրուելէն յետոյ, երախտագիտութեամբ լեցուած սրտերով, ‘Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները երգեցին Տէրոջը’։—Ելից 14։19-28. 15։1-21

Այսուհանդերձ, Եգիպտոսէն ելլելէն միայն քանի մը շաբաթ վերջ, ‘Իսրայէլի որդիները տրտունջ ըրին’։ Անոնք ի՜նչ շուտ ապերախտ դարձան։ Անոնք գերութեան երկրին՝ Եգիպտոսի մէջ ‘մսի կաթսաներուն քով նստիլը ու կուշտ հաց ուտելը’ կարօտցան։ (Ելից 16։1-3) Բացայայտօրէն, անձնասիրութիւնը՝ երախտագիտութիւն մշակելու եւ զայն ցուցաբերելու արգելք կը հանդիսանայ։

Մեղաւոր Ադամէ սերած ըլլալով, բոլոր մարդիկ անձնասէր խառնուածքով ու ապերախտութեան հակումով ծնած են։ (Հռովմայեցիս 5։12) Ապերախտութիւնը այս աշխարհի մարդիկը ղեկավարող անձնասէր հոգիին ալ տիրական մէկ մասն է։ Մեր շնչած օդին նման, այդ հոգին ամէնուրեք կը գտնուի ու կ’ազդէ մեզի։ (Եփեսացիս 2։1, 2) Ուստի, երախտագէտ հոգի մը մշակելու կարիքը ունինք։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։

Պարտադիր Է Խոկալ

Մալխասեանց Հայերէն Բացատրական Բառարան–ը երախտագիտութիւն բառը հետեւեալ կերպով կը սահմանէ. «Երախտիքը գիտնալը՝ ճանաչելը. շնորհակալութեան զգացմունք ստացած լաւութեան համար»։ Զգացում մը մեքենայաբար չի կրնար սկսիլ կամ վերջանալ. անիկա անհատի մը ներսէն պէտք է բխի։ Երախտագիտութիւնը լաւ կենցաղավարութիւն կամ քաղաքավարութիւն ցուցաբերելէն աւելին է. անիկա սրտէն կը բխի։

Ի՞նչպէս կրնանք սորվիլ սրտանց երախտապարտ ըլլալ։ Աստուածաշունչը մեր զգացումներուն մեծ մասը կը վերագրէ մեր մտածումներուն։ (Եփեսացիս 4։22-24) Մեր ստացած բարիքներուն մասին գնահատութեամբ խոկալով, կը սկսինք սորվիլ երախտագէտ զգալ։ Ասոր հետ համաձայնելով, մտային առողջութեան մարզին մէջ գործող Բժ. Ուէն Ու. Տայըր կ’ըսէ. «Եթէ նախ բանի մը մասին մտածած չըլլաք, չէք կրնար զգացում մը ունենալ»։

Նկատի առէք, զոր օրինակ, մեր շուրջը եղած ստեղծագործութեան հանդէպ երախտապարտ ըլլալու պարագան։ Երբ պայծառ գիշեր մը աստղազարդ երկնքին նայիք, ձեր տեսածին հանդէպ ի՞նչ կը զգաք։ Դաւիթ Թագաւոր իր երկիւղը ի՞նչպէս արտայայտեց. «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝ Լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես»։ Իսկ գիշերուան լռութեան ընդմէջէն, աստղերը Դաւիթին հետ խօսելով, զինք մղեցին գրելու. «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ»։ Աստղազարդ երկինքը ինչո՞ւ այսքան խոր ազդեցութիւն ունեցաւ Դաւիթի վրայ։ Ան կը պատասխանէ. «Քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ [«խոկամ», ՆԱ], քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ»։—Սաղմոս 8։3, 4. 19։1. 143։5

Դաւիթի որդին Սողոմոն ալ գնահատեց ստեղծագործական հրաշալիքներուն մասին խոկալուն արժէքը։ Օրինակի համար, մեր երկիրը ջրելու մէջ անձրեւաբեր ամպերուն ունեցած դերին նկատմամբ, ան գրեց. «Բոլոր գետերը ծով կ’երթան, բայց ծովը չի լեցուիր։ Այն տեղը, ուր գետերը կ’երթային, նորէն հո՛ն կ’երթան»։ (Ժողովողի 1։7) Ուստի անձրեւները ու գետերը երկիրը ջրելէն ետք, անոնց ջուրերը ովկիանոսներէն շոգիանալով դարձեալ ամպերու կը վերածուին։ Այս երկրագունդին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ ջուրը այսպէս չզտուէր ու շրջան չընէր։ Սողոմոն որքա՜ն երախտապարտ ըլլալու էր, երբ ասոնց մասին կը խորհէր։

Երախտագէտ անհատը նաեւ կ’արժեւորէ ընտանիքի անդամներուն, բարեկամներուն եւ ծանօթներուն հետ իր ունեցած յարաբերութիւնները։ Անոնց ազնիւ արարքները իր ուշադրութիւնը կը գրաւեն։ Երբ գնահատութեամբ անոնց բարիքներուն մասին կը խորհի, իր սրտին մէջ երախտապարտ կը զգայ։

Երախտագիտութիւն Յայտնել

«Շնորհակալ եմ» արտայայտութիւնը ի՜նչ պարզ է ու զայն ըսելը որքա՜ն դիւրին է։ Իսկ ասիկա ընելու պատեհութիւնները շատ են։ Որքա՜ն թարմացուցիչ է ջերմ ու անկեղծ «Շնորհակալ եմ» ըսել անհատի մը, որ մեզի համար դուռը կը բռնէ, կամ մեր ձգած առարկան կը վերցնէ։ Այս արտայայտութիւնը լսելը վաճառատան մը պաշտօնեային, ճաշարանի մը սպասեակին կամ նամակաբաշխին աշխատանքը աւելի թեթեւ ու վարձահատոյց կրնայ դարձնել։

Շնորհակալութեան քարտեր ղրկելը ազնիւ արարքներու համար երախտագիտութիւն յայտնելու յարմար կերպ մըն է։ Վաճառատուներու մէջ մատչելի եղող քարտերէն շատեր, գեղեցիկ արտայայտութիւններ կը պարունակեն։ Սակայն, անհատապէս աւելի սէր արտայայտած չէ՞ք ըլլար, եթէ ձեր անձնական ձեռագիրով գնահատական խօսքեր աւելցնէք։ Ոմանք նոյնիսկ կը նախընտրեն տպուած քարտին փոխարէն անհատական երկտող մը ղրկել։—Բաղդատել՝ Առակաց 25։11։

Հաւանաբար, երախտագիտութեան ամենաշատ արժանի եղողները մեր ընտանիքի անդամներն են։ Աստուածաշունչը առաքինի կնոջ մասին կ’ըսէ. ‘Անոր այրը կ’ելլէ ու զանիկա կը գովէ’։ (Առակաց 31։28) Երբ ամուսին մը շնորհակալութեան սրտանց արտայայտութիւններ կ’ընէ իր կնկան, ասիկա չի՞ նպաստեր որ տան մէջ խաղաղ ու գոհունակ մթնոլորտ մը ստեղծուի։ Իսկ ամուսին մը չ’ո՞ւրախանար, երբ տուն գայ ու կինը զինք դիմաւորէ գնահատական ու ջերմ ողջոյնով մը։ Այս օրերուն, ամուսնութեան վրայ շատ ճնշումներ կան, իսկ երբ անոնք կուտակուին, տրամադրութիւնները դիւրաւ կրնան բռնկիլ։ Երախտապարտ հոգի մը ունեցողը հանդուրժելու պատրաստ է եւ շուտով կը ներէ։

Պատանիներն ալ պէտք չէ մոռնան իրենց ծնողներուն գնահատութեան անկեղծ արտայայտութիւններ ըսելու։ Անշուշտ, ծնողները կատարեալ չեն, բայց ասիկա պատճառ մը չէ որ ապերախտ գտնուիք ձեզի ի նպաստ անոնց ըրածներուն հանդէպ։ Ձեր ծնունդէն ի վեր, ձեզի հանդէպ անոնց ցուցաբերած սէրն ու ուշադրութիւնը կարելի չէ դրամով գնել։ Իսկ եթէ ձեզի Աստուծոյ գիտութիւնը սորվեցուցած են, ասիկա երախտապարտ ըլլալու յաւելեալ պատճառ մըն է։

Սաղմոս 127։3 կ’ըսէ. «Տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են»։ Ուստի, ծնողները իրենց զաւակները գովելու պատեհութիւններ պէտք է փնտռեն, փոխանակ անոնց չնչին թերացումներուն մասին գանգատելու։ (Եփեսացիս 6։4) Իսկ ծնողներ իրենց հոգատարութեան յանձնուած զաւակներուն մէջ երախտագիտութեան հոգի մը մշակելու ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհումը ունին։—Բաղդատել՝ Առակաց 29։21։

Աստուծոյ Հանդէպ Շնորհապարտ

Եհովա՝ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողն է։ (Յակոբու 1։17) Կեանքի պարգեւը յատկապէս կարեւոր է, քանի որ եթէ մեր կեանքը կորսնցնենք, մեր բոլոր ունեցածը կամ ծրագիրները անարժէք կը դառնան։ Աստուածաշունչը կը յորդորէ մեզ որ չմոռնանք որ «կեանքի աղբիւրը [Եհովա Աստուծոյ] քով» է։ (Սաղմոս 36։5, 7, 9. Գործք 17։28) Աստուծոյ հանդէպ երախտապարտ սիրտ մը մշակելու համար, մեր ֆիզիքական ու հոգեւոր կեանքերը պահպանող անոր առատաձեռն հայթայթումներուն մասին պէտք է խոկանք։ (Սաղմոս 1։1-3. 77։11, 12) Այսպիսի սիրտ մը պիտի մղէ մեզ որ խօսքով ու արարքներով մեր գնահատութիւնը ցոյց տանք։

Աստուծոյ հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու բացայայտ կերպերէն մէկն է՝ աղօթքը։ Սաղմոսերգու Դաւիթ ըսաւ. «Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ. պիտի պատմէի ու խօսէի, բայց համրանքէն աւելի շատ են»։ (Սաղմոս 40։5) Թող որ մենք ալ նոյն մղումը ունենանք։

Դաւիթ վճռած էր նաեւ Աստուծոյ հանդէպ իր գնահատութիւնը յայտնել՝ ուրիշներուն խօսելով։ Ան ըսաւ. «Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իմ բոլոր սրտովս. քու բոլոր սքանչելիքներդ պիտի պատմեմ»։ (Սաղմոս 9։1) Ուրիշներուն Աստուծոյ մասին խօսիլը, անոնց հետ իր Խօսքէն ճշմարտութիւնը բաժնելը, հաւանաբար իրեն հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու ամենալաւ կերպն է։ Իսկ ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ կեանքի ուրիշ մարզերուն մէջ աւելի երախտագէտ ըլլանք։

Եհովա կ’ըսէ. «Շնորհակալութիւն մատուցանողը զիս կը փառաւորէ. ու իր ճամբուն զգուշութիւն ընողին պիտի ցուցնեմ Աստուծոյ փրկութիւնը»։ Կը մաղթենք որ իրեն հանդէպ ձեր սրտանց երախտագիտութիւնը ցուցաբերելէն յառաջ եկած ուրախութիւնը դուք ալ վայելէք։—Սաղմոս 50։23. 100։2

[Նկար՝ էջ 7]

Կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է. Զայն ճոխացուցէք ձեր անձնական արտայայտութիւններով

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել