Ինչո՞ւ երախտապարտ ըլլալ
ՈՂՆԱՅԱՐԻ վիրաբուժութիւն մը ստիպեց Հարլիին որ իր գործը՝ մեքենագործութիւնը դադրեցնէ ու գրասենեակի պաշտօնեայ դառնայ։ Երբ իրեն հարցուեցաւ թէ ի՛նչ կը խորհի այս փոփոխութեան մասին, Հարլի ըսաւ. «Մեքենաներու վրայ աշխատիլը կը կարօտնամ։ Բայց, անկեղծօրէն ըսեմ, որ ներկայ աշխատանքով աւելի ուրախ եմ քան՝ նախկինով»։
Իր գոհունակութեան մասին խօսելով, Հարլի ըսաւ. «Պատճառը աշխատակիցներուս կեցուածքն է։ Նախկիններուն հակառակը, այժմու վերակացուս եւ աշխատակիցներս կը գնահատեն գործս ու իրապէս կը գովեն զիս։ Ասիկա շատ մեծ տարբերութիւն ըրաւ»։ Հարլին ներկայիս ուրախ աշխատաւոր մըն է, քանի որ կը զգայ թէ ինք պիտանի եւ փնտռուած է։
Գովասանքի կամ երախտագիտութեան խօսքերը՝ երբ տեղին են՝ իրապէս սիրտ կը տոգորեն։ Միւս կողմէ, ապերախտութեան հետեւանքը կրնայ Շէքսպիրի ըսածին չափ վհատեցուցիչ ըլլալ. «Փչէ, փչէ, ո՜վ ձմրան քամի, դու մարդուն ապերախտութեան չափ դաժան չես»։ Դժբախտաբար, շատեր այսպիսի ապերախտութեան զոհ գացած են։
Ապերախտութենէ Զգուշացէք
Այսօրուան աշխարհին մէջ, երախտագիտութեան անկեղծ արտայայտութիւններ հազուագիւտ կը դառնան։ Օրինակի համար, գրող մը հետեւեալ հարցումը հարցուց. «Եթէ հարսը ժամանակ կը գտնէ հարսանեկան 200 հրաւիրատոմսեր գրելու, ինչո՞ւ ժամանակ չի կրնար գտնել 163 նուէրներուն համար շնորհակալութեան բացիկներ գրելու»։ Յաճախ, շատեր նոյնիսկ «շնորհակալ եմ» չեն ըսեր։ Հետզհետէ երախտագիտութեան տեղը կ’առնէ «նախ–ես»ը։ Այս վիճակը վերջին օրերը բնորոշող նշաններէն մէկն է։ Պօղոս առաքեալ զգուշացուց. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասնզի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, . . . ապերախտ»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1, 2
Ուրիշ պարագաներուն, երախտագիտութիւնը կը փոխարինուի շողոքորթութեամբ։ Երախտագիտութեան խօսքերը սրտէն կու գան, առանց անձնական օգուտ փնտռելու։ Սակայն, սովորաբար կեղծաւոր եւ չափազանցուած շողոքորթութիւնը, դիրքի բարձրացում կամ անհատական որոշ օգուտներ ձեռք ձգելու ծածուկ մղումներէ ծագում կ’առնէ։ (Յուդա 16) Ընկալողը հրապուրելէ զատ, այսպիսի անոյշ խօսքեր հպարտութեան ու ամբարտաւանութեան պտուղներն են։ Հետեւաբար, ո՞վ կը փափաքի շողոքորթութեան զոհ դառնալ։ Սակայն, հարազատ երախտագիտութիւնը իրապէս թարմացուցիչ է։
Երախտագիտութիւն յայտնողը ինքն ալ կ’օգտուի։ Սրտանց երախտագիտութենէն առթած ջերմութիւնը, իր իսկ ուրախութեան ու խաղաղութեան կը նպաստէ։ (Բաղդատել՝ Առակաց 15։13, 15։) Իսկ դրական յատկութիւն մը ըլլալով, երախտագիտութիւնը կը պաշտպանէ անհատը՝ բարկութեան, նախանձի եւ ընդվզումի նման, ժխտական զգացումներու դէմ։
«Շնորհակալ Եղէք»
Աստուածաշունչը կը յորդորէ մեզ որ երախտագիտութեան կամ շնորհակալութեան հոգի մը մշակենք։ Պօղոս գրեց. «Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք. վասն զի այս է Աստուծոյ կամքը Քրիստոս Յիսուսով ձեր վրայ»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։18) Իսկ Կողոսացիներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Ձեր սիրտերուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող թագաւորէ, . . . շնորհակալ եղէք»։ (Կողոսացիս 3։15, ՆԱԹ։) Սաղմոսներէն շատեր շնորհակալութեան խօսքեր կը պարունակեն, ցոյց տալով թէ սրտագին երախտագիտութիւնը աստուածային առաքինութիւն մըն է։ (Սաղմոս 27։4. 75։1) Բացայայտօրէն, Եհովա Աստուծոյ հաճոյք կը պատճառենք, երբ կեանքի առօրեայ հարցերուն մէջ շնորհապարտ կ’ըլլանք։
Սակայն, այս ապերախտ աշխարհին մէջ, ո՞ր ազդակները երախտագիտութեան հոգին մշակելը կը դժուարացնեն։ Առօրեայ կեանքին մէջ ի՞նչպէս կրնանք երախտագէտ հոգի մը ցուցաբերել։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։