Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 5/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դատաստանի օրը ի՞նչ պիտի պատահի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Դատաստանի օր. ի՞նչ է անիկա
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Դատաստանի օրը՝ յոյսի ժամանակ մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 5/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Ի՞նչ է Դատաստանի օրը։

Հազարամեայի ընթացքին՝ ուրախ ընտանիք մը յարութեամբ կը վերամիանայ

Դատաստանի օրը ինչո՞ւ ուրախ ժամանակ մը պիտի ըլլայ

Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Աստուած դատաւորներ գործածեց իր ժողովուրդը անարդարութենէ ազատելու (Դատաւորաց 2։18)։ Աստուածաշունչը գալիք Դատաստանի օրը կը նկարագրէ որպէս ուրախ ժամանակ մը, երբ Արարիչը՝ ամբողջ երկրին Դատաւորը, մարդկութիւնը պիտի ազատէ անարդարութենէն (կարդա՛ Սաղմոս 96։12, 13. Եսայի 26։9)։

Աստուած Յիսուսը նշանակած է, որպէսզի թէ՛ ողջերուն եւ թէ ննջեցեալներուն արդարութիւն շնորհէ (Գործք 10։42. 17։31)։ Բազմաթիւ մարդիկ մեռած են առանց Աստուած ճանչնալու։ Դատաստանի օրուան ընթացքին, Յիսուս այսպիսիներ պիտի վերակենդանացնէ, որպէսզի կարենան ճշմարիտ Աստուածը ճանչնալ ու սիրել (կարդա՛ Գործք 24։15)։

Դատաստանի օրը ինչո՞ւ հազար տարի պիտի տեւէ։

Հազար տարուան ընթացքին մեռելները յարութիւն պիտի առնեն (Յայտնութիւն 20։4, 12)։ Աստուծոյ ճամբաները սորվելու եւ իրեն հնազանդելու համար, անոնք ժամանակի պէտք պիտի ունենան։ Շատերու կարծածին հակառակը, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ մարդիկ պիտի դատուին այն գործերուն համաձայն, որոնք կը գործեն իրենց յարութենէն ետք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 6։7)։

Աստուածաշունչը նաեւ կը նկարագրէ դատաստանի օր մը, որ յանկարծ տեղի պիտի ունենայ, հազար տարին սկսելէն առաջ։ Այդ օրը նաեւ կը կոչուի՝ վերջը, ինչպէս կը բացատրէ այս թիւի կողքին յօդուածաշարքը։ Աստուած այդ օրը բոլոր անբարեպաշտ ու չար մարդիկը մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Բ. Պետրոս 3։7)։ Ուստի, կարեւոր է որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ապացուցանենք (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։9, 13)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 213–րդ էջը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել