ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Առաջին սէրս յիշելով տոկացած եմ
ԱՄՐԱՆ սկիզբն էր՝ 1970–ին։ Հիւանդապահ մը ամէն կէս ժամ արեան ճնշումս կը չափէր Ֆորճի հովիտին ընդհանուր հիւանդանոցին մէջ, Ֆինիքսվիլ, Փէնսիլվանիա (ԱՄՆ)։ 20 տարեկան զինուոր էի ու լուրջ վարակիչ հիւանդութեամբ բռնուած էի։ Հիւանդապահը, որ ինձմէ քանի մը տարի մեծ էր, ջղագրգիռ կը թուէր։ Մինչ արեան ճնշումս կը շարունակէր ցածնալ, ըսի. «Նախապէս, մէկու մը մահուան բնաւ ականատես չես եղած, այդպէս չէ՞»։ Գոյնը նետած՝ պատասխանեց. «Այո՛, չեմ տեսած»։
Այդ ժամանակ, ապագաս մռայլ էր։ Բայց ի՞նչ բան զիս հիւանդանոց հասցուց։ Լաւ, կենսագրութենէս մաս մը պատմեմ։
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ ԳԱԼ
Հիւանդացայ մինչ Վիեթնամի պատերազմին ընթացքին կը ծառայէի իբրեւ գործողութեան սենեակի արուեստագէտ։ Սրտանց կ’օգնէի հիւանդներուն ու վիրաւորուածներուն, եւ վիրաբոյժ ըլլալու նպատակակէտը ունէի։ Յուլիս 1969–ին Վիեթնամ հասայ, ու մնացած բոլոր նորեկներուն պէս ինծի մէկ շաբաթ տրուեցաւ, որպէսզի նոր ժամանակին եւ սաստիկ տաքութեան վարժուիմ։
Նշանակումիս վայրն էր՝ վիրաբուժական հիւանդանոց մը Մեքոնկի տելթայի մէջ, Տոնկ Դամի մէջ։ Շուտով նկատեցի բազմաթիւ ուղղաթիռներու գալը, որոնք զոհերով եւ վիրաւորներով լեցուն էին։ Շատ հայրենասէր ու ջանասէր ըլլալով, իսկոյն ուզեցի գործի լծուիլ։ Վիրաւորուածները նախ կը պատրաստուէին, ապա կը մտցուէին գործողութեան սենեակները, որոնք պայմանադրուած օդով մետաղեայ պզտիկ բեռնարկղներ էին։ Հոն խճողուած էին վիրաբոյժ մը, անզգայացնող բժիշկ մը ու երկու հիւանդապահներ, եւ իրենց լաւագոյնը կ’ընէին կեանքեր փրկելու։ Երբ հարց տուի թէ ինչո՛ւ կարգ մը մեծ ու սեւ տոպրակներ ուղղաթիռներուն մէջ ձգուեցան, ըսին որ անոնք կը պարունակեն պայթումով բզքտուած զինուորներու մարմինի մասեր։ Այսպէս պատերազմին դէմ յանդիման եկայ։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՓՆՏՌԵԼ
Երբ պատանի էի, ճշմարտութիւնը որոշ չափով ինծի հասաւ
Երբ պատանի էի, Եհովայի վկաներու սորվեցուցած ճշմարտութիւնը որոշ չափով ինծի հասաւ։ Սիրելի մայրս Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտեց, բայց մինչեւ մկրտութիւն չյառաջդիմեց։ Մեծ հաճոյքով ներկայ կը գտնուէի մօրս ուսումնասիրութիւններուն։ Գրեթէ այդ ժամանակամիջոցին, խորթ հօրս հետ Թագաւորութեան սրահի մը քովէն անցանք։ Հարցուցի. «Անիկա ի՞նչ է»։ Պատասխանեց. «Այդ մարդոց երբեք չմօտենաս»։ Անոր խրատին ականջ տուի, քանի որ զինք կը սիրէի ու կը վստահէի։ Ուստի Եհովայի վկաներուն հետ այլեւս շփման մէջ չեկայ։
Վիեթնամէն վերադառնալէ ետք, կեանքիս մէջ Աստուծոյ ներկայութեան կարիք զգացի։ Ցաւալի յիշատակները զիս զգացական գետնի վրայ թմրեցուցած էին։ Եւ կարծես ո՛չ ոք իսկապէս կ’ըմբռնէր թէ Վիեթնամի մէջ ի՛նչ կ’անցնէր կը դառնար։ Կը յիշեմ ցուցարարներ, որոնք ՄՆ–ի զինուորները կոչեցին մանկասպաններ, քանի որ լսած էին թէ պատերազմին մէջ անմեղ երեխաներ կը մորթուէին։
Հոգեւոր անօթութիւնս յագեցնելու համար, սկսայ այլազան եկեղեցիներու արարողութիւններուն ներկայ գտնուիլ։ Աստուծոյ հանդէպ միշտ սէր ունէի, բայց զիս չտպաւորեց այն ինչ որ շօշափեցի եկեղեցիներուն մէջ։ Ի վերջոյ, 1971–ի փետրուար ամսուան մէկ կիրակի օրը, Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահ մը գացի Տելրէյ Պիչի մէջ, Ֆլորիտա։
Երբ ներս մտայ, հանրային դասախօսութիւնը վերջանալու վրայ էր, ուստի Դիտարան–ի ամբողջ ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուեցայ։ Քննարկուած նիւթը չեմ յիշեր, բայց տակաւին կը մտաբերեմ այն երեխաները, որոնք իրենց Սուրբ Գիրքի էջերը կը դարձնէին՝ համարներուն տեղերը փնտռելով։ Ասիկա իսկապէս զիս տպաւորեց։ Լուռումունջ մտիկ ըրի ու դիտեցի։ Երբ սրահէն պիտի մեկնէի, Ճիմ Կարտնըր անունով շուրջ 80 տարեկան Վկայ մը ինծի մօտեցաւ։ Ան Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ վերնագիրով գիրք մը ինծի ներկայացուց ու ըսաւ. «Կը հաճի՞ք ասիկա ընդունիլ»։ Եւ որոշեցինք հինգշաբթի առաւօտուն հանդիպիլ, որպէսզի Աստուածաշունչի մեր առաջին ուսումնասիրութիւնը ունենանք։
Այդ կիրակի գիշերը գործիս ժամանակն էր՝ ժամը 11։00–էն մինչեւ առտուան ժամը 7։00–ը։ Կ’աշխատէի սեփական հիւանդանոցի մը ստիպողական պարագաներու սենեակը, Պոգա Ռըթոնի մէջ, Ֆլորիտա։ Խաղաղ իրիկուն մը ունենալով, կարողացայ Ճշմարտութիւն գիրքը կարդալ։ Պատասխանատու բուժքոյր մը ձեռքէս գիրքը յափշտակեց, անոր վերնագրին նայեցաւ ու բարձրաձայն ըսաւ. «Դուն անոնցմէ մէկը պիտի չըլլաս, այդպէս չէ՞»։ Գիրքս իր ձեռքէն ետ առի ու ըսի. «Թէեւ գիրքին միայն կէսը կարդացի, բայց վստահ եմ որ անոնցմէ մէկը պիտի ըլլամ»։ Ան ձգեց գնաց ու ես նոյն գիշերը գիրքը ամբողջացուցի։
Աստուածաշունչի ուսուցիչս էր Ճիմ Կարտնըր, օծեալ մը՝ որ անձամբ Չարլզ Թէյզ Ռասըլը կը ճանչնար
Եղբայր Կարտնըրի հետ Աստուածաշունչի առաջին ուսումնասիրութիւնս սկսայ՝ հարցնելով. «Ուրեմն ի՞նչ պիտի սերտենք»։ Պատասխանեց. «Այն գիրքը, որ քեզի տուի»։ Ըսի. «Բայց զայն արդէն կարդացած եմ»։ Ան ազնուօրէն պատասխանեց. «Հոգ չէ. միայն այս առաջին գլուխը նկատի առնենք»։ Շատ զարմացայ երբ նկատեցի թէ ի՜նչ կէտեր փախցուցած էի։ Ան ուզեց որ բանամ ու կարդամ բազմաթիւ համարներ այն թարգմանութենէն, որ կը գործածէի՝ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը։ Վերջապէս սկսած էի սորվիլ ճշմարիտ Աստուծոյն՝ Եհովայի մասին։ Եղբայր Կարտնըրը այդ առաւօտուն ինծի հետ Ճշմարտութիւն գիրքէն երեք գլուխ սերտեց։ Անկէ ետք, ամէն հինգշաբթի առտու, երեք գլուխ սերտեցինք։ Այդ ուսումնասիրութիւնները մեծապէս հաճելի էին։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում էր որ ինծի սորվեցնէ օծեալ մը, որ անձամբ Չարլզ Թ. Ռասըլը կը ճանչնար։
Քանի մը շաբաթ ետք, ընդունուեցայ իբրեւ բարի լուրի հրատարակիչ։ Եղբայր Կարտնըրը ինծի օգնեց կարգ մը դժուարութիւններ յաջողապէս դիմագրաւելու, ներառեալ՝ տունէ տուն ծառայութեան մարտահրաւէրը (Գործք 20։20)։ Մինչ ան ինծի հետ ուս–ուսի ծառայեց, սկսայ քարոզչութիւնը սիրել։ Մինչեւ օրս՝ քարոզելը կը նկատեմ մեծագոյն առանձնաշնորհումս։ Ի՜նչ բերկրալի է ըլլալ Աստուծոյ գործակիցը (Ա. Կոր. 3։9)։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐՍ
Այժմ պատմեմ շատ անձնական հարց մը. Եհովային հանդէպ առաջին սէրս (Յայտ. 2։4)։ Այս սէրը ինծի օգնած է պատերազմի վշտալի յիշատակներուն ու բազմաթիւ այլ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու (Եսա. 65։17)։
Եհովայի հանդէպ սէրս ինծի օգնած է պատերազմի վշտալի յիշատակներուն ու բազմաթիւ այլ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու
Յուլիս 1971–ին մկրտուեցայ, Եանգի Սթատիումի մէջ կայացած «Աստուածային անուն» բնաբանով նահանգային համաժողովին ընթացքին
Կը յիշեմ մասնայատուկ օր մը, 1971–ի գարնան։ Վերջերս բնակավայրս պարպած էի, քանի որ խորթ հայրս իր առաստաղին տակ չէր ուզեր Եհովայի վկայ մը։ Շատ դրամ չունէի։ Հիւանդանոցը աշխատավարձս կը վճարէր երկու շաբաթը անգամ մը, եւ վերջին գումարներով արդէն հագուստներ գնած էի, որպէսզի կարենամ քարոզչութեան միջամուխ ըլլալ ու Եհովան պատշաճօրէն ներկայացնել։ Որոշ գումար խնայած էի, բայց դրած էի Միշիկընի մէկ դրամատան մէջ. այն նահանգը՝ ուր մեծցած էի։ Ուստի ստիպուեցայ քանի մը օր ինքնաշարժիս մէջ ապրիլ։ Վառելանիւթի կայաններու մէջ կ’ածիլուէի ու կը լուացուէի։
Օր մը, երբ տակաւին ինքնաշարժը տունս էր, հիւանդանոցին մէջ գործս վերջացնելէ ետք, Թագաւորութեան սրահ հասայ դաշտի ծառայութեան ժողովէն երկու ժամ առաջ։ Մինչ առանձին նստած էի, սկսան զիս ջախջախել Վիեթնամի յիշատակները,– այրուած մարդկային մարմիններու հոտը եւ արեան ու լերդացած արեան տեսարանները։ Մտքիս մէջ, կրնայի լսել ու վառ կերպով տեսնել երիտասարդներ, որոնք ինծի կ’աղաչէին. «Ըսէ ինծի՝ պիտի վերապրի՞մ. . . պիտի ազատի՞մ»։ Գիտէի որ պիտի մեռնէին, բայց ջանացի կրցածիս չափ զիրենք մխիթարել, առանց թոյլ տալու աչքերուս որ զիս մատնեն։ Արդարեւ յուզումս յորդեցաւ։
Լաւագոյնս ըրած եմ, յատկապէս նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու ընթացքին, որ բնաւ Եհովայի հանդէպ առաջին սէրս չկորսնցնեմ
Աղօթեցի՝ աչքերս ծով կտրելով (Սաղ. 56։8)։ Սկսայ յարութեան յոյսին մասին խորապէս մտածել։ Ապա մտքիս մէջ սա գաղափարը փայլեցաւ. յարութեան միջոցով, Եհովա Աստուած իմ տեսած ամէն կոտորածը ու իմ եւ ուրիշներու ունեցած զգացական տառապանքը պիտի յեղաշրջէ։ Ան այդ երիտասարդները պիտի վերակենդանացնէ ու անոնք իրեն մասին ճշմարտութիւնը սորվելու պատեհութիւնը պիտի ունենան (Գործք 24։15)։ Այս հանգրուանին, սիրտս Եհովայի հանդէպ սիրով յորդեցաւ, ամբողջ էութիւնս պարփակելով։ Այդ օրը ինծի համար մասնայատուկ կը մնայ։ Անկէ ի վեր, լաւագոյնս ըրած եմ, յատկապէս նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու ընթացքին, որ բնաւ Եհովայի հանդէպ առաջին սէրս չկորսնցնեմ։
ԵՀՈՎԱՅԻ ԲԱՐԻՔՆԵՐԸ
Մարդիկ պատերազմին մէջ սոսկալի բաներ կ’ընեն. ես բացառութիւն չկազմեցի։ Բայց շատ օգտուեցայ խոկալով նախասիրած համարներէս երկուքին վրայ։ Առաջինը՝ Յայտնութիւն 12։10, 11–ը, որ կը նշէ թէ Բանսարկուն պարտութեան կը մատնուի ոչ միայն մեր վկայութեան խօսքով, հապա նաեւ Գառնուկին արիւնով։ Երկրորդը՝ Գաղատացիս 2։20–ը, որմէ կը գիտակցիմ թէ Քրիստոս Յիսուս մեռաւ «ինծի համար»։ Եհովան Յիսուսի արեան ընդմէջէն ինծի կը նայի, եւ իմ ըրածներս ներած է։ Այս իրողութիւնը գիտնալով մաքուր խղճմտանք ունեցած եմ ու մղուած եմ ամէն կարելիս ընելու, որ ուրիշներու օգնեմ մեր ողորմած Աստուծոյն՝ Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը գիտնալու (Եբ. 9։14)։
Մինչ կեանքիս վրայ յետադարձ ակնարկ մը կը նետեմ, խորապէս կը գնահատեմ որ Եհովան միշտ ինծի հոգ տարած է։ Օրինակ՝ նոյն օրը որ եղբայր Կարտնըրը իմացաւ թէ գիշերները ինքնաշարժիս մէջ կ’անցընէի, զիս կապի մէջ դրաւ քրոջ մը հետ, որ թոշակատուն ունէր։ Լման համոզում ունիմ որ Եհովան զինք ու սիրելի քոյրը գործածեց, որպէսզի կեցութեան լաւ տեղ մը ունենամ։ Եհովան շա՜տ քաղցր է. իր հաւատարիմ երկրպագուները կը հոգայ։
ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՓԱՓԿԱՆԿԱՏՈՒԹԻՒՆ
Մայիս 1971–ին, հարկ եղաւ որ երթամ Միշիկըն, որոշ աշխատանքի մը համար։ Ֆլորիտայի Տելրէյ Պիչ ժողովքը ձգելէ առաջ, ինքնաշարժս հրատարակութիւններով լեցուցի, ապա գլխաւոր ճամբան բռնելով դէպի հիւսիս ուղղուեցայ։ Ճամբորդութեան կէսը չաւարտած, բոլոր հրատարակութիւնները բաշխած էի։ Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրաբար ամէնուրեք քարոզեցի։ Բանտեր այցելեցի ու նոյնիսկ հանգստեան կայաններու մէջ թերթիկներ բաշխեցի։ Մինչեւ օրս հարց կու տամ թէ արդեօք այդ ցանուած հունտերէն մէկը ծլեցա՛ւ (Ա. Կոր. 3։6, 7)։
Սակայն պէտք է խոստովանիմ, որ երբ ճշմարտութիւնը նոր սորվեցայ, շատ փափկանկատ չէի, մանաւանդ երբ անմիջական ընտանիքիս հետ կը խօսէի։ Եհովայի հանդէպ առաջին սէրս իմ մէջս կրակի պէս բորբոքելով, անոնց քարոզեցի խիզախօրէն բայց կոշտօրէն։ Սրտանց կը սիրեմ եղբայրներս՝ Ճոն եւ Ռոն, եւ ուզեն–չուզեն անոնց հետ ճշմարտութիւնը բաժնեցի։ Յետագային, կոպիտ կերպիս համար ստիպուեցայ ներողամտութիւն խնդրել։ Բնաւ չեմ դադրիր աղօթելէ, որ օրին մէկը ճշմարտութիւնը ընդունին։ Տարիներ շարունակ Եհովան զիս կրթած է, եւ եղած եմ աւելի փափկանկատ, երբ կը քարոզեմ ու կ’ուսուցանեմ (Կող. 4։6)։
ԿԵԱՆՔԻՍ ՄԷՋ ՈՒՐԻՇ ՍԷՐԵՐ
Մինչ վստահաբար Եհովայի հանդէպ սէրս կը յիշեմ, չեմ մոռնար կեանքիս մէջ միւս սէրերը։ Երկրորդ սէրս է՝ թանկագին կինս, Սիւզան։ Կ’ուզէի լծակից մը, որ ինծի պիտի օգնէր Թագաւորութեան գործը կատարելուն մէջ։ Ան հոգեւորապէս զօրաւոր աղջիկ մըն էր։ Վառ կերպով կը մտաբերեմ օր մը, երբ իրեն այցելեցի մեր սիրատածութեան շրջանին։ Ան իր ծնողքին տան մուտքը նստած էր, Դիտարան–ը կը կարդար ու իր Աստուածաշունչը կը բանար։ Զիս տպաւորողը այն էր, որ Սիւզանը երկրորդակա՛ն յօդուած մը կը կարդար ու համարները կը ստուգէր։ Միտքէս ըսի. «Ասիկա հոգեւո՛ր աղջիկ է»։ Դեկտեմբեր 1971–ին ամուսնացանք, եւ երախտապարտ եմ որ միշտ իմ կողքիս մնացած է ու ինծի աջակցած է։ Իրեն առնչութեամբ իսկապէս կը գնահատեմ սա կէտը. ան աւելի կը սիրէ Եհովան քան զիս։
Կնոջս հետ՝ Սիւզան, եւ մեր զաւակները՝ Բօլ ու Ճեսսի
Մենք օրհնուեցանք երկու մանչ ունենալով՝ Ճեսսի եւ Բօլ։ Մինչ անոնք մեծցան, Եհովան իրենց հետ էր (Ա. Թագ. 3։19)։ Անոնք ճշմարտութիւնը որդեգրեցին, իմ ու Սիւզանին սիրտը ուրախացնելով։ Անոնք շարունակած են Եհովային ծառայել, քանի որ իրեն հանդէպ իրե՛նց առաջին սէրը յիշած են։ Իւրաքանչիւրը աւելի քան 20 տարի լիաժամ ծառայութեան մէջ է։ Նաեւ, կը պարծենամ գեղեցիկ հարսերովս՝ Ստեֆանի եւ Ռաքէլ, որոնք աղջիկներս կը նկատեմ։ Երկու զաւակներս ալ ամուսնացան հոգեւոր աղջիկներու հետ, որոնք իրենց ամբողջ սրտով ու անձով կը սիրեն Եհովա Աստուած (Եփ. 6։6)։
Կը սիրէինք ընտանեօք քարոզել հազուադէպ–աշխատցուած թաղամասերու մէջ
Մկրտութենէս ետք, Ռոտ Այլընտի մէջ 16 տարի ծառայեցի, ուր սերտ բարեկամութիւններ հաստատեցի։ Բազմաթիւ հիանալի յիշատակներ ունիմ ուշագրաւ երէցներու մասին, որոնց հետ ծառայեցի։ Ասկէ զատ, երախտապարտ եմ որ անհամար շրջագայող տեսուչներ վրաս լաւ ազդեցութիւն բանեցուցին։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է աշխատիլ տղամարդոց հետ, որոնք Եհովայի հանդէպ իրենց առաջին սէրը պահպանած են։ 1987–ին փոխադրուեցանք Հիւսիսային Քարոլայնա, որպէսզի ծառայենք հոն՝ ուր քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ, եւ հոն ալ մօտիկ փոխյարաբերութիւններ զարգացուցինքa։
Որպէս շրջանային տեսուչ, դաշտի ծառայութեան ժողով մը կը վարեմ
Օգոստոս 2002–ին, ես ու Սիւզանը ընդունեցինք հրաւէրը, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ Փէթըրսընի Բեթէլի ընտանիքին միանանք։ Ես աշխատեցայ Ծառայութեան բաժանմունքին մէջ, իսկ Սիւզանը՝ լուացքատան մէջ, ուր գործը շատ սիրեց։ Օգոստոս 2005–ին, ստացայ առանձնաշնորհումը ծառայելու որպէս Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը։ Այս նշանակումը իմ մէջս խոնարհութիւն աւելցուց։ Սիրելի կինս ճնշուած զգաց՝ նկատի առնելով պատասխանատուութիւնը, գործունէութիւնը եւ պարփակուած ճամբորդութիւնները։ Ան բնաւ հանգիստ չէ զգացած օդանաւին մէջ. բայց եւ այնպէս, օդային ճամբորդութիւն շատ կ’ընենք։ Սիւզան կ’ըսէ որ Կառավարիչ մարմինի միւս անդամներուն կիներուն կողմէ սիրալիր կերպով տրուած մեկնաբանութիւնները, իրեն օգնած են որ վճռէ լիակատար կերպով ինծի աջակցիլ։ Ան արդարեւ այս մէկը ըրած է, եւ ես զինք կը սիրեմ ասոր համար։
Գրասենեակիս մէջ շրջապատուած եմ բազմաթիւ նկարներով, որոնք ինծի համար շատ բան կը նշանակեն։ Անոնք ինծի կը յիշեցնեն, թէ ի՜նչ ճոխ կեանք մը վայելած եմ։ Արդէն իսկ բազմաթիւ սքանչելի վարձատրութիւններ ստացած եմ, քանի որ Եհովայի հանդէպ առաջին սէրս յիշելու համար լաւագոյնս ըրած եմ։
Ընտանիքիս հետ ժամանակ անցընելը զիս մեծապէս կ’ուրախացնէ
a Եղբայր Մորիսի լիաժամ ծառայութեան մասին մանրամասնութիւններ կարելի է գտնել Դիտարան–ի 15 մարտ 2006 թիւին մէջ, էջ 26 (անգլերէնով)։