ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Եօթը սերունդի անցած ժառանգ
Մարդիկ կ’ըսեն թէ հօրս շատ կը նմանիմ։ Կեցուածքս, աչքերս եւ զուարթամտութիւնս իրմէ ժառանգած եմ։ Բայց ուրիշ բան մըն ալ իրմէ ժառանգած եմ. ժառանգ մը որ գերդաստանիս եօթը սերունդները արժեւորած են։ Բացատրեմ։
Հայրս ինծի կը պատմէ մեր ընտանեկան ժառանգին մասին
Նախահայրս՝ Թոմաս (1)a Ուիլիամզ, ծնաւ 20 յունուար 1815–ին, Հորնքէսըլի մէջ, Անգլիա։ Երկու տարի ետք իր մայրը մահացաւ, ուստի իր հայրը՝ Ճոն Ուիլիամզ մեծցուց զինք եւ իր քոյրն ու երկու եղբայրները։ Ճոն մարզեց Թոմասը որ ատաղձագործ դառնայ, բայց Թոմաս տարբեր ասպարէզ մը ընտրեց։
Այն ատեն, Անգլիոյ մէջ կրօնական վերազարթնում մը տեղի կ’ունենար։ Քարոզիչ Ճոն Ուեսլի Անկլիքան եկեղեցիէն անջատուեցաւ եւ կազմեց խումբ մը, որ յատուկ կարեւորութիւն կու տար Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան եւ աւետարանչութեան (մեթոտականներ)։ Ուեսլիին ուսուցումները շատ արագ տարածուեցան, եւ Ուիլիամզ ընտանիքը զանոնք որդեգրեց։ Թոմաս մեթոտական քարոզիչ դարձաւ եւ շուտով կամաւորաբար միսիոնարութեան ձեռնարկեց Խաղաղական ովկիանոսին հարաւը։ Յուլիս 1840–ին, ինք ու իր կինը՝ Մէրի (2), հասան Ֆիճիի Լաքեպա կղզինb,– հրաբխային կղզի մը, որ այն ատեն մարդակեր բնակիչներ ունէր։
ՄԱՐԴԱԿԵՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԲՆԱԿԻԼ
Ֆիճիի մէջ իրենց առաջին տարիներուն, Թոմաս եւ Մէրի զանազան դժուարութիւններու տոկացին։ Անոնք երկար ժամեր կ’աշխատէին նախնական պայմաններու ներքեւ եւ կիզիչ արեւուն տակ։ Անոնք նաեւ անբացատրելի սարսափ ունեցան,– ցեղային պատերազմ, որբեւայրիներու խեղդում, մանկասպանութիւն եւ մարդակերութիւն,– ինչպէս նաեւ տեղացիները ընդհանուր առմամբ իրենց պատգամին հակառակեցան։ Մէրի եւ իր անդրանիկ զաւակը՝ Ճոն, հիւանդացան եւ քիչ մնաց որ մեռնէին։ 1843–ին Թոմաս գրեց. «Սիրտս կը ճմլուէր. . . Վհատեցայ»։ Բայց ինք ու Մէրի այս բոլորին տոկացին, զօրութիւն ստանալով Եհովա Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքէն։
Մինչ այդ, Թոմաս իր ատաղձագործական ձիրքերը գործածելով, Ֆիճիի մէջ շինեց եւրոպական ճաշակով առաջին տունը։ Այդ բնակարանը օդասուն էր եւ գետնէն բարձր, նաեւ այլ նորաձեւութիւններ ունէր, ինչ որ Ֆիճիի բնակիչներուն հետաքրքրութիւնը արթնցուց։ Տան շինութիւնը լրանալէն քիչ առաջ, Մէրին ծնաւ իր երկրորդ զաւակը՝ Թոմաս Ուիթըն (3) Ուիլիամզ՝ նախահայրերէս մէկը։
1843–ին, Թոմաս Ուիլիամզ բաժին բերաւ Յովհաննէսի Աւետարանը ֆիճի լեզուով թարգմանուելուն մէջ,– աշխատանք մը, որ իրեն համար մեծ մարտահրաւէր մըն էրc։ Միւս կողմէ ան տաղանդաւոր մարդաբան էր, օժտուած՝ մանրամասնութիւններ նկատելու ձիրքով։ Ան բծախնդրութեամբ իր պրպտումները արձանագրեց իր գրքին մէջ՝ Ֆիճի եւ ֆիճեցիները (1858)։ Անիկա անգլերէն լեզուով դասական գրուածք մըն է, որ կը խօսի 19–րդ դարու ֆիճեցիներու կեանքին մասին։
Ֆիճիի մէջ իր 13 տարուան աշխատանքին պատճառաւ, Թոմասի առողջութիւնը ի վերջոյ վատթարացաւ, ուստի իր ընտանիքին հետ Աւստրալիա փոխադրուեցաւ։ Որպէս քարոզիչ իր երկարատեւ ու յատկանշական գործունէութենէն ետք, Թոմաս մահացաւ 1891–ին, Պալլարաթի մէջ, Վիքթորիա։
ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՄԷՋ «ՈՍԿԻ»
1883–ին, Թոմաս Ուիթըն Ուիլիամզ եւ իր կինը՝ Ֆիպի (4), իրենց ընտանիքը փոխադրեցին Փըրթ՝ Արեւմտեան Աւստրալիա։ Իրենց երկրորդ զաւակը՝ նախահայրս Արթըր Պէքուէլ (5) Ուիլիամզ, այն ատեն 9 տարեկան էր։
Երբ Արթըր 22 տարեկան էր, հարստութիւն փնտռեց Քալկուրլիի մէջ,– ոսկիի հանքագործութեամբ զբաղող քաղաք մը, որ կը գտնուի Փըրթէն շուրջ 600 քմ. դէպի արեւելք։ Հոն, ան կարդաց կարգ մը հրատարակութիւններ, հրատարակուած՝ Աստուածաշունչի միջազգային աշակերտներուն կողմէ,– ինչպէս որ Եհովայի վկաները այդ ատեն կը կոչուէին։ Ան նաեւ բաժանորդագրուեցաւ Սիօնի Դիտարան–ին։ Կարդացածով տպաւորուած՝ Արթըր սկսաւ իր նոր գիտելիքներուն մասին ուրիշներուն խօսիլ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ժողովներ վարել։ Այդպէս, Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ Եհովայի վկաներուն արդի գործունէութիւնը սկսաւ։
Արթըր իր սորվածը նաեւ իր ընտանիքին պատմեց։ Հայրը՝ Թոմաս Ուիթըն, արգելք չեղաւ որ Արթըր Աստուածաշունչի Աշակերտներուն հետ ընկերակցի։ Շատ չանցած ան մահացաւ։ Իսկ մայրը՝ Ֆիպի, եւ քոյրերը՝ Վիոլէթ եւ Մէրի, նաեւ Աստուածաշունչի Աշակերտներ դարձան։ Վիոլէթ դարձաւ լիաժամ աւետարանիչ, կամ ռահվիրայ։ Արթըր ըսաւ, թէ Վիոլէթ «Արեւմտեան Աւստրալիոյ ամենալաւ եւ ամէնէն նախանձախնդիր ու լուրջ քարոզիչն էր»։ Արթըր թերեւս կողմնապահ էր, բայց ամէն պարագայի, Վիոլէթի նախանձախնդրութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Ուիլիամզ ընտանիքին յաջորդ սերունդին վրայ։
Ժամանակի ընթացքին, Արթըր ամուսնացաւ եւ փոխադրուեցաւ Տաննիպրուք, պտղատու ծառերու մշակութեամբ զբաղող քաղաք մը՝ Արեւմտեան Աւստրալիոյ հարաւ–արեւմուտքը։ Հոն, իրեն «Ծեր ու խենթ 1914» ծաղրանունը տրուեցաւ, քանի որ նախանձախնդրօրէն կը ծանուցանէր Աստուածաշունչի այն մարգարէութիւններուն մասին, որոնք այդ տարուան կ’ակնարկէինd։ Երբ Ա. Աշխարհամարտը սկսաւ մարդիկ իրեն նեղութիւն տալէ դադրեցան։ Արթըր կանոնաւորաբար կը վկայէր իր յաճախորդներուն իր խանութին մէջ, ուր ցուցափեղկին մէջ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ կը ցուցադրէր։ Ան նաեւ ցուցափեղկին մէջ ցուցադրեց գրուածք մը, որով կ’առաջարկէր 100 աւստրալիական ոսկի տալ այն անհատին որ կրնար փաստել Երրորդութիւնը,– անաստուածաշնչական վարդապետութիւն մը, որ Արթըր հաստատօրէն կը մերժէր։ Ո՛չ մէկը կրցաւ այդ գումարը ստանալ։
Ուիլիամզ ընտանիքին տունը Տաննիպրուքի մէջ Աստուածաշունչի խմբային ուսումնասիրութեան եւ ժողովքային հանդիպումներու կեդրոն դարձաւ։ Յետագային, Արթըր շինեց Թագաւորութեան սրահ մը, կամ հանդիպումի վայր մը, որ Արեւմտեան Աւստրալիոյ առաջին սրահներէն մէկն էր։ 70–ական տարիքի մէջ ըլլալով, ան պաշտօնական հագուստ կը հագնէր, իր ծերուկ ձին՝ Տօլը կը հեծնէր եւ ամբողջ Տաննիպրուքի մէջ կը քարոզէր։
Արթըր, որ հանդարտ, յարգուած եւ նախանձախնդիր մարդ էր, մեծ ազդեցութիւն ձգեց իր զաւակներուն վրայ։ Իր աղջիկը՝ Ֆլորանս (6), Հնդկաստանի մէջ որպէս միսիոնար ծառայեց։ Իսկ Արթըրի տղաները՝ Արթըր Լինտզի (7) եւ Թոմաս, իրենց հօր պէս երկար ժամանակ որպէս ժողովքի երէցներ ծառայեցին։
«ԼԷՅՏԻ ՈՒԻԼԻԱՄԶ» ՔԱՂՑՐ ԽՆՁՈՐԸ
Արթըր Լինտզի Ուիլիամզ՝ մեծ հօրս հայրը, ճանչցուած ու սիրուած էր իր ազնիւ վերաբերմունքին համար։ Ան միշտ իր ժամանակը մարդոց կը տրամադրէր եւ անոնց հետ յարգանքով կը վարուէր։ Նաեւ ան կացինահարութեան ախոյեան էր. 12 տարուան մէջ ան 18 տեղական մրցումներու մէջ մրցանակներ շահած էր։
Սակայն Արթըր նեղուեցաւ, երբ իր երկու տարեկան տղան՝ Ռոնալտ (8) (մեծ հայրս), կացինով զարկաւ մեր ընտանիքին տան քով գտնուող խնձորի պզտիկ ծառը։ Ռոնալտին մայրը ծառը փաթթեց եւ անիկա ետքը յատուկ քաղցրութեամբ խնձորներ տուաւ։ Խնձորի այս նոր տեսակը կոչուեցաւ «Լէյտի Ուիլիամզ» խնձոր եւ յետագային գործածուեցաւ արտադրելու «Քրիփս Փինք» խնձորը (Cripps Pink apple), որ աշխարհի ամէնէն նշանաւոր խնձորի տեսակներէն մէկն է։
Մեծ հայրս Ռոնալտ յետագային աւելի շինիչ հետապնդումներ ունեցաւ։ Ինք ու մեծ մայրս տարիներով որպէս կամաւորներ աշխատեցան Աւստրալիոյ եւ Սողոմոնի Կղզիներուն մէջ շինարարական ծրագիրներու վրայ։ Այժմ գրեթէ 80 տարեկան ըլլալով, մեծ հայրս տակաւին կը ծառայէ որպէս ժողովքի երէց եւ բաժին կը բերէ Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ Թագաւորութեան սրահներ շինելու եւ նորոգելու գործունէութեան մէջ։
ԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ԺԱՌԱՆԳ
Մեր ընտանեկան ժառանգին տէր ըլլալով, ծնողքս՝ Ճէֆրի (9) եւ Ճենիս (10) Ուիլիամզ, ծանր աշխատեցան որ ես (12) ու քոյրս՝ Քաթրընը (11), քրիստոնէական սկզբունքները արժեւորենք։ 13 տարեկանիս Եհովային հետ անձնական փոխյարաբերութիւն մշակեցի։ Մինչ համաժողովի մը ներկայ էի, Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը՝ Ճոն Է. Պառ, պատանիները յորդորեց. «Մի՛ մոռնաք ձեր ունեցած ամէնէն թանկարժէք բանը,– Եհովան ճանչնալու եւ զինք սիրելու պատեհութիւնը»։ Այդ գիշեր կեանքս Եհովային նուիրեցի։ Երկու տարի ետք սկսայ որպէս ռահվիրայ ծառայել։
Ներկայիս, ես եւ կինս՝ Քլոյէն, լիաժամ կերպով կը ծառայենք Թոմ Փրայսի մէջ,– հանքագործութեամբ զբաղող քաղաք մը, որ կը գտնուի Արեւմտեան Աւստրալիոյ հիւսիս–արեւմուտքը։ Մեր պէտքերը ապահովելու համար մասնակի ժամով կ’աշխատինք։ Ծնողքս եւ Քաթրընն ու իր ամուսինը՝ Էնտրու, որպէս ռահվիրայ կը ծառայեն Փորթ Հետլընտի մէջ, որ կը գտնուի շուրջ 420 քմ. դէպի հիւսիս։ Հայրս ու ես կը ծառայենք որպէս ժողովքի երէցներ։
Եօթը սերունդ առաջ, նախահայրս՝ Թոմաս Ուիլիամզ, վճռած էր Եհովա Աստուած պաշտել։ Այդ ժառանգը պահպանուելով ինծի փոխանցուած է։ Իրապէս օրհնուած կը զգամ որ այսպիսի թանկարժէք հոգեւոր ժառանգ մը ունիմ։
a Թիւերը կ’ակնարկեն պատկերներուն մէջ գտնուող անհատներուն։
b Նախապէս կը կոչուէր Լըքեմպա կղզի. անիկա կը գտնուի Ֆիճիի արեւելքը՝ Լաու կղզիներուն մէջ։
c Միսիոնար Ճոն Հանթ ֆիճի լեզուով թարգմանեց Նոր Կտակարանին մեծ մասը, որ հրատարակուեցաւ 1847–ին։ Թարգմանութիւնը յատկանշական է այն բանով, որ Աստուծոյ անունը՝ «Jiova» կը գործածէ։
d Տե՛ս «1914. Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ յատկանշական տարի մը» յաւելուածը՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին մէջ, որ հրատարակուած է Եհովայի վկաներուն կողմէ եւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn։