Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ21 Հոկտեմբեր էջ 29-31
  • 1921. Հարիւր տարի առաջ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 1921. Հարիւր տարի առաջ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՆՎԱԽ ՔԱՐՈԶԻՉՆԵՐ
  • ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
  • ՆՈՐ ԳԻՐՔ
  • ԱՌՋԵՒԸ ԵՂԱԾ ԳՈՐԾԸ
  • Եհովայի խնդրածը ընելը օրհնութիւններ կը բերէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • 1922. Հարիւր տարի առաջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Եօթը սերունդի անցած ժառանգ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • 1923. Հարիւր տարի առաջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
դ21 Հոկտեմբեր էջ 29-31

1921. Հարիւր տարի առաջ

«ՈՒՍՏԻ, այս տարի ի՞նչ կարեւոր գործ մը կայ մեր առջեւ»։ Դիտարան–ի 1 յունուար 1921 թիւը այս հարցումը ուղղեց պատրաստակամ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն։ Ետքը, մէջբերեց Եսայի 61։1, 2–ը, որ իրենց յիշեցուց քարոզելու իրենց յանձնարարութեան մասին։ «Տէրը զիս օծեց ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու. . . Տէրոջը՝ ընդունելի տարին ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու»։

ԱՆՎԱԽ ՔԱՐՈԶԻՉՆԵՐ

Իրենց յանձնարարութիւնը կատարելու համար, Աստուածաշունչի Աշակերտները պէտք էր որ անվախ ըլլային։ Անոնք պէտք էր աղքատներուն «աւետիս» տային եւ չարերուն յայտարարէին «վրէժխնդրութեան օրը»։

Եղբայր Ճ. Հ. Հասքին, որ Քանատայի մէջ կ’ապրէր, անվախօրէն վկայութիւն տուաւ հակառակութեան դիմաց։ 1921–ի գարնան, ան հանդիպեցաւ մեթոտական քարոզիչի մը։ Եղբայր Հասքինը զրոյցը այսպէս սկսաւ. «Մենք պէտք է սուրբգրային հաճելի քննարկութիւն մը ունենանք, եւ նոյնիսկ եթէ կարգ մը նիւթերու շուրջ չհամաձայնինք, կրնանք խաղաղութեամբ վերջ դնել մեր խօսակցութեան եւ բարեկամներ մնալ»։ Բայց այդպէս չեղաւ։ Եղբայր Հասքինը պատմեց. «Մեր խօսակցութեան վրայ միայն քանի մը վայրկեան անցած էր, երբ քարոզիչը դուռը այնպէս մը գոցեց, որ կարծեցի թէ ատոր մեծ ապակին պիտի իյնար–փշրուէր»։

Քարոզիչը պոռաց. «Գնա՛, անաստուածներո՛ւն խօսէ»։ Եղբայր Հասքինը լեզուն զսպեց, բայց մինչ կը հեռանար, ինքն իրեն ըսաւ. ‘Արդէն անաստուածի մը հետ կը խօսէի, ալ ո՞ւր երթամ’։

Յաջորդ օրը, քարոզիչը իր քարոզին մէջ շարունակեց եղբայր Հասքինին մասին անարգական բաներ ըսել։ Եղբայր Հասքինը պատմեց. «Ան իր ծուխին ըսաւ, որ ինձմէ զգուշանան, քանի որ իրենց գիւղաքաղաքը եկած ամենագէշ խաբեբան էի, եւ պէտք էր վրաս կրակել»։ Ասիկա եղբայրը չկեցուց. ան շարունակեց քարոզել եւ յաջողութիւն գտաւ։ Ան ըսաւ. «Այսքան հաճոյքով չէի քարոզած։ Նոյնիսկ ոմանք ըսին. ‘Գիտեմ՝ դուն Աստուծոյ մարդ ես’, եւ օգնութիւն առաջարկեցին որ պէտքերս ապահովեմ»։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Հետաքրքրուած անհատներուն օգնելու համար որ յառաջդիմեն, Աստուածաշունչի Աշակերտները Ոսկեդարa պարբերաթերթին մէջ կանոնաւորաբար հրատարակեցին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան յայտագիրներ։ «Պատանիները Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն» յայտագրին մէջ կային հարցումներ, որոնք ծնողներ կրնային իրենց զաւակներուն հետ նկատի առնել։ Ծնողները պէտք էր «իրենց զաւակներուն այդ հարցումները հարցնէին եւ անոնց օգնէին Աստուածաշունչին մէջ պատասխանները գտնելու»։ Կարգ մը հարցումներ, ինչպէս՝ «Աստուածաշունչի մէջ քանի՞ գիրքեր կան», հիմնական բաներ կը սորվեցնէին Աստուածաշունչին մասին։ Ուրիշ հարցումներ, ինչպէս՝ «Պէ՞տք է ամէն ճշմարիտ քրիստոնեայ հալածանք ակնկալէ», պատանիներուն կ’օգնէին, որ անվախ քարոզիչներ ըլլային։

Ուրիշ յայտագիրի մը մէջ կային սուրբգրային հարցումներ եւ պատասխաններ անոնց համար, որոնք Աստուածաշունչէն բաւական գիտելիքներ ունէին։ Պատասխանները կը գտնուէին Սուրբ Գրութիւններու ուսումնասիրութիւններ հրատարակութեան առաջին գիրքին մէջ, որուն խորագիրն էր՝ Դարերու աստուածային ծրագիրը։ Հազարաւոր ընթերցողներ օգտուեցան այս յայտագիրներէն, բայց Ոսկեդար–ի 21 դեկտեմբեր 1921 թիւը յայտարարեց, որ երկու յայտագիրներն ալ այլեւս լոյս պիտի չտեսնէին։ Ինչո՞ւ։

ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Աստուծոյ քնարը գիրքը

Քարտ մը, որուն վրայ կարդալու պարտականութիւն մը գրուած է

Քարտեր, որոնց վրայ հարցումներ գրուած են

Առաջնորդութիւն առնող եղբայրները անդրադարձան, որ մարդիկ պէտք ունէին նիւթ առ նիւթ նկատի առնելու Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները։ Այդ նպատակով, նոյեմբեր 1921–ին լոյս տեսաւ Աստուծոյ քնարը գիրքը։ Այն հետաքրքրուած անհատները, որոնք գիրքը կ’ընդունէին, նաեւ կը հետեւէին «Քնարի սուրբգրային ուսումնասիրութեան դասընթացք»ին, որուն օգնութեամբ կրնային առանձնաբար Աստուածաշունչը սերտել։ Այս դասընթացքը մարդոց օգնեց, որ գիտնային թէ «Աստուծոյ նպատակն էր՝ մարդկութիւնը օրհնել յաւիտենական կեանքով»։ Այս դասընթացքը ինչպէ՞ս կ’ըլլար։

Երբ անհատ մը գիրքը ընդունէր, անոր կը տրուէր կարդալու պարտականութիւն, որ պզտիկ քարտի մը վրայ տպուած կ’ըլլար։ Յաջորդ շաբաթ, ան կը ստանար ուրիշ քարտ մը, որուն մէջ այդ պարտականութեան հիման վրայ հարցումներ կային։ Քարտին վերջաւորութեան, կարդալու պարտականութիւն կը տրուէր յաջորդ շաբթուան համար։

Տասներկու շաբաթներու ընթացքին՝ ամէն շաբաթ, աշակերտը նոր քարտ կը ստանար տեղական ժողովքին կողմէ։ Յաճախ, ժողովքին տարեց կամ անկարող անհատները կը ղրկէին քարտերը։ Օրինակ՝ Էննա Ք. Կարտնըրը, որ Միլվէյլէն էր, Փէնսիլվանիա (ԱՄՆ), պատմեց. «Երբ Աստուծոյ քնարը գիրքը լոյս տեսաւ, իմ անկարող քոյրս՝ Թէյլ, ծառայութեան աւելի առիթներ ունեցաւ, հարցումներու շաբաթական քարտերը ղրկելով»։ Երբ դասընթացքը կը վերջանար, ժողովքէն անհատ մը աշակերտին կ’այցելէր, որպէսզի անոր օգնէր Աստուածաշունչին մասին աւելի գիտելիքներ առնելու։

Թէյլ Կարտնըր իր հաշմանդամի կառքին մէջ

ԱՌՋԵՒԸ ԵՂԱԾ ԳՈՐԾԸ

Տարուան վերջաւորութեան, եղբայր Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ բոլոր ժողովքներուն նամակ մը ղրկեց։ Ան գրեց, որ «այս տարի նախորդ տարիներէն աւելի վկայութիւն տրուեցաւ Թագաւորութեան մասին»։ Եւ աւելցուց. «Դեռ շա՜տ գործ կայ ընելիք։ Ուրիշները քաջալերեցէ՛ք, որ այս օրհնեալ գործին մասնակցին»։ Յստակ է, որ Աստուածաշունչի Աշակերտները իր յորդորին հետեւեցան։ 1922–ին, անոնք անվախօրէն եւ հոյակապ կերպով Թագաւորութիւնը ծանուցանեցին։

Անվախ բարեկամներ

Աստուածաշունչի Աշակերտները իրարու օգնելով եղբայրսիրութիւն ցոյց տուին։ Անոնք անվախ բարեկամներ էին՝ «նեղութեան ատենուան համար ծնած», ինչպէս որ հետեւեալ դէպքը ցոյց կու տայ (Առ. 17։17)։

Երեքշաբթի, 31 մայիս 1921–ին, «Թալսայի ցեղասպանութիւնը» տեղի ունեցաւ ԱՄՆ–ի Օքլահոմա նահանգի Թալսա քաղաքին մէջ, երբ սեւամորթ տղամարդ մը բանտարկուեցաւ՝ ճերմակամորթ կնոջ մը վրայ յարձակելու յանցանքով։ Երբ աւելի քան 1000 ճերմակամորթ տղամարդիկ կռիւի բռնուեցան աւելի քիչ թիւով սեւամորթ տղամարդոց հետ, կռիւը արագօրէն տարածուեցաւ սեւամորթներու Կրինուուտ շրջանին մէջ, ուր աւելի քան 1400 տուներ ու խանութներ կողոպտուեցան եւ այրուեցան։ Տեղեկագրութիւններու համաձայն, 36 հոգի մեռաւ, բայց կրնայ ըլլալ որ հարիւրաւորներ մեռան։

Եղբայր Ռիչըրտ Ժ. Հիլ, որ սեւամորթ Աստուածաշունչի Աշակերտ էր եւ Կրինուուտի բնակիչ էր, պատմեց թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ. «Խռովութեան երեկոյին, մենք սովորականին պէս մեր ժողովքային հանդիպումը ունեցանք։ Ժողովը վերջանալէ ետք, սկսանք Թալսայի կեդրոնէն կրակոցի ձայներ լսել։ Անկողինին մէջ՝ դեռ այդ ձայները կը լսէինք»։ Չորեքշաբթի առտու, յունիս 1–ին, վիճակը աւելի գէշ եղած էր։ «Կարգ մը մարդիկ եկան եւ ըսին, որ եթէ կ’ուզէինք պաշտպանուիլ, պէտք էր անմիջապէս Թալսայի կառավարական մեծ շէնքը երթայինք»։ Ուստի, եղբայր Հիլ՝ իր կնոջ եւ հինգ զաւակներուն հետ, այդ շէնքը փախաւ։ Հոն, շուրջ 3000 սեւամորթ տղամարդիկ եւ կիներ պաշտպանուեցան զինուորներու կողմէ, որոնք կառավարութիւնը ղրկած էր կռիւը կեցնելու համար։

Գրեթէ նոյն ատեն, եղբայր Արթըր Գլաուս, որ ճերմակամորթ էր, քաջ որոշում մը առաւ։ Ան ըսաւ. «Երբ լսեցի, որ խռովարար ամբոխները Կրինուուտին մէջ հոս–հոն տուներ կը կողոպտէին եւ կ’այրէին, որոշեցի հոն երթալ ու ստուգել սիրելի բարեկամիս՝ եղբայր Հիլին վիճակը»։

Աստուծոյ քնարը գիրքը գործածելով, եղբայր Արթըր Գլաուս 14 պզտիկներու օգնեց, որ Աստուածաշունչի մասին աւելի սորվին

Հասնելով եղբայր Հիլին տունը, ան տեսաւ ճերմակամորթ դրացին՝ հրացանով զինուած։ Դրացին, որ նոյնպէս եղբայր Հիլին բարեկամն էր, կարծեց թէ Արթըրը խռովարարներէն մէկն էր։ Ան պոռաց. «Ինչո՞ւ այս մարդուն բակը եկած ես»։

Արթըր պատմեց. «Եթէ պատասխանս չհաւնէր, տեղւոյն վրայ պիտի կրակէր վրաս։ Զինք վստահեցուցի, որ եղբայր Հիլին բարեկամն եմ եւ շատ անգամ իր տունը եկած եմ»։ Արթըրը եւ դրացին կրցան եղբօր ստացուածքը կողոպտիչներէն պաշտպանել։

Շատ չանցած, Արթըր գիտցաւ որ եղբայր Հիլ եւ իր ընտանիքը կառավարական մեծ շէնքին մէջ էին։ Արթըրին ըսին, որ սեւամորթները չէին կրնար այդտեղէն դուրս ելլել առանց հրամանագրի, որ ստորագրուած է զօրավար Պէռըթի կողմէ։ Արթըր պատմեց. «Զօրավարը տեսնելը շատ դժուար էր։ Երբ անոր ըսի թէ ի՛նչ կ’ուզէի ընել, ինծի հարցուց. ‘Այս ընտանիքը պիտի պաշտպանե՞ս եւ անոնց պէտքերը պիտի հոգա՞ս’։ Անշուշտ, ուրախութեամբ համաձայնեցայ»։

Հրամանագիրը իր ձեռքին մէջ՝ Արթըր արագօրէն ուղղուեցաւ դէպի կառավարական մեծ շէնքը։ Ան հրամանագիրը տուաւ պաշտօնեայի մը, որ զարմացած ըսաւ. «Չե՛մ հաւատար. զօրավարը ի՛նք ստորագրած է այս հրամանագիրը։ Գիտե՞ս որ առաջին անձն ես, որ մէկը այստեղէն դուրս կը հանէ»։ Շուտով, Արթըրը եւ պաշտօնեան գտան եղբայր Հիլը եւ անոր ընտանիքը։ Բոլորը լեցուեցան Արթըրին ինքնաշարժին մէջ եւ ուղղուեցան դէպի եղբայր Հիլին տունը։

«Աստուծոյ նուիրուած ծառաները բոլորն ալ իրարու հաւասար են»

Եղբայր Արթըր Գլաուս վստահ եղաւ, որ եղբայր Հիլը եւ անոր ընտանիքը ապահով էին։ Երբ ուրիշներ տեսան եղբայր Արթըրին քաջութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը, շա՜տ տպաւորուեցան։ Արթըր ըսաւ. «Այն դրացին, որ օգնեց եղբայր Հիլին ստացուածքը պաշտպանելու, սկսաւ ճշմարտութիւնը աւելի յարգել։ Եւ քանի մը անհատներ Թագաւորութեամբ հետաքրքրուեցան, քանի որ տեսան թէ Աստուծոյ ժողովուրդը մորթի գոյնով չէ բաժնուած եւ թէ Աստուծոյ նուիրուած ծառաները բոլորն ալ իրարու հաւասար են»։

a Ոսկեդար–ին անունը 1937–ին եղաւ Մխիթարութիւն, իսկ 1946–ին՝ Զարթի՛ր։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել