Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 7/1 էջ 3
  • Ամէն տեղ մտահոգութիւն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ամէն տեղ մտահոգութիւն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Վտանգի մասին մտահոգուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ամէն հոգդ Եհովային վրայ ձգէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ընտանիքի մասին մտահոգուիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ձեր ամէն մտահոգութիւնը Եհովայի վրայ ձգեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 7/1 էջ 3

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ, ԵԹԷ ՄՏԱՀՈԳ ԵՍ

Ամէն տեղ մտահոգութիւն

«Գացի ուտելիք գնելու, բայց միայն թխուածք գտայ,– սովորական գինէն 10,000 անգամ աւելի՛։ Յաջորդ օրը, նպարախանութներու մէջ բնաւ ուտելիք չկար» (Փոլ, Զիմպապուէ)։

«Ամուսինս ինծի հետ լուրջ զրոյց մը ունեցաւ, եւ ըսաւ որ մեզ պիտի լքէ։ Իր այս դաւաճանութիւնը ինչպէ՞ս կրնայի մարսել։ Զաւակներուս ապագան ի՞նչ պիտի ըլլար» (Ճանէթ, Միացեալ Նահանգներ)։

«Երբ ահազանգը կը հնչէ, ապաստանարան կը վազեմ ու գետինը կը փռուիմ, մինչ հռթիրները կը պայթին։ Ժամեր անցնելէ ետք, ձեռքերս տակաւին կը դողան» (Էլոնա, Իսրայէլ)։

Տղամարդ մը պատերազմի, թշուառութեան, հիւանդութեան եւ կեանքի խնդիրներուն նկատմամբ մտահոգ է

Մտահոգութիւններով լեցուն «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ Շատեր նեղութեան մատնուած են նիւթական խնդիրներու, ընտանեկան քայքայումի, պատերազմի, մահացու հիւանդութիւններու, եւ բնական կամ մարդկային ձեռքով եղած աղէտներու պատճառով։ Ասոնց վրայ աւելցնենք զանազան անձնական մտահոգութիւններ. «Կրնա՞յ ըլլալ որ մարմնիս վրայ այս անբնական աճումը քաղցկեղ է», «Թոռնիկներս ինչպիսի՞ աշխարհի մէջ պիտի մեծնան»։

Ո՛չ ամէն մտահոգութիւն վնասակար է։ Բնական է որ գրաւորէ մը, ելոյթէ մը կամ գործի հարցազրոյցէ մը առաջ որոշ ջղագրգռութիւն զգանք։ Եւ վտանգի ենթարկուելու վախը կրնայ մեզ վնասէ ետ պահել։ Բայց չափազանց կամ յարատեւ մտահոգութիւնը կործանիչ է։ Աւելի քան 68,000 չափահասներու վրայ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւնները յայտնեցին, որ նոյնիսկ չափաւոր մտահոգութիւնը կ’աւելցնէ կանխահաս մեռնելու հաւանականութիւնը։ Ուրեմն Յիսուս լաւ պատճառով մը հարցուց. «Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել»։ Իսկապէս, ո՛չ մէկը կրնայ մտահոգուելով իր կեանքը երկնցնել։ Ուստի Յիսուս խրատեց. «Հոգ մի՛ ընէք» (Մատթէոս 6։25, 27)։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք ա՛լ հոգ չընել։

Այս ուղղութեամբ կրնան օգնել՝ իմաստութիւն ի գործ դնելը, Աստուծոյ հանդէպ իսկական հաւատք կերտելը եւ ապագայի նկատմամբ վստահելի յոյս մշակելը։ Նոյնիսկ եթէ ներկայիս դժուար պարագաներէ չենք անցնիր, օր մը օրանց կրնանք անցնիլ։ Ուստի նայինք թէ այս քայլերը ինչպէ՛ս Փոլին, Ճանէթին եւ Էլոնային օգնած են մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել