Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 9/1 էջ 7
  • Ինչո՞ւ կը քարոզենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչո՞ւ կը քարոզենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յաւելեալ օգնութիւն ընտանիքներուն
    Զարթի՛ր 2018
  • Ո՞ւր կրնանք գտնել կեանքի կարեւոր հարցումներուն պատասխանները
    Ո՞ւր կրնանք գտնել կեանքի կարեւոր հարցումներուն պատասխանները
  • Աստուածաշունչը հասկնալու համար օգնութիւն գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. JW.ORG կայքը գործածել
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 9/1 էջ 7
Երկու Վկաներ բնակավայրերու քով կը քարոզեն

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ո՞Վ ԵՆ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ

Ինչո՞ւ կը քարոզենք

Թերեւս ամէնէն շատ քարոզչութեամբ մեր Վկայ ըլլալը կը գիտցուի, ըլլայ տունէ տուն, հանրային տեղեր եւ ուր որ մարդիկ գտնենք։ Ինչո՞ւ կը քարոզենք։

Եհովայի վկաները կը քարոզեն, որպէսզի Աստուած փառաւորեն եւ իր անունը ճանչցնեն (Եբրայեցիս 13։15)։ Մենք նաեւ կ’ուզենք Քրիստոս Յիսուսին հնազանդ ըլլալ, որ պատուիրեց. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք. . . Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատթէոս 28։19, 20)։

Աւելին, մենք մեր ընկերը կը սիրենք (Մատթէոս 22։39)։ Անշուշտ, գիտենք որ մարդոց մեծամասնութիւնը իր կրօնական հաւատալիքները ունի, եւ ոմանք մեր պատգամով չեն հետաքրքրուիր։ Սակայն, համոզուած ըլլալով որ Աստուածաշունչին ըսածները կեանք կը փրկեն, ‘չենք դադարիր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ’ (Գործք 5։41, 42)։

Ընկերաբան Անթոնիօ Գովա Մատուրոն գրեց. «Առանց աչքերնուն գալու, Եհովայի վկաները մեծ ջանք կը թափեն, նոյնիսկ ինքզինքնին մաշեցնելու աստիճան. . . որպէսզի սուրբ գրութիւնը աշխարհի ամէնէն հեռու տեղը հասնի» (Էլ Եունիվերսալ լրագիր, Վենեզուելլա)։

Մեր հրատարակութիւնները կարդացողներուն մեծամասնութիւնը Վկայ չէ։ Եւ այն միլիոնաւոր մարդիկը, որոնք մեզի հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն, զանազան կրօնքներու կը պատկանին։ Անոնք գոհ են որ Եհովայի վկաները իրենց կ’այցելեն։

Թերեւս Եհովայի վկաներուն մասին ուրիշ հարցումներ ալ ունիս։ Քեզ կը հրաւիրենք որ հետեւեալ կերպերով պատասխանները առնես.

  • Եհովայի վկայի մը հարցնել։

  • Մեր կայքը՝ www.jw.org/hy-latn այցելել։

  • Մեր ժողովներուն ներկայ գտնուիլ. մուտքը ձրի է։

Յիսուս երկու աշակերտ քարոզելու կը ղրկէ
Ձիւնով ծածկուած լեռ մը

Եհովայի վկաներուն մասին աւելի գիտնալու համար՝ www.jw.org կայքին մէջ դիտէ Եհովայի վկաներ. կազմակերպուած՝ բարի լուրը քարոզելու տեսաերիզը (նայէ՛ անգլերէնով՝ PUBLICATIONS > VIDEOS)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել