ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՍԿՆԱԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ
Աստուածաշունչը հասկնալու համար օգնութիւն գտնել
Երեւակայէ թէ օտար երկիր մը կը ճամբորդես։ Կը ծանօթանաս նոր մարդոց, սովորութիւններու, ուտելիքներու եւ դրամի։ Թերեւս նեղանաս. ինչ որ հասկնալի է։
Կրնայ ըլլալ որ նոյն զգացումները ունենաս, երբ առաջին անգամ ըլլալով Աստուածաշունչը կարդաս։ Կ’երթաս հին աշխարհ մը, որ քեզի օտար կը թուի։ Հոն, պիտի ծանօթանաս փղշտացի կոչուած ժողովուրդի մը, ‘հանդերձ պատռելու’ նման արտակարգ սովորութիւններու կամ պիտի տեղեկանաս մանանայ կոչուած ուտելիքի մը եւ սիկղ անունով դրամի մը մասին (Ելից 16։31. Յեսու 13։2. Բ. Թագաւորաց 3։31. Մատթէոս 26։15)։ Այս բոլորը կրնան քեզ շփոթեցնել։ Ինչպէս որ երբ օտար երկիր մը ճամբորդես եւ մէկը քեզի օգտակար դառնայ, զայն կը գնահատես, նոյնպէս ալ երբ մէկը քեզի բաներ բացատրէ, զանոնք չե՞ս գնահատեր։
ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՉԵԼԻ ԷՐ
Սուրբ Գրութիւնները սկսան գրուիլ Ք.Ա. 16–րդ դարուն։ Անկէ ի վեր զայն հասկնալու համար մարդոց օգնութիւն հայթայթուած է։ Օրինակ, Մովսէս՝ իսրայէլ ազգին առաջին առաջնորդը, գրուածին բացատրութիւնը «սկսաւ յայտնել» (Բ. Օրինաց 1։5)։
Անկէ շուրջ տասը դար ետք, Սուրբ Գրութիւններու որակեալ ուսուցիչներ տակաւին կային։ Ք.Ա. 455–ին, հրեաներու բազմութիւն մը, ներառեալ երեխաներ, հաւաքուեցաւ Երուսաղէմ քաղաքին մէկ հրապարակը։ Ուսուցիչները «օրէնքի [նոյն սուրբ] գիրքը յստակ կերպով կարդացին»։ Բայց անոնք աւելի՛ն ըրին։ Անոնք «մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին» (Նէեմիա 8։1-8)։
Հինգ դար ետք, Յիսուս Քրիստոս ալ նոյնպէս ուսուցանեց։ Իրականութեան մէջ, ան մարդոց մէջ գլխաւորաբար ճանչցուեցաւ որպէս ուսուցիչ (Յովհաննէս 13։13)։ Ան մեծ բազմութիւններու, ինչպէս նաեւ անհատներու սորվեցուց։ Առիթով մը, Յիսուս մեծ բազմութեան մը հանրածանօթ Լերան քարոզը տուաւ, եւ ‘ժողովուրդը զարմացաւ անոր վարդապետութեանը վրայ’ (Մատթէոս 5։1, 2. 7։28)։ Ք.Ե. 33–ի գարնան, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքին խօսեցաւ, մինչ անոնք Երուսաղէմի մօտ գտնուող գիւղ մը կ’երթային։ Յիսուս անոնց «գրքերը կը մեկնէր», կամ յստակ կերպով կը բացատրէր (Ղուկաս 24։13-15, 27, 32)։
Յիսուսի աշակերտներն ալ Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչներն էին։ Առիթով մը, մինչ եթովպիացի պաշտօնեայ մը Սուրբ Գրութիւններէն հատուած մը կը կարդար, Փիլիպպոս անունով աշակերտ մը իրեն մօտեցաւ եւ հարցուց. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Եթովպիացին պատասխանեց. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ»։ Այն ատեն Փիլիպպոս հատուածին նշանակութիւնը իրեն բացատրեց (Գործք 8։27-35)։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՉԵԼԻ Է
Ինչպէս անցեալին Աստուածաշունչի ուսուցիչները կը մասնակցէին Աստուածաշունչի կրթական գործունէութեան, նոյնպէս ալ այսօր Եհովայի վկաները նոյն բանը կ’ընեն աշխարհի տարածքին 239 երկիրներու մէջ (Մատթէոս 28։19, 20)։ Ամէն շաբաթ, անոնք աւելի քան 9 միլիոն անհատներու հետ Աստուածաշունչը կը սերտեն՝ անոնց օգնելու համար որ զայն հասկնան։ Աստուածաշունչը սերտող անհատներէն շատեր քրիստոնեայ չեն։ Այս սերտողութիւնները ձրի են եւ կրնան տեղի ունենալ անհատին տան մէջ կամ այլ յարմար վայր մը։ Ոմանք նոյնիսկ հեռախօսիկով կամ առցանց իրենց ուսումնասիրութիւնը կ’ունենան։
Այս կարգադրութեան մասին մանրամասնութիւններ ստանալու համար, կրնաս Եհովայի վկայի մը հետ կապ պահել։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով պիտի տեսնես թէ անիկա անհասկնալի գիրք մը չէ, այլ «օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար», որպէսզի «կատարեալ ըլլա[ս] ամէն բարի գործերու պատրաստուած» (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։