Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 10/1 էջ 15
  • Իրարու ներեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իրարու ներեցէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Շարունակեցէք իրարու անհաշիւ ներել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Իրարու ներենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ինչո՞ւ ներելու պատրաստ ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Եհովայի ներած կերպով կը ներե՞նք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 10/1 էջ 15

ԱՐԴԻ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԻՆ ՕԳՏՈՂ ՎԱՂԵՄԻ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Իրարու ներեցէք

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կողոսացիս 3։13, ՆԹ)։

Կին մը իր ձեռքը վեր ընելով ուրիշ կնոջմէ մը կը հեռանայ

Ի՞նչ կը նշանակէ. Սուրբ Գիրքին մէջ մեղքը նմանցուած է պարտքի, իսկ ներելը՝ պարտքը ջնջելու (Ղուկաս 11։4)։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ, թէ Աստուածաշունչին մէջ «ներել» թարգմանուած յունարէն բառը կը նշանակէ՝ «պարտքէն վազ անցնիլ, չպահանջելով զայն»։ Ուստի երբ կ’որոշենք ներել մէկու մը, որ մեզի հանդէպ սխալած է, փոխարէնը բան մը չենք ակնկալեր անկէ։ Ներելու յօժար ըլլալ չի նշանակեր որ սխալ արարքին հաւանութիւն կու տանք կամ ատոր պատճառած վիրաւորանքը թեթեւի կ’առնենք։ Հապա, կը նշանակէ թէ կ’որոշենք մեր զայրոյթը մէկ կողմ դնել, թէեւ կրնայ ըլլալ որ «տրտունջ» ընելու պատճառ ունինք։

Ներկայիս գործնակա՞ն է. Բոլորս մեղք կը գործենք, քանի որ անկատար ենք (Հռովմայեցիս 3։23)։ Ուստի իմաստութիւն է որ պատրաստ ըլլանք ուրիշներուն ներելու, քանի որ ուշ թէ կանուխ պէտք պիտի ունենանք որ ուրիշները մեզի ներեն։ Աւելին, երբ կը ներենք՝ մենք ալ կ’օգտուինք։ Ինչպէ՞ս։

Երկու կիներ իրարու կը փաթթուին

Երբ բարկութիւնն ու զայրոյթը մեր մէջ կը պահենք եւ չենք ներեր, մենք մեզի կը վնասենք։ Այսպիսի գէշ զգացումներ կրնան մեր ուրախութիւնը խլել, մեր ձեռքը–ոտքը կապել եւ մեզ խեղճ վիճակի մէջ ձգել։ Անոնք նաեւ կրնան լրջօրէն վնասել մեր առողջութեան։ Պարբերաթերթի մը մէջ, բժիշկ Եոյիչի Չիտա եւ հոգեբանութեան փրոֆէսոր Էնտրու Սթեփդօ տեղեկագրութիւն մը տուին, որուն եզրակացութիւնը հետեւեալն էր. «Այս արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ մեծ կապ կայ բարկութեան կամ թշնամութեան եւ սրտի պսակաձեւ զարկերակներու հիւանդութեան միջեւ» (Journal of the American College of Cardiology)։

Անդին, նկատի առ ներելուն օգուտները։ Երբ ուրիշներուն առատօրէն կը ներենք, իրենց հետ մեր միութիւնն ու խաղաղութիւնը կը պահենք, եւ այսպիսով փոխյարաբերութիւններուն տէր կ’ելլենք։ Աւելի կարեւորը, Աստուծոյ օրինակին հետեւած կ’ըլլանք, որ առատօրէն կը ներէ զղջացող մեղաւորներուն եւ մեզմէ կ’ակնկալէ որ նոյնը ընենք (Մարկոս 11։25. Եփեսացիս 4։32. 5։1)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել