«Մեր հաւատքը աւելցուր»
«Օգնէ՛ իմ անհաւատութեանս» (ՄԱՐ. 9։23)։
1. Հաւատքը որքա՞ն կարեւոր է (տե՛ս բացման պատկերը)։
ԵՐԲԵՔ դուն քեզի հարցուցա՞ծ ես՝ «Եհովան ինծի պէս մէկը պիտի ուզէ՞ մեծ նեղութեան ընթացքին փրկել եւ նոր աշխարհը մտցնել»։ Անշուշտ, փրկութիւնը շատ բաներէ կախեալ է, բայց Պօղոս առաքեալ շատ կարեւոր պահանջ մը կը նշէ. «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ» (Եբ. 11։6)։ Ասիկա կրնայ պարզ բան մը թուիլ, բայց եթէ իրականութեան նայինք՝ «ամէնքը հաւատք չունին» (Բ. Թես. 3։2)։ Այս համարները մեզի կ’օգնեն հասկնալու, թէ շատ կարեւոր է որ մեր հաւատքը զօրացնենք։
2, 3. ա) Մեր հաւատքը որքա՞ն կարեւոր է։ բ) Հիմա ո՞ր հարցումները պիտի քննարկենք։
2 Պետրոս առաքեալ ցոյց տուաւ թէ հաւատքը շատ կարեւոր է, երբ ըսաւ. «Ձեր հաւատքին փորձառութիւնը [«փորձուած հաւատքը», ՆԹ]. . . գտնուի գովութիւնով ու պատիւով եւ փառքով Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը» (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։7)։ Որովհետեւ մեծ նեղութիւնը դրան ետեւն է, կ’ուզենք վստահ ըլլալ, որ երբ մեր փառաւոր Թագաւորը յայտնուի, մեր հաւատքը պիտի գովէ։ Վստահաբար կ’ուզենք ըլլալ «անոնցմէ՝ որ կը հաւատան, իրենց անձին փրկութեան համար» (Եբ. 10։39, ԱԾ)։ Այս պատճառով, մենք ալ կրնանք աղաչել. «Օգնէ իմ անհաւատութեանս», այսինքն՝ ‘օգնէ որ հաւատքս զօրանայ’ (Մար. 9։23)։ Կամ ալ Յիսուսի առաքեալներուն պէս կրնանք ըսել. «Մեր հաւատքը աւելցուր» (Ղուկ. 17։5)։
3 Սակայն կարգ մը հարցումներ կը ծագին. ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել, ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ հաւատք ունինք եւ ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուած պիտի պատասխանէ երբ իրմէ խնդրենք որ մեր հաւատքը զօրացնէ։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՀԱՃԻ ԵՐԲ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԸ ԶՕՐԱՑՆԵՆՔ
4. Որո՞նց օրինակները մեզ կը մղեն, որ մեր հաւատքը զօրացնենք։
4 Կրնանք դասեր քաղել Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած հաւատքի տէր մարդոց օրինակներէն, քանի որ «ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվ[ինք]» (Հռով. 15։4)։ Աբրահամին, Սառային, Իսահակին, Յակոբին, Մովսէսին, Ռախաբին, Գեդէօնին, Բարակին եւ շատ մը ուրիշներու օրինակները մեզ կը մղեն որ մեր հաւատքը զօրացնենք (Եբ. 11։32-35)։ Աւելին, ներկայիս ալ ունինք զօրաւոր հաւատքի տէր եղբայրներու եւ քոյրերու օրինակներa։
5. ա) Եղիան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունէր։ բ) Իր օրինակը մեզ կը մղէ ի՞նչ բանի մասին մտածելու։
5 Աստուածաշունչէն օրինակ մըն է Եղիա մարգարէն։ Երեւակայէ հետեւեալ պարագաները, որոնք ցոյց կու տան թէ ան Եհովային շատ կը վստահէր։ 1) Երբ Եղիան Աքաաբ թագաւորին ըսաւ որ Եհովան երաշտ պիտի բերէր, ինքնավստահութեամբ յայտարարեց. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը. . . կենդանի է, որ. . . ցօղ ու անձրեւ պիտի չգայ առանց իմ խօսքիս» (Գ. Թագ. 17։1)։ 2) Եղիան կը հաւատար որ երաշտին ընթացքին՝ Եհովան իրեն եւ ուրիշներուն պիտի տար ինչ որ պէտք էր (Գ. Թագ. 17։4, 5, 13, 14)։ 3) Ան վստահ էր որ Եհովան կրնայ որբեւայրիին տղուն յարութիւն տալ (Գ. Թագ. 17։21)։ 4) Ան կասկած չունէր, թէ Կարմեղոս լերան վրայ Եհովան կրակ պիտի ղրկէր իր զոհը այրելու համար (Գ. Թագ. 18։24, 37)։ 5) Նոյնիսկ առաջ որ անձրեւ գայ, Եղիան Աքաաբին ըսաւ. «Վե՛ր ելիր, կեր ու խմէ՛, վասն զի անձրեւի ոտնաձայն կայ» (Գ. Թագ. 18։41)։ Այս պատմութիւնները լսելով կը մղուինք մենք մեզ քննելու եւ տեսնելու թէ նոյնքան զօրաւոր հաւատք ունի՛նք կամ ոչ։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ ԶՕՐԱՑՆԵԼ
6. Մեր հաւատքը զօրացնելու համար պէտք ունինք որ Եհովան ի՞նչ տայ մեզի։
6 Միայն մեր ուժով չենք կրնար հաւատքնիս զօրացնել։ Հաւատքը Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղին մէկ երեսակն է (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Ուստի իմաստութիւն է Յիսուսին խրատին ականջ տալով աղօթել որ Եհովան ա՛լ աւելի սուրբ հոգի տայ, քանի որ Յիսուս մեզի կը խոստանայ որ Հայրը «Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկ. 11։13)։
7. Նկարագրէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր հաւատքը զօրաւոր պահել։
7 Մէյ մը որ զօրաւոր հաւատք ունենանք, պէտք է զայն պահպանենք։ Մեր հաւատքը կրնանք նմանցնել խարոյկի։ Երբ կայծ տանք, կրակը կը բռնկի։ Սակայն եթէ ուրիշ բան մը չընենք, ի վերջոյ կրակը պիտի մարի եւ պաղ մոխիրի վերածուի։ Բայց եթէ շարունակաբար փայտով «կերակրենք» կրակը, անիկա առանց կենալու պիտի վառի։ Նմանապէս մեր հաւատքը կրնանք կենդանի պահել, եթէ կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքէն «կերակրուինք»։ Եթէ շարունակենք Աստուածաշունչը օրական կարդալ եւ սերտել, ատոր եւ Եհովային հանդէպ մեր սէրը պիտի զօրանայ, եւ ասոր արդիւնքը պիտի ըլլայ, որ մեր հաւատքը աւելի պիտի զօրացնենք եւ պահպանենք։
8. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ մեր հաւատքը զօրացնենք եւ զօրաւոր պահենք։
8 Աւելի ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի հաւատքդ զօրացնես եւ զօրաւոր պահես։ Պէտք չէ բաւարարուիս միայն այն բաներով, որ սորվեցար մինչեւ մկրտութիւնդ (Եբ. 6։1, 2)։ Շարունակէ սորվիլ մարգարէութիւններու մասին որոնք արդէն իսկ կատարուած են, քանի որ ատոնք կ’օգնեն որ հաւատքդ զօրացնես եւ պահպանես։ Նաեւ կրնաս Աստուածաշունչի միջոցաւ քննել թէ հաւատքդ իրապէս զօրաւո՛ր է կամ ոչ (կարդա՛ Յակոբոս 1։25. 2։24, 26)։
9, 10. Մեր հաւատքը ինչպէ՞ս կը զօրանայ՝ ա) լաւ ընկերակցութեամբ, բ) ժողովներով, գ) քարոզելով։
9 Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ քրիստոնեաները կրնան ‘փոխադարձ քաջալերութիւն ստանալ, մէկը միւսին հաւատքով’ (Հռով. 1։12, ՆԱ)։ Երբ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ ժամանակ անցընենք, կրնանք իրարու հաւատքը զօրացնել, մանաւանդ երբ գտնուինք անհատներու հետ, որոնք «փորձուած հաւատք» ունին (Յակ. 1։3, ՆԱ)։ Չար ընկերակցութիւնները մեր հաւատքը կը քանդեն, բայց լաւ ընկերակցութիւնները զայն կը զօրացնեն (Ա. Կոր. 15։33)։ Ասոր համար մեզի պատուէր տրուած է, որ «մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք», հապա՝ «մէկզմէկ յորդորենք» (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Աւելին, ժողովներուն ընթացքին հաւատք զօրացնող ցուցմունքներ կը ստանանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «հաւա՛տքը լսելէն է» (Հռով. 10։17)։ Ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ կը գտնուի՞ս։
10 Երբ բարի լուրը ուրիշներուն քարոզենք եւ սորվեցնենք, ոչ միայն ուրիշներուն հաւատքը կը զօրացնենք, այլեւ՝ մե՛ր հաւատքը։ Նախկին քրիստոնեաներուն պէս, կը սորվինք Եհովային լման վստահիլ եւ ամէն պարագայի մէջ համարձակութեամբ խօսիլ (Գործք 4։17-20. 13։46)։
11. ա) Քաղէբը եւ Յեսուն ինչո՞ւ զօրաւոր հաւատք ունէին։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք իրենց պէս ըլլալ։
11 Մեր հաւատքը կը զօրանայ երբ տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ եւ մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ։ Ասիկա պատահեցաւ Քաղէբին եւ Յեսուին հետ։ Երբ անոնք Աւետեաց երկիրը լրտեսեցին, ցոյց տուին թէ Եհովային հանդէպ հաւատք ունին։ Ժամանակի ընթացքին իրենց հաւատքը ա՛լ աւելի զօրացաւ, ամէն անգամ որ տեսան թէ Եհովան ինչպէ՛ս իրենց կ’օգնէր։ Չենք զարմանար որ Յեսուն իսրայէլացիներուն վստահութեամբ ըսաւ. «Ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ»։ Յետագային ան ըսաւ. «Ուստի հիմա Տէրոջմէն վախցէ՛ք եւ անոր հաւատարմութեամբ ու ճշմարտութեամբ ծառայութիւն ըրէք. . . բայց ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք» (Յես. 23։14. 24։14, 15)։ Մենք ալ կրնանք այս համոզումը ունենալ, մինչ Եհովային կը վստահինք եւ կը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս անձամբ մեզի կ’օգնէ (Սաղ. 34։8)։
ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՆՔ ՑՈՅՑ ՏԱԼ
12. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ զօրաւոր հաւատք ունինք։
12 Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ զօրաւոր հաւատք ունինք։ Յակոբոս աշակերտ այդ հարցումին պատասխանը կու տայ, ըսելով. «Քեզի ցուցնեմ իմ հաւատքս իմ գործերովս» (Յակ. 2։18)։ Մեր ըրածները ցոյց պիտի տան որ զօրաւոր հաւատք ունինք։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։
Անոնք որոնք ծառայութեան մէջ իրենց ամէն կարելին կ’ընեն, իրենց զօրաւոր հաւատքը ցոյց կու տան (տե՛ս պարբերութիւն 13)
13. Մեր հաւատքը ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք երբ կը քարոզենք։
13 Քարոզչութիւնը հոյակապ կերպ մըն է, որ մեր հաւատքը ցոյց տանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ կը քարոզենք, ցոյց կու տանք որ կը հաւատանք թէ «վերջ»ը մօտ է եւ «ետ պիտի չմնայ» (Ամբ. 2։3)։ Որպէսզի գիտնանք թէ մեր հաւատքը որքա՛ն զօրաւոր է, կրնանք մենք մեզի հարցնել. «Քարոզչութիւնը որքա՞ն կարեւոր է ինծի համար։ Ամէն կարելիս կ’ընե՞մ որպէսզի ուրիշներուն Աստուծոյ մասին խօսիմ։ Եհովային աւելի ծառայելու կերպեր կը փնտռե՞մ» (Բ. Կոր. 13։5)։ Ցոյց տանք որ զօրաւոր հաւատք ունինք, ‘բերնով խոստովանելով փրկուելու համար’, այսինքն՝ բարի լուրը քարոզելով (կարդա՛ Հռովմայեցիս 10։10)։
14, 15. ա) Մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ ինչպէ՞ս հաւատք ցոյց կու տանք։ բ) Պատմէ գործերով փաստուած հաւատքի փորձառութիւն մը։
14 Նաեւ կրնանք մեր հաւատքը ցոյց տալ, մինչ ամէնօրեայ կեանքին դժուարութիւններուն դէմ կը պայքարինք։ Ըլլանք հիւանդ, վհատած, ընկճուած, աղքատ կամ ուրիշ մէկ խնդիրի մէջ, վստահ ենք որ Եհովան եւ իր Որդին ‘պէտք եղած ատեն մեզի պիտի օգնեն’ (Եբ. 4։16)։ Այս վստահութիւնը ցոյց կու տանք ոչ միայն մեր հոգեւոր կարիքներուն մասին աղօթելով, այլեւ նիւթական բաներու մասին աղօթելով, մէջը ըլլալով «մեր ամէն օրուան հացը» (Ղուկ. 11։3)։ Աստուածաշունչին պատմութիւնները կարդալով կը համոզուինք որ Եհովան մեր բոլոր պէտքերը կրնայ հոգալ։ Երբ Իսրայէլի մէջ խիստ երաշտ եղաւ, Եհովան ուտելիք եւ ջուր ապահովեց Եղիային։ «Ագռաւները առտուն անոր հաց ու միս ու իրիկունն ալ հաց ու միս կը բերէին ու անիկա հեղեղատէն ջուր կը խմէր», ճիշդ ինչպէ՛ս որ Եհովան կարգադրած էր (Գ. Թագ. 17։3-6)։ Մենք կը հաւատանք որ Եհովան մեր պէտքերն ալ կրնայ հոգալ։
Մեր հաւատքը ցոյց կու տանք, երբ ամէնօրեայ դժուարութիւններուն դէմ կը պայքարինք (տե՛ս պարբերութիւն 14)
15 Մենք վստահ ենք որ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով կրնանք օրուան հացը ճարել։ Ասիկա պատահեցաւ Ռեպեքա անունով ամուսնացած քրոջ մը հետ, որ Ասիայի մէջ կ’ապրի։ Ան եւ իր ընտանիքը Մատթէոս 6։33–ը եւ Առակաց 10։4–ը կիրարկած են իրենց կեանքին մէջ, Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելով եւ ջանասիրութեամբ աշխատելով։ Ռեպեքան կ’ըսէ թէ անգամ մը իր ամուսինը զգաց թէ իր գործին տեսակը եւ պատճառած ճնշումը վտանգի տակ կը ձգէին իրենց հոգեւորութիւնը։ Ուստի ան գործէն ելաւ։ Սակայն անոնք հոգ տանելիք չորս զաւակ ունէին։ Ռեպեքան կը պատմէ թէ ի՛նչ եղաւ. «Սկսանք քաղցրեղէն շինել ու ծախել։ Բոլոր այն տարիները որ այսպէս ապրուստ ճարեցինք, զգացինք որ Եհովան բնա՛ւ մեզ չլքեց։ Առտու, կէսօր եւ իրիկուն ուտելիք ունէինք»։ Դուն ալ առիթը ունեցա՞ծ ես ցոյց տալու, որ կը հաւատաս թէ Աստուածաշունչը լաւագոյն ուղղութիւնը կու տայ։
16. Ի՞նչ պիտի պատահի եթէ Աստուծոյ վստահինք։
16 Բնա՛ւ պէտք չէ կասկածինք որ եթէ Աստուծոյ ուղղութեան հետեւինք, պիտի օգտուինք։ Պօղոս Ամբակումի խօսքը մէջբերելով ըսաւ. «Արդարը հաւատքով պիտի ապրի» (Գաղ. 3։11. Ամբ. 2։4)։ Ուստի կարեւոր է որ հաւատանք Անոր որ իրապէս կրնայ օգնել։ Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուած «կարող է աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք, այն զօրութիւնովը որ մեր մէջ կը ներգործուի» (Եփ. 3։20)։ Որպէս Եհովայի ծառաներ, մեր ամէն կարելին կ’ընենք որ իր կամքը կատարենք, բայց նաեւ կը գիտակցինք թէ սահմանափակումներ ունինք։ Ուստի մեր վստահութիւնը Եհովային վրայ դրած ենք, որ մեր ջանքերը օրհնէ։ Ուրախ ենք որ Աստուած մեզի հետ է։
ՀԱՒԱՏՔԻ ԽՆԴՐԱՆՔՆԵՐԸ Կ’ԸՆԴՈՒՆՈՒԻՆ
17. ա) Երբ առաքեալները հաւատք խնդրեցին, ի՞նչ եղաւ պատասխանը։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք ակնկալել որ հաւատքի մեր խնդրանքները պիտի ընդունուին։
17 Այս բաները քննարկելէ ետք, թերեւս առաքեալներուն պէս զգանք, երբ Յիսուսին ըսին. «Մեր հաւատքը աւելցուր» (Ղուկ. 17։5)։ Իրենց խնդրանքը ընդունուեցաւ, մանաւանդ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ իրենց վրայ սուրբ հոգին թափուեցաւ եւ Աստուծոյ նպատակին մասին աւելի խորունկ բաներ սկսան հասկնալ։ Ասիկա իրենց հաւատքը զօրացուց։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Անոնք աշխարհին մէջ ամէնէն հսկայ քարոզարշաւին սկսան (Կող. 1։23)։ Կրնա՞նք ակնկալել որ երբ աւելի հաւատք խնդրենք, Եհովան պիտի պատասխանէ։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կը վստահեցնէ որ այո՛ կրնանք, երբ «[Աստուծոյ] կամքին համեմատ» խնդրենք (Ա. Յովհ. 5։14)։
18. Եհովան ինչպէ՞ս կ’օրհնէ զանոնք որոնք իրենց հաւատքը կը զօրացնեն։
18 Յստակ է որ Եհովան կը հաճի երբ մեր ամբողջ վստահութիւնը իր վրայ կը դնենք։ Եհովան հաւատքի մեր խնդրանքը պիտի ընդունի, մեր հաւատքը շատ պիտի աճի եւ պիտի «արժանան[անք] Աստուծոյ թագաւորութեան» (Բ. Թես. 1։3, 5)։
a Կարգ մը օրինակներու համար տե՛ս հետեւեալ կենսագրութիւնները՝ Մարսէլ Ֆիլթօ (Դիտարան 1 փետրուար 2000), Ալեքսանդր Ուրսու (Դիտարան 1 սեպտեմբեր 2013) եւ Դրոֆիմ Ռ. Նսոմպա (Դիտարան 15 ապրիլ 2015)։