Հոգեւոր բաներու վրայ շարունակ խոկա՛
«Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ» (Ա. ՏԻՄ. 4։15)։
1, 2. Մարդկային ուղեղը ի՞նչ բաներով յատուկ է։
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ուղեղը յատուկ է։ Օրինակ՝ մենք լեզու սորվելու կարողութիւնը ունինք։ Եւ լեզուն թոյլ կու տայ մեզի որ կարդանք, գրենք, խօսինք, մեր լսածը հասկնանք, աղօթենք եւ Եհովան գովերգենք։ Բոլոր այս բաները մեզ անասուններէն տարբեր կը դարձնեն։ Գիտնականները տակաւին լիովին չեն հասկնար թէ մեր ուղեղը ինչպէ՛ս կրնայ բոլոր այս հոյակապ բաները ընել։
2 Մեր կարողութիւնը որ լեզու սորվինք եւ գործածենք, Աստուծոյ կողմէ հրաշալի պարգեւ մըն է (Սաղ. 139։14. Յայտ. 4։10բ)։ Մեր ուղեղը ուրիշ բանի մէջ ալ յատուկ է։ Անասուններուն հակառակը, մենք ‘Աստուծոյ պատկերով’ ստեղծուած ենք։ Ազատ կամք ունինք եւ կրնանք ընտրել՝ մեր լեզուական կարողութիւններով Աստուած փառաւորել (Ծն. 1։27)։
3. Եհովան ի՞նչ հոյակապ պարգեւ մը տուած է, որպէսզի մեզ իմաստուն ընէ։
3 Բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն լեզուի Ստեղծիչը պատուել, իր կողմէ ունին հոյակապ պարգեւ մը՝ Աստուածաշունչը։ Ատիկա ամբողջութեամբ կամ մասամբ մատչելի է աւելի քան 2800 լեզուներով։ Երբ խոկաս Աստուածաշունչին ըսածին վրայ, միտքդ կը լեցնես Աստուծոյ մտածումներով (Սաղ. 40։5. 92։5. 139։17)։ Ուստի կրնա՛ս հաճոյք առնել խորհրդածելով բաներու վրայ, որոնք «կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու» (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։14-17)։
4. ա) Ի՞նչ կը նշանակէ խոկալ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
4 Խոկալ կը նշանակէ բանի մը վրայ կեդրոնանալ, ըլլայ լաւ թէ գէշ, ու խորապէս եւ ուշադրութեամբ անոր մասին մտածել (Սաղ. 77։12. Առ. 24։1, 2)։ Ամէնէն շատ կ’օգտուինք երբ կը խոկանք Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուսի մասին (Յովհ. 17։3)։ Սակայն թերեւս հարցնենք. «Ինչպէ՞ս կրնանք կարդալ այնպէս մը որ խոկալը դիւրին ըլլայ։ Ի՞նչ բանի վրայ կրնանք խոկալ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք խոկալէն հաճոյք առնել»։
ՎՍՏԱՀ ԵՂԻՐ ՈՐ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆԴ ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐ Է
5, 6. Ի՞նչ բան քեզի կ’օգնէ որ յիշես եւ աւելի լաւ հասկնաս կարդացածդ։
5 Երբեք նկատի առա՞ծ ես որ կան բաներ, որոնք առանց անդրադառնալու կամ մտածելու կ’ընես, ինչպէս՝ շնչել, քալել կամ հեծանիւ քշել։ Ցաւօք սրտի, կարդալն ալ կրնայ երբեմն այդպէս ըլլալ։ Եւ անհատ մը կրնայ նոյնիսկ ուրիշ բաներու մասին մտածել մինչ կը կարդայ։ Ուստի կարեւոր է որ կարդացածիդ իմաստին վրայ կեդրոնանաս։ Երբ պարբերութիւն մը ամբողջացնես կամ առաջ որ նոր ենթավերնագիր սկսիս, կեցիր եւ կարդացածիդ վրայ մտածէ, որպէսզի վստահ ըլլաս որ ճիշդ հասկցած ես։ Անշուշտ, երբ խանգարումներ ըլլան եւ կեդրոնացում չունենաս, թերեւս միտքդ ցրուի եւ կարդալդ անօգուտ ըլլայ։ Ասիկա չպատահելու համար ի՞նչ պէտք է ընես։
6 Գիտնականներ անդրադարձած են որ աւելի դիւրութեամբ կը յիշես բան մը երբ բարձրաձայն կարդաս։ Ուղեղին Ստեղծիչը ասիկա գիտէ եւ ասոր համար Յեսուին պատուիրեց որ Օրէնքին գիրքը «ցած ձայնով կարդայ» (ՆԱ) (կարդա՛ Յեսու 1։8)։ Շատ հաւանաբար տեսնես, թէ աւելի կը տպաւորուիս երբ Աստուածաշունչը հանդարտօրէն կամ ցած ձայնով կարդաս։ Ասիկա նաեւ կ’օգնէ որ աւելի կեդրոնանաս։
7. Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալու լաւագոյն ժամանակը ե՞րբ է (տե՛ս բացման պատկերը)։
7 Թերեւս շատ ջանքի պէտք չունիս կարդալու համար, սակայն խոկալու համար՝ պէտք է կեդրոնանաս։ Այս պատճառով է որ մեր անկատար ուղեղը դիւրինի ետեւէ կը վազէ։ Ուստի խոկալու լաւագոյն ժամանակն է՝ երբ հանգիստ ես, հանդարտ տեղ մըն ես եւ շատ խանգարող բաներ չկան։ Սաղմոսերգու Դաւիթ կը խոկար երբ իրիկունը անկողինին մէջ արթուն ըլլար (Սաղ. 63։6)։ Յիսուս, որ կատարեալ էր, հանդարտ տեղեր կը զատէր որպէսզի խոկար եւ աղօթէր (Ղուկ. 6։12)։
ԽՈԿԱԼԻՔ ԼԱՒ ԲԱՆԵՐ
8. ա) Աստուածաշունչէն զատ ի՞նչ բանի վրայ կրնանք խոկալ։ բ) Եհովան ի՞նչ կը զգայ երբ ուրիշներուն խօսինք իր մասին։
8 Աստուածաշունչին ըսածներէն զատ, կան ուրիշ բաներ որոնց վրայ կրնաս խոկալ։ Օրինակ՝ մինչ Եհովայի հոյակապ ստեղծագործութիւնները կը դիտես, կեցիր եւ մտածէ։ Ասիկա անկասկած քեզ պիտի մղէ որ Եհովան փառաբանես իր բարութեան համար եւ զգացումներդ փոխանցես անոնց, որոնք թերեւս քեզի հետ են (Սաղ. 104։24. Գործք 14։16)։ Եհովան կ’արժեւորէ՞ երբ խոկանք, աղօթենք եւ իրարու հետ իր մասին խօսինք։ Թող իր թանկագին Խօսքը պատասխանէ. «Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար» (Մաղ. 3։16)։
Աստուածաշունչի աշակերտներուդ պէտքերուն եւ պարագաներուն վրայ կը խոկա՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 9)
9. ա) Պօղոս Տիմոթէոսին ըսաւ որ ի՞նչ բանի վրայ խոկայ։ բ) Ի՞նչ բանի վրայ կրնանք խոկալ, երբ ծառայութեան կը նախապատրաստուինք։
9 Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին ըսաւ որ ‘խորհի’ թէ ինչպէ՛ս իր խօսքերը, վարմունքը եւ սորվեցուցածները կ’ազդեն ուրիշներուն (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։12-16)։ Շատ մը հոգեւոր գործունէութիւններ կան, որոնց մասին մենք ալ կրնանք մտածել՝ ինչպէս որ Տիմոթէոս ըրաւ։ Օրինակ՝ ժամանակի պէտք ունինք խոկալու համար, մինչ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու կը նախապատրաստուինք։ Աշակերտիդ մասին մտածէ եւ փորձէ հարցում մը կամ օրինակ մը գտնել, որ իրեն պիտի օգնէ յառաջդիմելու։ Ժամանակդ այս կերպով անցընելը շատ օգուտ ունի, քանի որ այս բաներուն վրայ մտածելը հաւատքդ կը զօրացնէ եւ կ’օգնէ քեզի որ աւելի լաւ եւ խանդավառ կերպով վարես դասերդ։ Նոյնն է պարագան երբ մեր սիրտը կը պատրաստենք ծառայութեան երթալու (կարդա՛ Եզրաս 7։10)։ Աստուածաշունչի Գործք գիրքէն գլուխ մը կարդալը պիտի ‘արծարծէ’ կամ բոցավառէ ծառայութեան հանդէպ մեր խանդավառութիւնը։ Նաեւ կրնանք խոկալ այն համարներուն եւ հրատարակութիւններուն վրայ, որ միտք ունինք այդ օրը գործածել կամ ներկայացնել (Բ. Տիմ. 1։6)։ Մտածէ թաղամասին մարդոց մասին եւ թէ ի՛նչ բան կրնայ իրենց հետաքրքրութիւնը արթնցնել։ Երբ այս կերպերով նախապատրաստուինք, պիտի կարենանք Աստուածաշունչը ազդուօրէն գործածել ուրիշներուն վկայելու համար (Ա. Կոր. 2։4)։
10. Ուրիշ ի՞նչ լաւ բաներու վրայ կրնանք խոկալ։
10 Ատեններ դասախօսութիւններու եւ համաժողովներու ընթացքին նոթեր կ’առնե՞ս։ Այս նոթերը վերաքաղ ըրած ատենդ խոկա՛ այն բաներուն վրայ, որոնք Աստուծոյ Խօսքէն եւ կազմակերպութենէն սորվեցար։ Նաեւ կրնաս կարդալ եւ խոկալ այն տեղեկութիւններուն վրայ, որոնք կու գան ամէն ամիս Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ վերջին մարզային համաժողովին լոյս տեսած հրատարակութիւններուն մէջ։ Երբ Տարեգիրք–ը կը կարդաս, առաջ որ յաջորդ փորձառութեան անցնիս, կրնաս պահ մը կենալ եւ կարդացածիդ վրայ խոկալ, թոյլ տալով որ փորձառութիւնը սրտիդ դպչի։ Թերեւս ուզես գլխաւոր գաղափարներուն տակ գիծ քաշել կամ լուսանցքին մէջ նոթեր առնել, ինչ որ քեզի պիտի օգնէ նախապատրաստուելու վերայցելութեան մը, հովուական այցելութեան մը կամ դասախօսութեան մը։ Ամէնէն կարեւորը, կենալով եւ կարդացածիդ վրայ խոկալով, առիթը կ’ունենաս որ նիւթը ըմբռնես եւ աղօթքով Եհովային շնորհակալութիւն յայտնես այն լաւ բաներուն համար, որոնք կը սորվիս։
ԱՄԷՆ ՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԻՆ ՎՐԱՅ ԽՈԿԱ՛
11. Ամէնէն կարեւոր հրատարակութիւնը ի՞նչ է, որուն վրայ պէտք է խոկանք, եւ ասիկա ընելը մեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնէ (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։
11 Անշուշտ, Աստուածաշունչը ամէնէն կարեւոր հրատարակութիւնն է, որուն վրայ պէտք է խոկանք։ Հաշուէ թէ կը գտնուիս պարագայի մը մէջ, ուր Սուրբ Գիրքէ զրկուած եսa։ Նոյնիսկ այս պարագային, տակաւին կարողութիւն ունիս որ գիտցածներուդ վրայ խոկաս, ինչպէս՝ նախասիրած համարներդ եւ Թագաւորութեան երգերուն բառերը (Գործք 16։25)։ Եւ Աստուծոյ հոգին քեզի կրնայ օգնել որ սորված լաւ բաներդ միտքդ բերես (Յովհ. 14։26)։
12. Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու համար ինչպիսի՞ ծրագիր մը կրնաս դնել։
12 Կրնաս շաբթուան մէջ որոշ օրեր յատկացնել, որպէսզի Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի շաբաթական Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը նկատի առնես եւ անոր վրայ խոկաս։ Ուրիշ օրեր կրնաս խոկալ Յիսուսի խօսքերուն եւ գործերուն վրայ, որոնք գրուած են Աւետարաններուն մէջ (Հռով. 10։17. Եբ. 12։2. Ա. Պետ. 2։21)։ Աստուծոյ ժողովուրդը նոյնիսկ ունի հրատարակութիւն մը, որուն մէջ Յիսուսի փորձառութիւնները նշուած են ժամանակի շարքաւորումով։ Ատիկա շատ օգտակար կրնայ ըլլալ, մանաւանդ եթէ իրարու հետ համեմատենք մէկէ աւելի Աւետարաններու մէջ յիշուած նոյն պատմութիւնները, եւ զանոնք ուշադրութեամբ կարդանք եւ անոնց վրայ խոկանք (Յովհ. 14։6)։
ԽՈԿԱԼԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
13, 14. ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ շարունակ հոգեւոր բաներու վրայ խոկանք։ բ) Խոկալը մեզ պիտի մղէ որ ի՞նչ ընենք։
13 Հոգեւոր բաներու վրայ խոկալը կ’օգնէ որ անհատը հոգեւորապէս հասուննայ (Եբ. 5։14. 6։1)։ Ան որ շատ ժամանակ չի տար Եհովային եւ Յիսուսին մասին մտածելու, իր հաւատքը պիտի տկարացնէ։ Ան կամաց–կամաց Եհովայէն պիտի հեռանայ կամ նոյնիսկ ի վերջոյ զինք պիտի մերժէ (Եբ. 2։1. 3։12)։ Յիսուս զգուշացուց որ եթէ Աստուծոյ Խօսքը «բարի եւ յօժար սրտով» չլսենք, պիտի չընդունինք զայն։ Փոխարէն, շատ դիւրին պիտի ըլլայ որ «հոգերով ու հարստութիւնով եւ այս կեանքին ցանկութիւններով զբաղած ըլլալով. . . անպտուղ [ըլլանք]» (Ղուկ. 8։14, 15)։
14 Ուստի շարունակենք Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալ։ Ասիկա մեզ պիտի մղէ որ աւելի ընդօրինակենք Եհովայի յատկութիւնները եւ անձնաւորութիւնը (Բ. Կոր. 3։18)։ Աստուծոյ մասին աւելի գիտնալը եւ զինք ընդօրինակելը վերջ չունին եւ հոյակապ առանձնաշնորհումներ են (Ժող. 3։11)։ Ասկէ աւելի դեռ ի՞նչ կ’ուզենք։
15, 16. ա) Անձամբ ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ հոգեւոր բաներու վրայ խոկանք։ բ) Ատեններ ինչո՞ւ դժուար է խոկալ, սակայն ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք փորձել։
15 Երբ հոգեւոր բաներու վրայ շարունակ խոկանք, ճշմարտութեան հանդէպ խանդավառ պիտի մնանք։ Այս ձեւով, պիտի քաջալերենք մեր եղբայրները եւ թաղամասին մէջի հետաքրքրուած մարդիկը։ Երբ խորապէս խոկանք Աստուծոյ մեծագոյն պարգեւին՝ Յիսուսի զոհին վրայ, պիտի շարունակենք արժեւորել Եհովայի հետ մեր մտերիմ փոխյարաբերութիւնը (Հռով. 3։24. Յակ. 4։8)։ Մարք անունով եղբայր մը, որ Հարաւային Ափրիկէէն է եւ քրիստոնէական չէզոքութեան համար երեք տարի բանտ մտած է, կ’ըսէ. «Խոկալը կրնանք բաղդատել անծանօթ վայրեր երթալու հետ։ Ո՛րքան աւելի խոկանք հոգեւոր բաներու վրայ, ա՛յնքան աւելի նոր բաներ կը գիտնանք Եհովա Աստուծոյ մասին։ Ատեններ երբ քիչ մը վհատած կամ ապագայով մտահոգ զգամ, Սուրբ Գիրքը կ’առնեմ եւ հատուածի մը վրայ կը խոկամ։ Կը զգամ թէ ասիկա զիս իրապէս կը հանդարտեցնէ»։
16 Այս աշխարհին մէջ կեանքը ա՛յնքան լեցուն է խանգարումներով, որ ատեններ շատ դժուար է հոգեւոր բաներու վրայ խոկալ։ Փաթրիք՝ ափրիկեցի հաւատարիմ եղբայր մը, կ’ընդունի. «Միտքս նամակատուփի կը նմանի։ Ամէ՛ն օր պէտք է դասաւորեմ անոր մէջի տեղեկութիւնները, թէ՛ պէտք եղածները եւ թէ պէտք չեղածները։ Մինչ միտքիս մէջ եղածները կը քննեմ, շատ անգամ ‘հոգեր’ կը գտնեմ եւ պէտք կ’ունենամ անոնց մասին Եհովային աղօթելու, որպէսզի պայծառ մտքով սկսիմ խոկալ։ Թէեւ խոկալէս առաջ ասիկա ընելը քիչ մը ժամանակ կ’առնէ, սակայն Եհովային աւելի մօտիկ կը զգամ։ Ասիկա միտքս կը բանայ, որ ճշմարտութիւնը աւելի հասկնամ» (Սաղ. 94։19)։ Իսկապէս, բոլոր անոնք որոնք «ամէն օր գրքերը կը քնն[են]» եւ իրենց սորվածին վրայ կը խոկան, շատ պիտի օգտուին (Գործք 17։11)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՈԿԱԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ ԿԸ ԳՏՆԵՍ
17. Խոկալու ժամանակ ինչպէ՞ս կը գտնես։
17 Ոմանք առտու կանուխ կ’ելլեն, որպէսզի կարդան, խոկան եւ աղօթեն։ Ուրիշներ ասոնք ճաշի դադարի ժամանակ կ’ընեն։ Թերեւս տեսնես թէ ասոնք կրնաս իրիկունը կամ պառկելէ առաջ ընել։ Ոմանք կը սիրեն Աստուածաշունչը թէ՛ առտու եւ թէ պառկելէ առաջ կարդալ։ Այս կերպով, անոնք «գիշեր ցորեկ» կամ կանոնաւորաբար կը կարդան զայն (Յես. 1։8)։ Կարեւորը այն է, որ աւելի քիչ կարեւորութիւն ունեցող բաներէ ժամանակ ծախու առնես, որպէսզի ամէն օր Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկաս (Եփ. 5։15, 16)։
18. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ անոնց մասին, որոնք օրական Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը խոկան եւ իրենց սորվածը ամէն գնով կը փորձեն կիրարկել։
18 Եհովան կը խոստանայ որ պիտի օրհնէ բոլոր անոնք, որոնք իր Խօսքին վրայ կը խոկան եւ իրենց սորվածը ամէն գնով կը փորձեն կիրարկել (կարդա՛ Սաղմոս 1։1-3)։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկ. 11։28)։ Ամէնէն կարեւորը, ամէն օր հոգեւոր բաներու վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ, որ մեր ուղեղը Ստեղծողին փառք բերենք։ Ասոր փոխարէն, Եհովան մեզի ուրախութիւն պիտի տայ հիմա, իսկ իր արդար նոր աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանք (Յակ. 1։25. Յայտ. 1։3)։
a Տե՛ս «Պայքար՝ հոգեւորապէս զօրաւոր մնալու համար» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 2006 թիւին մէջ (անգլերէն)։