Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ16 թիւ 1 էջ 15
  • Հոգ մի՛ ըներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոգ մի՛ ըներ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ապագայի հեռանկարով ապրիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ամէն հոգդ Եհովային վրայ ձգէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Թագաւորութեան ետեւէ եղիր, եւ ոչ թէ՝ նիւթական բաներու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ձեր ամէն մտահոգութիւնը Եհովայի վրայ ձգեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
դհ16 թիւ 1 էջ 15

ԱՐԴԻ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԻՆ ՕԳՏՈՂ ՎԱՂԵՄԻ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հոգ մի՛ ըներ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար» (Մատթէոս 6։25)։

Կին մը մտահոգութեամբ ստացագրի մը կը նայի

Ի՞նչ կը նշանակէ. Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ իր Լերան քարոզին մէջ։ Աստուածաշունչի բառարանի մը համաձայն, «հոգ ընել» թարգմանուած յունարէն բայը կրնայ ակնարկել «մարդու մը բնական հակազդեցութեան՝ աղքատութեան, անօթութեան եւ այլ խնդիրներու նկատմամբ, որոնք կը դիմագրաւէ իր առօրեայ կեանքին մէջ»։ Մտահոգութիւնը յաճախ կը պարփակէ հոգ ընել բաներու մասին որոնք թերեւս ապագային պատահին։ Բնական եւ պատշաճ է մեր նիւթական պէտքերով եւ մեր սիրելիներուն բարօրութիւնով մտահոգուիլ (Փիլիպպեցիս 2։20)։ Բայց երբ Յիսուս ըսաւ «հոգ մի՛ ընէք», ըսել կ’ուզէր՝ անտեղիօրէն չմտահոգուիլ, քանի որ վաղուընէ չափազանց վախնալը կրնայ այսօրուան ուրախութիւնը խլել (Մատթէոս 6։31, 34)։

Ներկայիս գործնակա՞ն է. Իմաստութիւն է անսալ Յիսուսի խրատին։ Ինչո՞ւ։ Կարգ մը աշխատասիրութիւններ կը թելադրեն, թէ երբ մարդիկ չափէ դուրս մտահոգուին, իրենց համակրական ջղային դրութիւնը անդադար կ’աշխատի եւ թէ այս վիճակը «առնչուած է բժշկական խնդիրներու, ինչպէս՝ խոցեր, սրտի հիւանդութիւն եւ շնչարգելութիւն»։

Յիսուս անտեղիօրէն չմտահոգուելու կարեւոր պատճառ մը տուաւ. Մտահոգուիլը անիմաստ է։ Ան հարցուց. «Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել» (Մատթէոս 6։27)։ Մտահոգութիւններու վրայ կեդրոնանալը մէկ երկվայրկեան իսկ մեր կեանքը պիտի չերկարէ, ուր մնաց որ զանիկա բարելաւէ։ Ասկէ զատ, թերեւս չպատահին այն բաները, որոնցմէ կը վախնայինք որ պիտի պատահին։ Ուսումնական մը ըսաւ. «Ապագայով մտահոգուիլը ի զուր թափուած ջանք է, եւ յաճախ ապագան մեր երեւակայածէն աւելի լաւ կ’ըլլայ»։

Կին մը պարտէզին մէջ կ’աշխատի

Ինչպէ՞ս կրնանք չմտահոգուիլ։ Նախ, Աստուծո՛յ վստահէ։ Եթէ Աստուած թռչուններուն կերակուր կը հայթայթէ եւ ծաղիկները գեղեցիկ կերպով կը հագցնէ, իր պաշտամունքը առաջին տեղը դնողներուն անհրաժեշտութիւնները պիտի չհայթայթէ՞ (Մատթէոս 6։25, 26, 28-30)։ Երկրորդ, հարցերը օրը օրին ձեռք առ։ Յիսուս ըսաւ. «Վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ»։ Չե՞ս համաձայնիր թէ «հերիք է օրուան իր նեղութիւնը» (Մատթէոս 6։34)։

Յիսուսի խրատին անսալով, կրնանք մենք մեզ ֆիզիքական վնասէ խնայել։ Ասկէ աւելին, պիտի գտնենք ներքին հանդարտութիւն,– «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել