Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ16 Յունուար էջ 28-32
  • Աստուծոյ հետ գործակցիլը ուրախութիւն կը բերէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ հետ գործակցիլը ուրախութիւն կը բերէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԳՈՐԾԱԿՑԻԼԸ ՄԵԶ Կ’ՈՒՐԱԽԱՑՆԷ
  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԳՈՐԾԵԼՈՎ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՆՔ ԻՐԵՆ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ
  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԱՇԽԱՏԻԼԸ ՄԵԶ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ
  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆ ԸԼԼԱԼԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ ԶԻՆՔ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ
  • Եհովա Աստուծոյ մօտի՛կ մնացիր
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Մարդոց օգնենք որ Եհովայի մօտենան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Եհովային հետ գործելու առանձնաշնորհումիդ վրայ գուրգուրա՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
դ16 Յունուար էջ 28-32
Հրեշտակ մը կը թռչի երկու Վկաներու վերեւը, մինչ անոնք կը մօտենան մարդու մը դուռը, որ ներսը կ’աղօթէ

Աստուծոյ հետ գործակցիլը ուրախութիւն կը բերէ

«Որովհետեւ Աստուծոյ գործակիցներն ենք, կ’աղաչենք ձեզի, մի՛ վատնէք Աստուծմէ ձեր ստացած շնորհքը» (Բ. ԿՈՐ. 6։1, ՆԹ)։

ԵՐԳԵՐ. 75, 74

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿՐՆԱՆՔ ԸՍԵԼ, ԹԷ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ՝

  • ուրախութիւն կը բերէ։

  • մեզ աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ եւ ուրիշներու։

  • պաշտպանութիւն մըն է մեզի համար։

1. Բարձրեալն ըլլալով հանդերձ, Եհովան ուրիշներուն արտօնած է որ ի՞նչ ընեն։

ԲԱՐՁՐԵԱԼԸ եւ ամէն բանի Արարիչը Եհովան է. ինք ունի անսահման իմաստութիւն եւ զօրութիւն։ Յոբ այս մէկը հասկցաւ։ Երբ Եհովան իր ստեղծագործութեան մասին Յոբին հետ հարցուփորձ ըրաւ, Յոբ պատասխանեց. «Գիտեմ որ ամէն բանի կարող ես ու քու դիտաւորութիւնդ բնաւ պարապ չ’ելլեր» (Յոբ 42։2)։ Եհովա Աստուած ի՛նչ բան որ որոշէ, կրնա՛յ մինակը ընել առանց մէկու մը օգնութեան։ Բայց սկիզբէն ան սէրէ մղուած՝ ուրիշներու թոյլ տուած է որ իրեն հետ գործեն իր նպատակը իրականացնելու համար։

2. Եհովան Յիսուսին ի՞նչ կարեւոր գործ մը տուաւ որ ընէ։

2 Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնը իր հոգեղէն միածին Որդին էր։ Եհովան իր Որդւոյն թոյլ տուաւ որ բաժին բերէ մնացած բոլոր բաները ստեղծելուն մէջ (Յովհ. 1։1-3, 18)։ Պօղոս առաքեալ Յիսուսի մասին գրեց. «Անով ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ, անոնք որ կ’երեւնան եւ անոնք որ չեն երեւնար, թէ՛ աթոռները, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները. բոլոր բաները անով ու անոր համար ստեղծուեցան» (Կող. 1։15-17)։ Արդ, Եհովան իր Որդին պատուեց ոչ միայն այս կարեւոր դերը տալով, այլեւ՝ ասոր մասին ուրիշներուն տեղեկացնելով։

3. Եհովան Ադամին թոյլ տուաւ որ ի՞նչ ընէ, եւ ինչո՞ւ։

3 Եհովան որոշ մարդոց ալ թոյլ տուած է որ իր գործակիցները ըլլան։ Օրինակի համար, ան Ադամին ըսաւ որ անասուններուն անունները որոշէ (Ծն. 2։19, 20)։ Երեւակայէ թէ Ադամ որքա՜ն հաճոյք առաւ կենդանիները դիտելով, անոնց բնաւորութիւնները սերտելով եւ իւրաքանչիւրին յարմար անուն մը որոշելով։ Եհովան կրնա՛ր անձամբ որոշել անունները,– ի՛նքն էր Ստեղծիչը։ Բայց սէրը մղեց որ ան Ադամին տայ այս գործը։ Ան Ադամին նաեւ առիթը տուաւ որ Եդեմի պարտէզին սահմանները ընդարձակէ (Ծն. 1։27, 28)։ Բայց ցաւօք սրտի, առաջին մարդը որոշեց ա՛լ չգործել Աստուծոյ հետ, ինչ որ թէ՛ իր եւ թէ իր ամբողջ զարմին վրայ մեծ փորձանքներ բերաւ (Ծն. 3։17-19, 23)։

4. Ուրիշներ ինչպէ՞ս Աստուծոյ գործակիցը եղան իր կամքը կատարելու համար։

4 Յետագային, Աստուած ուրիշ մարդիկ ընտրեց որ իրեն հետ գործեն։ Նոյ շինեց տապան մը, որ թէ՛ իր եւ թէ իր ընտանիքին կեանքը փրկեց համաշխարհային Ջրհեղեղի ընթացքին։ Մովսէս իսրայէլ ազգը ազատագրեց Եգիպտոսէն։ Յեսու այդ ազգը Աւետեաց երկիրը մտցուց։ Սողոմոն Երուսաղէմի տաճարը շինեց։ Մարիամ Յիսուսին մայրը եղաւ։ Ասոնք եւ ասոնց նման շատ մը հաւատարիմներ Եհովայի գործակիցը եղան՝ իր կամքը կատարելու համար։

5. ա) Ո՞ր գործին կրնանք մասնակցիլ։ բ) Եհովան ստիպուա՞ծ էր այս գործը մեզի նշանակելու (տե՛ս բացման պատկերը)։

5 Ներկայիս, Եհովան մեզի թոյլ կու տայ որ ամէն ձեւով թիկունք կանգնինք մեսիական Թագաւորութեան։ Սուրբ ծառայութեան շատ մը երեսակներ կան։ Թերեւս ատոնցմէ ոմանք բոլոր հաւատակիցներուն մատչելի չըլլան, սակայն բոլորս ալ կրնանք Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան մասնակցիլ։ Անշուշտ, Եհովան ստիպուած չէր այս գործը մեզի նշանակելու։ Ան կրնար շիտակ երկինքէն խօսիլ եւ ամբողջ մարդկութիւնը իր ձայնը կը լսէր։ Յիսուսի խօսքերուն համաձայն, Եհովան կրնար նոյնիսկ քարերո՛ւն ըսել որ մեսիական Թագաւորին մասին ծանուցանեն (Ղուկ. 19։37-40)։ Բայց ան մեզի թոյլ տուած է որ իր «գործակից»ը ըլլանք (Ա. Կոր. 3։9)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Որովհետեւ Աստուծոյ գործակիցներն ենք, կ’աղաչենք ձեզի, մի՛ վատնէք Աստուծմէ ձեր ստացած շնորհքը» (Բ. Կոր. 6։1, ՆԹ)։ Աստուծոյ գործակիցն ըլլալը շատ մեծ պատիւ մըն է, որուն արժանի չենք։ Տեսնենք թէ ասիկա ինչո՛ւ մեզ կ’ուրախացնէ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԳՈՐԾԱԿՑԻԼԸ ՄԵԶ Կ’ՈՒՐԱԽԱՑՆԷ

6. Աստուծոյ միածին Որդին ի՞նչ զգաց մինչ իր Հօր հետ գործակցեցաւ։

6 Սկիզբէն Աստուծոյ ծառաները հաճոյք առած են իր գործակիցն ըլլալէն։ Նախքան երկիր գալը, Աստուծոյ միածին Որդին ըսաւ. «Տէրը զիս ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն. . . Ես անոր քով ճարտարապետ էի եւ ամէն օր անոր զուարճութիւնն էի ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի» (Առ. 8։22, 30)։ Յիսուս շատ ուրախացաւ մինչ իր Հօր հետ աշխատեցաւ, քանի որ շատ մը բաներ իրագործեց եւ տեսաւ թէ Եհովան զինք որքա՜ն կը սիրէր։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։

Եհովայի վկայ մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէ մարդու մը հետ

Ճշմարտութիւնը ուրիշին սորվեցնելէն աւելի գոհացուցիչ գործ չկայ (տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Քարոզչութենէն ինչո՞ւ հաճոյք կ’առնենք։

7 Յիսուսի խօսքերուն համաձայն, տալն ալ ուրախութիւն է, առնելն ալ (Գործք 20։35)։ Ուրախացանք ճշմարտութեան մասին գիտութիւն առնելով, բայց ինչո՞ւ կ’ուրախանանք զայն ուրիշներուն սորվեցնելով։ Որովհետեւ կը տեսնենք թէ հոգեւորապէս անօթի եղողները որքա՜ն կ’ուրախանան Աստուծոյ Խօսքը հասկնալով եւ իրեն մօտենալով։ Մեր սիրտը կը ցնծայ, երբ կը տեսնենք թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ կը մտցնեն իրենց մտածելակերպին ե՛ւ ապրելակերպին մէջ։ Կը գիտակցինք որ բարի լուրի քարոզչութիւնը կարեւորագոյն եւ ամէնէն գոհացուցիչ գործն է որ կրնանք ընել, որովհետեւ Աստուծոյ հետ հաշտուիլ ուզողները այս միջոցով է որ կրնան յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել (Բ. Կոր. 5։20)։

8. Ոմանք ինչպէ՞ս կը նկարագրեն իրենց ուրախութիւնը, մինչ Եհովայի հետ կը գործեն։

8 Մենք կ’ուրախանանք ոչ միայն քանի որ երբեմն մարդիկ մեր քարոզած պատգամին կ’ընդառաջեն, այլեւ՝ քանի որ Եհովան մեզի կը հաճի եւ կը գնահատէ ինչ ջանք որ կը թափենք իր ծառայութեան մէջ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։58)։ Մարքօ, որ Իտալիա կ’ապրի, կ’ըսէ. «Ինծի համար անգին ուրախութիւն է գիտնալ, որ լաւագոյն ջանքերս Եհովայի՛ն կու տամ, եւ ոչ թէ մէկու մը որ շատ չանցած կրնայ մոռնալ»։ Իտալիոյ մէջ ծառայող ուրիշ եղբայր մը՝ Ֆրանքօ, կ’ըսէ. «Իր Խօսքին եւ հոգեւոր կարգադրութիւններուն միջոցով, Եհովան մեզի ամէն օր կը յիշեցնէ թէ մեզ որքան կը սիրէ եւ թէ որքան կարեւոր կը նկատէ ամէն ջանք որ կը թափենք իրեն համար, նոյնիսկ եթէ մեր ջանքերը աննշան թուին մեզի։ Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ հետ գործակցիլը զիս կ’ուրախացնէ եւ կեանքս իմաստալից կը դարձնէ»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԳՈՐԾԵԼՈՎ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՆՔ ԻՐԵՆ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ

9. Ի՞նչ տեսակ մօտիկութիւն կայ Եհովայի եւ Յիսուսի միջեւ, եւ ինչո՞ւ։

9 Երբ մեր սիրած անհատներուն հետ կ’աշխատինք, իրենց աւելի կը մօտենանք եւ կը ծանօթանանք իրենց անձնաւորութեան եւ յատկութիւններուն։ Կը գիտնանք թէ ի՛նչ նպատակակէտեր ունին եւ ինչպէ՛ս կը ծրագրեն ատոնց հասնիլ։ Յիսուս թերեւս միլիառաւոր տարիներ գործեց Եհովայի հետ։ Իրենց միջեւ եղած սէրն ու գուրգուրանքը այնքա՛ն զօրացաւ, որ ոչի՛նչ կրնար զիրենք իրարմէ բաժնել։ Յիսուս Աստուծոյ հետ իր մօտիկութիւնը բացատրեց, ըսելով. «Ես ու Հայրը մէկ ենք» (Յովհ. 10։30)։ Անոնք սքանչելի միութիւն ունին, միշտ իրարու հետ համերաշխութեամբ գործելով։

10. Ինչո՞ւ Աստուծոյ եւ ուրիշներու կը մօտենանք, մինչ քարոզչութեան կը մասնակցինք։

10 Յիսուս Եհովայէն խնդրեց որ իր աշակերտներուն վրայ հսկէ։ Ի՞նչ պատճառով։ Աղօթքին մէջ ըսաւ. «Որպէս զի մէկ ըլլան, ինչպէս մենք մէկ ենք» (Յովհ. 17։11)։ Երբ կը սկսինք Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիլ եւ քարոզչութեան մասնակցիլ, իր հիանալի յատկութիւնները աւելի յստակ կը դառնան մեզի։ Կը հասկնանք թէ ինչո՛ւ իմաստութիւն է իրեն վստահիլ եւ իր ուղղութեան հետեւիլ։ Մինչ Աստուծոյ կը մօտենանք, ինքն ալ մեզի կը մօտենայ (կարդա՛ Յակոբոս 4։8)։ Ասկէ զատ, մեր հոգեւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ալ մօտեցած կ’ըլլանք, քանի որ բոլորս նոյնանման խնդիրներ եւ ուրախութիւններ կ’ունենանք եւ միեւնոյն նպատակակէտերու վրայ կ’աշխատինք։ Այո, միասին կ’աշխատինք, միասին կ’ուրախանանք եւ միասին կը տոկանք։ Օքթաւիա, որ Բրիտանիոյ մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Եհովայի գործակիցն ըլլալը զիս ուրիշներուն կը մօտեցնէ, քանի որ իմ եւ իրենց միջեւ եղած բարեկամութիւնը միեւնոյն նպատակակէտի վրայ հիմնուած կ’ըլլայ»։ Դուն ալ այդպէս կը զգա՞ս։ Արդեօք մօտիկ չե՞ս զգար անոնց, որոնք կը ջանան Եհովան հաճեցնել։

11. Նոր աշխարհին մէջ ինչո՞ւ ա՛լ աւելի պիտի մօտենանք Եհովային եւ եղբայրներուն։

11 Թերեւս այժմ սիրոյ շատ ջերմ կապեր կը վայելենք Աստուծոյ եւ մեր հաւատակիցներուն հետ, սակայն արդար նոր աշխարհին մէջ, այդ կապերը ա՛լ աւելի պիտի ամրանան։ Պահ մը մտածէ թէ ի՜նչ հետաքրքրական գործեր պիտի ընենք ապագային։ Յարութիւն առնողներ պիտի ըլլան, որոնց պէտք է բարի գալուստ մաղթենք եւ Եհովայի ճամբաները սորվեցնենք։ Երկրագունդը պէտք է դրախտի վերածուի։ Ասոնք թեթեւ գործեր չեն։ Արդ, որքա՜ն պիտի ուրախանանք Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ ուս–ուսի իրարու հետ համագործակցելով եւ կատարելութեան հասնելով։ Բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը որեւէ ժամանակէ աւելի մօտիկ պիտի զգան իրարու եւ Եհովային, որ վստահաբար ‘ամէն կենդանիի փափաքը պիտի լեցնէ’ (Սաղ. 145։16)։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԱՇԽԱՏԻԼԸ ՄԵԶ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ

12. Քարոզչութիւնը մեզ ինչպէ՞ս կը պաշտպանէ։

12 Մեր հոգեւորութիւնը պէտք է պաշտպանենք։ Որովհետեւ անկատար ենք եւ կ’ապրինք Սատանայի ղեկավարած աշխարհին մէջ, շատ դիւրաւ կրնանք աշխարհին պէս մտածել եւ գործել։ Աշխարհի հոգին կարելի է համեմատել գետի հոսանքին հետ, որ մեր չուզած ուղղութեամբ մեզ կը քաշէ։ Որպէսզի հոսանքին հետ չերթանք, պէտք է ամբողջ ուժով հակառակ ուղղութեամբ լողանք։ Սատանայի աշխարհի հոսանքին հետ չերթալն ալ նոյնանման ջանք կը պահանջէ։ Քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ այս պարագային մեզ պաշտպանել։ Մինչ կը քարոզենք, մեր միտքը կը կեդրոնանայ կարեւոր եւ օգտակար բաներու վրայ, եւ ոչ թէ հաւատք տկարացնող բաներու վրայ (Փլպ. 4։8)։ Մեր համոզումներուն վրայ հաստատ կը մնանք, քանի որ քարոզելու ընթացքին կը վերյիշենք Աստուծոյ խոստումներն ու սիրալիր չափանիշները։ Եւ մինչ կը քարոզենք, մեր հոգեւոր սպառազինութիւնը լաւ վիճակի մէջ կը մնայ (կարդա՛ Եփեսացիս 6։14-17)։

13. Աւստրալիոյ մէջ, եղբայր մը քարոզչութեան մասին ի՞նչ կ’ըսէ։

13 Եթէ քարոզչութեան եւ այլ հոգեւոր գործունէութիւններու մէջ զբաղած մնանք, ժամանակ պիտի չունենանք մեր անձնական խնդիրներուն նկատմամբ շատ հոգ ընելու, ինչ որ պաշտպանութիւն կրնայ ըլլալ մեզի։ Ժոել, որ Աւստրալիա կ’ապրի, կ’ըսէ. «Քարոզչութիւնը ինծի կ’օգնէ որ իրապաշտ ըլլամ, յիշեցնելով թէ մարդիկ ի՛նչ խնդիրներ կը դիմագրաւեն եւ ե՛ս ինչպէս օգտուած եմ՝ կեանքիս մէջ Սուրբ Գիրքի սկզբունքները կիրարկելով։ Քարոզչութիւնը ինծի կ’օգնէ որ փորձեմ խոնարհ մնալ, ինծի առիթը տալով որ Եհովային եւ եղբայրներուս ու քոյրերուս վստահիմ»։

14. Քարոզչութեան մէջ յարատեւելը ինչո՞ւ կը փաստէ որ Աստուծոյ հոգին մեզի հետ է։

14 Քարոզչութիւնը նաեւ կ’օգնէ որ ա՛լ աւելի համոզուինք թէ Աստուծոյ հոգին մեզի հետ է։ Լուսաբանենք. հաշուէ թէ քեզի գործի առաջարկ մը եկաւ, ուր դուն սննդարար հաց մը պիտի բաժնես ապրած շրջանիդ մէջ։ Վարձատրութիւն չկայ, եւ ծախսած գումարդ քեզի չի վերադարձուիր։ Աւելի՛ն, գործի անցնելէդ շատ չանցած, կ’անդրադառնաս որ մարդոց մեծամասնութիւնը չ’ուզեր հացդ եւ ոմանք նոյնիսկ սկսած են ատել քեզ, քանի որ այդ հացը կը բաժնես։ Ո՞րքան կը դիմանաս այդ գործին մէջ։ Մարդոց ժխտական կեցուածքէն կը վհատիս եւ ախորժակ չես ունենար շարունակելու։ Մինչդեռ մեզմէ շատեր իրենց գրպանէն ծախսելով՝ տարիէ տարի կը շարունակեն քարոզել, հակառակ արհամարհանքի եւ ծաղրանքի։ Ասիկա ինքնին փաստ չէ՞, որ Աստուծոյ հոգին մեզի հետ կը գործէ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆ ԸԼԼԱԼԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ ԶԻՆՔ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ

15. Բարի լուրի քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կապուած է մարդոց նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին հետ։

15 Բարի լուրի քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կապուած է մարդոց նկատմամբ Եհովայի սիրալիր նպատակին հետ։ Աստուած նպատակադրած էր որ մարդիկ երկրի վրայ յաւիտեան ապրին։ Թէեւ Ադամ մեղանչեց, բայց Եհովան իր նպատակին վրայ մնաց (Եսա. 55։11)։ Կարգադրութիւն մը ըրաւ որպէսզի մարդիկ մեղքի ու մահուան դատապարտութենէն ազատագրուին։ Ինչպէ՞ս։ Յիսուս երկիր եկաւ եւ իր կեանքը զոհեց հնազանդ մարդոց համար։ Բայց որպէսզի անձ մը հնազանդ ըլլայ, պէտք է հասկնայ թէ Աստուած իրմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։ Ուստի Յիսուս մարդոց նաեւ սորվեցուց Աստուծոյ պահանջները, եւ իր աշակերտներուն պատուիրեց որ ուրիշներուն սորվեցնեն։ Երբ քարոզելով մարդոց կ’օգնենք որ Աստուծոյ բարեկամները ըլլան, ուղղակիօրէն Աստուծոյ հետ կը գործենք մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն ազատելու իր սիրալիր կարգադրութեան մէջ։

16. Մեր քարոզչութիւնը ի՞նչ կերպով կապուած է Աստուծոյ մեծագոյն պատուիրաններուն հետ։

16 Երբ ուրիշներուն կ’օգնենք որ յաւիտենական կեանքի ճամբան գտնեն, թէ՛ իրենց եւ թէ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք։ «Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։4)։ Երբ Յիսուսի հարցուցին թէ իսրայէլին տրուած օրէնքներուն մէջ ո՛ր պատուիրանը մեծագոյնն էր, ան պատասխանեց. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’» (Մատ. 22։37-39)։ Քարոզչութեան մասնակցելով ցոյց կու տանք, թէ այս պատուիրաններուն կը հնազանդինք (կարդա՛ Գործք 10։42)։

17. Բարի լուրի քարոզչութեան պատիւին նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։

17 Որքա՜ն օրհնուած ենք։ Եհովան մեզի տուած է այնպիսի գործ մը, որ մեզ կ’ուրախացնէ, կը մօտեցնէ իրեն եւ ուրիշներուն, ու հոգեւորապէս կը պաշտպանէ։ Այս գործը նաեւ առիթ կու տայ, որ Աստուծոյ եւ ընկերին հանդէպ մեր սէրը ցոյց տանք։ Ճիշդ է որ Աստուծոյ ծառաները տեսակ–տեսակ պարագաներ կ’ունենան աշխարհի տարածքին, սակայն բոլորս ալ,– երիտասարդ թէ տարեց, հարուստ թէ աղքատ, ուժեղ թէ տկար,– կը ջանանք մեր հաւատքին շուրջ ուրիշներուն խօսելու կերպեր գտնել։ Շատ հաւանաբար համակարծիք ըլլաս Շանթալի հետ, որ Ֆրանսայի մէջ կ’ապրի։ Քոյրը կ’ըսէ. «Տիեզերքի ամէնէն զօրաւոր Անձը, ամէն բանի Արարիչը, ուրախ Աստուածը ինծի կ’ըսէ. ‘Գնա՛, խօսէ՛։ Իմ տեղս խօսէ՛, սրտա՛նց խօսէ։ Քեզի կու տամ իմ ուժս, Խօսքս՝ Աստուածաշունչը, երկնային աջակցութիւն, երկրային ծառայակիցներ, յառաջդիմական մարզում եւ ժամանակայարմար ու մանրակրկիտ ուղղութիւններ’։ Ի՜նչ հսկայ առանձնաշնորհում է Եհովայի խնդրանքը կատարել եւ իրեն հետ գործել»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել