Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 8/1 էջ 9-14
  • Մարդոց օգնենք որ Եհովայի մօտենան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մարդոց օգնենք որ Եհովայի մօտենան
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մեր Քարոզչութեան Նպատակը
  • Եհովայի Գործին Մէջ Մեր Դերը
  • Եհովա Որո՞նք կը Քաշէ
  • Աստուծոյ Գործակիցներ
  • Շինարարութիւն մը որ Պիտի Մնայ
  • Աստուծոյ եւ Քրիստոսի Հանդէպ Սէր Կերտել
  • Պատգամը՝ Զոր Պէտք Է Ծանուցանենք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ձեր գործը կրակի պիտի դիմանա՞յ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Եհովա Աստուծոյ մօտի՛կ մնացիր
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • «Աստուծոյ մօտեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 8/1 էջ 9-14

Մարդոց օգնենք որ Եհովայի մօտենան

«Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով»։ —ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 14։6

1. Յարուցեալ Յիսուս ի՞նչ պատուէր տուաւ իր աշակերտներուն, եւ Եհովայի Վկաները անոր հնազանդելով ի՞նչ արդիւնքներ ձեռք ձգած են։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ ‘բոլոր ազգերէն աշակերտեն, մկրտեն զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ’։ (Մատթէոս 28։19) Վերջին տասը տարիներուն, Եհովայի Վկաները երեք միլիոնէ աւելի մարդոց օգնած են որ Աստուծոյ գան, եւ ժամանակի ընթացքին, Աստուծոյ կամքը կատարելու համար անոնց կատարած նուիրումին որպէս խորհրդանիշ՝ զանոնք մկրտած են։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ կրցած ենք անոնց օգնել որ Աստուծոյ մօտենան։—Յակոբու 4։8

2. Թէեւ բազմաթիւ նորեկներ մկրտուած են, բայց ի՞նչ տեղի ունեցած է։

2 Սակայն, կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր բազմաթիւ նոր աշակերտներ մկրտուած են, համապատասխան յաւելում մը չէ եղած Թագաւորութեան հրատարակիչներու թիւին մէջ։ Անշուշտ, մահացածներուն հաշիւն ալ պէտք է ընել, որոնց տարեկան միջինն է 1 առ հարիւր։ Սակայն, վերջին քանի մը տարիներուն, բաւական մեծ թիւով անհատներ որոշ պատճառներով հաւատքէ ինկած են։ Ինչո՞ւ։ Այս եւ յաջորդ յօդուածով պիտի քննենք թէ մարդիկ ի՛նչպէս Եհովայի կը բերուին եւ ինչ հաւանական պատճառներով ոմանք կը հեռանան։

Մեր Քարոզչութեան Նպատակը

3. (ա) Յիսուսի աշակերտներուն տրուած յանձնարարութիւնը ի՞նչպէս կը զուգադիպի Յայտնութիւն 14։6–ի մէջ յիշուած հրեշտակին յանձնարարութեան հետ։ (բ) Ի՞նչ բան մարդոց հետաքրքրութիւնը արթնցնելու ազդու կերպ մը եղած է, բայց ի՞նչ հարց գոյութիւն ունի։

3 Այս «վերջին ժամանակ»ին մէջ, Յիսուսի աշակերտներուն յանձնարարութիւն տրուած է որ «թագաւորութեան այս բարի լուր»ին մասին «ճշգրիտ գիտութիւնը» տարածեն։ (Դանիէլ 12։4, ՆԱ. Մատթէոս 24։14, ՆԱ) Անոնց յանձնարարութիւնը կը զուգադիպի այն հրեշտակին յանձնարարութեան հետ, որ «ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին»։ (Յայտնութիւն 14։6) Աշխարհիկ հարցերով շատ մտազբաղ այս աշխարհին մէջ, Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ մարդոց հետաքրքրութիւնը արթնցնելու եւ զանոնք Եհովայի մօտեցնելու համար, ընդհանրապէս ամենէն ազդու կերպը եղած է անոնց խօսիլ դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք ունենալու յոյսին մասին։ Ասիկա հասկնալի ըլլալով հանդերձ, անոնք որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին կ’ընկերակցին միմիայն որպէսզի կարենան Դրախտ մտնել, կեանքի տանող նեղ ճամբուն մէջ քալելու հաստատ քայլեր չեն նետեր։—Մատթէոս 7։13, 14

4. Յիսուսի եւ երկնքին մէջ թռչող հրեշտակին համաձայն, մեր քարոզչութեան նպատակը ի՞նչ է։

4 Յիսուս նշեց. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան միակ ճշմարիտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Երկնքին մէջ թռչող հրեշտակը «յաւիտենական աւետիսը» կը ծանուցանէ, ու երկրի բնակիչներուն կ’ըսէ. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները»։ (Յայտնութիւն 14։7) Ասկէ կը հետեւցնենք թէ, բարի լուրի մեր քարոզչութեան գլխաւոր նպատակն է մարդոց օգնել որ Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ Եհովայի մօտենան։

Եհովայի Գործին Մէջ Մեր Դերը

5. Պօղոսի եւ Յիսուսի ո՞ր խօսքերը ցոյց կու տան որ մենք Եհովայի գործն է որ կ’ընենք եւ ո՛չ թէ՝ մերը։

5 Հաւատակից օծեալ Քրիստոնեաներուն գրելով, Պօղոս առաքեալ կը խօսի ‘հաշտութեան պաշտօնին’ մասին եւ կ’ըսէ թէ Աստուած մարդիկը իր հետ կը հաշտեցնէ, Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հիման վրայ։ Պօղոս կ’ըսէ՝ «որպէս թէ Աստուած ինք մեր միջոցով կոչ կ’ուղղէ» եւ «մենք կ’աղաչենք ձեզի Քրիստոսին կողմէ, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ»։ Ասիկա ի՜նչ սիրտ տոգորող միտք մըն է։ Ըլլանք օծեալներ՝ «Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն» ընողներ, թէ երկրային յոյս ունեցող պատուիրակներ, բնա՛ւ պէտք չէ մոռնանք որ ասիկա Եհովային գործն է եւ ոչ թէ՝ մերը։ (Բ. Կորնթացիս 5։18-20) Իրապէս Աստուած է որ մարդիկը իրեն կը քաշէ եւ Քրիստոսի մօտեցողներուն կը սորվեցնէ։ Յիսուս նշեց. «Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։ Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ»։—Յովհաննու 6։44, 45

6. Եհովա ի՞նչպէս ազգերը կը շարժէ առաջին հերթին, եւ միեւնոյն ժամանակ, որո՞նք ապահովութիւն կը գտնեն իր պաշտամունքի ‘տան’ մէջ։

6 Այս վերջին օրերուն, Եհովա մարդիկը ի՞նչպէս իրեն կը քաշէ եւ անոնց առջեւ «հաւատքի դուռ»ը կը բանայ։ (Գործք 14։26. Բ. Տիմոթէոս 3։1) Գլխաւորաբար՝ թոյլ տալով որ իր Վկաները ծանուցանեն փրկութեան, եւ իրերու այս ամբարիշտ դրութեան դէմ իր դատաստանի պատգամները։ (Եսայեայ 43։12. 61։1, 2) Համայն աշխարհի մէջ եղած այս ծանուցումը բոլոր ազգերը կը ցնցէ, շուտով գալիք դատաստանական սարսումին որպէս նախանշան։ Միեւնոյն ժամանակ, Աստուծոյ աչքին «ցանկալի» եղող անհատներ այս դրութենէն դուրս կը բերուին եւ ճշմարիտ պաշտամունքի իր ‘տան’ մէջ ապահովութիւն կը գտնեն։ Այս կերպով, Եհովա կը կատարէ Անգէի կողմէ արձանագրուած իր մարգարէական խօսքը. «Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ»։—Անգեայ 2։6, 7. Յայտնութիւն 7։9, 15

7. Եհովա ի՞նչպէս կը բանայ մարդոց սիրտը եւ անհատներ դէպի իրեն եւ իր Որդւոյն կը քաշէ։

7 Եհովա այս աստուածավախ անհատներուն՝ «բոլոր ազգերէն ամենէն ընտրանիներուն»՝ սիրտը կը բանայ, որպէսզի իր Վկաներուն ‘ըսածներուն ուշադրութիւն ընեն’։ (Անգեայ 2։7, Հրէական Հրատարակութեան Ընկերութիւն. Գործք 16։14) Ինչպէս առաջին դարուն, երբեմն Եհովա իր հրեշտակները կը գործածէ, որպէսզի իր Վկաները անկեղծ անհատներուն ուղղէ, որոնք օգնութեան համար իրեն աղաղակած են։ (Գործք 8։26-31) Երբ անհատներ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ իրենց համար Աստուծոյ ըրած հոյակապ հայթայթումներուն մասին տեղեկանան, Եհովայի սէրը կը մղէ որ անոնք իրեն մօտենան։ (Ա. Յովհաննու 4։9, 10) Այո, Աստուած մարդիկը իրեն եւ իր Որդւոյն կը քաշէ՝ իր «ողորմութեամբ», կամ «հաւատարիմ սիրով»։—Երեմեայ 31։3, ՆԱ, ստորանիշ։

Եհովա Որո՞նք կը Քաշէ

8. Եհովա ի՞նչպիսի անհատներ կը քաշէ։

8 Եհովա զինք փնտռողները դէպի իրեն եւ իր Որդւոյն կը քաշէ։ (Գործք 17։27) Ասիկա կը ներփակէ այն մարդիկը, որոնք Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ, իրականութեան մէջ, համայն աշխարհի ‘մէջ եղած բոլոր պղծութիւններուն համար կը հառաչեն ու կ’ողբան’։ (Եզեկիէլ 9։4) Անոնք ‘իրենց հոգեւոր պէտքերուն գիտակից են’։ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ) Արդարեւ, անոնք ‘երկրի խոնարհներն’ են, որոնք դրախտանման երկրին վրայ յաւիտեան պիտի ապրին։—Սոփոնեայ 2։3

9. Եհովա ի՞նչպէս կը տեսնէ անհատներու «յաւիտենական կեանքի համար լաւ կերպով տրամադրուած» ըլլալը, եւ զանոնք ի՞նչպէս կը քաշէ։

9 Եհովա կրնայ անհատի մը սիրտը կարդալ։ Դաւիթ Թագաւոր իր որդւոյն՝ Սողոմոնի ըսաւ. «Տէրը սրտերը կը քննէ ու ամէն մտքերու խորհուրդները կը ճանչնայ։ Եթէ զանիկա փնտռես՝ պիտի գտնես»։ (Ա. Մնացորդաց 28։9) Անհատին սրտի վիճակին եւ հոգիին՝ կամ տիրական եղող կեցուածքին, հիման վրայ, Եհովա կրնայ տեսնել թէ ան մեղքերու թողութեան, եւ իրերու արդար նոր դրութեան մէջ յաւիտենական կեանքի աստուածային կարգադրութիւններուն պիտի ընդառաջէ՛ թէ ոչ։ (Բ. Պետրոս 3։13) Իր Վկաներուն կողմէ քարոզուած եւ ուսուցուած իր Խօսքին միջոցաւ, Եհովա դէպի իրեն եւ իր Որդւոյն կը քաշէ «յաւիտենական կեանքի համար լաւ կերպով տրամադրուած» բոլոր անհատները, որոնք ‘հաւատացեալներ կ’ըլլան’։—Գործք 13։48, ՆԱ։

10. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ երբ Եհովա կարգ մը անհատներ կը քաշէ եւ ուրիշներ՝ ոչ, ասիկա նախասահմանումի հետ գործ չունի։

10 Երբ Եհովա կարգ մը անհատներ իրեն կը քաշէ եւ ուրիշներ՝ ոչ, ասիկա որոշ տեսակի նախասահմանում չէ՞։ Բացարձակապէս ո՛չ։ Աստուած մարդիկը կը քաշէ իրենց անձնական տենչերուն հիման վրայ։ Ան կը յարգէ անոնց ազատ կամքը։ Եհովա երկրի բնակիչներուն դիմաց կը դնէ այն նոյն ընտրութիւնը զոր աւելի քան 3,000 տարիներ առաջ դրած էր Իսրայելացիներուն դիմաց, երբ Մովսէս ըսաւ. «Ես այսօր կեանքն ու բարին, մահն ու չարը քու առջեւդ դրի։ . . . Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ. քու Տէր Աստուածդ սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ու անոր յարէ՛, վասն զի քու կեանքդ ու օրերուդ երկայնութիւնը այն է»։—Բ. Օրինաց 30։15-20

11. Իսրայելացիները ի՞նչպէս կեանքը պիտի ընտրէին։

11 Նկատի առէք որ Իսրայելացիները կեանքը պիտի ընտրէին ‘Եհովան սիրելով, անոր խօսքին հնազանդութիւն ընելով ու անոր յարելով’։ Երբ այս խօսքերը ըսուեցան, Իսրայէլ ազգը տակաւին Աւետեաց Երկիրը որպէս ժառանգութիւն առած չէր։ Անոնք Մովաբի տափաստաններուն վրայ կը գտնուէին եւ Յորդանան Գետը ճեղքելու ու Քանանու երկիրը մտնելու կը պատրաստուէին։ Թէեւ անոնց համար բնական էր իրենց միտքը սեւեռել շուտով ձեռք ձգելիք «աղէկ ու լայնարձակ» ու «կաթ ու մեղր բղխող» երկրին վրայ, սակայն իրենց երազներուն իրականացումը Եհովայի հանդէպ իրենց սէրէն, իր խօսքին հանդէպ անոնց հնազանդութենէն եւ Իրեն յարելէն կախեալ էր։ (Ելից 3։8) Մովսէս յստակօրէն հետեւեալը ըսաւ. «Ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որ քու Տէր Աստուածդ սիրես, անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անոր պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները պահես, որպէս զի ապրիս ու շատնաս եւ քու Տէր Աստուածդ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր պիտի երթաս ժառանգելու համար»։—Բ. Օրինաց 30։16

12. Իսրայելացիներուն օրինակը ի՞նչ պէտք է սորվեցնէ մեզի քարոզչութեան եւ ուսուցումի գործին մասին։

12 Վերոյիշեալ խօսքերը մեզի բան մը չե՞ն սորվեցներ այս վերջին ժամանակին մէջ մեր քարոզչութեան եւ ուսուցումի գործին մասին։ Մենք մօտալուտ Դրախտ երկրին մասին կը մտածենք եւ ծառայութեան մէջ անոր մասին կը խօսինք։ Բայց ո՛չ մենք՝ եւ ոչ ալ մեր պատրաստած աշակերտները՝ այս խոստումին կատարումը պիտի տեսնենք, եթէ անձնասէր շարժառիթներէ մղուած Աստուծոյ ծառայենք։ Իսրայելացիներուն նման, մենք եւ մեր ուսուցանած անհատները պէտք է սորվինք ‘Եհովան սիրել, իր խօսքին մտիկ ընել եւ անոր յարիլ’։ Երբ ասիկա յիշենք մեր ծառայութեան ընթացքին, այն ատեն մարդիկը իրեն քաշելու մէջ իրապէս Աստուծոյ հետ համագործակցած կ’ըլլանք։

Աստուծոյ Գործակիցներ

13, 14. (ա) Ա. Կորնթացիս 3։5-9–ի համաձայն, ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ գործակիցներ ըլլալ։ (բ) Որեւէ յաւելումի համար, վարկը որո՞ւ պէտք է երթայ եւ ինչո՛ւ։

13 Պօղոս՝ Աստուծոյ գործակից ըլլալը օրինակով մը բացատրեց, դաշտի մշակութեան ակնարկութիւն ընելով։ Ան գրեց. «Ո՞վ է Պօղոս կամ ո՞վ է Ապօղոս։ Պաշտօնեաներ են, որոնցմով հաւատացիք եւ ինչպէս Տէրը տուաւ անոնց ամէն մէկուն։ Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։ Ուստի ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց։ Տնկողը ու ջուր տուողը մէկ են եւ ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը։ Վասն զի մենք Աստուծոյ գործակից ենք. դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք, Աստուծոյ շինութիւնն էք»։—Ա. Կորնթացիս 3։5-9

14 Որպէս Աստուծոյ գործակիցներ, պէտք է մարդոց սրտին մէջ հաւատարմօրէն ցանենք «թագաւորութեան խօսքը», ապա որեւէ հետաքրքրութիւն ջրենք, կանխամտածուած վերայցելութիւններով եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններով։ Եթէ հողը՝ սիրտը՝ նպաստաւոր է, Եհովան իրեն ինկած բաժինը պիտի ընէ, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան սերմը արգասաբեր բոյսի մը վերածելով։ (Մատթէոս 13։19, 23) Ինք անհատը դէպի իրեն եւ իր Որդւոյն պիտի քաշէ։ Ուստի, կրնանք հետեւցնել, որ Թագաւորութեան հրատարակիչներու թիւին մէջ որեւէ յաւելում, մարդոց սրտին մէջ Եհովայի կատարած գործին արդիւնքն է, ի՛նք պատճառ ըլլալով որ ճշմարտութեան սերմը աճի եւ այսպիսիները իրեն եւ իր Որդւոյն գան։

Շինարարութիւն մը որ Պիտի Մնայ

15. Պօղոս ի՞նչ օրինակ գործածեց, ցոյց տալու համար թէ ի՛նչպէս ուրիշներուն կ’օգնենք որ հաւատք զարգացնեն։

15 Յաւելումով ուրախանալով հանդերձ, մենք անկեղծօրէն կը փափաքինք որ մարդիկ շարունակեն Եհովան սիրել, իր խօսքին մտիկ ընել եւ իրեն յարիլ։ Մեզի տխրութիւն կը պատճառէ, երբ տեսնենք որ ոմանք հաւատքէ կը պաղին ու կը հեռանան։ Ասոր առաջքը առնելու համար կրնա՞նք բան մը ընել։ Ուրիշ օրինակի մը մէջ, Պօղոս ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք ուրիշներուն օգնել որ հաւատք զարգացնեն։ Ան կը գրէ. «Վասն զի մէկը ա՛լ ուրիշ հիմ չի կրնար դնել դրուածէն զատ, որ է Յիսուս Քրիստոսը։ Եթէ մէկը այս հիմին վրայ շինելու գործածէ ոսկի, արծաթ, պատուական քարեր, փայտ, խոտ, եղէգ, ամէն մէկուն գործը յայտնի պիտի ըլլայ. քանզի օրը երեւան պիտի հանէ, վասն զի կրակով պիտի յայտնուի եւ ամէն մէկուն գործին ի՛նչ տեսակ ըլլալը կրակը պիտի փորձէ»։—Ա. Կորնթացիս 3։11-13

16. (ա) Պօղոսի գործածած երկու օրինակները ի՞նչ կերպով իրարմէ տարբեր յենակէտեր ունին։ (բ) Մեր շինարարական գործը ի՞նչ կերպով կրնայ գոհացուցիչ չըլլալ ու կրակի չդիմանալ։

16 Պօղոսի տուած դաշտի օրինակին մէջ, աճը՝ ուշադիր կերպով ցանելէն, կանոնաւորաբար ջրելէն եւ Աստուծոյ օրհնութենէն կախեալ էր։ Պօղոսի միւս օրինակը կ’ընդգծէ թէ Քրիստոնեայ քարոզիչը ինք պատասխանատու է իր գործին արդիւնքին համար։ Ան որակաւոր նիւթերով հաստատ հիման վրայ շինա՞ծ է։ Պօղոս կը զգուշացնէ. «Միայն թէ ամէն մէկը թող զգուշանայ թէ ի՛նչպէս կը շինէ»։ (Ա. Կորնթացիս 3։10) Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանքի հանդէպ անհատին հետաքրքրութիւնը արթնցնելէ ետք, արդեօք մեր ուշադրութիւնը պարզապէս Աստուածաշունչի հիմնական գիտելիքներուն վրա՞յ կը կեդրոնացնենք, գլխաւորաբար շեշտը դնելով թէ անհատը ի՛նչ պէտք է ընէ յաւիտենական կեանք ստանալու համար։ Մեր ուսուցումը կրնա՞յ միմիայն այս ըլլալ. ‘Եթէ կը փափաքիս Դրախտին մէջ ապրիլ, պէտք է ուսումնասիրես, ժողովներու երթաս եւ քարոզչութեան մասնակցիս’։ Եթէ այո, անհատին հաւատքը զօրաւոր հիմի վրայ դրած չենք ըլլար, եւ մեր շինածը կրնայ չդիմանալ փորձութեանց կրակին, կամ՝ երկար ժամանակ։ Եթէ կը փորձենք մարդիկը Եհովայի քաշել, քանի մը տարի իրեն ծառայելու փոխարէն Դրախտին մէջ ապրելու յոյսով, կը նշանակէ որ մենք «փայտ, խոտ, եղէգ» կը գործածենք շինելու համար։

Աստուծոյ եւ Քրիստոսի Հանդէպ Սէր Կերտել

17, 18. (ա) Անհատի մը հաւատքը տոկուն ըլլալու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք անհատի մը օգնել որ Քրիստոս իր սրտին մէջ բնակի։

17 Հաւատքը դիմացկուն ըլլալու համար, անիկա Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, Եհովա Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութեան վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ։ Որպէս անկատար անհատներ, Աստուծոյ հետ այսպիսի խաղաղ յարաբերութիւն մը կրնանք ունենալ միմիայն իր Որդւոյն միջոցաւ։ (Հռովմայեցիս 5։10) Յիշեցէք Յիսուսի ըսածը. «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով»։ Ուրիշներուն մէջ հաւատք կերտելու համար, «մէկը ա՛լ ուրիշ հիմ չի կրնար դնել դրուածէն զատ, որ է Յիսուս Քրիստոսը»։ Ասիկա ի՞նչ կը ներփակէ։—Յովհաննու 14։6. Ա. Կորնթացիս 3։11

18 Որպէս հիմ Քրիստոսի վրայ կառուցանել կը նշանակէ, այնպէս մը սորվեցնել որ Աստուածաշունչի աշակերտը խոր սէր զարգացնէ Յիսուսի հանդէպ, քաջածանօթ ըլլալով որպէս Փրկիչ, ժողովքի Գլուխ, սիրալիր Քահանայապետ, եւ իշխող Թագաւոր անոր դիրքին։ (Դանիէլ 7։13, 14. Մատթէոս 20։28. Կողոսացիս 1։18-20. Եբրայեցիս 4։14-16) Անիկա կը նշանակէ Յիսուսը շա՛տ իրական դարձնել իրենց համար, որպէսզի ան իրապէս անոնց սրտին մէջ բնակի։ Անոնց համար մեր աղօթքը պէտք է ըլլայ, ճիշդ այնպէս ինչպէս Պօղոս խնդրեց Եփեսոսի Քրիստոնեաներուն համար։ Ան գրեց. «Ասոր համար ծունկի վրայ գալով . . . Հօրը առջեւ, . . . կ’աղաչեմ որ տայ ձեզի . . . որպէս զի Քրիստոս՝ հաւատքով ձեր սրտերուն մէջ բնակի եւ դուք սիրով արմատանաք ու հաստատուիք»։—Եփեսացիս 3։14-17

19. Աստուածաշունչի աշակերտներուն սրտին մէջ Քրիստոսի հանդէպ սէր կերտելուն արդիւնքը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, բայց անոնց ի՞նչ պէտք է սորվեցնենք։

19 Եթէ այնպիսի կերպով մը շինենք որ Քրիստոսի սէրը զարգանայ մեր աշակերտներուն սրտին մէջ, տրամաբանօրէն ասիկա իր կարգին Եհովա Աստուծոյ հանդէպ սէր պիտի կերտէ։ Յիսուսի սէրը, զգացումը եւ կարեկցութիւնը Եհովայի յատկութիւններուն հաւատարիմ արտացոլացումն են։ (Մատթէոս 11։28-30. Մարկոս 6։30-34. Յովհաննու 15։13, 14. Կողոսացիս 1։15. Եբրայեցիս 1։3) Ուստի, մարդիկ Յիսուսը ճանչնալով ու սիրելով, պիտի կարենան Եհովան ճանչնալ ու սիրել։a (Ա. Յովհաննու 4։14, 16, 19) Աստուածաշունչի Աշակերտներուն պէտք է սորվեցնենք թէ Քրիստոս ի՛նչ որ ըրաւ մարդկութեան համար, անոնց ետին Եհովան կար, հետեւաբար, Իրե՛ն է որ կը պարտինք մեր շնորհակալութիւնը, փառաբանութիւնը եւ պաշտամունքը, որպէս ‘մեր փրկութեան Աստուածը’։—Սաղմոս 68։19, 20. Եսայեայ 12։2-5. Յովհաննու 3։16. 5։19

20. (ա) Մարդոց ի՞նչպէս կրնանք օգնել որ Աստուծոյ ու Քրիստոսի մօտենան։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

20 Որպէս Աստուծոյ գործակիցներ, մարդոց օգնենք որ իրեն եւ իր Որդւոյն մօտենան, իրենց սրտին մէջ սէր ու հաւատք զարգացնելով։ Այս կերպով, Եհովան իրական պիտի ըլլայ իրենց համար։ (Յովհաննու 7։28) Քրիստոսի միջոցաւ, կարող պիտի ըլլան Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը հաստատել, եւ զինք պիտի սիրեն ու իրեն յարին։ Այն ատեն իրենց սիրալիր ծառայութիւնը որոշ ժամանակի պիտի չսահմանափակեն, հաւատալով որ Եհովայի հոյակապ խոստումները իր յարմար նկատած ժամանակին մէջ պիտի կատարուին։ (Ողբք 3։24-26. Եբրայեցիս 11։6) Մինչ ուրիշներուն կ’օգնենք որ հաւատք, յոյս եւ սէր զարգացնեն, մենք մեր հաւատքն ալ պէտք է կերտենք, որպէսզի անիկա տոկուն նաւու մը նման կարողանայ դիմանալ ծանր փոթորիկներու դիմաց։ Յաջորդ յօդուածին մէջ ասիկա նկատի պիտի առնենք։

[Ստորանիշ]

a Յիսուսը՝ եւ իր միջոցաւ, իր Հայրը՝ Եհովան, աւելի լաւ ճանչնալու հոյակապ միջոցներէն մէկն է, Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը գիրքը, որ հրատարակուած է՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Վերաքաղի Համար

◻ Յաճախ, ի՞նչ կերպով մարդոց հետաքրքրութիւնը կ’արթնցնենք Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ, բայց ի՞նչ վտանգ գոյութիւն ունի։

◻ Եհովա ի՞նչպիսի մարդիկ դէպի իրեն եւ իր Որդւոյն կը քաշէ։

◻ Իսրայէլի Աւետեաց Երկիր մտնելը ի՞նչ բանէ կախեալ էր, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։

◻ Մարդիկը Եհովայի եւ իր Որդւոյն քաշելու մէջ մեր դերը ի՞նչ է։

[Նկար՝ էջ 10]

Թէեւ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը կը մատուցանենք մարդոց, բայց մեր գլխաւոր նպատակն է զանոնք Եհովայի քաշել

[Նկարներ՝ էջ 13]

Մեր վերայցելութիւնները շատ ազդու կրնան ըլլալ, եթէ՝ լաւ պատրաստուինք անոնց համար

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել